ՀԱՅ ԱՆՈՒԱՄԲ

Այսօր ձեզի պիտի ծանօթացնեմ Մերի Կրէյսին, Աննա Մարիային, Տայանային, Ալեքսին, Քլարային, Անժելինային եւ շա՜տ շա՜տ ուրիշներու: Անունները կարդալով յանկարծ օտարազգի անձնաւորութիւններ չկարծէք. անոնք թոռներն են Մուշեղին, Աբգարին, Արամին, Արփիարին: Անոնց մեծ մայրերն են Մանուշակն ու Մեղեդին, Շողիկն ու Պերճուհին...:

Տեսենլով Սիրանին ու Վարդենիկին թոռնիկներուն օտարաշունչ անունները՝ մենք մեզի արդարացնելու համար ըսե՞նք «Ի՜նչ արդիական անուններ են. նուազագոյնը օտարներու կողմէ դիւրաւ կ՚արտասանուին եւ միտք կը պահուին»: Եւ այսպէս առանց զգալու կամաց կամաց ամէ՛ն բան կը հայաթափուի եւ ցնորական ու կարծեցեալ «քաղաքակրթուածութիւն» մը կու գայ անոնց վրայ:

Մեր թուականէն դար մը առաջ Գրիգոր Զօհրապ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Զմիւռնիոյ մէջ ամբողջ սերունդ մը կայ օտարացած հայերու. տեսած եմ զանոնք. հայեր չեն ուզած մնալ ու ֆրանսացի չեն կրցած ըլլալ»: Հաւանաբար մեր մէջ գտնուին անձեր, որոնք փորձեն պաշտպանել այն կարծիքը, որ մարդ միայն անունով չէ՛ որ հայ կ՚ըլլայ, որովհետեւ մարդ կրնայ ըլլալ հայու անուն չկրէ, սակայն դառնայ մեծ հայրենասէր, իսկ անդին հայու անուն կրող մը՝ հայատեաց մը դուրս գայ: Այո՛, անունը չափանիշը չէ՛ հայրենասիրութեան, սակայն օտարացման կարեւոր երեւոյթներէն մէկն է:

Տակաւին Կրէյսէն ու Քլարայէն շա՜տ աւելի յոռի երեւոյթներու ականատես եղայ. 2015-2016 տարիներուն ուսուցչութեան պաշտօնով գործուղղուեցայ Յունաստան, ուր ո՛չ թէ օտարացման, այլ հայոց Սպիտակ Եղեռնին ականատես եղայ: Մհերը իր անունը փոխած էր «Ստեֆանիտիս»ի, Սահակեանը իր ազգանունը վերածած էր «Սաաքիտիս»ի, Քրիստափորը դարձած էր «Խրիսթօ» եւ այս բոլորը ո՛չ միայն բառացի... այլ եւ գործնական (անձնագիրով ու փաստաթուղթերով): Հոն տեսայ հայեր, որոնք շատ անգամ կ՚ամչնան իրենց հայազգի ըլլալը արտայայտելու, որովհետեւ համոզուած են, թէ շատ աւելի յարգանք պիտի վայելեն շրջապատի կողմէ որպէս «Ստեֆանիտիս» քան՝ Մհեր կամ որպէս Նժդեհ: Բանաստեղծ, բանասէր ու պատմաբան Ղեւոնդ Ալիշան հայկական անուններու վերլուծումը կատարելու ժամանակ կը գրէ. «անունն իսկ ցուցանէ զի չէ այլոյ ինչ տոհմի կամ ազգի». հիմա եկէք անունի հիման վրայ գիտցէ՛ք Քլարայի ազգութիւնը, գտէ՛ք անոր արմատները:

Այսպիսի անձերու դիմաց կը յիշեմ մեր թուականէն 145 տարիներ առաջ Ֆրանսայէն վերադարձող Տ. Յովհաննէս Ա. Քհն.  Հիւնքեարպէյէնտեանի «հաւատացեալ»ի մը բօթը փոխանցող մեր երկտողը. «Այսօր մեռաւ հոս Բժիշկ Պէհրանեան, որ շատոնց արդէն մեռած էր մեր ազգին համար»: Նման հազարաւոր ողջ մեռեալներ գոյութիւն ունին մեր իրականութեան մէջ: Ի՞նչ ընել. նախահայրերը կը յորդորէին չէզոքացնել, վտարել ու արմատախիլ ընել օտարացածը մեր իրականութենէն. քանի՞ հոգի պիտի մնայ այդ պարագային...

Եթէ օտար անուն կը կրէք, դուք երբեք ձեզ մեղապարտ չզգաք. ձեր անունները ձեր ընտրութիւնները չեն, սակայն ձեր զաւակներուն ու գալիքներուն անունները, անոնց դաստիարակութիւնն ու նկարագիրը ձեր ընտրութիւններն են: Չէ՞ որ «Հայ անուամբ զմեզ կ՚ողջունէ երկինք». կը կարծեմ այդ անունը Մգլոտին չէ:

Դար մը առաջ՝ մինչեւ յիսուն տարի առաջ մարդոց զարմանք կը պատճառէր երբ հայ մը իր զաւակը օտար անունով «մկրտէր». որովհետեւ ամէն մարդ գրեթէ ունէր հայկական անուն եւ յանկարծ Սերկէյ մը կը ծնէր: Այսօր երեւոյթը ամբողջութեամբ հակառակ է. մարդ սկսած է զարմանալ երբ հազարաւոր Սերկէյներու եւ Փամելլաներուն մէջ տեսնէ հայու անուն: Արժէքները ինչքա՜ն իմաստազրկուած պիտի ըլլան, որ հայու մը տրուած հայու անունը սկսի մարդիկը զարմացնել՝ քան հայու տրուած օտար անունը:

Չկարծենք, որ մենք սրբագրելիք բան մը չունինք այս իրականութեանց դիմաց. մեր ձեռքն է ապագան, որովհետեւ մեր այսօրը սիւնն է վաղուան: Մկրտուինք հայութեամբ, անունով, ոգիով, սրտով ու արիւնով, որպէսզի աւելիով չարդարանայ Շահնուրի խօսքերը.

«Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր։ Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն։ Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԵՍԱՅԻ ՋԱՆՓՈԼԱՏԵԱՆ
(1859-1918)

Մեր թուականէն 162 տարիներ առաջ՝ շաբաթ, 30 յուլիս 1859 թուականին Շապին Գարահիսարի Փարչի գիւղին մէջ ծնած է հայ բարերար, հասարակական գործիչ եւ վաճառական Եսայի Ջանփոլատեան:

Եսայի 1879 թուականին աւարտած է Նախիջեւանի Գաւառային ուսումնարանը, ուրկէ ետք փոխադրուած է Երեւան եւ սկսած է զբաղիլ վաճառականութեամբ եւ հանքագործութեամբ: Վաճառականութեան մէջ յաջող անձնաւորութիւն մը ըլլալով կրցած է հսկայական գումարներ վաստակիլ։ Պատմաբան Թադէոս Յակոբեան իր «Երեւանի պատմութիւնը» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Եսայի Ջանփոլատեանի տարեկան եկամուտը 12.000 ռուբլի է»:

Պարսկաստանի հետ կատարած իր յաջող վաճառականութեան համար 1900 թուականին Պարսկաստանի շահի կողմէ ստացած է «Առիւծ եւ արեւ» շքանշանը:

Եսայի Ջանփոլատեան մեծ աշխատանք տարած է Երեւանի զարգացման մէջ: Յայտնի է որպէս Երեւանի առաջին թատրոնի հիմնադիր: 1903 թուականին գնած է Երեւանի առաջին Պետական գաւառական ուսումնարանի շէնքը, որ յետագային նորոգուելով վերածուեցաւ թատրոնի, որ յայտնի էր «Ջանփոլատեան թատրոն» անունով: Այդտեղ ելոյթ ունեցած է Կոմիտասը՝ իր Գուսան երգչախումբով: Առաջին անգամ այդտեղ ելոյթ ունեցած է Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան:

Յայտնի վաճառականը կատարած է բարեգործութիւններ. անոր նիւթական օժանդակութեամբ նորոգուած են բազմաթիւ հին եկեղեցիներ: Շինած է դպրոցներ եւ հիմնած՝ հիմնադրամներ: Մեծ Եղեռնի տարիներուն եկած է Էջմիածին, հանդիպած է գաղթականներուն հետ ու անոնց ապահոված է կացարաններ եւ տուներ, նոյնիսկ անոնցմէ մի քանիին իր տան մէջ ապաստան տալով:

Եսայի Ջանփոլատեան մահացած է 1918 թուականին՝  59 տարեկան հասակին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021