ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԻԲԱՆԱՆ… ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Դարձեալ Լիբանան... դարձեալ ողբերգութիւն...:

Լիբանանի վիճակը կամաց կամաց դէպի լաւ երթալու փոխարէն, օրէ օր աւելի կը վատթարանայ. մարդիկ կտոր մը հաց առնելու համար երկար շարքեր կը կազմեն՝ շատ անգամ կռուելով ու պայքարելով: Ելեկտրականութիւն չկայ, ջուր չկայ եւ անմարդկային ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ մեր հայորդիները կը փորձեն ապրիլ ու գոյատեւել:

Ցաւ ի սիրտ կը լսենք, որ տնտեսական անապահովութեան պատճառով բազմաթիւ հայ մանուկներ ու պատանիներ դպրոց չեն յաճախեր. քանիներ նոյնիսկ փոքր տարիքէն գործի անցած փողոցներուն մէջ բաներ մը վաճառել կը փորձեն՝ իրենց ընտանիքին բանով մը օգտակար դառնալու միտումով:

Չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ այսօր Լիբանանի մէջ կան ընտանիքներ, որոնք աւելի քան տարի մը միս կերած չեն. հոսկէ-հոնկէ ձեռք բերուած ընդեղէններով կը փորձեն քաշքշել իրենց գոյութիւնը: Լիբանանի մէջ այսօր կան հայորդիներ, որոնք ցաւ ի սիրտ ճամբաները կը գիշերեն՝ տուներու համար ճշդուած հսկայական վարձքերը վճարել չկարենալու պատճառով: Առանց ելեկտրականութեան, մութին մէջ շատեր կը փորձեն իրենց դասերը պատրաստել: Սարսափելին, տնտեսական անապահով վիճակին հետեւանքով մարդիկ կը դժուարանան գնել իրենց դեղերը, որոնք անհրաժեշտ են իրենց առողջութիւնը բարելաւելու համար:

Կ՚ուզենք խօսիլ Լիբանանի մասին, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ամէ՛ն գաղութ իր մէջ բաժին մը ունի Լիբանանէն եւ մեծաւ մասամբ բոլոր այն գաղութները, ուր տակաւին հայ լեզուն ու մշակոյթը պահպանուած է, անպայմանօրէն հոն եղած են եւ ե՛ն լիբանանահայեր, որոնք ամէն գաղութէ աւելի գիտցած են պահել հայ լեզուն եւ մշակոյթը:

Մինչեւ օրս հրատարակուող «Ազդակ» օրաթերթը, 20 հոկտեմբեր 1927 թուականին, խօսելով լիբանանահայ գաղութին մասին կ՚ըսէր. «Ո՛չ մէկ կալուած ունինք եւ ո՛չ ալ ազգային սեփական հասութաբեր հաստատութիւն մը. չունինք կրթարաններ եւ չունինք մեր հոգեւոր տուրքը մատուցանելու համար աղօթատեղիներ...»։ Նման՝ բան մը չունեցող գաղութ մը կարճ ժամանակուան մէջ ոչինչէն ստեղծեց իր դպրոցը, եկեղեցին, մամուլն ու ակումբը. հիմնեց երկու տասնեակ եւ աւելի դպրոցներ՝ նոյնքան ալ եկեղեցիներ, մինչեւ իսկ հիմնեց համալսարան՝ հայութեան շունչը պահելու ներշնչող Հայկազեան անունով:

Լիբանանը, սակայն առաջին անգամ չէ՛, որ կ՚արիւնի. ան միշտ ալ այս վերոյիշեալ բոլորը յաջողած է կերտել դժուարին պայմաններու մէջ եւ ներկայ անմարդկային պայմաններուն մէջ եւս ջանք չի՛ խնայեր կատարելու իր հիմնական առաքելութիւններէն մին՝ որն է հայապահպանութիւնը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող «Հայրենիք» օրաթերթի ուրբաթ, 20 փետրուար 1976 թիւին մէջ Յակոբ Կարապենց «Լիբանանը, սիրելին» յօդուածին մէջ կ՚ապրի ա՛յն ցաւը, որ այսօր կ՚ապրինք բոլորս։ Կարապենց կը գրէ. «Լիբանանի խռովայոյզ կացութեան հետ խռովուել է նաեւ մեր կեանքը: Լիբանանը դարձել է մեր կեանքը: Լիբանանը դարձել է մեր մտահոգութիւննների կեդրոնը»։ 46 տարուան կեանք ունեցող ցաւ, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի:

Աշխարհի վրայ կարելի չէ՛ գտնել այլ գաղութ մը, որ Լիբանանի պէս կառչած մնայ իր հայրենասիրութեան ու ազգութեան, որովհետեւ լիբանանցին ո՛չ թէ օտարութեան մէջ օտարացած՝ այլ օտարը յաջողած է հայացնել։ Աշխարհի ո՞ր երկիրին մէջ կարելի է տեսնել փողոցներ՝ Կիլիկիա, Սիս, Մարաշ կամ Հաճըն անունով՝ եթէ ո՛չ Լիբանան։ Աշխարհի ո՞ր երկիրին մէջ կարելի է գտնել քաղաքապետարան մը, որուն թէ՛ քաղաքապետը, թէ՛ պաշտօնէութիւնը միայն հայեր ըլլան։ Եւ աւելին, աշխարհի ո՞ր երկրին մէջ կարելի է տեսնել հայ նախարարներ՝ օտար պետութեան մը բարձր դիրքին, որպէս ներկայացուցիչ հայ ժողովուրդին:

Լիբանանին ամէ՛ն ինչով պարտական սփիւռքը այսօր իր առօրեայ մտահոգութիւններուն մաս չէ՛ դարձուցած անոր ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Հայրենասիրութեան զգացումներուն հակառակ կը թուի ապրիլ խաղաղ ու անհոգ վիճակով՝ երբ այլ երկիրի մը մէջ հայորդիներ լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն եւ իսկական հայրենասիրութիւնը կը սկսի իր մահկանացուն կնքել ա՛յն ժամանակ, երբ ալ հայու մը ցաւը որպէս մեր սեփական ցաւը չենք զգար:

Հայութիւնը Լիբանանէն բաժնելը դիւրին բան մը չէ, որովհետեւ լիբանանահայը Լիբանանի համար պայքարած է՝ մինչեւ իսկ սեփական արիւնը զոհաբերած:

Հայութեան շատ բան տուած Լիբանանին այսօր հայութիւնը շատ բան չի՛ կրնար տալ՝ որպէս երախտագիտութիւն բոլո՛ր զոհողութիւններուն։ Լիբանանի ներկայ տագնապալի վիճակը ո՛չ թէ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ մեր ընդհանուր սփիւռքահայ կեանքին հարուած մըն է, որովհետեւ Լիբանանի տկարացումով սփիւռքն է, որ պիտի տկարանայ, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ նոյնինքն Լիբանանը եղած է սփիւռքահայութեան սիրտը եւ անոր բոլոր գաղութներուն արիւն ջամբողը:

Ուրախութիւն է, որ կարգ մը դպրոցներ բարերարներու շնորհիւ յաջողած են իրենց ապահոված կրթութիւնը վերածել անվճար՝ հաւատալով, որ դպրոցի մը առաքելութիւնը ո՛չ թէ դրամ շահելու, այլեւ հայ սերունդներ դաստիարակելու մէջ կը կայանայ:

Յոյսով ենք, որ տասնամեակներ շարունակ Լիբանանի երկնակամարէն չհեռացած ամպերը պա՛հ առաջ ցրուին եւ հանգստութիւն տան ա՛յն Լիբանանին, որուն բոլորս պարտական ենք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -5-

Զարեհեան դպրեվանքի նոր աշակերտ դարձած եմ. երկրորդ կամ երրորդ օրն էր. հսկիչներէն Հայր Սիփան ճաշի ընթացքին ինձ իր մօտ կանչեց եւ խնդրեց, որ խոհանոց իջնեմ եւ մայրիկէն «հրուշակ» ուզեմ:

Մտածումներով տարուած իջայ խոհանոց եւ մայրիկին ըսի. «Հայր Սիփանը դրօշակ կ՚ուզէ»: Մայրիկը շուարած ուզեց գիտնալ, թէ ի՞նչ դրօշակ է ուզուածը: Իրականութեան մէջ ես ալ հասկցած չէի, որ դրօշակը ի՞նչ գործ ունի խոհանոցին մէջ եւ Հայր Սիփանը ճաշի ընթացքին ի՞նչ պիտի ընէ դրօշակը:

Մայրիկը խոհանոցը աջ-ձախ նայելէ վերջ «հոս դրօշակ չկայ» ըսաւ։ Բարձրացայ Հայր Սիփանին մօտ եւ ըսի, թէ խոհանոցը դրօշակ չկայ:

Մինչեւ այդ օր «հրուշակ» բառը լսած չէի։ Լիբանանի մէջ մի՛շտ ալ «հալվա» ըսած էինք հրուշակին. մեր փնտռած «դրօշակ»ը գտնուեցաւ:

***

Օր մը գործէն յոգնած տուն եկայ. ծանօթներէս Փաթիլը զանգելով խնդրեց, որ մօտս գայ... «Լաւ վիճակի մէջ չեմ», ըսաւ: Քաղաքավարութեան վնասները կրելով «հրամմէ» ըսի:

Փաթիլը եկաւ շա՜տ տխուր եւ յուսալքուած վիճակի մէջ: Մտահոգուեցայ: Պահ մը ետք սկսաւ բարձրաձայն լալ ու արտասուիլ. ցաւը մեծ ըլլալու էր:

Պահ մը ետք արցունքներուն մէջէն կտրած շունչ առնելով յայտնեց, որ շունը հիւանդ է։ «Աստուած չընէ մեռնի... ես ի՞նչ պիտի ընեմ» ըսելով սաստկացուց լացը:

Քաղաքավարութեան վնասները կրելով փորձեցի մխիթարել, մինչեւ իսկ «աղօթել» շունին առողջութեան համար. աղօթել սրտանց, որպէսզի առողջանայ եւ ես ալ կարենամ քիչ մը քնանալ...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2022