ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆ ԳՈՂ Է
Առակները, առածներն ու ասոյթները մի՛շտ ալ հայելին եղած են ազգի մը. նոյնիսկ ո՛չ պաշտօնապէս տարածուած զրոյցներ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով երկրի վիճակն ու որպիսութիւնը կը փոխանցեն: Այդ զրոյցները ցոյց կու տան տուեալ ժամանակի իրավիճակը՝ ըլլայ դրական կամ ժխտական:
Վերոյիշեալ նման զրոյցներէն մէկն է հետեւեալ զաւեշտախառն պատմուածքը.
Օր մը հայորդի մը կ՚որոշէ փոխադրուիլ Հայաստան եւ այնտեղ նոր կեանք հաստատել՝ լեցուած դրական մտածումներով ու ապրումներով: Մեկնելէ առաջ իր ընկերոջ կ՚ըսէ. «Երբ Հայաստան հասնիմ, քեզի նկար մը պիտի ղրկեմ. եթէ տեսնես նկարին մէջ ոտքի կայնած եմ՝ գիտցիր, որ Հայաստանի վիճակը շա՜տ լաւ վիճակի մէջ է եւ կ՚արժէ այնտեղ կեանք հաստատել: Եթէ տեսնես, որ աթոռի վրայ նստած նկար կը ղրկեմ քեզի, գիտցի՛ր, որ Հայաստանի վիճակը աղէկ չէ եւ այդքան ալ ողջամիտ բան չէ Հայաստան գալ եւ ապրիլ»:
Այսպիսով կը մեկնի Հայաստան. ամիս մը ետք բարեկամը կը ստանայ բացիկ մը, որուն մէջ կայ խոստացուած նկարը՝ որ պիտի ցոլացնէ Հայաստանի պատկերը: Բարեկամը դուրս կը հանէ նկարը. հայրենասէրը նկարին մէջ գետինը փռուած է...
Եւ այսպէս մեր իրավիճակն ու Հայրենիքը շատ անգամ յուսախաբութիւն կը պատճառեն բոլորիս. հիասթափութիւն՝ որ իր մէջ կը ներառէ ցաւ ու կսկիծ: Ինչպէ՞ս կրնաս անհոգ ու անտարբեր ըլլալ մարմնիդ վրայ արիւնահոս վէրքի մը հանդէպ:
Եթէ սփիւռքի մէջ լոյս աշխարհ եկած էք, վստահաբար գոնէ մէկ անգամ Հայաստանի հայրենակիցներու մասին լսած էք հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Գող աւազակ մարդիկ են...», «զգոյշ եղիր. քեզ չի՛ կողոպտեն», եւ նման բազմաթիւ արտայայտութիւններ եւ դրսեւորումներ, որոնք շատ անգամ հիմնուած կ՚ըլլան սեփական փորձառութեան վրայ: Արտայայտութիւններ, որոնք կը վիրաւորեն մեր ազգասիրութիւնը:
Եկէք պահ մը ենթադրենք, որ ըսուածները ճիշդ են. ի դիմաց վերը նշուած նուաստացուցիչ խօսքերուն որդեգրենք գիտական այն մտածողութիւնը, որ ամէ՛ն բան ունի պատճառ մը եւ չկայ անպատճառ պատճառ... Արդ եթէ ամէ՛ն բան ունի պատճառ, որո՞նք են գողութեան պատճառները.
Մեր կարծիքով՝ անոնք կը բաժնուին հիմնական երկու պատճառներու.
Ա.- Գողութիւն՝ վասն հարստացման:
Բ.- Գողութիւն՝ վասն գոյատեւման:
Երկուքն ալ իրենց տեսակով կը շարունակեն մնալ գողութիւն, սակայն իրենց միջեւ կայ հսկայական վիհեր: Առաջինը ծնունդ է ընչաքաղցութեան ու արծաթսիրութեան, մինչ միւսը՝ կարօտութեան, չքաւորութեան ու ընչազրկութեան: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ աշխարհի ամենէն շատ ոճրագործութիւններն ու գողութիւնները կը կատարուին տնտեսապէս աղքատ ու նուաստ ապրող պետութիւններու մէջ, ուր մարդիկ առաւելաբար կը գողնան ո՛չ թէ հարստանալու այլ օրուայ հաց մը ճարելու համար՝ ինչ որ գոյատեւման համար մարդկային պարզ կարիք եւ իրաւունք մըն է: Երկրորդ կարգի գողութեան պատճառը աշխարհի ամենէն վտանգաւորներէն մէկն է:
17-րդ դարուն Կաֆա քաղաքին մէջ ծնած տաղերգու Յովհաննէս Կաֆացի «Ի վերայ թշուառութեանց մարդկան» խորագրեալ տաղին մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Ի վերայ աշխարհիս երեք իրք են վատք՝ բաժանումն, այլեւ մահ եւ աղքատութիւն» եւ ցաւ ի սիրտ մեր ազգը այդ երեքն ալ ունի:
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան համաձայն, Հայաստանի իւրաքանչիւր երեք քաղաքացիներէն մին աղքատ է (մօտաւորապէս 900 հազար մարդ), զրկուած հիմանկան կարիքներէ՝ բնակեցման պայմաններ, կրթութիւն, աշխատանք եւ առողջապահութիւն:
Պատկերացուցէ՛ք Հայաստանի վիճակը հետեւեալ ձեւով. ուր աշխատավարձը 120.000 դրամ է. միաժամանակ բացէ՛ք համացանցը եւ ստուգեցէ՛ք տուներու վարձերը: Ես ըսեմ. 100.000-էն 120.000 դրամ: Բժշկութի՞ւն. Աստուած ոչ մէկը հիւանդանոցի դուռ ձգէ: Հազարաւոր երիտասարդներ, համալսարան աւարտած, սակայն անգործութեան պատճառով նստած են տունը: Աւելի՛ն. Հայաստանի մէջ ծանօթացայ շատերո՜ւ, որոնք աւարտած են Բժշկական համալսարան, սակայն ներկայ պահուն կ՚աշխատին բեռնակիր ու բանուոր: Այս բոլորի կողքին կեանքի սուղ պայմանները կը մղեն հայաստանցին ընկղմելու պարտքի ճահիճին մէջ, ինչ որ իր աշխատավարձով վճարել անկարելի է իրեն համար: Այդ պարտքն է, որ կ՚աղքատացնէ զինք: Խրիմեան Հայրիկ «Պապիկ եւ թոռնիկ» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Միջանկեալ բան պատմեցի քեզ, Թոռնիկ, որ պարտք անելէ զգուշանաս, ապա թէ ոչ դու եւս աղքատ Ղազար կը դառնաս» եւ այսօր մեր ազգն է՛ այդ Ղազարը:
Հաւանաբար ըլլան մարդիկ, որ ըսեն. «միայն կը խմեն... թող աշխատին»: Ճիշդ է խմելը աղքատութեան մայրերէն մէկն է: 1864 թուականին ծնած բժիշկ եւ յեղափոխական Կարապետ Փաշայեանց «Մարդկութեան ամենամեծ թշնամին» գիրքին մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Կարճ խօսքով, ասում է մի ուրիշ բժիշկ, ալկոլը ձգտում է ստեղծել մշտակայ աղքատութիւն, հիւանդութիւն եւ ոճիր»: Բայց եւ այնպէս, խմելը եւս մաս կը կազմէ յուսահատութեան, քայքայման ու կործանման, սակայն կ՚արժէ մտածել, թէ խմե՞լն է անգործութեան պատճառը, թէ անգործութիւնը՝ խմելու:
Հայաստանցիները գող որակող մարդիկ կ՚անգիտակցին, որ իրենք ապրելով դուրսի երկիրներ՝ կը վայելեն օտար պետութեան մը բարիքները ու այդ բարիքները ամբողջացնելով գործի առկայութեան հետ կ՚ունենան բարենպաստ կեանք մը, անդին Հայաստանի մէջ ապրող իրենց հայազգի եղբայրները անգործութեան ու թշուառութեան պատճառներով նիւթապէս եւ բարոյապէս կ՚ընկճուին՝ միաժամանակ իրենց «ազգակից»ին կողմէ ստանալով գող, աւազակ եւ նման տարբեր որակումներ:
Այլ առիթով կը խօսինք անգործութեան եւ անոր պատճառած վէրքերուն մասին:
Հետեւաբար, թշուառութեան մէջ գտնուող ձեր ազգակիցներուն, եղբայրներուն փոխանակ անհիմն որակումներ ընելու, փորձեցէ՛ք ձեռք երկարել անոնց. նոյնիսկ եթէ հիմնադրամներու առաքելութեան ու ճշդապահութեան չէք հաւատար, անձամբ թիթեղէ տուներու մէջ ապրող անհատներու այցելելն ու անոնց տան մէջ փոքր բան մը վերականգնել տալը պիտի չաղքատացնէ՛ մեզ: Մտածենք, որ եթէ կարելիութիւններ ունինք, ի՞նչ ձեւով կրնանք զանոնք օգտագործել Հայրենի հողի վրայ, փորձել բարձրացնելու անոր տնտեսութիւնը, աշխատելու եւ գործ հայթայթելու հնարաւորութիւնները:
Գրութիւնս կ՚ուզեմ աւարտել գանատացի գրող Անն-Մարի Մաքտոնալտի մէկ խօսքով. «Գողերը որոնցմէ պէտք է վախնալ՝ առարկայ գողցողները չեն» (The thief you must fear the most is not the one who steals mere things):
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ
(1873-1947)
Մեր թուականէն 74 տարիներ առաջ՝ հինգշաբթի, 31 յուլիս 1947 թուականին Եգիպտոսի մէջ մահացած է հայ քաղաքական գործիչ, յեղափոխական գործիչ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երրորդ վարչապետ՝ Համօ Օհանջանեան (մկրտութեան անունով՝ Համազասպ. կուսակցականներու կողմէ ճանչցուած որպէս Մհերեան):
Համօ Օհանջանեան ծնած է շաբաթ, 1 փետրուար 1873 թուականին, Ախալքալաք, Խասպաղջայի հանդիպակաց «Օհանջանովենց» թաղը: Թիֆլիզի մէջ ստանալէ ետք իր ուսումը մեկնած է Ռուսաստան՝ բժշկական կրթութիւն ստանալու համար, սակայն իր ուսանողական ըմբոստութիւններուն պատճառով չաւարտած կը վերադառնայ Թիֆլիզ: Բժշկութիւն ուսանելու նպատակով կը մեկնի Լոզան, ուրկէ 1902 թուականին աւարտելով ուսումը կը վերադառնայ:
Օհանջանեան առաջին անգամ քաղաքական ու յեղափոխական շարժման մէջ կը մտնէ 1903 թուականին, ըմբոստանալով ցարական յունիսի 12-ի այն օրէնքին դէմ, որով Հայ Եկեղեցւոյ գոյքը կը բռնագրաւուէր իշխանութիւններու կողմէ: 1908 թուականին ցարական իշխանութիւններու կողմէ կը ձերբակալուի եւ կը ղրկուի Մետեխի բանտ, ապա Խարքով, ուրկէ կ՚երթայ Սիպիր, ուր կ՚ամուսնանայ Ռուբինա Արեշեանի հետ:
Բանտարկութենէն կ՚ազատի 1915 թուականին՝ օրուայ Գէորգ Կաթողիկոսի միջնորդութեամբ եւ կը վերադառնայ Թիֆլիզ՝ որպէս բժիշկ օժանդակելու հայ կամաւորական գունդերուն: Կը մասնակցի 1918-ի Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին, որու ընթացքին կը զոհուի իր աւագ որդին:
1920 թուականին Օհանջանեան կը վերադառնայ Հայաստան եւ Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան կազմին մէջ կը վարէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Խատիսեանի հրաժարականէն ետք, 5 մայիս 1920 թուականին կը դառնայ վարչապետ:
Իր վարչապետութեան օրերուն ստորագրուեցաւ Սեւրի պայմանագիրը: Օհանջանեան վարչապետութեան օրերուն կ՚ապրի ծանր շրջան մը. այդ օրերուն սկիզբ կ՚առնէ հայ-թրքական սեպտեմբերեան ճակատումները, դիմագրաւելով նաեւ ներքին հարցեր, որմէ ետք կը ներկայացնէ իր հրաժարականը: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք մեկնած է Պարսկաստան եւ ապա Գահիրէ, ուր ապրած է մինչեւ իր կեանքին վերջ:
Օհանջանեանի ջանքերով լոյս տեսած են «Յառաջ» օրաթերթը եւ «Յառաջ» մատենաշարը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ