ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՊԱՒՈՐԻՉ Է

Մ. Ա. Վոլթէր կ՚ըսէ, թէ՝ «Բնութեան այն հիանալի՜ համակարգը, անջրպետի ներդաշնակութիւնը, լոյսին ազդեցութիւնը, ամէն տեսակ ապրող-կենդանի էակի գոյութիւնը եւ գործունէութիւնը՝ անվերջ հրաշքներ են»։

Ուստի անսկիզբ եւ աստուածային ամէն կարգ ու կանոն «հրաշք»ի մը արտայայտութի՛ւնն է։ Մէկ խօսքով, բնութիւնը հրա՛շք մըն է։ Եւ քանի որ մարդն ալ բնութեան մէկ մասն է, ապա ուրեմն մա՛րդն ալ «հրաշք» մըն է։

Արդարեւ, մարդ չի՛ կրնար մեծ կամ փոքր չափով չազդուիլ բնութեան երեւոյթներէն եւ չտպաւորուիլ անոր ազդեցութենէն։ Անշուշտ ասոր համար պայմա՛ն է անդրադառնալ, դիտել եւ տեսնել բնութեան գեղեցկութիւնները եւ ճաշակ առնել անոնցմէ, ինչպէս նաեւ՝ գիտնալ անոր բարիքները եւ օգտագործուիլ անոնցմէ։

Ուստի բնութեան գեղեցկութիւնները եւ բարիքները հակամէտ են մարդը բարձրացնելու խորհուրդով, անոնց ներշնչած վսեմ, մեծ ու ազնիւ զգացումներով եւ գեղեցիկ գաղափարներով, եւ սրբագրե՛լ ամէն տեսակ վատ զգացում եւ տգեղ մտածում։ Բայց մե՜ղք որ քիչեր են, որ կ՚անդրադառնան բնութեան գեղեցկութիւններուն եւ անհո՜ւն բարիքներուն, կը դիտեն զայն եւ հաճոյք կը զգան իրենց տեսածներէն. գէթ ո՛րքան հաճոյք կը զգան, զոր օրինակ, պարզ ու գռեհիկ տեսարաններէն…։

Ամբողջ երկիրը կարծես բնութեան լոյսերուն ցոլքին ներքեւ կը հանգչի՝ որ իր ամենէն նպաստաւոր պայմաններուն մէջ իսկ «անճարակ» մրցակից մըն է երկրակամարի լուսաւորներուն։

Հանդարտութիւնը ամէն կողմ կը պարուրէ բնութեան սքանչելի՜ լուսաւորութեանը մէջ եւ կը պարուրէ ամբողջութեամբ։ Սակայն, մարդ կարելի չէ՛ որ չտեսնէ իր մտային աչքով՝ ինչ որ լռութիւնը, չափաւորութիւնը եւ հանդարտութիւնը կը ծածկեն իրենց ներքեւ։ Հոն կարելի է տեսնել, զոր օրինակ, տուներ՝ անմեղ ու առողջ զբաղումներու եւ զբօսանքներու վայելքներով։ Եւ դարձեալ տուներ, ընտանիքներ, զորս յաջողութիւնը, սէրը եւ երջանկութիւնը ողողած են գոհունակութեան ալիքներով։

Եւ բոլոր այս երեւոյթներուն մէջ բնութիւնը կը շարունակէ ազդել, տպաւորել եւ գործել՝ ուղղութիւն տալ մարդկային կեանքին, շատ անգամ բնական եւ երբեմն ալ՝ անբնական եւ անսովոր։ Եւ մարդիկ բան մը՝ որ նպաստաւոր է եւ անբնական, «հրա՛շք» կը կոչեն զայն, առանց խորհելու թէ՝ բնութեան մէջ ամէն ինչ սովորական է եւ բնական, եւ կամ բոլորովին արտասովոր, այսինքն՝ հրա՛շք։ Ուրեմն, մարդուս կեանքն ալ հրաշք մըն է, քանի որ իր սկզբնակէտէն իսկ եւ բոլոր ընթացքը ծրագրուած, կարգադրուած եւ կազմակերպուած է։ Իրապէ՛ս մարդը եւ անոր կեանքը «հրաշք» են, ծնունդէն մինչեւ մահ, եւ հրաշք է նաեւ ծնունդը եւ մա՛հը։ Եւ բոլոր այս հրաշքները կը պատահին «Բնութիւն» կոչուած մեծ եւ տպաւորիչ հրաշքին ազդեցութեանը տակ։ Եւ մարդկային կեանքի յատուկ բազմապիսի երեւոյթներու վրայ երկինքի լոյսերը կը շողան եւ յոյս կը տարածեն միօրինակ պլպլումներով, հաճելին եւ անհաճոն, բարին ու չարը, օգտակարը եւ վնասակարը հաւասարապէս ողողելով եւ սրտապնդելով իրենց մաքուր եւ վճիտ լոյսով։

Արդարեւ, Լօնկֆէլոյի խօսքը կը բացատրէ կեանքի հանդէպ մարդուս դիրքը, երբ կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնար այս տեսակ աշխարհի մը մէջ, եւ շուտով պիտի հասկնաս, թէ ո՛րքան վսեմ բան է տառապիլ, պայքարիլ եւ սակայն քաջարի ըլլալ…»։ Եւ որքա՜ն կը նմանին Յիսուսի այն խօսքին՝ ուր կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, քանի որ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Երբ բնութեան մասին է խօսքը՝ ուր մարդը անոր անբաժան մէկ մասն է, աւելորդ է կրկնել, թէ կին-մարդիկ ու այր-մարդիկ խառնուածքով եւ տրամադրութիւններով իրարմէ տարբեր ստեղծուած են, որքան որ «մարդ» են եւ բնութեան անդամներ են։ Այս ալ կը նշանակէ, որ բնութիւնը տարբեր ձեւերով ազդեցութիւն կը գործէ իր ամբողջութեան մաս կազմող էակներուն վրայ, եւ զանոնք կ՚օժտէ բոլորովին տարբեր ձիրքերով, ընդունակութիւններով եւ կարողութիւններով։ Այս ալ կը ստեղծէ իրերօգնութեան պահանջքը եւ մրցակցութիւն մը եւ երբեմն ալ՝ պայքա՛ր։ Այս իմաստով այդ բնական զանազանութիւնները եւ տարբերութիւնները կը ստեղծեն շարժում եւ գործ, փոխանակ՝ ամլութեան։

Զոր օրինակ, այր-մարդիկ, ընդհանրապէս, դատելու եւ տրամաբանելու մէջ կիներէն զօրաւոր կը կարծուին, իսկ կիները՝ առհասարակ խորունկ եւ փափուկ կ՚երեւին զգացումի տեսակէտով, աւելի դիւրազգած են։ Իրական կեանքէ առնուած իրադարձութիւն մը ցոյց կու տայ այդ տարբերութիւնը այր-մարդու եւ կին-մարդու միջեւ։

Կին մը վաճառատուն կը մտնէ զոյգ մը կօշիկ գնելու համար։ Քանի մը կօշիկներ փորձելէ վերջ, վաճառորդը փափկօրէն դիտել կու տայ.

«Տիկի՛ն, ձեր աջ ոտքը ձախէն քիչ մը մեծ է»։

Տիկինը կը սրտնեղի եւ կը դժգոհի այս դիտողութենէն, եւ թեթեւ մը բարկացած կը ձգէ կ՚երթայ, եւ ուրիշ վաճառատուն մը կը մտնէ։ Եւ հոն ալ քանի մը կօշիկներ կը փորձէ, եւ վաճառորդը կ՚ըսէ.

«Տիկի՛ն, ձեր ձախ ոտքը աջէն քիչ մը փոքր է»։

Եւ այս դիտողութիւնը կը գգուէ տիկինին եսասիրութիւնը՝ կօշիկը կը գնէ եւ գոհունակութեամբ կը մեկնի։

Անշուշտ դիւրին չէ բացատրել, թէ ի՛նչ պատճառով տիկինը դժգոհեցաւ առաջին վաճառորդին դիտողութեան նկատմամբ. մինչդեռ երկրորդին բացատրութիւնը գոհ ձգեց զինք, քանի որ երկուքն ալ միեւնոյն իրողութիւնը կը յայտնէին։

Պատճառը թերեւս սա էր, թէ առաջինը «մեծ ոտք» մատնանիշ կ՚ընէր, ի՛նչ որ կիներու համար մանաւանդ թերութիւն մը նկատուի. իսկ միւս վաճառորդը ասոր հակառակ՝ սիրուն «փոքր ոտք»եր կը վերագրէր իրեն։

Ահաւասիկ կին-մարդու եւ այր-մարդու տրամաբանական եւ զգացական տարբերութեան ցայտուն մէկ օրինակը կարելի է նկատել այս իրական կեանքէ առնուած պատմութիւնը։

Այս մասին վճիռ արձակել կնոջական հոգեբանութեան եւ անոնց նախասիրութիւններուն մասնագէտներուն ձգելով, այս առթիւ կարելի է մատնանշել, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներու ներողամտութեան ապաւինելով, թէ ի՛նչպէս երբեմն կիներու դիւրազգացութիւնը ծայրայեղութիւններու կը հասնի, եւ երբեմն նոյնիսկ «ախտաժէտ բնաւորութիւն» մը կը դառնայ։

Ուրեմն, կը տեսնուի, որ բնութիւնը ի՛նչպէս կը տիրէ եւ կ՚ազդէ մարդկային կեանքին վրայ, եւ «բնաւորութիւն»ներու զանազանութիւններ կը ստեղծէ։ Զոր օրինակ, ստոյգ է, թէ կիները իրենց նուրբ զգացումներով առաւելութիւն ունին այրերու վրայ, եւ կերպով մը ուղղութիւն կու տան ամբողջ մարդկային կեանքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 30, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2017