ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ՏԻՒՄԱ-ՆԵՐՈՒ ՆՄԱՆ

Աղեքսանդր Տիւմա հայր եւ որդի, յայտնի ֆրանսացի գրողներ, հետաքրքրական յիշատակ մը ունեցած են։ Աղեքսանդր Տիւմա որդիին հրատարակած մէկ գիրքին շնորհանդէսին՝ կին մը կը մօտենայ Աղեքսանդր Տիւմա հօր եւ կ՚ըսէ. «Կը շնորհաւորեմ ձեզ Պր. Տիւմա»։ Տիւմա հայր, վերջին ծայր փափկանկատօրէն կը պատասխանէ. «Ասիկա իմ գիրքիս շնորհանդէսը չէ՛, այլ՝ իմ տղո՛ւս, ուրեմն զինք եթէ շնորհաւորէք, ինք շատ պիտի ուրախանայ»։

Այս յանձնարարութեան վրայ, կինը կը պատասխանէ. «Ես ձեզ կը շնորհաւորեմ Պր. Տիւմա, այսպէս զաւակ մը հասցուցած ըլլալնուդ համար»։

Իրապէ՛ս երանելի՜ եւ շնորհաւորութեան իսկապէս արժանի են այն ծնողները՝ որոնք զաւակներ հասցուցած են՝ արժէքներ, որոնք մեծ գործեր կը կատարեն, օգտակար կ՚ըլլան իրենց մարդկութեան ծառայութիւններով, յարգը եւ պատիւը կը բազմապատկեն իրենց ծնողքին եւ ընտանիքին։

Արդարեւ, ծառը կը ճանչցուի իր պտուղէն. լաւ ծառը լա՛ւ պտուղ կու տայ, եթէ նոյնիսկ երբեմն բացառութիւններ պատահին։

Կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցին՝ արտաքնապէս դպրոցը կը նկատուի առաջին կարգի վրայ։ Սակայն կարեւորը արմա՛տն է. եւ ինչպէս կ՚ըսէ Ժան Ժագ Ռուսօ, մանուկը իր առաջին կրթութիւնը կ՚առնէ մօր գրկին մէջ, յետոյ այդ կրթութիւնը կը զարգանայ դաստիարակութեամբ՝ ուսուցիչին ձեռքին տակ եւ վերջապէս իր կատարելութեանը կը հասնի՝ ընկերութեան միջավայրին մէջ։ Այս կը նշանակէ, որ «կատարեալ մարդ»ուն կատարելութեան ճամբան կը սկսի ընտանեկան եւ մանաւա՛նդ մօր կրթութեամբ։ Դպրոցի մէջ՝ դաստիարակութեամբ կը ձեւաւորուի, կաղապար կը ստանայ ուսուցիչին միջամտութեամբ։ Եւ վերջապէս, հաւաքականութեան մէջ, ըսենք, կեանքի մէջ կը կատարելագործուի կրթութիւնը՝ որ դպրոցը դաստիարակութեամբ զարգացած է։

Ուստի լաւ միջավայրի մը մէջ է որ միայն կրթուած եւ դաստիարակուած երիտասարդը տեղ մը կը գրաւէ եւ օգտագործելու առիթը կ՚ունենայ ընտանիքէն ստացած կրթութիւնը, եւ դպրոցին մէջ դաստիարակութեամբ զարգացած յատկութիւնները եւ առաքինութիւնները։

Երբեմն ծնողներ գանգատ կը յայտնեն իրենց զաւակներուն մասին։ Առաջին ակնարկով բնական կ՚երեւի ասիկա։ Բայց եթէ քիչ մը խորը դիտել գիտնանք, պիտի տեսնենք, որ ծնողները շատ ալ գանգատելու իրաւունք չունին իրենց զաւակներուն կըր-թութեան նկատմամբ, քանի որ անոնց կրթութիւնը իրենց պատասխանատուութեան կամ անպատասխանատու վարմունքին մէկ հետեւանքն է։ Ուրեմն, իրենց զաւկին կրթութենէն գանգատող ծնողներ, ամէն բանէ առաջ իրենք իրենց հարցնելու են. «Արդեօք մենք թերացա՞նք մեր ծնողական պարտականութեան մէջ, անպատասխանատու գտնուեցա՞նք այդ մասին…»։ Գանգատի ենթարկուող, այդ մասին թերութիւններ ունեցող զաւակներու ծնողները բնաւ թերութիւն չե՞ն ունեցած, եթէ չըսենք՝ երբեք յանցանք չունի՞ն։

Ուրեմն, երբ տղան լաւ է հասած, լաւ կրթուած, լաւ դաստիարակուած եւ ընկերութեան մէջ լաւ դիրք գրաւած, այս ընթացքին մեկնակէտը ծնողքն է, եւ յատկապէ՛ս մայրը։

Արդարեւ, ամէն ծնողք կը փափաքի, որ իրենց տղան, զաւակը լաւ դիրք ունենայ յառաջիկային՝ լաւ ուսում առնէ, լաւ տեղեր գայ, յարգ եւ պատիւ վայելէ, «հարո՛ւստ» ըլլայ, եւ ուրիշներէն «բարձր» ըլլայ, լաւ եւ հանգիստ կեանք վայելէ, նեղութիւն չունենայ, եւ այլն։

Այս բոլորը բնական է, բայց շատ անգամ կարեւոր բան մը կը պակսի կամ կը մոռցուի, կ՚անտեսուի։ Գրեթէ մա՛րդ չի խորհիր «օգտակար անհատ» մը ըլլալու, իր շուրջիններուն օգտին համար պատրաստակամութիւն ցոյց տուող անձ մը հասցնելու կարեւորութիւնը եւ պահանջքը։ «Յաջող մարդ» ըլլալ, լաւ դիրք ունենալ, բարձր աստիճաններու տիրանալ։ Ինչո՞ւ։ Ահաւասիկ, լաւ ծնողքի մը, իր պարտականութիւնը, ծնողական պարտաւորութիւնը կատարած եւ ծնողական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող ծնողքին ստուգանիշը այս հարցումին պատասխանին մէջ կը կայանայ։ Ինչո՞ւ իրենց զաւակը հարուստ ըլլայ, ինչո՞ւ լաւ կեանք վայելէ, ինչո՞ւ ուսեալ ըլլայ։ Եթէ պատասխանը՝ միայն իրենց զաւկին երջանիկ ըլլալուն համար է, հոն ծնողքը իր պարտականութիւնը թերի կատարած է, բան մը կը պակսի իրենց զաւկին մօտ։

Ինչո՞ւ յաջող, հարստութեան տէր, լաւ դիրք ունեցող ըլլայ իրենց զաւակը, որպէսզի օգտակար ըլլայ իր շուրջիններուն, իր հաւաքականութեան, իր ժողովուրդին եւ մինչեւ իսկ համայն մարդկութեա՛ն։

Ահաւասի՛կ, իր ծնողական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող՝ լա՛ւ ծնողքին պատասխանը այդ «ինչո՞ւ» հարցումին։ Մարդուս սկզբնական կոչումն է իրերօգնութի՛ւն։ Մարդ ստեղծուած է իրար օգնելու համար, քանի որ իւրաքանչիւր մարդ տարբեր յատկութիւններով է օժտուած…։

Ամերիկացիներ կ՚ըսեն. «Եթէ կեանքի մէջ յաջող մարդ ըլլալ կ՚ուզես՝ ամէն մարդու ըրածէն տարբեր, աննախընթաց եւ եզական բան մը ըրէ։ Իսկ եթէ չես կրնար աննախընթաց եւ եզական բան մը ընել՝ ամէն մարդու ըրածը ըրէ. բայց ամենալաւը եւ կատարեալը ըրէ՛»։ Այս խօսքէն կը հետեւի, թէ երբ ամէն մարդ ինքն իրեն համար կ՚աշխատի եւ ուրիշին օգտին համար ո՛չինչ կ՚ընէ, այն որ կ՚աշխատի եւ իր աշխատանքի արդիւնքէն բաժին կը հանէ նաեւ ուրիշներու համար, այսինքն օգտակարութիւն կ՚ունենայ, անիկա «եզական» գործ մը ըրած կ՚ըլլայ եւ պէ՛տք է «յաջող» համարուի կեանքի մէջ։

Մենք այս բոլոր խորհրդածութիւնները ըրինք, երբ կարդացինք եւ վերջացուցինք Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի երկրորդ գիրքը՝ «Քառասնօրեայ խոհեր»ը։

Անշուշտ որ գնահատելի եւ շնորհաւորելի է Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը իր այս հոգեմտաւոր աշխատութիւններուն մէջ, սակայն նոյնքան շնորհաւորելի է իր ծնողքը՝ որոնք այդ աշխատութիւնները կատարող, հանրութեան օգտակա՛ր զաւակ մը հասցուցած են։

Մարդկութեան օգտակար զաւակ հասցնող ծնողներ՝ միշտ շնորհաւորութեան արժանի՛ են…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 27, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017