ԴԷՊԻ ՔԻՉ ՄԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒԸ
Մարդ երբ կը նայի կապոյտ եւ ջինջ երկինքին, դաշտի կանաչ խոտին, գեղեցիկ բնութեան, եւ սպիտակ ամպի մը, որ կ՚անցնի իր գլխուն վերեւէն, կը պարտաւորուի խորհիլ եւ տարուիլ այն մտածումէն՝ թէ ո՛չինչ կայ սխալ սա իր ապրած «հին աշխարհ»ին վրայ, ի բաց առեալ մարդիկ որ կ՚ապրին անոր վրայ, եւ կը հարցնէ ինքզինքին, թէ ինչո՞ւ ամէն մարդկային էակ չի ջանար վերածելու այս աշխարհը քիչ մը աւելի լա՛ւ վայրի մը աւելի լաւ եւ երջանիկ ապրելու համար…։
Երբ կը թղթատէինք մամլոյ հին էջեր, հանդիպեցանք «Գաւաթ մը կաթ» խորագրով Հ.Բ.Ը. Միութեան Նիւ Ինկլընտի շրջանի գրասենեակին կողմէ տեղեկատուութեան մը։ Աւելի լա՛ւ աշխարհ մը, աւելի բարի՛ աշխարհ մը, աւելի օգտակար, աւելի արդիւնաբեր աշխարհ մը կը պատկերանայ եւ կ՚ամփոփուի ահաւասիկ «Գաւաթ մը կաթ»ի մէջ։
Ստորեւ, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք մայիս 1, 1954 թուակիր լուրը։
ԳԱՒԱԹ ՄԸ ԿԱԹ
Այս է այն համեստ նշանաբանը, որով ամէն տարի այս եղանակին, Հ. Բ. Ը. Միութեան Մասնաճիւղերը եւ Տիկնանց Օժանդակները Գթութեան Արշաւ մը կը սկսին Ամերիկայի մէջ։
Բնութեան անողոք հարուածէ մը, կամ մարդոց չարութեան արդիւնք պատերազմէ մը աղէտուածներու համար չէ այս օգնութեան կոչը, այլ «մանուկներու» համար, որ ծնած են ու կ՚աճին խաղաղութեան մէջ, սակայն զուրկ են խաղաղութեան ամենէն տարրական բարիքէն,- «բաւարար սնունդէ…»։
Յաճախ արձանագրուած է ծանօթ իրականութիւն մը, թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, հազարաւոր հայ մանուկներ, ամէն առտու, «անօթի» կ՚երթան դպրոց, որովհետեւ իրենց ընտանեկան պայմանները այնքան խեղճ են, որ զանց կ՚առնուի «նախաճաշ»ը, իբր թէ պերճանք մ՚ըլլար ան։
Ծնողներու անփութութեան, կամ անհատական, մասնակի թերացումներու արդիւնք չէ այս թշուառ վիճակը, այլ ինչ որ աւելի ծանօթ է,- ընդհանուր եւ տեւական ճակատագիր մը…։
Անոնք կ՚ապրին երկիրներու մէջ, ուր ընկերային, տնտեսական պայմանները դանդաղ կը զարգանան, եւ աշխատանքի ու բարիքներու ներդաշնակ բաշխում մը, յաճախ, կարելի չի դառնար բոլորի համար։
Այսպէս է, որ մեր կարօտ եւ բախտազուրկ հայրենակիցներու պայքարը, զիրենք շրջապատող թշուառութեան դէմ, կը դառնայ անհաւասար, վեր՝ իրենց անհատական կամքէն եւ ուժէն, եւ անպայման կարօտ՝ արտաքին ուժերու նեցուկին ու աջակցութեան։
Այս օժանդակութիւնը, տասնեակ տարիներէ ի վեր, մեծ մասով կը հայթայթէ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը։
Եղբայրական այդ օգնութեան կարեւոր մէկ մասն է «Կաթի Հանգանակութիւն»ը, զոր Բարեգործականի Նիւ Ինկլընտի Տիկնանց Օժանդակները, ազնիւ ու գերազանցապէս կանացի զգայնութեամբ մը, իրենց բաժին ընտրած են, այսպէս յանձնառու եւ պաշտպան դառնալով հազարաւոր հայ մանուկներու առողջութեան։
Ամերիկայի մէջ, ուր կաթի առատութիւնը եւ սպառումը, երբեմն, Միսիսիպիի վիթխարի հոսանքին հետ կը բաղդատուի, «գաւաթ մը կաթ»ի արժէքը, իբրեւ սնունդ, կրնայ դիւրաւ անտեսուիլ։ Սակայն ատիկա թշուառութեան եւ առողջութեան «առօրեայ սահման» մըն է Մերձաւոր Արեւելքի փոքրիկ ու անօթի հայ դպրոցականին համար։
Յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն, Օժանդակի Տիկինները,- ճշմարիտ բարեգործուհիներ,- անձնապէս կամ նամակով, պիտի բախեն Մեծագոյն Պոստոնի եւ Նիւ Ինկլընտի հայ տուներու դռները, գաւաթ մը կաթ խնդրելու մեր այդ հեռաւոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար։
Ամէն հայ որ պիտի բանայ իր դուռը, բացած պիտի ըլլայ իր խիղճը, որուն ուղղուած է Օժանդակի կոչը։
Աւելորդ չէ յիշեցնել, թէ մեր օգնութեան եւ զոհողութեան անպայման իրաւո՛ւնք ունին մեզմէ նուազ բախտաւորները, մանաւանդ երբ անոնք անմեղօրէն կը կրեն դաժան ճակատագրի մը բեռը։
Գթութիւնը առաջին եւ վերջին առաքինութիւնն է ինչպէս աստուածսիրութեան, նոյնքան ազգասիրութեան մէջ։
Գաւաթ մը կաթ արշաւը անվերապահ արձագանգ պէտք է գտնէ ամէն հայ տունէ։ Ո՛չ մէկ հայ սիրտ պէտք է մնայ անտարբեր, եւ ո՛չ մէկ հայու քսակ՝ ծալլուած։ Որովհետեւ փրկել մեր հեռաւոր մանուկներու այսօրուան կեանքը, փրկել է Հայութեան վաղուան կեանքը։ Զօրացնել անոնց մարմինը եւ հոգին այսօր, զօրացնել է Հայութեան ապագայ մարմինը եւ հոգին։
Հ. Բ. Ը. ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՆԻՒ ԻՆԿԼԸՆՏԻ ՇՐՋԱՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Որեւէ տեղեկութեան համար դիմել Հ. Բ. Ը. Միութեան Մեծ. Պոստոնի Տիկնանց Օժանդակի Կաթի Հանգանակութեան Յանձնախումբերու ընդհանուր Ատենապետուհի Տիկ. Աղաւնի Վարդիկեանին։
Մայիս 1, 1954
***
Գաւաթ մը կաթ, պատառ մը հաց, սափոր մը ջուր… բայց անպայմա՛ն կերպով մը պէտք է օգնել անոր՝ որ չունի, քանի որ ասիկա մարդկային բնական պարտք մըն է. ուստի մարդ ստեղծուած է իր նմաններուն օգնելու, թերութիւնները լրացնելու համար՝ իրերօգնութեան աստուածային կոչո՛ւմով։
Եւ մանաւանդ մանուկները, որոնց համար է որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը» (ՄԱՏԹ. ԺԹ. 14)։
Եւ դարձեալ Յիսուս կ՚ըսէ. «Որովհետեւ անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւի էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի… Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (ՄԱՏԹ. ԻԵ 35-36, 46)։
Արդարեւ, ողորմութիւնը, իրերօգնութիւնը մարդ էակին էական, սկզբնական եւ առաջնակա՛րգ պարտքը եւ պատասխանատուութիւնն է. ողորմութիւնը մեծագոյն առաքինութի՛ւնն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 30, 2020 Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024