ՆԵՐՔԻՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

«Ազատութիւն»ը շատ կերպեր եւ շատ աստիճաններ ունի, բայց եթէ ուշի ուշով անոր հիմը քննելու ըլլանք, պիտի տեսնենք որ միակ եւ սքանչելի՜ իրողութեան մը վրայ հաստատուած է այն. այս իրողութիւնն է մարդուս «ազատ կամք»ը։

Արդարեւ, 18-րդ դարու փիլիսոփայութիւնը, իր առաջադրութիւններով հիմնովին սխալեցաւ՝ մարդուս ամէն տեսակ ազատութիւնները ճանչնալով եւ միայն անոր «ներքին ազատութեան» վրայ տարակուսելով՝ որը միւս ամէն ազատութեան, մարդուս վայելած բոլոր ազատութիւններուն աղբիւրն է։

Ուստի, մարդուս խորհրդական ճշմարիտ նկարագիրը այս «ներքին ազատութեան» վրայ կը կայանայ, որ բանաւորութենէն լուսաւորուելով խղճին կ՚երեւի յայտ յանդիման եւ որ մարդոց թէ՛ իրենց եւ թէ՛ ուրիշներուն վրայ ըրած դատումներուն մէջ կը նշմարուի ամէն ժամանակ։

Սա իրականութիւն մըն է թէ՝ տիեզերքը զօրութիւններու, ներուժի մը բաղադրութի՛ւնն է։

Այս դրութեան մէջ միայն մէկ զօրութիւն կայ՝ ազատ եւ տրամաբանող, եւ է՝ մա՛րդը։ Կարելի է ըսել, թէ ասիկա «մարմնի գործիներէն գործածուող ազատ գործօնէութիւն» մըն է եւ թէ նոյնիսկ իմացականութիւնը այս գործօնէութեան առաջին գործին է։

Ազատութիւնը զինք ընկճելու նպատակ ունեցող «ճակատագրային» զօրութիւններու դրութեան մը մէջ գտնուած ըլլալով, անոնց հակառա՛կ կ՚ընդդիմագործէ՝ նախ զանոնք մեղմելու եւ ապա իր օգտին գործածելու համար։ «Հնարագիտութիւն» կ՚անուանուի կանոնաւորապէս շարունակող այս պայքարը, որուն սկզբունքը «մարդկային ազատութիւն»ն է։ Անոր օգնականներն են բնական գործակատարները եւ նպատակն ալ՝ պիտոյից լրո՛ւմը։

Եւ քանի որ մարդս անկատար էակ մըն է, յայտնի է, թէ իր ազատութիւնը կ՚ենթադրէ մերթ ընդ մերթ սխալիլ եւ քիչ կամ շատ չարիքներու տեղի տալ։ Անշուշտ Աստուած կրնար անոր «ազատ կամք» չպարգեւել, եւ մեղուին եւ կուղբին սահմանաւոր կատարելութիւնը տալ միայն՝ որոնք սկիզբէն ի վեր ինքնածին դրդումով՝ բնազդաբար կը կատարեն իրենց գործը առանց սխալելու։ Բայց Արարիչը չուզեց մարդուս այսպիսի սահմանաւոր կատարելութիւն մը տալ։ Ուստի, այնպէս յարմար դատեց Ան, որ մարդս իր գործերուն զաւակը ըլլայ, եւ «դատապարտութիւն» մը՝ որ ըստ ինքեան մարդուս միւս բոլոր էակներէն գերագոյն ըլլալուն նշանն է։ Այս «դատապարտութիւն»ը կը ստիպէ զանիկա «ուտել իր հացը ճակատին քրտինքովը»։ Այս ուղղութեամբ, մարդը, թէեւ ազատ, բայց «դատապարտուած ազատութեան»՝ անկատար, տկարութիւններ եւ թերութիւններ ունեցող գերադա՛ս էակ մըն է։

Գտնուած որեւէ ճշմարտութիւն աշխատութեան մը, ջանադրութեան մը արդիւնքն է։ Նոյնպէս ալ մարդը իր ազատ գործօնէութիւնը ուրիշ ի՛նչ կերպով որ գործածելու ըլլայ՝ ըստ այնմ իր հետեւութիւնը կ՚ունենայ։ Ահաւասիկ, այս կէտին կը տեսնուի անայլելի բնական օրնէքը՝ թէ ամէն արդիւնք անպայման պատճա՛ռ մը ունի։

Արդարեւ, մարդկային ազատութիւնը եթէ մերժէ ջանադրութիւնը կամ եթէ ապօրինաւորապէս շարժի, ասոր հետեւութիւնը կ՚ըլլայ զրկանք եւ վիշտ մարդուս համար։ Այս կը նշանակէ որ ազատութիւնը իր հետ կը բերէ պատասխանատուութիւնը՝ թէ՛ ինքն իրեն հանդէպ եւ թէ՛ ուրիշներու հանդէպ։ Այս իմաստով, ազատութիւնը, նախ՝ անսահման չէ, յետոյ՝ ունի իր փոխարինութիւնը կամ հատուցումը։ Պարզ խօսքով՝ ան որ ազատութիւն կը վայելէ, պարտաւոր է հանդուրժել՝ ժուժել կամ տանիլ անոր հետեւանքները, պարտաւորութիւնները։

«Ազատութեան օրէնք»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ «բանաւորութեան վճիռներուն համեմատ վարուելով բարգաւաճիլ»։ Եւ ազատութեան օրէնքն ալ կը հպատակի բնականաբար «պատճառ-արդիւնք» անայլայլելի բնական օրէնքին։ Եւ ահաւասիկ, այս օրէնքին վաւերացումը «պատասխանատուութիւն»ն է, որ օրինաւորապէս ուղղուած աշխատութիւնները եւ ջանադրութիւնները վարձատրելու եւ անգործութիւնը, անաշխատութիւնը կամ անկարգութիւնը հատուցումի ենթարկելու ե՛ւ պատժելու պատրա՛ստ է միշտ։ Անշուշտ թէ՛ վարձատրութինը եւ թէ՛ պատիժը համեմատաբար կ՚որոշուին աշխատութեան եւ անգործութեան, անկարգութեան հետ…։

«Ազատութիւն»ը եւ «պատասխանատուութիւն»ը քաղաքական տնտեսութեան նոյնիսկ ոգին է։ Աշխատութիւնը, որ գործօնէութեան անընդհատ եւ կանոնաւորապէս կիրառութիւնն է, էապէս «ազատ» է, ինչպէս նաեւ ազա՛տ է այն աղբիւրը, ուրկէ կը բխի այն։ Այլ սակայն աշխատութիւնը շատ անգամ կ՚ընկճէ իրապէս. այսպիսի ընկճում մը մարդկային բնութեան օրէնքները յայտնապէս ոտքի տակ առնել է. քանի որ անով կը զրկուի մարդս այն միակ օրինաւոր միջոցէն, որով կրնայ ապրիլ, բարգաւաճիլ։

Աշխատիլը հարկ մը, պէտք մըն է եւ նաեւ պարտաւորութիւն մը, ուրեմն «իրաւունք» մը ըլլալու է ան։ Ուստի Թիւրկօ, աշխատութեան նկատմամբ սապէս կը յայտնէր իր տեսակէտը՝ երբ աշխատաւորներու միաբանութիւնները ջնջող հրովարտակին ճակատը կը տողէր սա երեւելի խօսքերը. «Աստուած մարդոց պիտոյքներ տալով եւ աշխատութեան միջոցը անոր հարկաւոր ընելով՝ աշխատելու իրաւունքը ամէն մարդու սեփականութիւնը ըրաւ եւ այս սափականութիւնը միւս բոլոր սեփականութիւններու առաջի՛նը, ամենէն նուիրականը եւ ամենէն անբռնաբարելին է»։

Ուրեմն կը հետեւի, թէ իւրաքանչիւր ոք կը պարտաւորուի ինքը աշխատիլ՝ առանց ուրիշին ջանադրութեանը եւ զոհողութիւն ընել տալու, որպէսզի այն ջանադրութեան արտաբերութիւնները եւ այն զոհողութիւնը ինքը վայելէ։ Այս իսկ պատճառաւ դժնդակ անիրաւութիւն մըն էր անցեալի գերութեան դրութիւնը, որուն հետեւութիւնն էր բոլոր աշխատութիւնը բեռնաւորել մէկուն վրայ եւ այս աշխատութեան բոլոր արդիւնքը ուրիշ մէկուն տալ. այս պատճառաւ էր որ օգտակարութեան եւ արդարութեան զարմանալի ներդաշնակութեան համեմատ գերիներու աշխատութիւնը ոչ այնչափ արդիւնաւոր կ՚ըլլար, որքան ազատ աշխատութիւնը։ Ուստի, աշխատութիւնը երկու դրդիչ ունի. մէկը՝ վիշտ եւ ցաւ ունենալու երկիւղը, միւսը՝ երջանկանալու իղձը։ Եւ գերութեան անցեալի դրութեան մէջ այս դրդիչներուն երկրորդը, այսինքն՝ երջանիկ ըլլալու փափաքը ոչնչացած ըլլալով՝ միայն առաջինը կը շարժէր սպառնալիքներու եւ պատիժի կերպարանքով։

Բայց ազատութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը, բացի գերութենէ, ուրիշ զրկումներ եւ սահմանափակումներ ալ կը կրեն՝ որոնք ազատութեան եւ պատասխանատուութեան իսկական բնոյթին բնական հետեւանքներն են։

Մարդուս այս երկու սեփականութեան հիմնովին փճանալուն կամ բոլորովին յարգուելուն, լիովին զարգանալուն մէջ կան բազմաթիւ միջնորդ աստիճաններ, որոնց մէջէն աշխարհս անցած է եւ տակաւին կարելի եղած չէ բոլորովին անհետացնել։

Արդարեւ, ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ միշտ աշխատուած է ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել ազատութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը, որոնք բնականաբար կը հակակշռեն զիրար. բայց անարդարութիւնը յաճախ տիրական եղած է այս աշխատանքներուն։ Կրօնքներ ալ միշտ ուզած են ներդաշնակել ազատութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը, մատնանշել անոնց սահմանափակումները։ Բայց մարդկային կիրքը միշտ արգելք հանդիսացած է անոնց ներդաշնակման։

«Քրիստոնէութիւնը աշխարհիս մէջ ազատութեան անմահ սերմն է», ըսած է Vinet, բայց մարդիկ շարունակած են հետեւիլ իրենց կիրքերուն եւ գործածած են ազատութիւնը որպէս անսահման սեփականութիւն մը դժբախտաբար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 30, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2020