ԹԵԼԱԴՐԻՉ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ ՄԸ…
Թելադրիչ եւ հետաքրքրական պատմուածք մը՝ որ ցոյց կու տայ «անուշ խօսք»ի մը կարեւորութիւնը մարդկային կեանքի մէջ, եւ թէ ո՜րքան կ՚ազդէ կեանքին։
Ուստի, ուղղակի՛, այդ իրադարձութեան վկայողէն լսենք եւ հետեւինք սոյն վկայութեան։
«Երբ ես տասնվեց տարեկան էի հազիւ, եւ շատ մեծ փափաք ունէի նաւաստի ըլլալու, այն օրը որ մօրմէս պիտի բաժնուէի՝ ան մեր պարտէզին դուռին քով ձեռքէս բռնեց եւ ըսաւ անուշ ձայնով մը.- Եդուարդ, զաւակս, կ՚ըսեն թէ, որովհետեւ ես ծով տեսած չեմ կեանքիս մէջ, նաւազներու կեանքի միակ փորձառութիւնը արբեցութիւնն է։ Քու մօրդ ձեռքը չձգած խօսք տուր ինծի, որ ոգելից ըմպելի բնաւ պիտի չխմես։
«Ես ալ խոստացայ եւ անկէ ետքը իբրեւ նաւաստի նաւի մը մէջ գործի մտայ։
«Ծովի վրայ շատ տեղեր պտտեցայ եւ գացի մինչեւ Հիւսիսային եւ Հարաւային բեւեռները, բայց նաւազութեան քառասուն տարիներուս ընթացքին՝ ոգելից ըմպելիքի իւրաքանչիւր գաւաթին մէջ մա՛յրս կը տեսնէի, ճիշդ այնպէս ինչպէս կեցած էր մեր պարտէզին դուռին առջեւ։ Ահա ատոր համար այդ բոլոր ժամանակի ընթացքին կաթիլ մը իսկ ոգելից ըմպելի չեմ խմած»։
Այս միակ խօսքի մը զօրութեան եւ ազդեցութեան հիանալի՜ մէկ ապացոյցը չէ՞. բայց պատմութեան հազիւ կէսն է. որովհետեւ նաւազը տակաւին կը շարունակէ իր հետաքրքրական պատմութիւնը։
«Երէկ գործատեղիս մարդ մը եկաւ, որ քառասուն տարեկան մը կար մօտաւորապէս, եւ ինծի հարցուց.- Զիս կը ճանչնա՞ք։ -Ո՛չ, պատասխանեցի։ -Շատ աղէկ, ըսաւ մարդը.- բաւական տարիներ առաջ շոգենաւի մը մէջ ճամբորդած ատենս օր մը արբեցայ, եւ դուք ալ նաւազապետ էիք այդ շոգենաւին մէջ, անոր համար զիս ձեր առջեւը բերին։ Մարդիկ կը ծաղրէին զիս, վրաս կը խնդային, իրենց ոտքերով մէկդի կը հրէին՝ դուք զիս ձեր խուցը առիք եւ հոն թողուցիք մինչեւ որ արբեցութիւնս անցաւ. յետոյ հարցուցիք ինծի, թէ մայր ունի՞մ։ Ես ըսի, թէ մայրս պզտիկութեանս մեռած է, եւ ես բառ մը իսկ չեմ լսած անոր շուրթներէն։ Դուք ձեր մօր մասին խօսեցաք ինծի, եւ պատմեցիք անոր ձեր պարտէզին դուռին առջեւ ձեզի ըսած պատուէրը եւ ձեր ըրած խոստումը. ահա՛ այն ատենէն ի վեր իսկ ձգած եմ ոգելից ըմպելի գործածելը եւ շատ յաջողած եմ գործերուս մէջ։ Հիմա շատ խոշոր եւ գեղեցիկ նաւի մը նաւատէրն եմ, եւ եկայ ձեզմէ խնդրելու որ հաճիք երբեմն ինծի այցելել»։
Մօր մը անուշ մէկ խօսքը այդ պարտէզին դուռին առջեւ, ո՛րչափ մեծ բարիք եւ օրհնութիւն մը եղած էր այս նաւազին եւ անոր միջոցով ուրիշ մարդու մըն ալ։
Եւ այս պատմուածքը առիթ մը թող ըլլայ մեր ամէն մէկուն մօր արտասանած այն անո՜ւշ խօսքերը անգամ մը եւս յիշելու եւ ապրելու այն երանելի՜ օրերը…
Այս առթիւ եւս կ՚արժէ յիշել մասնագէտի մը՝ տոց. տքթ. Վարդ Շիկահերի խօսքերը։
«Հա՛րկ է յաճախ անդրադառնալ ալքոլի մոլեկան վարժութեան պատուհասիչ ազդումներուն, զգուշացնելու համար մանաւանդ երիտասարդները եւ նոր սերունդները…»։
Երանի՛ միշտ ըլլան «անո՜ւշ խօսք»եր մեր բոլորին կեանքին մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 28, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024