ԼԱՒ ՊՏՈՒՂԸ՝ ԼԱՒ ԾԱՌԷ՛Ն

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս, ար­տա­քի­նին, տես­նուա­ծին նա­յե­լով կու տան ի­րենց ո­րո­շում­նե­րը՝ ա­նոնց հա­մար կա­րե­ւո­րը ար­դիւնքն է եւ չեն հե­տաքրք­րուիր այդ «ար­դիւնք»ը ար­տադ­րող «պատ­ճառ»ով։ Զոր օ­րի­նակ՝ պտու­ղը կ՚ու­տեն, բայց այդ պտու­ղը հասց­նող ծա­ռին եւ ա­նոր ար­մատ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւն չեն ը­ներ։ Ե­թէ պտու­ղը լաւ է, ու­րեմն այ­լեւս ա­նոր, ի՛նչ­պէս կամ ո՛ւր­կէ ե­կած ըլ­լա­լը այն­քան կա­րե­ւոր չի՛ թուիր մար­դոց, շա­տե­րու մտադ­րու­թիւ­նը այս է, եւ քի­չեր կը հե­տաքրք­րուին, ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­նեն բու­նին՝ պտու­ղը հասց­նո­ղին կամ ար­տադ­րո­ղին։

Ար­դա­րեւ ծա­ռին տե­սա­կը եւ ա­նոր պտու­ղը՝ ար­տադ­րո­ղը եւ ար­տադ­րուա­ծը, պատ­ճա­ռը եւ հե­տե­ւան­քը, ընդ­հա­նուր առ­մամբ «նկա­րա­գիր»ը ցոյց կու տան տես­նուած նիւ­թին, եւ ե­թէ խնդրոյ ա­ռար­կան մարդ է՝ ծնող­քին եւ զաւ­կին տես­քը, ե­րե­ւոյ­թը, ընդ­հա­նուր վար­մուն­քը մար­դուն նկա­րա­գի­րը եւ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւն­քը նկա­րագ­րուած կ՚ըլ­լայ։

Ար­դա­րեւ, ընդ­հա­նուր սկզբունք է՝ բա­րիէն բա­րի, չա­րէն չա՛ր կ՚ել­լէ, այս բնա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է եւ կը գոր­ծադ­րուի բու­սա­կան աշ­խար­հի մէջ մա­նա­ւանդ ե՛ւ մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ նաեւ։

Ծա­ռը իր բնու­թեան հա­մե­մատ պտուղ կու տայ, այ­սինքն՝ տե­սա­կին հա­մա­ձայն կ՚ար­տադ­րէ. լա­ւը՝ լաւ, գէ­շը՝ գէ՛շ։ Բայց ծա­ռին լաւ ըլ­լա­լը չի՛ բա­ւեր, իր լա­ւու­թեան պէտք է միա­նայ նաեւ ու­րիշ ար­տա­քին ազ­դակ­ներ։ Մար­դուս ալ ինք­նին ազ­նիւ ըլ­լա­լը բա­ւա­րար չէ, այլ պէտք է ար­տա­քին ազ­դակ­ներ օգ­նեն ա­նոր եւ ամ­բող­ջաց­նեն ա­նոր ազ­նուու­թիւ­նը։

Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ՝ թէ ազ­նուու­թիւ­նը ինք­նին ազ­նիւ ե­րե­ւե­լու չի բա­ւեր, այլ մի­ջա­վայ­րը, շրջա­պա­տը, ըն­կե­րա­յին կեան­քը պէտք է պահ­պա­նեն, զօ­րաց­նեն եւ զար­գաց­նեն ազ­նուու­թիւ­նը։ Ուս­տի ազ­նի­ւը իր ազ­նուու­թիւ­նը կա­րե­նալ ար­տա­յայ­տե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար պէտք ու­նի պատ­շաճ մի­ջա­վայ­րի մը, որ­պէս­զի լիաց­նէ՝ ամ­բող­ջաց­նէ եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ իր ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը։

Բնու­թեան մէջ ալ պա­րա­գան նո՛յնն է՝ լաւ ծառ մը, լաւ պտուղ կա­րե­նայ, տա­լու պատ­րաստ վի­ճա­կի մէջ ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է լաւ խնա­մուի, պաշտ­պա­նուի բնա­կան չա­րիք­նե­րու դէմ։

Սա ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն է՝ որ լաւ բոյս մը պա­րարտ հո­ղի մէջ միայն կ՚ա­ճի, կը զար­գա­նայ։ Ե­թէ բոյ­սը լաւ է, բայց հո­ղը ա­նար­դիւն, ա­պա կա­րե­լի չ՚ըլ­լար այս բոյ­սէն լաւ ար­դիւնք ձեռք ձգել, լաւ պտուղ ստա­նալ։

Եւ փո­խա­դար­ձա­բար հո­ղը ո՜ր­քան ար­դիւ­նա­բեր ըլ­լայ, ե­թէ բոյ­սը գէշ է, դար­ձեալ լաւ ար­դիւնք ստա­նալ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար։ Աս­կէ զատ, ո­րե­ւէ պտղա­տու ծառ ե­թէ պտուղ ար­տադ­րե­լու շրջա­նին յա­տուկ խնամ­քով կը խնա­մուի, միայն այն ա­տեն է որ լաւ ար­դիւնք կ՚առ­նուի եւ լաւ պտուղ կ՚ար­տադ­րէ։ Իսկ ծա­ռը ե­թէ մաս­նա­ւոր դե­ղե­րով չի՛ խնա­մուիր, հոգ չի տա­րուիր ար­դիւն­քը լաւ չ՚ըլ­լար. զոր օ­րի­նակ, ե­թէ յա­տուկ դե­ղեր չսրսկուի ծա­ռին՝ ար­տադ­րած պտու­ղը որդ­նո­տած կ՚ըլ­լայ, քա­նի որ բազ­մա­տե­սակ ման­րէ­ներ կը պա­հուը­տին ծա­ղիկ­նե­րուն եւ տե­րեւ­նե­րուն մի­ջեւ եւ կ՚ա­րա­տա­ւո­րեն պտու­ղը։

Ուս­տի ծա­ռը բա­րի ու բա­րե­բեր ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է որ տե­սա­կը ազ­նիւ ըլ­լայ, նաեւ լաւ խնա­մուի՝ պէտք է հո­գայ պար­տիզ­պա­նը, հսկէ ա­նոր ընդ­հա­նուր վի­ճա­կին՝ որ ա­ռողջ եւ զօ­րա­ւոր ըլ­լայ։ Միայն այդ վի­ճա­կին մէջ ծա­ռը կրնայ ար­տադ­րել ա­ռողջ եւ քաղց­րա­համ պտուղ։

Ը­սինք, ինչ­պէս ծա­ռին լաւ ըլ­լա­լը ա­ռանձ­նա­պէս չի բա­ւեր լաւ պտուղ տա­լուն, եւ նոյն­պէս ալ տղու մը լաւ ծնող­ներ, լաւ ըն­տա­նիք ու­նե­նա­լը ա­ռան­ձինն բա­ւա­րար չէ՛ ա­նոր լաւ մարդ ըլ­լա­լուն։ Ար­դա­րեւ, ծնող­ներ եւ ըն­տա­նիք ի­րենց սեղմ շրջա­նա­կին մէջ կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղան տղուն հաս­նե­լուն՝ կեան­քի պատ­րաս­տուե­լու գոր­ծին մէջ, սա­կայն ա­ւե­լի լայն մի­ջա­վայր մը՝ ըն­կե­րու­թիւ­նը ազ­դու է «մարդ» հասց­նե­լու, հա­ւա­քա­կա­նու­թեան օգ­տա­կար տարր պատ­րաս­տե­լու հար­ցին մէջ։ Ուս­տի, կրթու­թիւն, մշա­կոյթ, ա­ւան­դու­թիւն­ներ, ըն­կեր­նե­րու մի­ջա­վայ­րը կը կազ­մա­ւո­րեն «ա­պա­գայ մարդ»ուն ընդ­հա­նուր նկա­րա­գի­րը։ Որ­քան ծնող­նե­րու, նոյն­քան ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րի ազ­դե­ցու­թիւ­նը ըն­թացք կու տայ տղուն։ Եւ այս ի­մաս­տով, «ծառ»ի օ­րի­նա­կին մէջ մեր տե­սա­ծը կը տես­նենք նաեւ «մարդ»ուն մէջ։ Ան ալ միայն իր ըն­տա­նի­քով ո՛չ թէ կեան­քի կը պատ­րաս­տուի, այլ մա­նա­ւանդ ըն­կե­րա­յին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս՝ դպրոց, ըն­կեր­ներ, ա­ւան­դու­թիւն­ներ, մշա­կոյթ, եւ այլն պատ­ճառ­ներ են  «ա­պա­գայ մարդ»ուն սա եւ նա կեր­պով ըն­թացք ստա­նա­լուն եւ մա­նա­ւանդ նկա­րագ­րի կազ­մու­թեան։

Կ՚ըն­դու­նինք, որ կարգ մը յատ­կու­թիւն­ներ ժա­ռան­գա­կան են, ծի­նա­յին փո­խան­ցում­նե­րով կը տե­ղա­ւո­րուին տղուն մէջ, սա­կայն կան յատ­կու­թիւն­ներ ալ՝ ո­րոնք «ստա­ցա­կան» են, եւ մի­ջա­վայ­րի ազ­դե­ցու­թեամբ կը կազ­մա­ւո­րուին տղուն մէջ, ո­րով կը կազ­մուի ա­նոր ընդ­հա­նուր նկա­րա­գի­րը։

Այս ի­րո­ղու­թե­նէն կը հե­տե­ւի, թէ մարդն ալ, քա­նի որ բնու­թեան մէկ մասն է,  իր կար­գին «բոյս» մըն է՝ ծա՛ռ մը՝ քա­լող, խոր­հող, խօ­սող եւ շար­ժող-գոր­ծող ծառ մը։ Եւ ե­թէ այդ «ծառ»ին ոտ­քե­րը հո­ղին մէջ չեն, հո­ղին վրայ կը քա­լեն, բայց ի վեր­ջոյ հո­ղին մէջ կը մտնեն։

Սիր­տը՝ մար­դուս գի­տակ­ցու­թեան ե՛ւ զգայ­­նու­թեան կեդ­րոնն է։ «Սիրտ» բա­ռը կը նշա­նա­կէ նաեւ՝ «հո­գի» կամ «միտք», կեր­պով մը մեր­ձի­մա՛ստ է։

Սիր­տը գանձ մըն է՝ սի­րով լե­ցուն, եւ այդ գան­ձէն ան­դա­դար կու տայ իր մեր­ձա­ւոր­նե­րուն, մին­չեւ իսկ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան՝ տե­ղին կը զո­հէ, կը զո­հուի, կը բաշ­խէ, կը նուի­րէ։ Սիր­տը՝ «տա­լը ա­ւե­լի եր­ջան­կա­բեր է, քան առ­նե­լը» խօս­քին մարմ­նա­ցումն է՝ ի­րա­կա­նա­ցու­մը եւ գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Եւ ե­թէ այդ սիր­տը սի­րով ու բա­րի­քով լե­ցուն է՝ բա­րիք եւ սէր կը սփռէ, կը տա­րա­ծէ։ Իսկ ե­թէ չա­րի­քով եւ ա­տե­լու­թեամբ լե­ցուած է, կ՚ա­տէ իր շուր­ջին­նե­րը եւ չա­րի՛ք կը հասց­նէ բո­լո­րին։

Բա­րի­քով, սի­րով լե­ցուն սիրտ մը կը փայ­լի։ Փայլ մը՝ որ թէ՛ կը լու­սա­ւո­րէ, եւ թէ՛ ջեր­մու­թեամբ գո­հա­ցում կու տայ շուր­ջին­նե­րուն։

Կեան­քի գո­յա­պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է լոյ­սը եւ ջեր­մու­թիւ­նը։ Ու­րեմն սիր­տը կեան­քի հա­մա­զօր է եւ կը կազ­մէ մար­դուս նկա­րա­գի­րը՝ ո­րուն կեն­սա­կան տար­րերն են՝ լոյ­սը եւ ջեր­մու­թիւ­նը։

Բա­րի եւ սի­րով լե­ցուն սիրտ մը՝ կեան­քի մշտա­հոս աղ­բիւրն է, ո­րուն հոս­քը կ՚եր­ջա­նակց­նէ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը՝ որ գի­տեն թէ՝ ի՛նչ է սէ­րը, ի՛նչ է բա­րի­քը։ Բայց չա­րիք եւ ա­տե­լու­թիւն բո­վան­դա­կող սիր­տը ցա­ւա­տանջ վի­ճակ­նե­րու կը մատ­նէ իր շուր­ջին­նե­րը եւ չա­րի­քէ զատ ո՛­չինչ կու տայ մար­դոց, եւ մէկ չա­րա­սիրտ կը բա­ւէ դժբախտ ը­նե­լու ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 15, 2016, Գնա­լը կղզի 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016