ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ ԵՒ «ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ» - Գ -
Ստորեւ կը ներկայացնենք Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերական գործէն հատուածներ։ Հայ թատերական գրականութեան մէջ գլուխ-գործոց մըն է «Հին Աստուածներ»ը։ Կը բեմադրէ հանդիպումը վանահօր մը եւ իշխանուհիի մը՝ իշխանուհիին նուիրատուութեամբ շինուող եկեղեցիին մասին խորհրդածելու նպատակով։ Մինչ կը կարծուէր, թէ եկեղեցին նուիրուած է Աստուծոյ, պիտի յայտնուի անոր ծածուկ պատճառը։ Ահա՛, եկեղեցին նուիրուած է «Հին Աստուածներուն»՝ «զգացական մարդ»ուն։ Եւ շատ բնական է եւ հասկնալի՝ իշխանուհիին համար, այդ պատճառը, այդ «հիմ»ը կը մերժուի՛ վանահօր կողմէ…։
Վանահայր.- Այո՛, այդ բոլոր անողոք յուշերն ալ միւս բոլոր աշխարհային ցաւերուն հետ մէկտեղ սրտէս դուրս քամեցի այն օրը, երբ վրաս առի այս վերարկուն։
Իշխանուհի.- Սրտէդ դուրս քամեցի՞ր…
Վանահայր.- Այո՛, երբ մարեցան բոլոր աշխարհիկ կայծերը։
Իշխանուհի.- Ո՛չ, չմարեցան այդ կայծերը։
Վանահայր.- Իշխանուհի՛։
Իշխանուհի.- Ո՛չ, կ՚ըսեմ քեզի, չմարեցա՛ն անոնք։ Աշխատեցար որ մարես, աշխատեցար, որ խաբես քեզ, օրօր ըսիր հոգիիդ ու համոզեցիր ինքզինքդ, թէ մարեր ես, բայց չմարեցիր, չէիր կրնար։
Վանահայր.- Իշխանուհի՛։
Իշխանուհի՝ ցած ձայնով.- Եթէ մարեցիր, հապա ի՞նչ է այս եկեղեցին - այս մե՛ր եկեղեցին։
Վանահայր՝ սարսափած ետ քաշուելով.- Լռէ՛, լռէ՛, իշխանուհի՛։
Իշխանուհի.- Ճշմարտութի՛ւնը, վարդապե՛տ։ Մենք այս եկեղեցին չենք շինած քու բարձրեալ Աստուծոյդ համար, ինչպէս որ միշտ կրկներ ես. մի՛ խաբեր քեզ. այդ եկեղեցին շիներ ենք մենք մեզի համար, մեր սիրոյ Աստուծոյն համար։
Վանահայր՝ խորտակուած.- Մարիա՛մ…
Իշխանուհի.- Այո՛. այդ քու եկեղեցիդ նուիրուած է ո՛չ թէ Մարիամ Աստուածածնին, այլ քու Մարիամ իշխանուհիիդ։ Ըսէ՛, ճիշդ չէ՞։
Վանահայր՝ կեցած է լուռ ու գլխահակ։
Իշխանուհի.- Ըսէ՛, ճիշդ չէ՞։
Վանահայր՝ լուռ է ու գլխահակ։
Վանահայր.- Ճի՛շդ է։ Ես ողորմելի ու մեծամիտ մարդ մըն եմ. գոցեր եմ աչքերս ու կարծեր՝ թէ կը թռչիմ, պարզեր եմ թեւերս գոռոզ վե՜ր՝ եւ կարծեր եմ, թէ հասայ երկնքին։
Իշխանուհի.- Մի՛ խօսիր այդպէս։ Մեր սրտերուն այդ կապը, մեր այդ ամբողջ սէրը եղեր է սուրբ, ջերմ ու ազնիւ, ինչպէս ջերմեռանդ աղօթքի մը մրմունջը, ինչպէս ընտիր կնդրուկին բոյրը, որ դէպի երկինք կը մխայ։
Վանահայր.- Ո՛չ, ո՛չ։ Ճշմարիտ է այս ամէնը, բայց կանուխ է դեռ. դեռ կը տեսնուինք… Ու արագ՝ դուրս, առանց իշխանուհիին կողմը նայելու։
Իշխանուհի՝ շուար ու վախով.- Յովհաննէ՛ս, Յովհաննէ՛ս, հայր-սուրբ… Թուլցած՝ կ՚իյնայ աթոռին վրայ։
Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» այս թատերական գրականութեան գլուխ-գործոցին մէջ կարելի է նկատել «սէր»ը, որ թերեւս շփոթուած է իշխանուհիին կողմէ՝ աստուածային սէրը եւ մարդկային սէրը։ Իշխանուհին կը փորձէ մարդկային սիրոյ մէջ տեսնել աստուածային սիրոյ պարտութիւնը, եւ ի՛ր յաղթանակին մէջ նկատել վանահօր պարտութիւնը։ Ասիկա բոլորովին անձնական յաղթանակ մըն է իշխանուհիին համար, արդէն իր համարձակ եւ յանդուգն խօսքերը այս ցոյց կու տան…։
Լեւոն Շանթ (Սեղբոսեան) ծնած է Պոլիս, 16 ապրիլ 1869 թուականին եւ մահացած՝ 29 նոյեմբեր 1951 թուականին, Պէյրութ։
Ան ղրկուած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, որուն ընթացքը աւարտելէ ետք՝ բարձրագոյն ուսման համար գացած է Գերմանիա եւ Զուիցերիա, ապա երկար տարիներ ուսուցչական պաշտօն վարած՝ Կովկասի եւ Թուրքիոյ մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•վերջ
Նոյեմբեր 25 2022, Իսթանպուլ