ՈՃԻՐ ԵՒ ԴԱՏ

Հաւանաբար հիւանդագին թուի, սակայն մեծազոյն հետաքրքրութիւններէս մէկն է ժամերով նստիլ եւ հետեւիլ մարդասպանական դատավարութիւններու, որոնք շատ բան մտածել կու տան թէ՛ կեանքին եւ թէ՛ մարդ արարածին մասին՝ հարցականի տակ դնելով գրեթէ ամէն բան: Վստահ եմ, անոնք որոնք սէր ունին հոգեբանութեան հանդէպ, պիտի սիրեն հետեւիլ նման դարավարութիւններու, ուր առիթը կ՚ունենան ուսումնասիրելու ոճրագործին հոգեկան վիճակը, դատաւորին արդարութեան եւ մարդկային զգացումներուն միջեւ տատանումը, սպաննուած անձին հարազատներուն ատելութիւնն ու կարեկցութիւնը եւ դեռ շա՜տ աւելին:

Մի քանի օրեր առաջ դատավարութիւններէն մէկը նայած ժամանակ սկսայ մտածել, որ ինչքա՜ն դժուար է շատ անգամ մեր Քրիստոնէական պարտաւորութիւնները, մանաւանդ երբ ժամանակը կու գայ, որ մարդ դէմ յանդիման կը գտնուի իր թշնամիին դէմ: Բոլորս ալ գիտենք, որ Քրիստոս կը պատուիրէ ներել թշնամին, սակայն պահ մը պատկերացուցէք, որ անձ մը մարդասպանութեամբ ձեզմէ խլէ ձեր որդին եւ դուք գտնուիք ներելու եւ չներելու կացութեան դիմաց:

Եթէ դատավարութեան պարզ կանոններուն ծանօթ չէք, յայտնեմ, որ անպայմանօրէն խօսք կը տրուի թէ՛ սպաննուածին հարազատներուն եւ թէ՛ նոյնինքն մարդասպանին՝ նախքան դատարանի որոշումին յայտարարուիլը արտայայտելու զգացումները: Այդ բոլոր զգացողութիւնները հետեւեալ ձեւով կարելի է բացատրել.-

Ա.- Ընտանիքը.- Մարդասպանութեան զոհ գացող անհատներու հարազատները ընդհանրապէս իրենց խօսքերուն մէջ կ՚անիծեն մարդասպանը՝ որ իրենցմէ առյաւէտ խլած է սիրելի մը. անոնք մեծաւ մասամբ կը մաղթեն, որ մարդասպանը իր մահը գտնէ իր բանտի խուցին մէջ եւ երբեք «ուրախ» օր չունենայ: Հաւանաբար աշխարհի ամենէն դժուար պահերէն մէկը ըլլալու է այդ վայրկեանները ըլլալ հարազատ զաւակի, ամուսնոյն կամ կնոջ մարդասպանին դիմաց եւ դէմ առ դէմ ըսել այն՝ ինչ կ՚անցնի սիրտէն ու միտքէն: Պատահած է նոյնիսկ, որ խօսելու անկարող հարազատներ փորձած են դատաւորին եւ զինուորներուն ներկայութեամբ յարձակիլ եւ հարուած հասցնել ոճրագործին՝ որ անբուժելի վէրք մը ձգած է իրենց սիրտերուն մէջ:

Սակայն կան նաեւ այն քիչերը՝ որոնք այս բոլորը որպէս փորձութիւն տեսնելով կը փորձեն կատարել այն՝ ինչ Տէրը պատուիրած էր կատարել. ներել թշնամին...: Մի քանի օրեր առաջ հետեւեցայ դատավարութեան մը. 22 ամեայ տղան, որ ճաշարանի մը մէջ որպէս առաքիչ կ՚աշխատի, կը կատարէ իր օրուան վերջին առաքումը։ Դժբախտաբար պատուէր կատարողը նախապէս կը ծրագրէ սպաննել առաքիչը եւ գողնալ իր մօտ գտնուող բոլոր գումարները: Դատարանին մէջ նախքան դատաւորին յայտարարութիւնը, խօսք կը տրուի զոհուած երիտասարդին հօրը, որ հետեւեալ խօսքերով կը դիմէ ոճրագործին.-

«...Իրապէս տխուր եմ, որ կը գտնուիս նման իրավիճակի մէջ. այնպէս ինչպէս իմ զաւակիս օգնեցի, որ լաւ քաղաքացի դառնայ, նոյնպէս կ՚ուզէի նաեւ օգնել քեզի: Վստահ եղիր, եթէ իմ տղաս ողջ ըլլար եւ այսպէս՝ պիտի ներէր քեզի, որովհետեւ ինք այդ ձեւ սորված ու այդպէս մեծցած է. ես քեզի հանդէպ ջղայնութիւն չունիմ, որովհետեւ ջղայնանալը կ՚ուրախացնէ միայն սատանան, որ քեզ առաջնորդեց նման արարքի: Ես քեզ չեմ մեղադրեր, որովհետեւ սատանան է, որ չարութիւն կը խորհի: Իմ, զաւակիս եւ անոր մօր անունով կը ներեմ քեզի...»:

Յաճախ կեանքի խաղաղ պայմաններուն մէջ ինչքա՜ն դիւրին է խօսիլ Քրիստոնէական պատուիրաններուն մասին. դիւրին է նաեւ հետեւցնել եւ «այսպէս կ՚ընէի...» ըսել՝ մինչեւ յայտնուինք նման կացութեան մը դիմաց: Այսօր մեզմէ շա՜տ շատ քիչեր կրնան այդ մէկը ի գործ դնել եւ կարենալ յաղթահարել ջղայնութիւնը, ատելութիւնը եւ տէր ըլլալով զգացումներուն ընել այն՝ ինչ Տէրը պատուիրեց ընել, այնպէս ինչպէս Ստեփանոս նախավկայ քարկոծումի ժամանակ իսկ ներեց զինք հարուածողները:

Տէրը կը պահանջէ ներել սպաննողը, մինչ մենք պատրաստ ենք նոյնիսկ անգիտակցաբար մեզ վիրաւորողը չներելով ամէ՛ն տեսակի անէծք տեղացնել: Պարզապէս մեր կեանքը այսօր ամբողջութեամբ հակառակն է այն բոլորին, որուն կը հաւատանք եւ որպէս օրէնք ու պատուիրան կ՚ընդունինք: Անձ մը կը ներէ իր զաւակին ոճրագործը, մինչ ուրիշ մը մի քանի ղուրուշի համար չի՛ ներեր նոյնիսկ իր հարազատ եղբայրը՝ մինչեւ իսկ ամբողջ կեանք մը իրարու թշնամիներ դառնալու գնով:

Մեզմէ ո՞վ ունի այդ քաջութիւնը ներելու...:

Բ.- Ոճրագործներ.- Մինչեւ օրս չեմ կրցած կողմնորոշուիլ, թէ ոճրագործ դառնալը ընտրութիւն է, թէ կեանքին կողմէ վիճակուած դժբախտ «բախտ» մը: Չեմ մերժեր, սակայն, որ մարդասպանութիւնը տեղ մը հոգեկան հիւանդութեան եւ խանգարումներու արդիւնք է:

Ոճրագործները կը բաժնուին երկու մասի. առաջին խումբը անոնք են, որոնք զղջացած իրենց արարքէն լացով կը հետեւին դատավարութեան ընթացքին. կատարած արարքին համա՞ր կու լան, թէ ոչ ստանալիք պատիժին ծանրութեան գիտակցելով իրենց վիճակին համար կու լան... մարդ չի՛ գիտեր: Երկրորդ խումբը առաջին խումբին հակառակ դատավարութեան ամբողջ ընթացքին կը ժպտան՝ մինչեւ իսկ կը խնդան. այս մէկը եւս կարելի է բաժնել երկու մասի: Ոմանք կը խնդան, որովհետեւ ստեղծուած կացութենէն ցնցուած չեն կրնար հաւասարակշռել իրենց զգացումները, մինչ ուրիշներ այդ բոլորը քաջագործութիւն կարծելով հպարտութեամբ ինքնավստահ կեցուածք մը կը փորձեն առնել:

Ոճրագործներուն արտասանած խօսքերը շատ անգամ զղջումի, ներողութեան եւ ինքնարդարութեան խօսքեր են, սակայն անոնց մէջ յաճախ կը գտնուին այնպիսիներ, որոնք աւելի վիրաւորելու համար զոհուածի ծնողները անպատուութեամբ ու ժպիտով մը ոճրագործութեան մանրամասները կը պատմեն:

Գ.- Դատաւորներ.- Դատաւորներուն գործը իրապէս ալ դժուար գործ մը ըլլալու է, որովհետեւ որպէս մարդ հաւասարակշռելով իր զգացումները, պարտի հաւասարակշռուած ու օրէնքներուն սահմաններուն մէջ գործել՝ մէկ կողմ դնելով իր մարդկային փափկանկատ մասը: Յաճախ դատաւորներ մարդկայնօրէն պարտուելով այս պարտաւորութեան դիմաց, կը յուզուին, կու լան, մինչեւ իսկ պատահած է, որ դատաւորը ի՛նք անէծք կարդայ ոճրագործին դէմ՝ մաղթելով «յաւիտեան բանտէն դուրս չգալ»:

Ու այս բոլորէն ետք կարեւոր է լսել որոշումը. նայիլ ոճրագործի դէմքին, երբ կը լսէ թէ 53 տարի իր կեանքը բանտի ճաղերուն մէջ պիտի անցընէ. զոհին հարազատին զգացումները՝ երբ լսեն, թէ իրենց որդին իրենցմէ խլող մարդասպանը «օր-արեւ» պիտի չտեսնէ: Տակաւին կան չորրորդ այլ խումբ մը՝ ոճրագործին հարազատները, մանաւանդ երբ ոճրագործը ունի կին ու զաւակներ, որոնց այլեւս միայն բանտի ճաղերուն ետեւէն տեսնելու առիթը պիտի ունենայ:

Այս բոլորէն ետք հիմա աւելիով կը հասկնամ, թէ Գրիգոր Զօհրապ ինչու համար յաճախ իր նամակներուն, յօդուածներուն եւ վիպակներուն մէջ ոճիրներ ու դատավարութիւններ կը ներկայացնէ:

Այս հոգեբանական փոթորիկը գրեթէ ամէ՛ն օր տեղի կ՚ունենայ աշխարհի տարածքին, որովհետեւ ամէ՛ն վայրկեան շատեր զոհ, իսկ ուրիշներ ոճրագործ կը դառնան:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԽԱՉԱՆԵԱՆ
(1894-1944)

Մեր թուականէն 78 տարիներ առաջ՝ 30 յունիս 1944-ին Երեւանի մէջ մահացած է դերասան եւ Հայաստանի Վաստակաւոր արուեստագէտ Համբարձում Խաչանեան:

Խաչանեան ծնած է 13 փետրուար 1894-ին, Տրապիզոնի մէջ: Դերասանը փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ միասին տեղափոխուած է Ուքրայնա, ուր տեղի հայկական ծխական դպրոցէն ներս ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Հօր մահէն ետք որոշ ժամանակ կիսատ թողած է ուսումը եւ ապա որոշ ընդհատումներով շարունակած:

Փոքր տարիքէն Խաչանեանի հայրը զինք տարած է թատերական ներկայացումներու, ուր դերասանին մէջ արթնցած է դերասանութեան հանդէպ սէրը: Դպրոցական տարիներէն Խաչանեան որոշ փոքր դերերով սկսած է բեմ բարձրանալ: Նկատելով դերասանութեան հանդէպ ունեցած շնորհքը, Խաչանեան հետեւած է մասնաւոր դերասանական դասընթացքներու եւ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք որպէս թատրոնի դերասան սկսած է բեմ բարձրանալ զանազան քաղաքներու մէջ: Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած թատերական ներկայացումի ընթացքին յայտնի դերասան, գրող եւ արձակագիր Վահրամ Փափազեան տեսած է Խաչանեանը եւ գնահատելով դերասանին կարողութիւնը՝ իր հետ բերած է Երեւան եւ այսպիսով Խաչանեան դարձած է առաջին պետական թատրոնի դերասան:

Ապա Խաչանեան ընդունուած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոն, ուր մնացած է մինչեւ 1933 թուականը, ապա անցած է Երեւանի բանուորական թատրոն: Թատրոնի կողքին դերասանը 1925 թուականին դեր ստանձնած է Հայկինոյի առաջին ժապաւէն՝ «Նամուս»ին մէջ: Դերասանը դերեր ստանձնած է «Շոր եւ շորոր», «Խասփուշ», «Չար ոգի», «Պէպօ», «Սեւանի ձկնորսները», «Քաջ Նազար» եւ այլ ժապաւէններու մէջ:

Շնորհիւ իր վաստակին, Խաչանեան 1935 թուականին արժանացած է Հայաստանի Վաստակաւոր արուեստագէտի կոչումին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022