ՀԱՑԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Հա­ցը, մար­դուս հա­մար սնունդ մը ըլ­լա­լէ շատ ա­ւե­լի՜, կեան­քի հա­մա­զօր ու մեր­ձի­մաստ ար­ժէք մը կը ներ­կա­յաց­նէ։

Հաց եւ կեանք գրե­թէ նոյն ի­մաս­տը ու­նին։ Չէ՞ որ մեր ա­ռօ­րեայ խօ­սակ­ցու­թեան մէջ կ՚ը­սենք. «հա­ցի դրամ շա­հիլ», այդ կը նշա­նա­կէ «կեան­քը ա­պա­հո­վել, կեան­քը գո­յա­պահ­պա­նել եւ կեան­քը գո­յա­տե­ւել…»։ Այս ի­մաս­տով, հացը կեանք է. ե­թէ հա­ցը չա­պա­հո­վէ մարդ՝ կեանքն ալ կը կորսնց­նէ։

Ու­րեմն, ե­թէ ո՛չ իս­կա­կան ա­ռու­մով, սա­կայն փո­խա­բե­րա­բար հա­ցը կեանք կը նշա­նա­կէ եւ հա­ցով է, որ մարդ կ՚ապ­րի, կեան­քը կրնայ տե­ւա­կա­նաց­նել։

Պահ մը ե­թէ խոր­հինք, իր լայն ա­ռու­մով, մար­դուս կեան­քը հաս­տա­տուած է հա­ցը ա­պա­հո­վե­լու, հաց ու­նե­նա­լու, հա­ցով կեան­քը շա­րու­նա­կե­լու գա­ղա­փա­րին վրայ։

Հին Ուխ­տին մէջ հա­ցը երկ­րիս ե­րա­խայ­րիքն է։ Եւ դար­ձեալ, Ե­րից Գիր­քին մէջ՝ հացը եւ գի­նին յա­տուկ ի­մաստ մը ու­նին. ա­մէն տա­րի Զա­տի­կի օ­րը Իս­րա­յէ­լի ճա­շա­կած բա­ղարջ, այ­սինքն անխ­մոր, մէ­ջը խմոր եւ կամ հայս չդրուած հա­ցե­րը կը յի­շա­տա­կեն Ե­գիպ­տո­սէն ա­զա­տու­մի շտապ մեկ­նու­մը՝ երբ հա­ցը խմո­րե­լով պատ­րաս­տե­լու ժա­մա­նակ չու­նէին ժո­ղո­վուր­դը։

Ա­նա­պա­տի մա­նա­նան, Սի­նա­յի ա­նա­պա­տին մէջ, եր­կին­քէն տե­ղա­ցող եւ հրեայ ժո­ղո­վուր­դին սնուն­դը կազ­մող ու­տե­լի­քը, որ նաեւ ո­րոշ տե­րեւ­նե­րէ հա­ւա­քուած քաղց­րա­համ նիւթ մըն է, Իս­րա­յէ­լին միշտ պի­տի յի­շե­ցնէ, թէ՝ կա­րե­լի է ապ­րիլ Աս­տու­ծոյ խօս­քին «հաց»ով։ Հա­ցը անհ­րա­ժեշտ սնունդն է մար­դուն՝ որ կ՚ա­պա­հո­վէ իր մարմ­նա­ւոր գո­յա­պահ­պա­նու­մը եւ գո­յա­տե­ւու­մը, իսկ Աս­տու­ծոյ Խօս­քը՝ «հաց» է հո­գիին հա­մար, ա­նոր գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար։ Եւ վեր­ջա­պէս «ա­մէ­նօ­րեայ հաց»ը՝ խոս­տա­ցուած Երկ­րին պտուղն է եւ գրա­ւա­կա­նը Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տար­մու­թեան՝ Իր կա­տա­րած խոս­տում­նե­րուն հան­դէպ։

Յի­սուս Ս. Հա­ղոր­դու­թիւ­նը հաս­տա­տեց, Հա­ցին եւ Բա­ժա­կին վերջ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը տա­լով…։

Ար­դա­րեւ, այս մտա­ծու­մէն մեկ­նե­լով, կա­րե­լի է ը­սել՝ թէ ուր որ գա­ղա­փար չկայ, հոն կեան­քը կը դադ­րի, գո­նէ կը կորսնց­նէ իր գործ­նա­կա­նու­թիւ­նը, ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը։

Ա­սոր հա­մար, ա­հա­ւա­սի՛կ, ա­մէն կրօնք եւ նման դրու­թիւն­ներ մե­ծա­րած են «հաց»ը՝ ա­նոր ըն­ծա­յե­լով սրբա­զան ար­ժէք մը՝ շատ ան­գամ։ Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ եր­բեմն մար­դիկ ա­ւե­լի ար­ժէք կ՚ըն­ծա­յեն հա­ցին քան՝ մար­դուն։ Զոր օ­րի­նակ, շա­տեր հա­ցի կտո­րը եւ նոյ­նիսկ հա­ցի փշրան­քը կը հա­ւա­քեն, եր­բեմն կը համ­բու­րեն եւ բարձր տեղ մը կը դնեն, ա­յո շա­տեր ա՛յդ­պէս կ՚ը­նեն, բայց քի­չեր կա­րօտ, ա­նօ­թի կամ վի­րա­ւոր մար­դու մը ձեռք կ՚եր­կա­րեն, վեր չեն վերց­ներ ու կ՚անց­նին կ՚եր­թան…։ Դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը, օ­տար չէ այս տե­սա­րա­նը, ո՜վ գի­տէ քա­նի ան­գամ­ներ վկա­յած ենք այս ի­րո­ղու­թեան, եւ թե­րեւս չենք անդ­րա­դար­ձած, մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը չէ գրաւած։ Բայց ի­րո­ղու­թիւ­նը ա՛յս է. մար­դուս հա­մար հա­ցը ա­ւե­լի՛ կա­րե­ւոր է, ա­ւե­լի՛ նուի­րա­կան է, ա­ւե­լի՛ հո­գա­ծու­թեան ար­ժա­նի է՝ քա­ն մա՛ր­դը, դժբախ­տա­բար…։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ հոս կա­րե­լի է տես­նել մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն մը՝ անձ­նա­սի­րու­թեան, ինք­նա­մո­լու­թեան ախ­տը, «Ես»ին ա­մօ­թա­լի եւ տգեղ յաղ­թա­նա­կը, մարդ­կու­թեան՝ մար­դուն պար­տու­թիւ­նը, ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը, ան­կու­մը…։

Հա­ցը, ան­շուշտ, նուի­րա­կան է, հա­ցը սրբա­զան է, մէկ կտո­րը իսկ պէտք չէ ան-­տե­սուի, բայց նոյն ե­ռան­դը, նոյն փութ­կող­տու­թիւ­նը մար­դու նկատ­մամբ ցոյց չտալ, մար­դուն՝ մարդ­կու­թեան ա­նի­րա­ւու­թիւն չէ՞։ Ի վեր­ջոյ, հա­ցը պատ­րաստ­ո­ղը մար­դը չէ՞…։

Այս կը նշա­նակէ՝ մի­ջո­ցը, ա­ռար­կան շփո­թել նպա­տա­կին, բուն ի­մաս­տին հետ։ Մի­ջո­ցը, ա­ռար­կան կա­րե­ւոր է, նոյ­նիսկ ան­հրա­ժեշտ՝ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար, բայց պէտք չէ՛ զո­հուի նպա­տա­կը մի­ջո­ցին, ի­մաս­տը՝ ա­ռար­կա­յին։

Այ­սու­հե­տեւ, հա­ցը, ինչ­պէս ը­սինք նա­խա­պէս, կա­րե­ւոր դեր եւ մը դիրք մը ու­նի մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ, իր կրօ­նա­կան, բա­րո­յա­կան ապ­րում­նե­րուն զար­գաց­ման եւ աճ­ման ըն­թաց­քին ա­ռըն­թեր։

Յի­սուս Ինք­զինք ա­նուա­նեց «կեան­քի հաց»՝ ի­ջած եր­կին­քէն։ Այս պատ­ճա­ռով, պա­տուա­կան է, յար­գի է, սուրբ ու նուի­րա­կա՛ն է հացը եւ այս ի­մաս­տով «նպա­տակ» է, «ի­մաստ»ն է կեան­քին եւ պէտք է միշտ բարձր դրուի, վեր առ­նուի ան։ Բայց կա­րե­ւո­րը սա է. այդ ը­նել ո՛չ թէ մե­քե­նա­բար, որ­պէս սո­վո­րու­թիւն մը, պարզ ա­ւան­դու­թիւն մը, այլ՝ գի­տակ­ցա­բա՛ր. գիտ­նա­լով ու համո­զուա՛ծ։ Եւ դար­ձեալ, շա­տեր կ՚ը­նեն բան մը, մե­քե­նա­բար, եւ ե­թէ հար­ցուի՝ թէ ին­չո՞ւ այդ­պէս կը վա­րուին, ի­րենց կա­ղա­պա­րուած ու միօ­րի­նակ պա­տաս­խա­նը պատ­րա՛ստ է. «Մենք այդ­պէս տե­սանք…»։ Լա՛ւ, այդ­պէս տե­սաք, բայց եր­բեք քննար­կե­ցի՞ք, թէ շի­տակ է, ճիշդ է, ու­ղիղ է ձեր տե­սա­ծը…։ Այդ­պի­սի տե­սո­ղու­թիւն մը տար­բեր չէ՛ կոյ­րի մը տե­սո­ղու­թե­նէն, որ­քան շի­տակ է, որ­քան ճիշդ է՝ խնդրա­կան է նման տե­սո­ղու­թիւն մը։

Այս պատ­ճա­ռով է, որ յա­ճախ կ՚ըսենք. կու­րա­բար, մե­քե­նա­բար կա­տա­րուած ո­րե­ւէ գործ հա­կա­ռա՛կ է մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան, քա­նի որ մարդ բա­նա­կա­նու­թեամբ օժ­տուած միա՛կ էակն է -կամ ար­դեօք այդ­պէս կը կար­ծե՞նք,- պէտք է հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լայ իր կո­չու­մին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 24, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015