ԳԵՂԵՑԻԿ Է ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ պայմանադրականօրէն կ՚ըսենք. «Բնութիւնը գեղեցիկ է», ի՞նչ ըսել կ՚ուզենք։ Երկինքի կապո՞յտը, զանազան բոյսե՞րը, գետնին կանաչ խո՞տը, վերջապէս տարբաղադրեալ այն բազմաթիւ երեւոյթնե՞րը, որոնք իրարու խառնուելով կը յօրինեն այն, ինչ որ պայմանադրականօրէն կը կոչենք «բնական տեսարան» մը։ Բայց իրապէ՛ս գեղեցիկ է բնութիւնը, որ կը նկարագրէ այն բոլոր տեսարանները՝ որ սովորաբար կ՚ըսենք «գեղեցկութիւն»։

Բարիքին գործադրութեան կ՚ընկերակցի հոգեւոր անվարձ ուրախութիւնը եւ բարոյական գեղեցկութիւնը։ Նմանապէս, ճշմարտութիւնը հետը կը բերէ ուրախութիւնը եւ հոգեւոր գեղեցկութեան շքեղութիւնը։

Ճշմարտութիւնը ինքնիրմով գեղեցիկ է։ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ տիեզերական բարբառովը արարչագործութեան, որ գործն է Անոր Խօսքին, Անոր Իմաստութեան, կարգը եւ ներդաշնակութիւնը տիեզերքին, ինչպէս նաեւ «մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը արարածներուն՝ հանգիտաբար հիացումով դիտել կու տան անոնց Արարիչը» (ԻՄՏ. ԺԳ 5), «Որովհետեւ Ի՛նքն է աղբիւրը գեղեցկութեան, որ ստեղծեց զանոնք» (ԻՄՏ. ԺԳ 3)։

Ուրեմն «գեղեցկութիւն»ը իմաստութեան ստեղծած ճշմարտութեան եւ բարիին հրաշալի ներդաշնակութիւնն է։ Իմաստութիւնը արդարեւ բխումն է Աստուծոյ զօրութեան, մաքրամաքուր ծորումը՝ Ամենակալին փառքին, այս պատճառով՝ ո՛չ մէկ պիղծ եւ տգեղ բան մուտք կը գործէ անոր մէջ։ Ան ցոլքն է յաւիտենական Լոյսին՝ անբիծ հայելին՝ Աստուծոյ գործին, պատկերը Անոր բարութեան (ԻՄՏ. Է 25-26)։

Իրմով ամէն ինչ բարի է եւ ճշմարի՛տ, որոնց իմաստութեամբ ներդաշնակեալ վիճակն է գեղեցկութիւնը։

Արդարեւ, տիեզերքը, մեկնելով աշխարհի ցուցաբերած շարժումէն, լինելութենէն, պատահմունքներէն, կարգաւորութենէն եւ գեղեցկութենէն, կարելի է ճանչնալ Աստուած իբրեւ սկիզբ եւ վախճան բնութեան։

Իր բացումով դէպի ճշմարտութիւն եւ գեղեցկութիւն, իր զգացումով բարոյական բարիին, իր ազատութեամբ եւ իր խղճմտանքին ձայնով, անհունին եւ երջակութեան իր տենչանքով, մարդը ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին։

Աշխարհ՝ բնութիւն եւ մարդ կը վկայեն, թէ իրենք իրենց մէջ ո՛չ իրենց սկիզբը եւ ո՛չ իսկ իրենց վերջնական վախճանը ունին, այլ մաս կը կազմեն Արարչին էութեան, որ անսկիզբ է եւ անվախճա՛ն։

Այսպէս՝ այս զանազան «ուղի»ներով՝ ճշմարտութեամբ, բարութեամբ եւ գեղեցկութեամբ կարող է մատչիլ իրականութեան ճանաչումին, իրականութեան գոյութեան, որ առաջին պատճառն է եւ վերջնագոյն վախճանը ամէն բանի, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի. «եւ զոր ամէնքը կը կոչեն Աստուած»։ Եւ մարդուն կարողութիւնները զինք ատակ կը դարձնեն ճանչնալու գոյութիւնը անձաւոր Աստուծոյ։ Արդէն բնութիւն եւ գեղեցկութիւն կ՚ապացուցանեն եւ կը յայտնեն Աստուծոյ գոյութիւնը՝ որուն ստեղծագործութիւններն են…։

Ի՞նչու համար Աստուած չստեղծեց այնքան կատարեալ «աշխարհ» մը՝ ուր ոչ մէկ չարիք, ոչ մէկ տգեղութիւն կարենար գոյութիւն ունենալ։

Արդարեւ, հարցում մը՝ որ յաճախ խորհող միտքեր կը զբաղեցնէ, որուն պատասխանն ալ նոյնքան հետաքրքրական պէտք է ըլլայ, քանի որ այս պարագան երեւութապէս կը հակասէ Աստուծոյ բարութեան եւ գեղեցկութեան հետ։ Բայց հոգեւոր հարցեր ունին միշտ բանաւոր եւ գոհացուցիչ պատասխան մը։

Աստուած միշտ կարող է Իր անհո՜ւն զօրութեամբ եւ ամենակարողութեամբ՝ աւելի կատարեալ բան մը ստեղծել, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Սակայն Իր իմաստութեամբ եւ Իր անսահման բարութեամբ, Աստուած ազատօրէն ուզեց ստեղծել աշխարհ մը «յառաջդիմութեան» եւ հետզհետէ բարեփոխութեան, յեղաշրջութեան մէջ, ուղղուած դէպի իր վերջնագոյն կատարելութիւնը։ Եւ այս կը նշանակէ որ «ստեղծագործութիւն»ը տակաւին չէ վերջացած եւ հետզհետէ կը շարունակուի եւ կը գործէ ըստ արարչութեան ընդհանուր ծրագրին։

Արդարեւ, Աստուծոյ արարչագործութեան ծրագրին մէջ այս կերպ ըլլալը՝ կը ներփակէ կարգ մը արարածներուն երեւումին հետ նաեւ՝ անհետացումը ուրիշներուն, ամենակատարեալին կողքին՝ նուազ կատարեալը, բնութեան շինարարութեան կողքին՝ նաեւ կործանումներ։ Ուստի ֆիզիքական բարիին կողքին պիտի ըլլայ նաեւ «ֆիզիքական չարիք»ը, ինչպէս նիւթական գեղեցիկին կողքին՝ «բարոյական գեղեցիկ»ին նաեւ կողքին՝ նիւթական եւ «բարոյական տգեղութիւն»ը՝ ինչ որ դէպի կատարելագործութիւն, դէպի բացարձակ գեղեցկութիւն, բարեփոխման եւ յեղաշրջման բնական մէկ պահանջքն է։

Այս չարիքի եւ բարիի, տգեղի եւ գեղեցիկի հակադրութիւնը գոյութիւն պիտի ունենայ այնքան ատեն որ արարչագործութիւնը չէ՛ հասած իր կատարելութեան եւ չէ իրականացած ստեղծագործութեան ընդհանուր «Ծրագիր»ը, որուն մասին կը խօսի եւս Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Ուրեմն, ստեղծագործութեան ծրագրին մէջ, ընթացք մը, միջոց մը կայ, որուն անհրաժեշ՛տ է չարն ալ, բարին ալ, տգեղն ալ, գեղեցիկն ալ եւ սուտն ալ, ճշմարտութիւնն ալ։

Ուստի այն է կատարելագործութիւնը՝ ուր ծրագիրը կ՚իրականանայ ամբողջութեամբ, եւ կը յայտնուին բացարձակ բարին, բացարձակ գեղեցիկը եւ բացարձակ ճշմարտութիւնը։

Արարչագործութիւնը ընթացք մըն է, որ կ՚ընթանայ աստուածային ծրագրին համաձայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 6, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2019