ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ

Արդարութիւնը՝ մարդկային կեանքի ամենէն արժէքաւոր եւ յարգելի առաքինութիւններէն մէկն է։ Մա՛րդ, առանց արդարութեան չի՛ կրնար գոյապահպանել եւ գոյատեւել իր բարոյական էութիւնը եւ ինչո՛ւ չէ՝ իր ամբողջ կեանքը։

Բայց արդարութիւնը գին մը ունի՝ սուղ եւ հոգետանջ գին մը։ Արդարեւ, կեանքը ապրիլ դիւրին չէ՛, քանի որ ան անվերջ պայքա՛ր մըն է։ Եւ արդարութիւնը, այս պայքարին մէջ հոգեւոր «զէնք» մը՝ պաշտպանումի անհրաժեշտ գործիք մըն է։ Չափազանցութիւն ըրած չենք ըլլար, եթէ ըսենք. առանց արդարութեան մարդկային կեանք չ՚ըլլար, եւ աւելին՝ բնութիւննն իսկ արդարութեան վրայ հաստատուած է։ Արդարութեան մտատիպարն է բնութիւնը՝ իր հիանալի՜ ներդաշնակութեան մէջ։

Արդարեւ, ներդաշնակութիւնը արդարութեան նախատիպարն է, ուրիշ խօսքով՝ արդարութիւնը իսկ սկիզբ կ՚առնէ բնութեան մէջ։

Հաւասարութիւն, եղբայրութիւն եւ ազատութիւն՝ արդարութեան բաղադրողներ են, այսինքն՝ հոն ո՛ւր կայ հաւասարութիւն, եղբայրութիւն եւ ազատութիւն, հոն կա՛յ արդարութիւն, եւ փոխադարձաբար՝ երբ կը պակսին այս արժէքներէն մին, հոն կը պակսի արդարութիւնը։ Արդարեւ, ընկերութեան մը մէջ երբ մէկ անհատ իսկ ազատութենէ զրկուած է, հոն ազատութիւն չի գտնուիր։ Նոյնը կարելի է ըսել եղբայրութեան եւ հաւասարութեան բացակայութեան պարագային։ Արդարեւ, հաւասարութիւնը պէտք չէ նկատել իբրեւ նիւթական կամ ֆիզիքական նոյնութիւն, այլ մանաւանդ՝ բնութեան շնորհներէն, վայելքներէն առանց խտրութեան, առանց բացառութեան օգտուելու արդար իրաւո՛ւնք։

Մենք մարդոց գործերուն վրայ կը նայինք եւ արդարացում կը գտնենք Սաղմոսերգուին փաղաքշական՝ գըգւիչ այն վկայութեան, թէ՝ մարդ էակը «հրեշտակներէն քիչ մը վար» դրած է Աստուած։

Ուստի, կը հաւատանք, որ «Աստուծոյ նմանութեամբ եւ պատկերով» ստեղծուած է մարդ։ Բայց, միւս կողմէ, ո՞վ երբեք կարող է Աստուծոյ մեծութիւնը չափել, կամ ըսենք. սահմանել, եւ կամ ըմբռնել։ Մարդս հրեշտակներուն հետ կարելի է բաղդատել, բայց Անբաղդատելիին հետ՝ երբե՛ք։ Աստուծոյ՝ Արարչին եւ Նախախնամին գործերուն վրայ նայինք եւ խորհինք, որպէսզի Աստուծոյ մեծութիւնովը գրաւուինք, յափշտակուինք։ Աստուած Իր բոլոր յատկութիւններով՝ բացարձա՛կն է։

Աստուած, անշուշտ, ամէն տեղ է, անժամանակ, բայց քաղաքներու ժխորէն հեռո՛ւ, իր փառքը հագած նստած է «երկինքի բիւրեղեալ պատուհանին» առջեւ, որպէսզի ան որ իր աչքը դէպի վե՛ր վերցնէ՝ անդրադառնայ եւ «տեսնէ» եւ վայելէ Իր վեհափառ ներկայութիւնը։

Այս ուղղութեամբ՝ կեանքը կը նմանի օրուան իրիկնամուտի պահուն, երբ արեւը կը պատրաստուի գլտորուիլ հեռաւո՜ր լեռնագագաթներուն ետին։ Բայց հրավառ գունտը յանկարծ կը քօղարկուի ամպերով, որոնք լեռնագագաթներուն վրայ դարանակալ եղած են կարծես ճի՛շդ այդ դերին համար։ Եւ այս մութ ամպերը կ՚ըսեն աշխարհի ի՛նչ որ աշխարհ Յիսուս Քրիստոսի կ՚ըսէ. «Մենք յաղթեցի՛նք…», եւ կը շարունակէ. «ահաւասիկ, արեւին փառքը խափանեցինք, մեր սեւ եւ մութ փէշերուն մէջ ծրարելով անոր ոսկեղէն շողերը…»։

Պէ՞տք է հաւատալ եւ իւրացնել այս գոռոզ յայտարարութիւնը։ Բայց… ինչպէ՞ս չհաւատալ, քանի որ տիրող խաւարը եւ մթութիւնը կը հաստատէ յայտարարութիւնը։ Սակայն, պէտք է ընդունիլ եւ խոստովանիլ, թէ այս ներկայ խաւարը եւ մթութիւնը մարդ ինք ստեղծած եւ տարածած է դժբախտաբա՛ր…

Արդարեւ, Աստուծոյ «անտեսութեան» մէջ «արեւ»ն է միշտ յաղթականը եւ «տիրական»ը եւ «յաւիտենական»ը՝ ճշմարտութեան լոյսը, եւ արդարութիւնը, եւ սէրը, եւ յոյսը, եւ Աւետարանը, եւ Աստուած, Իր նկարագրին լիակատար յայտնութիւնովը յանձին Յիսուս Քրիստոսի։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԻՇՏ ՆԵՐԿԱ՛Յ Է ԵՒ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԻՆՔԶԻՆՔ, բայց դժբախտաբար մենք՝ մարդիկ, չենք անդրադառնար եւ կ՚անտեսենք, զանց կ՚ընենք Ճշմարտութիւնը եւ Լոյսը…

Ուրեմն, հարցը Աստուծոյ էութիւնը, Անոր գոյութիւնը չէ՛, Ան Է եւ գոյութիւն ունի, բուն հարցը մարդուս չկարենալ անդրադառնալն է Անոր էութեան եւ գոյութեան, ճիշդ այն՝ ի՛նչ որ աչազուրկ մը չի տեսներ լոյսը, բայց լոյսը միշտ գոյութիւն ունի։ Այլապէս, արդարութիւնն ալ նոյն բանն է. ան միշտ կա՛յ, բայց երբեմն կ՚անտեսուի…

Արդար ըլլա՛նք եւ հալածուինք, հոգ չէ։

Հալածանքը եւ խաչը պատահական եւ անցաւոր են. արդարութի՛ւնն է որ կը մնայ անխափան, յաւիտեան։ Մահը միայն «սեւ քօղ»ն է յաւիտենական կեանքին։ Ի՛նչ որ դրական ուժ մը, կարողութիւն մըն է, տեւական եւ վճռակա՛ն։ Ժխտական եւ բացասական ուժերն են որ ժամանակաւոր, անցաւոր են։ Մեր յուսահատ վայրկեաններուն կը կարծենք, թէ «Չար»ը՝ Սատանան իր բացարձակ տիրակալութեան տակ առած է այս աշխարհը եւ Աստուած պարտուած եւ «գահազրկուած» է։

Համբերութի՜ւն… սպասենք մինչեւ որ սեւ եւ մութ ամպերը տարածուին, փախչին Աստուծոյ շունչովը եւ Իր կամքին տիրակալութիւնը յայտնուի։

Աշխարհի չարութիւնները իրենց բոլոր սեւութեամբը չեն կրնար արդարութեան արեւը մնայուն կերպով քօղարկել։ Արդարութիւնը, անպայման, ուշ կամ կանուխ կը յայտնուի, քանի որ ա՛ն է ճշմարտութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 29, 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2023