ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայր, իր ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ կ՚ը­սէ. «Ինչ­պէս մար­մի­նը ա­ռանց հո­գիի մե­ռած է, այն­պէս ալ հա­ւատ­քը ա­ռանց գոր­ծե­րու մե­ռած է» (ՅԱ­ԿՈԲ. Բ 26)։ Եւ ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք, չի բա­ւեր բա­րիին մա­սին խոր­հիլ, բա­րին խօ­սիլ, այլ եւ մա­նա­ւա՛նդ պէտք է բա­րի գոր­ծել՝ մտա­ծու­մը եւ խօս­քը գործ­նա­կա­նի վե­րա­ծել։

Հա­ւատքն ալ նո՛յնն է քրիս­տո­նեա­յին հա­մար։ Քրիս­տո­նեա­յի հա­ւատ­քը ար­տա­յայ­տուած բա­րե­պաշ­տու­թեան իր բո­լոր դրսե­ւո­րում­նե­րով չի բա­ւեր, չ՚ար­դա­րաց­ներ, ե­թէ այն գոր­ծի չի վե­րա­ծուիր՝ քրիս­տո­նէա­կան բա­րի եւ ա­նա­չառ ու ար­դա­րա­դատ գոր­ծի, ի՛նչ որ կը հաս­տա­տէ Ա­ռա­քեա­լին խօս­քը. «Հօր Աս­տու­ծոյ հա­մար ան­կեղծ եւ իս­կա­կան բա­րե­պաշ­տու­թիւ­նը՝ կա­րօ­տու­թեան մէջ ե­ղող որ­բե­րուն եւ այ­րի­նե­րուն այ­ցե­լու եւ օգ­նա­կան ըլ­լալն է, եւ աշ­խար­հի մէջ ապ­րե­լով հան­դերձ՝ ինք­զինք ա­նա­րատ պա­հե­լը» (ՅԱ­ԿՈԲ. Ա 27)։­

Իր ընդ­հա­նուր ի­մաս­տով «բա­րե­գոր­ծու­թիւն»ը «բա­րի» գործ կա­տա­րել է։ Ան­շուշտ հոս ալ սա հար­ցը կը ծա­գի. ի՞նչ է «բա­րի»ն։

­Բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը, որ­պէս բա­րի գործ, մար­դու գթու­թեան եւ ո­ղոր­մա­ծու­թեան դրսե­ւո­րումն է իր նմա­նին հան­դէպ։ Այս մա­սին Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր շուրջ ե­ղող­նե­րուն հետ, իր մեր­ձա­ւոր­նե­րով պէտք է հե­տաքրք­րուի՝ ա­նոնց բա­րի­քը խոր­հե­լով. ա­նոնց հա­ւատ­քը ամ­րապն­դե­լու հա­մար» (ՀՌՈՄ. ԺԵ 2)։­

Այս տո­ղե­րէն կը հասկ­ցուի, որ բա­րե­գոր­ծու­թեան նպա­տակն է իր նմա­նին բա­րիք ա­պա­հո­վել։ Եւ մա­նա­ւանդ բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը պէտք է ան­կեղծ ըլ­լայ, այ­սինքն ա­ռանց ո­րե­ւէ ակն­կա­լու­թեան, քա­նի որ բա­րի­քի մէջ փո­խա­դար­ձու­թիւն պէտք չէ ըլ­լայ։ Բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով փո­խա­դար­ձու­թեան հարց մը չէ, այլ ան­կեղ­ծու­թեամբ՝ գթա­սիրտ ու գո­րո­վա­գին զգա­ցում­նե­րով լե­ցուն սրտի մը ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է որ Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայր իր ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ կ՚ը­սէ. «Հա­ւատ­քը մե­ռած է ա­ռանց գոր­ծե­րու» (ՅԱ­ԿՈԲ. Բ 26)։

­Բա­րին ալ պէ՛տք է գոր­ծէ։ Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս հա­ւատ­քին, նոյն­պէս բա­րիին պսա­կը գո՛րծն է։ Ան, որ իր սրտի հե­զու­թեամբ եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ, իր ամ­բողջ ու­ժե­րը կը տրա­մադ­րէ եւ կը ծա­ռա­յեց­նէ իր նմա­նին բա­րօ­րու­թեան, ինք­զինք կը յանձ­նէ աս­տուա­ծա­յին սի­րոյ նա­խախ­նա­մու­թեան շնորհ­նե­րուն։

Այս­պի­սի ան­ձը, մեր երկ­րա­յին փառքն ու պա­տի­ւը մոռ­ցած, կ՚ո­րո­նէ Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մու­թիւ­նը եւ շնոր­հը՝ մեր­ժե­լով աշ­խար­հը եւ աշ­խար­հա­յի­նը, կը լե­ցուի Աս­տու­ծոյ սի­րով եւ զԱս­տուած ի­րեն «բա­րե­կամ» կը դարձ­նէ։

Ար­դա­րեւ ան սա­պէս կը մտա­ծէ.

«Ով որ կ՚ու­զէ աշ­խար­հի բա­րե­կամ ըլ­լալ, ինք­զինք Աս­տու­ծոյ թշնա­մի կը դարձ­նէ» (ՅԱ­ԿՈԲ. Դ 4)։ Ուս­տի աշ­խար­հի եւ աշ­խար­հա­յի­նի մօ­տե­նա­լով, մարդ կը հե­ռա­նայ երկ­նա­յի­նէն։

Բա­րե­րար եւ բա­րե­գործ մար­դը՝ որ բա­րին գործ­նա­կա­նի կը վե­րա­ծէ, հետզ­հե­տէ կը մօ­տե­նայ Աս­տու­ծոյ, քա­նի որ իր բա­րի գոր­ծե­րուն մի­ջո­ցով Աս­տու­ծոյ մեր­ձե­ցու­մը կը զգայ ի­րեն, ինչ­պէս եւ կ՚ը­սէ Յա­կո­բոս.

«Մօ­տե­ցէ՛ք Աս­տու­ծոյ, եւ Աս­տուած ինք պի­տի մօ­տե­նայ ձե­զի» (ՅԱ­ԿՈԲ. Դ 8)։ Ուս­տի, ան որ Տի­րոջ օրհ­նու­թեա­նը մաս­նա­կից կը դառ­նայ՝ եր­ջա­նիկ կը զգայ ինք­զինք։

Բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը ճրա­գի կը նմա­նի, որ լոյս կը սփռէ ա­մէ­նուն, ա­մէ­նուր, իսկ այդ լոյ­սի շա­րափ­նե­րէն՝ ճա­ռա­գայթ­նե­րէն կը ջեր­մա­նան շա­տեր։ Ու­րեմն մէկ բա­րե­գործ շա­տե­րու բա­րիք կը գոր­ծէ՝ ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով. բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը կը տա­րա­ծուի եւ կը ծա­ւա­լի ան­ձե­րուն մէջ՝ ծո­վու ա­լիք­նե­րու նման։

Ու­րեմն ե­րա­նի՜ բա­րե­գոր­ծե­րուն։

Ե­րա­նի՜ ա­նոնց, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք պի­տի բերկ­րեն ու պի­տի ցնծան մշտնջե­նա­ւո­րա­պէս։

Եւ ո՜ր­քան ի­րա­ւա­ցի է Ա­ռա­քեա­լը երբ կ՚ը­սէ. «Մի՛ մոռ­նաք բա­րե­գոր­ծու­թիւն ը­նել» (ԵԲՐ. ԺԳ 16)։ Բա­րե­գոր­ծու­թիւնն է, որ մար­դուս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ իսկ տրուած կո­չու­մին կը պա­տաս­խա­նէ, մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը կը պահ­պա­նէ, միշտ վե՛ր կը բռնէ։

Ու­րեմն տես­նենք, թէ ի՞նչ կը պա­տա­հի, երբ Աս­տու­ծոյ տուած բա­րիք­նե­րը չեն օգ­տա­գոր­ծեր մար­դիկ։ Յով­սէփ Աւ. Քա­հա­նայ Յա­կո­բեան կը պատ­մէ հե­տե­ւեալ ա­ռա­կը.

«Ա­գահ, կծծի մարդ մը իր ամ­բողջ ու­նե­ցա­ծը դրա­մի վե­րա­ծեց եւ թափ­ծու, յու­լա­ծոյ ոս­կի գնեց եւ թա­ղեց պա­տի մը տակ։

«Ա­մէն օր կու գար կը նա­յէր ու կ՚եր­թար։

«Մօ­տա­կայ տեղ մը աշ­խա­տող մար­դոց­մէ մէ­կը տե­սաւ, որ այդ մար­դը ա­մէն օր կու գայ-կ՚եր­թայ, մտա­ծել սկսաւ, թէ ինչ է այդ պա­տա­հա­ծը՝ թէ ար­դեօք ոս­կին գող­ցա՞ծ է ան։ Երբ ա­գահ մար­դը ե­կաւ, տե­սաւ որ պա­րապ է տե­ղը, վա՛­յե­րու մատ­նուե­ցաւ եւ ափ­սո­սան­քի մէջ՝ սկսաւ մա­զե­րը փե­տել, փրցնել։

«Այն­տե­ղէն անց­նող մարդ մը տե­սաւ ա­նոր յու­սա­հա­տու­թիւ­նը, ե­ղե­լու­թիւ­նը լսեց եւ ը­սաւ.- Ի զուր կը տխրիս. ոս­կիին տեղ քար մը դիր եւ ե­րե­ւա­կա­յէ, թէ ոս­կի է, քա­նի որ դուն ան­կէ չէիր օգ­տա­գոր­ծուեր, տար­բե­րու­թիւն չ՚ը­ներ, թէ ան ոս­կի է կամ քար։

«Ա­ռա­կը ցոյց կու տայ, թէ՝ ու­նե­ցա­ծը երբ չ՚օգ­տա­գոր­ծուիր, ա­պա ու­րեմն ա­նի­կա ո՛­չինչ կ՚ար­ժէ։

«Ու­րեմն, Աս­տուած կ՚ու­զէ, որ դուն չապ­րիս միայն քե­զի հա­մար, այլ նաեւ քու նմա­նին օգ­նե­լու, հի­ւան­դին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու, բան­տար­կեա­լին այ­ցե­լու­թեան եր­թա­լու հա­մար, այն ժա­մա­նակ եր­կին­քի մէջ քու վարձ­քը կը ստա­նաս ա­ւե­լիով»։­

Ուս­տի կեան­քի մէջ ո՛չ մէկ բան ի զուր կ՚անց­նի։ Ինչ բա­րի գործ որ կ՚ը­նէք, ի զուր չ՚անց­նիր եւ ան­պայ­ման կը հաս­նի իր նպա­տա­կին։ Ան­կախ ա­մէն բա­նէ, բա­րե­գոր­ծու­թիւն ը­րէք, քա­նի որ ա­նի­կա է Աս­տու­ծոյ հա­ճե­լի եւ ըն­դու­նե­լի։

Աշ­խար­հի վրայ ա­մէն ինչ ժա­մա­նա­կա­ւոր է եւ ան­ցո­ղա­կան, մար­դուս գործն է որ ան­մա՛հ է եւ մնա­յուն։ Ու­րեմն ան որ կ՚ու­զէ «ան­մահ» ըլ­լալ, ապ­րիլ յա­ւի­տեան, պէտք է բա­րի ըլ­լան, բայց չի՛ բա­ւեր «բա­րի» ըլ­լալ. այլ՝ բա­րե­գործ, այ­սինքն բա­րին վե­րա­ծել գոր­ծի, աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քի եւ օգ­տա­կա­րու­թեան մարդ­կու­թեան։

Ու­րեմն պէ՛տք է բա­րե­գոր­ծել հա­ւատ­քով եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ. ո՛չ թէ «բա­րի ե­րե­ւիլ», այլ՝ «բա­րիք գոր­ծել», օգ­տա­կար ըլ­լալ եւ ո՛չ ինք­նա­կեդ­րոն եւ ինք­նա­հաճ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 28, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016