ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔ

Անգլիական ականաւոր դէմք մը՝ Հըրպըրթ Սփէնսըր լուրջ, հանդարտ, սրադատ, խոկացող միտք մը ունէր. իր գրութիւններուն մէջ բանաստեղծական խանդ ու եռանդ չէր խառներ, իր մտածութեան սեւեռակէտերն էին «իրողութիւն» եւ «սկզբունք»։

19-րդ դարու խորհողութեան վրայ մեծապէս ազդող մեծահանճար իմաստասէրը եւ ականաւոր գիտնականը՝ Անգլիական ազգին փառքերէն մին՝ Հըրպըրթ Սփէնսըր ծնած է 1820-ին եւ մեռած՝ 1903-ին։ Իր հայրը փիլիսոփայական ընկերութեան մը քարտուղարն էր։ Հըրպըրթ հօրմէն ժառանգած էր դիտելու, հետազօտելու, խուզարկելու սէրը։ Ան համալսարանական մը չէր. բնութիւնը եւ գիրքերն էին իր ուսումնարանը։ 17 տարեկան հասակին՝ մեքենագործ արհեստաւոր մըն էր, սակայն չէր սիրեր այդ զբաղումը։ Սփէնսըր «մտածում»ի եւ «գրչի մարդ» էր։ Ատեն մը ան թերթի մը օգնական խմբագիրը եղաւ. պարբերաթերթերու մէջ յօդուածներ կը գրէր տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ բարոյական նիւթերու վրայ։

Սփէնսըր գրամոլ ընթերցող մըն էր. անխոնջ հաւաքող իրողութիւններու, սրամիտ դիտող երեւոյթներու։ Ան իր այս յատկութիւնները արդիւնաւորած եւ հեղինակած է ստուար հատորներ, փիլիսոփայական բազմաթիւ գիրքեր՝ որոնց իւրաքանչիւր էջը կը պարունակէ իմաստալից սկզբունքներ, պատճառի եւ արդիւնքի տիեզերական օրէնքը լուսաբանող պարբերութիւններ։

Հըրպըրթ Սփէնսըրի մտածութեան սեւեռակէտերն էին իրողութիւն եւ սկզբունք։ 1862-ին իր հեղինակած «First Principles» խորագրեալ երկասիրութիւնը հրաշալիք մըն է. մարդ որչափ կարդայ զայն, այնքան կը հիանայ հեղինակին հանճարին վրայ։

Սփէնսըր 1864-1867-ի ժամանակամիջոցին գրած է երկու հատոր «Սկզբունք կենսաբանութեան». 1870-1872-ին դարձեալ երկու հատոր «Հոգեբանութիւն», 1876-1896-ին երեք հատոր «Ընկերաբանութիւն», 1861-ին հեղինակած «Դաստիարակութիւն» հատորը թարգմանուած է այլեւայլ լեզուներու։

Սփէնսըրի «Բարոյագիտութիւն» երկու հատորները անզուգական են։ Իր գիրքերուն իւրաքանչիւր հատորը կը պարունակէ 800 էջ։

Բազմաթիւ ակադեմականներ շքադրամ, տիտղոս ղրկած են Սփէնսըրի, սակայն ինք մերժած է. ան ինքնաշխատութեամբ՝ «ինքնաշխատութեան դպրոց»ը դաստիարակուած է եւ «հանճարի վկայական»ը ունի։ Կարելի է ըսել՝ որ ան ինք ինքզինք փաստած եւ ընդունիլ տուած է համայն աշխարհի եւ մանաւանդ՝ գիտական աշխարհի։ Ուստի, խորհող միտքեր հաճոյքով եւ ախորժակով կը վերծանեն անոր հեղինակութիւնները՝ գիրքերը։ Ան բնական եւ ընկերային երեւոյթները «Բնաշրջումի վարդապետութեամբ» կը մեկնաբանէ։

Հըրպըրթ Սփէնսըր կ՚ընդունի «Տիեզերական մեծ ոյժ մը», կը հաւատայ անոր գոյութեան։ Ան կրօնքը «Անծանօթ Ոյժ»ին պաշտամունքը կը նկատէ եւ կ՚ընդունի, թէ որքան ատեն «Անծանօթ»ը կայ, կրօնքի զգացումը այնքան վառ ու կենդանի պիտի մնայ մարդոց հոգիին մէջ։

Սփէնսըր բացորոշապէս կը յայտարարէ սա ճշմարտութիւնը թէ՝ մարդկային միտքը կարող չէ ըմբռնել անեզր միջոցը եւ անհուն ժամանակի գաղափարը եւ կամ ընդհակառակը՝ հունաւոր միջոցի եւ սահմանաւոր ժամանակի գաղափարը. հետեւաբար «Միջոց» եւ «Ժամանակ» բոլորովին անըմբռնելի, անիմանալի են։ Գիտութիւնը կը թուի թէ կ՚ապացուցանէ «Միջոց»ը եւ «Ժամանակ»ը, երբ սակայն հետազօտենք, մեր «տգիտութիւն»ը կը յայտնաբերենք։

«Տիեզերքը միշտ գոյութիւն ունեցած ըլլալու է», կ՚ըսէ Սփէնսըր. «ան ինքնաստեղծ ըլլալու է՝ կամ -Արտաքին Ոյժ-ի մը միջոցաւ ստեղծուած ըլլալու է»։ Ինք չի պնդեր թէ ո՞ր ենթադրութիւնը կամ վարկածը ուղիղ է, կը հարցնէ սակայն թէ՝ «ի՞նչ է ան՝ որ ստեղծեց այդ -Արտաքին Ոյժ-ը»։

Արդարեւ, Սփէնսըր եթէ վճռական հետեւանք մը, կամ տեսութիւն մը ներկայացուցած ըլլար՝ հակասած պիտի ըլլար իր այն գաղափարին՝ թէ մարդկային միտքը կարող չէ ըմբռնել անեզր միջոցը եւ անհուն ժամանակը…։

Ուստի, Սփէնսըր կը գոհանայ միա՛յն «ենթադրութիւն»ներ ընելով։ Տիեզերքի ծագումին նկատմամբ երկու ենթադրութիւններ կարելի է ընել ըստ Սփէնսըրի. կարելի է փաստել թէ տիեզերքը ինքնագոյ կամ ինքնաստեղծ է, եւ կամ ապացուցանել թէ ան ստեղծուած է «Արտաքին Ոյժ»ով մը։

Սոյն ենթադրութիւններէն ո՞րը ամենահաւատալի է. այս խորհրդաւոր՝ խորախորհուրդ հարցումին մէջ վերջապէս կ՚ընկղմի երկու վարկածներէն մին կամ միւսը։

Մեծահանճար եւ ինքնաշխատութեան ախոյեան իմաստասէրը՝ Հըրպըրթ Սփէնսըր՝ որ արտասովոր իմացականութեամբ իր բոլոր մտային ապրումներուն մէջ եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին մտածած, հետազօտած եւ գործած է, կը զգայ մարդկային մտքի տկարութիւնը, թերութիւնը, անբաւարարութիւնը եւ անկարողութիւնը՝ անատակ ըմբռնելու եւ իմանալու չափն ու ձեւը այն մոլորակին՝ որուն վրայ կը բնակինք եւ կ՚ապրինք մեր ամբողջ կեանքը…։

- Օգտուեցանք՝ Կ. Յ. ՊԷՇԿԷՕԹԻՒՐԵԱՆի «Անգլիական ականաւոր դէմքերը. Հըրպըրթ Սփէնսըր» ուսումնասիրութենէն, Տիթրոյթ, 1938։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 25, 2020, Իսթանպուլ 

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020