ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ - Բ -

Մեր նա­խորդ գրու­թիւ­նով ը­սինք, թէ՝ ո­րե­ւէ օ­րէն­քի տրա­մադ­րու­թիւ­նը կամ հա­տուած մը կար­դալ եւ կամ սոր­վիլ՝ օ­րէնս­գէտ ըլ­լալ չի՛ նշա­նա­կեր, այլ պէ՛տք է հա­տուա­ծը մեկ­նա­բա­նել, ինչ որ յա­տուկ ու­սում մը կը պա­հան­ջէ։

Օ­րէն­քը մեկ­նա­բա­նելն ալ ու­նի ի­րեն յա­տուկ կա­նոն մը, եւ մա­կե­րե­սա­յին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով կա­րե­լի չ՚ըլ­լա՛ր գոր­ծադ­րել զայն, քա­նի որ փոր­ձա­ռու­թիւն, հմտու­թիւն եւ մա­նա­ւա՛նդ «մաս­նա­ւոր զգայ­նու­թիւն» մը կը պա­հան­ջէ այդ մէ­կը։ Եւ ինչ­պէս ը­սինք, մարդ ո՛չ թէ «ա­մե­նա­գէտ», այլ «մաս­նա­գէ՛տ» կրնայ ըլ­լալ եւ մաս­նա­գի­տու­թեան ալ պէտք է կա­րե­ւո­րու­թիւն տրուի՝ որ­պէս­զի ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ներ­դաշ­նա­կու­թիւն ա­պա­հո­վուի։

Եւ այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել Վա­հան Վար­դա­պետ Բաս­տա­մեան­ցի «Կա­նո­նա­գի­տա­կան եր­կեր»էն հա­տուած­ներ։

Միայն այն ժա­մա­նակ մարդս ստա­ցաւ ո­րո­շեալ եւ բազ­մա­տե­սակ բա­րո­յա­կան, քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ի­րա­ւունք­ներ եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ, երբ գո­յա­ցաւ եւ հաս­տա­տուե­ցաւ «ա­մուս­նու­թիւն»ը եւ «ըն­տա­նիք»ը։ Եւ ո­րով­հե­տեւ ա­մուս­նու­թիւ­նը նոյն­չափ հին է, որ­չափ հին է մարդ­կու­թեան սկիզ­բը, ուս­տի ա­մուս­նու­թիւ­նը ի­րա­ւամբ կը հա­մա­րուի «սկզբնա­կան աղ­բիւր» ա­մէն տե­սակ ի­րա­ւունք­նե­րու եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու. սա է այն միա՛կ կո­րի­զը, որ­մէ ծլե­լէ յե­տոյ եւ ա­ճե­ցաւ «ըն­տա­նիք»ը, ցե­ղը, ժո­ղո­վուր­դը, ազ­գը, պե­տու­թիւ­նը, կրօ­նը, ի­րա­ւուն­քը, եւ այլն։

Բայց ա­նոնք եր­բեք չջնջե­ցին ա­մուս­նու­թիւ­նը, այլ քա­ղե­ցին եւ կը շա­րու­նա­կեն քա­ղել միշտ ան­կէ, ինչ­պէս «անս­պա­ռե­լի աղ­բիւր»էն նո­րա­նոր ու­ժեր։ Այս պատ­ճա­ռով ա­մե­նա­հին դա­րե­րէն սկսած՝ ա­մուս­նու­թիւ­նը յայտ­նի է եւ յար­գե­լի մարդ­կու­թեան կեան­քին մէջ։ Պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ եւ կը հաս­տա­տէ թէ՝ ա­մե­նա­վայ­րե­նի մար­դիկ ի­րենց գո­յու­թեան ա­ռա­ջին դա­րէն իսկ ու­նէին ա­մուս­նու­թիւն, ինչ­պէս ու­նին մին­չեւ այ­սօր, մա­նա­ւանդ Ափ­րի­կէի կարգ մը նախ­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ, ըստ մար­դա­բա­նա­կան (=anthropologie) տուեալ­նե­րու։

Իսկ Սուրբ Գիր­քը կ՚ու­սու­ցա­նէ, որ Ի՛նքն Ա­րա­րի­չը «ա­ռա­ջին մար­դը» ստեղ­ծե­լով՝ Ա­դամ եւ Ե­ւա, հաս­տա­տեց «ա­ռա­ջին ա­մուս­նու­թիւն»ը։ Այս է դար­ձեալ պատ­ճա­ռը՝ որ մարդ­կու­թեան քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը հի՜ն դա­րե­րէն սկսած, մեծ նշա­նա­կու­թիւն եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տար ա­մուս­նու­թեան եւ ըն­տա­նի­քին, եւ կը սահ­մա­նէր ա­նոնց մա­սին այ­լե­ւայլ օ­րէնք­ներ։

Հին ու նոր ի­րա­ւա­բան­ներ ու աս­տուա­ծա­բան­նե­րէն շա­տեր, ա­մուս­նու­թիւ­նը կը հաս­տա­տեն չորս գլխա­ւոր ի­րա­ւա­բա­նա­կան հի­մուն­քի վրայ.

1.- Աս­տուա­ծա­յին ի­րա­ւունք. Աս­տուած Ի՛նքն հաս­տա­տեց ա­մուս­նու­թիւ­նը դրախ­տի մէջ. (ԾՆՆԴ. Ա 28 եւ Բ 21-25), ա­պա Յի­սուս Քրիս­տոս զայն կար­գեց «Ե­կե­ղե­ցիի սուրբ խոր­հուրդ». (ՄԱՏԹ. ԺԹ 3-9)։

2.- Բնա­կան ի­րա­ւունք. ա­րա­կան եւ ի­գա­կան սե­ռի բնա­կան փո­խա­դարձ ձգտու­մը դէ­պի ի­րա­րու։

3.- Մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք. իբ­րեւ մար­դու եւ կնոջ մէջ եր­կուս­տեք հա­մա­ձայ­նու­թեամբ քա­ղա­քա­ցիա­կան միա­բա­նու­թիւն կամ ըն­կե­րակ­ցու­թիւն իր բո­լոր ի­րա­ւա­բա­նա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րով։

4.- Պե­տա­կան ի­րա­ւունք. իբ­րեւ հաս­տա­տու­թիւն (ըն­տա­նի­քը) իր բո­լոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով հա­սա­րա­կու­թեան եւ հե­տե­ւա­բար պե­տու­թեան հետ։

Այս պատ­ճա­ռով շատ հին ժա­մա­նա­կ­­նե­րէ ի վեր մար­դիկ եր­կու գլխա­ւոր կող­մը կ՚ո­րո­շէին ա­մուս­նու­թեան մէջ՝ «կրօ­նա­կան» եւ «միա­բա­նա­կան»։ Այս եր­կու յատ­կու­թիւն­ներ կ՚ո­րո­շէին ա­մուս­նու­թեան հի­մը եւ կազ­մու­թիւ­նը։

Կրօ­նա­կան կող­մէ՝ բո­լոր հին հե­թա­նոս ազ­գե­րը մին­չեւ ան­գամ վայ­րե­նա­բա­րոյ ցե­ղե­րը, ա­մուս­նու­թիւ­նը իբ­րեւ «սրբա­զան հաս­տա­տու­թիւն» մը կը հա­մա­րէին եւ զայն կը կա­տա­րէին զա­նա­զան կրօ­նա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով ու ծէ­սե­րով։

Ե­գիպ­տո­սի, Յու­նաս­տա­նի, Ի­տա­լիոյ մէջ եւ այլն, այդ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ո­րո­շած էին քրմա­կան (=քուր­մե­րու յա­տուկ, այ­սինքն՝ հե­թա­նոս կրօ­նի պաշ­տօ­նեա­յի վե­րա­բե­րող) օ­րէնք­նե­րով եւ ժո­ղո­վուր­դի զա­նա­զան դա­սա­կար­գի հա­մար կա­յին զա­նա­զան ծէ­սեր եւ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, զոր օ­րի­նակ՝ ե­թէ հռով­մէա­կան քուր­մը (=հե­թա­նոս կրօ­նա­ւոր) չպսա­կուէր «confarreatio» կո­չուած ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով, ա­նոր զա­ւակ­նե­րը չէին կրնար քրմու­թեան պաշ­տօն ստա­նալ։

Այդ «confarreatio» ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ որ յատ­կա­ցուած էր նաեւ «պատ­րիկ»նե­րու (=Յոյն իշ­խա­նա­կան տիտ­ղոս) դա­սա­կար­գին, կը կա­տա­րուէր հան­դի­սա­ւոր կեր­պով, հար­սը քօ­ղով ե­րե­սը ծած­կած եւ փե­սան կ՚եր­թա­յին կուռ­քի մե­հեա­նը. զա­նոնք կ՚ա­ռաջ­նոր­դէր մարդ մը՝ տա­նե­լով ցո­րե­նի ա­լիւ­րէ շի­նուած հաց («farreum», այս­տե­ղէն՝ «confarreatio»), իսկ ա­նոնց ե­տե­ւէն կ՚եր­թա­յին ի­րենց ծնող­նե­րը եւ տա­սը հո­գի վկա­ներ։ Մե­հեա­նի (=հե­թա­նո­սա­կան տա­ճար, կուռ­քի սե­ղան) առ­ջեւ քուր­մը կը կա­տա­րէր հան­դի­սա­ւոր զո­հա­բե­րու­թիւն եւ կը մա­տու­ցա­նէր ա­ղօթք­ներ, կը խորհր­դակ­ցէր նա­խա­գու­շա­կու­թիւն­նե­րու մա­սին, եւ ա­պա կ՚օրհ­նէր հա­ցը («farreum») եւ ջու­րը, հար­սը եւ փե­սան կ՚ար­տա­սա­նէին հան­դի­սա­ւոր բա­ռեր ի նշան ի­րենց յօ­ժա­րա­կամ հա­մա­ձայ­նու­թեան եւ կ՚ու­տէին ու կը խմէին օրհ­նուած հա­ցը եւ ջու­րը ի նշան «միա­ւո­րու­թեան» կամ «զու­գակ­ցու­թեան»։

«Միա­ւո­րու­թեան» կամ «ուխ­տա­կից ըլ­լալ»ու կող­մէն. հին ազ­գե­րը, ինչ­պէս եւ հռով­մա­յե­ցի­նե­րը, ա­մուս­նու­թեան վրայ կը նա­յէին իբ­րեւ «ուխտ» մը, որ եր­կու անձ՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ, կը հաս­տա­տէին ի­րենց մէջ «փո­խա­դարձ հա­մա­ձայ­նու­թիւն» մը՝ ի­րենց յօ­ժար կամ­քով։ Եւ այս­պէս կը նա­յէին՝ նկա­տի առ­նե­լով ա­մուս­նու­թեան ար­տա­քին հե­տե­ւանք­նե­րը՝ ա­մու­սին­նե­րու փո­խա­դարձ պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը պահ­պա­նել մէկզ­մէ­կու նիւ­թա­կան կող­մէ, մար­դու ի­րա­ւուն­քը կնոջ բա­ժին­նե­րուն եւ այլ ստա­ցուածք­նե­րուն վրայ, հօր եւ մօր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն նկատ­մամբ, եւ այլն։ Եւ այս­պի­սի հա­յե­ցո­ղու­թեան հե­տե­ւան­քը այն է՝ որ հին ազ­գե­րու օ­րէնք­նե­րով բա­ւա­կան հեշտ էր «լու­ծել» ա­մուս­նու­թեան կա­պը, որ­պէս հեշտ էր լու­ծել բո­լոր քա­ղա­քա­ցիա­կան, աշ­խար­հա­յին ուխ­տը կամ միու­թիւ­նը եր­կու կող­մի փո­խա­դարձ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ։

Եւ քա­նի որ մեծ էր եւ բազ­մա­կող­մա­նի ա­մուս­նու­թեան եւ ըն­տա­նի­քի կրօ­նա­կան եւ մա­նա­ւանդ ի­րա­ւա­բա­նա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը, ուս­տի հի՜ն դա­րե­րու բո­լոր քա­ղա­քակր­թեալ ազ­գե­րու՝ ե­գիպ­տա­ցի­նե­րու, հնդկա­ցի­նե­րու, հրեա­նե­րու, յոյ­նե­րու, հռով­մա­յե­ցի­նե­րու եւ այլն, կրօ­նա­կան գիր­քե­րը եւ աշ­խար­հա­կան օ­րէնսդ­րու­թիւ­նը, օ­րէնք­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւ­նը, միշտ կը հաս­տա­տէին ա­ռան­ձին կա­նոն­ներ եւ օ­րէնք­ներ, ո­րոնք կը բա­ցատ­րէին եւ կը սահ­մա­նէին ա­մուս­նու­թեան կրօ­նա­կան ծէ­սե­րը եւ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ա­մուս­նու­թեան մէջ ա­մու­սին­նե­րու՝ այր եւ կնոջ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ծնո­ղա­կան եւ որ­դիա­կան փո­խա­դարձ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներն ու ի­րա­ւունք­նե­րը, ժա­ռան­գա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը, եւ այլն…։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 26, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2016