ԱՆԳԱՄ ՄԸՆ ԱԼ ԽԱՉՈՒԻ ԹՈ՛Ղ

Երէկուան մեր գրութեան մէջ «Կը վախնան քեզմէ, բռնակալ Ալլահ» խորագրեալ յօդուածով խօսեցանք Մինաս Պետրոսեանի «Բողոք առ Աստուած» բանաստեղծութեան մասին, ուր բանաստեղծը հայ ժողովուրդին դժբախտութեան հիմնական պատճառ կը նկատէր զԱստուած: Հայ գրականութեան մէջ մեծ է թիւը հակա-աստուածեան բանաստեղծութիւններուն: Յաճախ կը կարծենք, թէ նման բանաստեղծութիւններ առաւելաբար ցեղասպանութենէն ետք գրուեցաւ, սակայն շատ աւելի առաջ արդէն իսկ նման հակառկութիւն մը գոյութիւն ունէր. ոմանք ծայրայեղ հաւատացեալներ, իսկ ուրիշներ ծայրայեղ անհաւատներ էին:

Նման բանաստեղծութիւն մը ունի 1915 թուականին նահատակուած մտաւորական, գրագէտ եւ հասարակական գործիչ Սմբատ Բիւրատ (բուն անունով՝ Սմբատ Տէր-Ղազարեան). ցաւ ի սիրտ, մի քանի տասնեակ գիրքեր ու աշխատութիւններ ունենալով հանդերձ Սմբատ Բիւրատ մեր ժողովուրդին համար անծանօթ մնացած դէմք մըն է (թէեւ անոր աշխատութիւններէն մէկ մասը հրատարակուած է յետ մահու):

Սմբատ Բիւրատ իր բանաստեղծական աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ «Կարմիր խաչին» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը, սակայն այս «Կարմիր խաչ»ը աղերս չունի մինչեւ օրս գործող «Կարմիր խաչ»ի մարդասիրական կազմակերպութեան հետ. բանստեղծութեան խորագիրին մէջ գործածուող կարմիրը արիւն կը խորհրդանշէ, Յիսուս Քրիստոսը «արիւնարբու» կոչելու մտադրութեամբ:

Այս բանաստեղծութիւնը (որ նոյնպէս վերածուած է երգի) բողոք մըն է առ Աստուած. հեղինակը իր բանաստեղծութեան առաջին տունին մէջ կը յիշէ, որ «իբրեւ թէ» սուրբ խաչը ապաքինում կու տայ հիւանդին, կը փրկէ գերին, կը կոտրէ բանտի դռները. հակառակ անոր որ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ պաշտեց այդ խաչը, սակայն երբեք ալ ազատուած չեղաւ. անոր վէրքերը երբեք բուժում չստացաւ: Այս դժբախտ երեւոյթին դիմաց Սմբատ Բիւրատ իր բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ. «Ա՛լ հերիք է. գմբէթներէդ իջի՛ր վար». Յիսուսը վա՛ր կը հրաւիրէ գմբէթներուն գագաթէն, որպէսզի երթայ եւ տեսնէ «ագռաւներու մագիլներէն բզքտուող» հայու դիակները:

Սմբատ Բիւրատ կը հրաւիրէ Քրիստոսը, որպէսզի կատարէ ա՛յն բոլորը՝ որուն համար խաչ բարձրացաւ. այդ լռութիւնն ու անտարբերութիւնը անոր մօտ կու տան այն համոզումը, որ մեռած է Աստուած. ան վերոյիշեալ բանաստեղծութեան վերջին տունին մէջ կը գրէ.

«Մայր երկրէն լո՛ւր բեր մեզի, ո՞ղջ է Աստուած
Թէ խեղդուեցաւ հեղեղէն հայ արիւնի»:

Բանաստեղծը շատ լաւ կը գիտակցէր, որ այս տողերը կրնայ վիրաւորական թուիլ շատ մը հայերու, որոնք նոյնիսկ հայերէնը չհասկնալով հանդերձ հայ եկեղեցւոյ եւ արարողութիւններուն մօտ էին՝ ծայրայեղ կապուածութեամբ մը. ի պատասխան անոնց որոնք պիտի ըսէին, թէ Աստուած ո՛ղջ է, բանաստեղծը կը հարցնէ.

«...Երեւնալու երես երբեք թէ ունի»: Անոր համոզումով, Աստուած ամօթի պարտք մը ունէր հայ ժողովուրդին հանդէպ՝ ժողովուրդ, որ դարեր շարունակ հաւատաց խաչին ու որպէս փրկութիւն նկատեց: Պէտք է նկատի ունենալ, որ Սմբատ Բիւրատի ժամանակը այնպիսի շրջան մըն էր, որ շատեր կը հաւատային, որ եկեղեցիներ ու վանքեր կառուցելու տրամադրուած գումարները եթէ ազատագրական պայքարի նուիրուէր հայ ժողովուրդը երազած ազատութեան ո՛չ թէ կ՚արժանանար, այլ կը տիրանար:

Այդ բոլորը ձախողած նկատելով բանաստեղծը կ՚առաջարկէր անգամ մըն ալ Յիսուսը խաչել՝ որպէսզի իրապէս «ծառայէր» այն նպատակին՝ որուն համար խաչուեցաւ: Սմբատ Բիւրատ կ՚ըսէ.

«Կառչէ՛ կողին, անգամ մըն ալ խաչուի թո՛ղ
Հայուն համար, այնպէս կանգնինք իր կոթող»։

Ի դէպ յայտնենք, որ բանաստեղծ Սմբատ Բիւրատ ունեցած է հոգեւոր կրթութիւն. 1871 թուականին մեկնած է Երուսաղէմ եւ դարձած հոգեւոր ճեմարանի աշակերտ, ուր մնացած է մօտաւորապէս ինն տարի, ուր սկսած է իր բանաստեղծական առաջին փորձերը: Եկեղեցական չդառնալով վերադարձած է Սիս, ուր 1885 թուականին հիմնած է հայկական վարժարան մը, սակայն կարճ ժամանակ ետք դպրոցին դռները փակելով եկած է Պոլիս ու զբաղուած գրականութեամբ: Կարճ ժամանակ Պոլիս մնալէ ետք մեկնած է Եգիպտոս, ուր հիմնած է «Կեդրոնական կրթարան» անունը կրող վարժարանն ու հրատարակած «Փիւնիկ» կիսամեայ պարբերականը:

Գահիրէէն վերադարձին ձերբակալուած է իր կնոջ հետ միասին եւ բանտարկուած: Որոշ ժամանակ դարձեալ Պոլիս վերադառնալէ ետք կու գայ Գահիրէ ու 1895 թուականին կը հիմնէ «Նոր Օր» թերթը: Երիտասարդ թուրքերու յեղափոխութենէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս ու կը հիմնէ «Փիւնիկ» եւ «Ղարաբաղ» թերթերը:

Սմբատ Բիւրատի վերոյիշեալ բանաստեղծութիւնն ու Աստուծոյ հանդէպ ունեցած իր բողոքը ծնունդն է ո՛չ թէ իր անհաւատութեան, այլ կեանքի թշուառ փորձառութեան. ենթարկուած է երկար չարչարանքներու. բանտին մէջ իր կինը կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը. երկու զաւակները մնացած են փողոցները՝ անտուն ու թափառական. այդ բոլոր տառապանքները աւելիով հասկնալու համար պէտք է կարդալ բանտէն գրած իր նամակները. «Ա՞ս պիտի ըլլար արդեօք բախտն անոնց որ Հայրենիքի սիրոյն, տարիներով այնքան տառապանք ու նեղութիւն կրեցին»:

Անոր նամակներէն ի յայտ կու գայ, որ ան Պատրիարքի դէմ ալ բորբոք մը ունեցած է իր սիրտին մէջ. Պատրիարքի միջնորդութեամբ բանտէն ազատ արձակուած էր Խօճասարեան մականունով հայ մը. Սմբատ Բիւրատ բանտէն կը գրէր հետեւեալ նամակը. «Պատրիարքարան երթայիք եւ Սրբազան Հօր յարգանքներս հաղորդելէ վերջ՝ ըսէիք թէ միայն Խօճասարեանի ազատ արձակումը ձեռք բերել բաւ չհամարէր, միւս բանտարկեալներո՛ւն ալ ազատութիւնն ապահովէր: Այս տողերս կարդացէ՛ք իրեն»:

Սմբատ Բիւրատ մէկն է այն բազմաթիւ նուիրեալներէն, որոնք հայրենիքի սիրոյն, հայ գրականութեան ու մշակոյթի սիրոյն զոհուեցան՝ սակայն տրուեցան մոռացութեան:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեա՛մբ եղիցի:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կարծիքովդ ո՞րն է աշխարհի ամենէն կարեւոր գիւտերէն մէկը:

Պատասխան. Դժուար է ընտրել, թէ ո՞րն է լաւագոյն գիւտը, որովհետեւ մշակոյթէ մշակոյթ կրնայ տարբերիլ այդ մէկը: Սակայն յատուկ տեղ ու կարեւորութիւն ունի համացանցի գիւտը: Համացանցի ստեղծումը յեղափոխեց հաղորդակցութիւնը, տեղկատուութիւնը եւ հասանելիութիւնը: Այսօր համացանցի միջոցով միլիառաւոր մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ կապ կը հաստատեն։ Համացանցը աւելի դիւրացուցած է գիտելիքի հասանելիութիւնը, գաղափարներու փոխանակումը եւ զարգացուցած է բազմաթիւ ոլորտներ՝ առեւտուրէն սկսեալ մինչեւ կրթութիւն: Անոր ազդեցութիւնը մարդկային կեանքի մէջ խոր է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2024