ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԱՂԲԻՒՐԸ

Աստուած աղբիւրն է կեանքի, լոյսի, ուրախութեան՝ բովանդակ տիեզերքին։ Օրհնութիւններ  կը բխին Անկէ Իր բոլոր արարածներուն վրայ։ Եւ ուր որ ալ Աստուծոյ կեանքը մարդոց սրտերուն մէջ ըլլայ, սէր եւ օրհնութիւն պիտի տարածէ անոնց բոլորին վրայ անխտի՛ր։

Արդարեւ, Յիսուս անկեալ մարդիկը բարձ-րացնելու եւ փրկելու՝ վերականգնելու եւ վերակենդանացնելու մէջ կը գտնէր Իր ուրախութիւնը։ Այս իսկ պատճառով Ան Իր անձը պատուական չսեպեց, այլ յանձն առաւ խաչը եւ արհամարհեց ամօթը։ Ան տիպար մը եղաւ զոհողութեան եւ անձնուիրութեան։

Ոմանք զոհողութիւնը եւ անձնուիրութիւնը թերութիւն մը կը համարեն՝ հոգեկան տկարութիւն մը, քանի որ մարդկային բնութիւնը ինքնասիրութիւն կ՚ենթադրէ, նախամեծար համարելով իրենը՝ ի՛ր շահը, ի՛ր օգուտը եւ ի՛ր բարիքը։ Բայց կը սխալին այդպէս խորհողները, քանի որ նախ՝ մարդ ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով, յետոյ՝ անձնուիրութիւնը ո՛չ թէ թերութիւն, այլ առաքինութիւն է՝ ազնուականութի՛ւն, այսինքն՝ առաւելութի՛ւն։

Եւ այս իմաստով բացայայտ է սկզբունքը, թէ՝ աւելի երանելի՜ է տալը, քան առնելը. «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը», (ԳՈՐԾ. Ի 35)։

Յիսուս Իր կեանքին օրինակով ցոյց տուաւ այս երջանկութեան կարեւորութիւնը։ Ուրախութիւնը, երջանկութիւնը փընտ-ռել եւ գտնել ուրիշներուն ուրախութեան եւ երջանկութեան մէջ։ Խորհեցէ՛ք պահ մը սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ընտանիքի մը մէջ եթէ անդամներէն մին տխուր է եւ դժբախտ, կարելի՞ է որ միւս անդամները ուրախ եւ երջանիկ ըլլան։ Հաւաքականութեան, ընկերութեան մէջ, բարեկամներու շրջանակին մէջ եթէ մէկը դժբախտ է եւ ապերջանիկ, կարելի՞ է որ միւս ընկերները ուրախ եւ երջանիկ ըլլան։ Արդարեւ, հոգեպէս, տրտմութիւնն ալ, ուրախութիւնն ալ վարակիչ են՝ փոխանցիկ։ Եթէ մէկը ուրախ է՝ միւսներն ալ կ՚ազդուին եւ ուրախ կ՚ըլլան, իսկ եթէ մէկը տխուր է՝ միւսներն ալ կ՚ազդուին եւ կը տխրին, կը տրտմին։

Կենցաղագիտութեան ալ հակառա՛կ է տխուր մէկու մը քով ուրախ երեւիլ կամ ուրախ մէկու մը քով տխուր եւ տրտում երեւոյթ մը պարզել։ Եւ մանաւանդ, ուրախ մէկու մը քով տրտում եւ տխուր մնալ՝ կարելի է որ նախանձի արտայայտութեան կերպով մեկնաբանուի։ Իսկ տխուր մէկու մը քով ուրախ ըլլալ, թերեւս անզգամութիւն, անպարկեշտութիւն, մինչեւ իսկ չարամտութիւն կարելի է համարուիլ, ինչ որ արտաքնապէս ա՛յդ ցոյց կու տայ։

Համակրական հասկացողութեամբ իրարու մօտենալ մարդկային պարտք մըն է. ուրախին հետ ուրախանալ, տրտումին հետ տրտմիլ՝ ա՛յս է մարդ արարածին բնական վիճակը, քանի որ իւրաքանչիւր անհատ ծնած է ուրիշի մը համար՝ ամբողջացնելու մարդկային էութիւնը։ Այս է ահաւասիկ «իրերօգնութեան սկզբունք»ը, որուն պարտի հաւատարիմ մնալ իւրաքանչիւր անհատ։

Բայց ինքնամոլ, անձնասէր սրտերու համար «ստորնացուցիչ վիճակ» մը՝ ծառայութիւն մը կը նկատուի անձնուիրութիւնը, ուրիշներու համար զոհուիլը, իրմէ տալը՝ փոխանակ առնելու…։

Մինչդեռ սպասաւորել, ծառայել, օգնութեան հասնիլ, մխիթարել թշուառ մէկը, եւ ստորադաս չնկատել զայն, խտրութիւն չդնել, «մա՛րդ» տեսնել թշուառն ալ, երջանիկն ալ եւ ջանալ թշուառը երջանկացնելով հաւասարութիւն մշակել մարդոց մէջ։ Մարդը՝ առանց խտրութեան «մա՛րդ» նկատել եւ տկարները զօրացնել, թերութիւնները կատարելագործել աստուածահաճոյ գործ մըն է մարդուն համար, որ կը նշանակէ իր արարչութեամբ ստացած կոչումին հաւատարի՛մ մնալ։

Արդարեւ, Քրիստոսի անձնազոհ եւ անձ-նըւէր սիրոյ ոգին՝ երկինքի մէջ տիրող եւ անոր բուն իսկ երանութիւնը կազմող ոգի՛ն է։ Եւ ահա՛ այս ոգին է, զոր Քրիստոսի հետեւողները պիտի ստանան, գործը՝ զոր պիտի կատարեն։

Ուստի, իր նմանին օգնել՝ մարդս «գործակից» կ՚ընէ Աստուծոյ եւ կը ծառայէ ստեղծագործութեամբ հաստատուած աստուածային ծրագրին իրականացման։ Չէ՞ որ ստեղծագործութեան ընթացքը տակաւին չէ վերջացած եւ պիտի շարունակէ մինչեւ իրականանայ աստուածային ընդհանուր ծրագիրը՝ կատարեալ ըլլայ եւ հասնի իր վախճանին։

Ուրեմն ստեղծագործութեան այդ աստուածային ծրագրին իրագործման գործին մէջ իւրաքանչիւր անհատ ունի իր դերը, որ կը կատարէ իրերօգնութեամբ, միասնաբար իր նմաններուն հետ։ Աստուածային ծրագրին ծառայելու եւ մասնակցելու միակ կերպն է միասնականութիւնը, այսինքն միասին գործելը՝ միշտ իրարմէ կախում ունենալով, միասին եւ ներդաշնակ շարժելով։

Ահաւասիկ, այս կէտին մեծ դեր կը խաղայ սէրը։ Եւ երբ Քրիստոսի սէրը բնակի սրտի մը մէջ, կարելի չէ ծածկուի, ինչպէս՝ քաղցր հոտ մը։ Անոր սուրբ ազդեցութիւնը պիտի զգացուի բոլոր անոնցմէ՝ որոնց հետ յարաբերութեան մէջ կը մտնէ մարդ։ Քրիստոսի ոգին մարդուս սրտին մէջ՝ նման է անապատին մէջ աղբիւրի մը, որ կը բխի զովացնելու բոլորը, եւ կորսուելու մօտ եղողներուն մէջ կը ծնուցանէ կեանքի անհատնում ջուրէն խմելու փափաք մը։

Յիսուսի հանդէպ սէր ի յայտ պիտի գայ գործելու բաղձանքով մը՝ ինչպէս Ան կը գործէր, մարդկութիւնը օրհնելու եւ բարձրացնելու համար, քանի որ Ան եկաւ վերականգնելու անկեալ մարդը։ Ան մեզ պիտի մղէ սէր, գութ եւ համակրանք տածելու մեր երկնաւոր Հօրը խնամքին տակ գտնուող բոլոր արարածներուն հանդէպ։ Այս կը նշանակէ՝ նիւթապէս, հոգեպէս եւ մտապէս օգնել ուրիշին, ընել ան՝ ի՛նչ որ կ՚ուզենք որ ուրիշը ընէ մեզի համար։

Ինքնակեդրոն մարդիկ զո՛ւրկ են այս ազնիւ զգացումէն եւ անհաւատարիմ՝ իրենց կոչումին։

Ուստի մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի կեանքը՝ հանգիստի եւ Իր անձին նուիրուած՝ այլամերժ կեանք մը չէր երբեք. այլ Ան կ՚աշխատէր, կը գործէր յարատեւ, եռանդուն եւ անխոնջ ջանքով՝ «կորսուած մարդկութեան» փրկութեանը համար։

Յիսուս, մսուրէն մինչեւ Գողգոթա՝ անձնուրացութեան, անձնազոհութեան եւ անձնուիրութեան ճամբուն հետեւեցաւ, եւ երբե՛ք չջանաց խոյս տալ դժնդակ պարտականութիւններէ, դժուարին ճամբորդութիւններէ եւ տաժանելի հոգէ եւ աշխատանքէ։ Ան չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու, ինչպէս ըսաւ Ինք։

Ուրեմն, մի՛շտ առաքինութիւն է, ազնուութիւն է տալը, քան առնելը, ծառայելը, քան ծառայութիւն ընդունիլը, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ սիրել փոխանակ ատելու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 16, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 30, 2018