ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

«Օգտուեցէ՛ք ժամանակէն, կ՚անցնի ան ի՜նչ շուտ, - բայց կարգ կանոնը տայ քաղել անկէ քեզ օգուտ։ - Ո՜վ բարեկա՛մ, խորհուրդ ձեզ տամ ընթացքը նախ տրամաբանութեան։ - Ձեր միտքը հոն լաւ կրթուի»։

JOHANN WOLFGANG VON GOETHE
(Faust)

Կէօթէի «Ֆաուստ»ը ճշմարիտ հետախուզող մի՛տքն է։ Ան ուսումնասիրած է մարդկային բոլոր գիտութիւնները, առանց անոնցմէ կատարեալ յագուրդ եւ գոհացում գտնելու։ Ան՝ ո՛չ իսկ ետ կեցած է կախարդական գիտութիւններու դիմելէ, ա՛յն յոյսով, որ կարելի է, անոր մէջ կրնայ գտնել իր փնտռածը, ամէն բանի «ի՞նչ» եւ «ինչո՞ւ»ին պատասխանը։ Եւ Ֆաուստը Կէօթէն իսկ է։ Հակառակ իր բոլոր ջանքերուն եւ տքնութիւններուն՝ Ֆաուստ ո՛չ մէկ բաւարարութիւն է գտած, իմ «ամէն բան գիտնալու», «ամէն գաղտնիքի թափանցելու» ջանքերը ապարդիւն են մնացած։

Ֆաուստ իր այս յուսահատ դառնութեան մէջ անձնասպանութեան որոշումը կու տայ։ Ճիշդ այն պահուն երբ թոյնի գաւաթը բերնին տանելու վրայ է, փողոցէն անցնող մանկական երգեցիկ խումբերու մեղեդիները ականջին կը հասնին։ Զատկի նախօրեակի գիշերն է եւ Քրիստոսի Յարութեան ձօնուած օրհներգները մանկական քաղցր յիշատակներ կ՚արթնցնեն իր մէջ, սիրտը կը կակուղնայ եւ բազուկը վար կ՚իջնէ թոյնին գաւաթովը միասին…։

«Իր իմաստութեամբ էր որ Աստուած երկրին հիմերը դրաւ, գիտութեամբ հաստատեց երկինքները», (ԱՌԱԿ. Գ 19)։ Ուստի ասուածային իմաստութեամբ զօրացած եւ օժտուած գիտութիւնը կարող է կատարել ամէն ինչ։ Բայց գիտութիւնը անսահման տարածութիւն մըն է, կարելի չէ տիրանալ անոր ամբողջապէս։ Գիտութիւնը կը նմանի հորիզոնին. մարդ որքան փորձէ անոր մօտենալ, ան միշտ հեռո՜ւ է, այնպէս որ երբեք կարելի չ՚ըլլար հասնիլ հորիզոնին։ Արդարեւ, գիտնալու եւ սորվելու ամենամեծ արգելքը կամ թշնամին՝ ամէն ինչ գիտնալ կարծելն է, եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը այն ցոյց կու տայ թէ՝ մարդ տակաւին շա՜տ բան ունի սորվելիք եւ գիտնալիք, բայց ո՛չ ամէն ինչ։

«Եւ այսպիսի առակներով Յիսուս իր ուսուցումները կը ներկայացնէր ժողովուրդին. այնպէս որ կարենային զինք հասկնալ։ Անիկա առանց առակի ոչինչ կը խօսէր, բայց իր աշակերտներուն հետ առանձին եղած ատեն՝ ամէն ինչ կը բացատրէր անոնց», (ՄԱՐԿ. Դ 33-34)։

Գիտութեան խորհուրդին հասնելու եւ թափանցելու համար կարգ մը գործիներ, միջոցներ անհրաժեշտ են, եւ անոնցմէ առաջնակարգն է՝ իմաստութի՛ւնը։ Ուստի գիտութիւնը պէտք է համընթաց ըլլայ իմաստութեան հետ։

«Անդադար պիտի նային, բայց պիտի չտեսնեն, շարունակ պիտի լսեն, բայց պիտի չհասկնան, որպէսզի չըլլայ թէ Աստուծոյ դառնան եւ Աստուած ալ իրենց ներէ», (ՄԱՐԿ. Դ 12), (ԵՍ. Զ 9-10)։ Եւ ահաւասիկ, գիտութեան խորհուրդին թափանցելու, գիտութեան գաղտնիքները լուծելու համար պայմա՛ն է աստուածային իմաստութեամբ գործել։

«Հրաշքը՝ հաւատքին սիրելի զաւակն է», կ՚ըսէ Կէօթէ։ Ուրեմն, կարգ մը «անկարելի» նկատուած բաներուն իրականացմանը համար հաւատքը անհրաժե՛շտ է, որ է՝ աստուածային իմաստութեան ցոլացումը։

Ernest Haeckel-ի (1834-1919) համաձայն, գիտութեան եւ կրօնքի ըմբռնումներու միջեւ վերացական եւ գերբնական մարզերու մէջ բաղդատութիւն ընելը դրական արդիւնք մը չի տար, ուրեմն պէ՛տք է հրաժարիլ այդ տեսակ բաղդատութիւններ ընելէ։ Բայց կարելի է անոնք բաղդատել որպէս իրապէս գոյութիւն ունեցող արժէքներ եւ այդ ուղղութեամբ հասնիլ դրական եւ գործնական արդիւնքի մը։

Իսկ Emile Boutroux (1845-1921), հոգեւոր կրօնական կեանքը ամենօրեայ ապրուած եւ ապրուելիք հոգեւոր երեւոյթ մը կ՚ընդունի։

Այս տեսութիւնները եւ ուրիշ տեսութիւններ ցոյց կու տան՝ թէ կրօնքը եւ գիտութիւնը, հոգեւոր եւ մարմնաւոր-ֆիզիքական կեանքը անբաժան են մարդկային կեանքէն։

Արդարեւ, մարդ միայն ֆիզիքական-մարմնական կեանք մը չ՚ապրիր, քանի որ աշխարհ միայն ֆիզիքական էութիւն մը չէ. մարդ ունի նաեւ հոգեւոր աշխարհ մը եւ հետեւաբար հոգեւոր կեանք մը։ Մարդուս աշխարհը միայն արտաքին աշխարհը չէ, ան ունի նաեւ ներաշխարհ մը, քանի որ մարդ հոգիէ, միտքէ եւ մարմինէ բաղկացած ամբողջ մըն է։ Եւ այս երեքը անբաժան են մարդկային կեանքին ամէն հանգրուանին։

Քրիստոնեաներուն բարոյական կեանքին թիկունք կը կանգնին Սուրբ Հոգիին պարգեւները։ Այս պարգեւները մշտակայ տրամադրութիւններ են, որոնք մարդը կը դարձնեն հլու՝ հետեւելու Սուրբ Հոգիին մղումներուն։ Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներն են. իմաստութիւնը, հանճարը, խրատը, զօրութիւնը, գիտութիւնը, աստուածպաշտութիւնը եւ Աստուծոյ երկիւղը։ Իրենց լրումին մէջ անոնք կը պատկանին Քրիստոսի, Դաւիթի Որդիին (ԵՍ. ԺԱ 1-2)։ Անոնք կը լրացնեն եւ իրենց կատարելութեան կը հասցնեն առաքինութիւնները անոնց՝ որոնք կ՚ընդունին զանոնք։ Անոնք հաւատացեալները կը դարձնեն հլու՝ հնազանդելու համար փութկոտութեամբ աստուածային ներշնչումներուն։ Եւ ուրեմն քանի որ գիտութիւնն ալ Սուրբ Հոգիին պարգեւներէն է, հոգեւոր եւ մարմնաւոր կեանք համընթաց են, ինչպէս՝ կրօնքը եւ գիտութի՛ւնը։

Հոգիին պտուղները, ինչպէս գիտութիւնը, կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մեր մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։

Արդարեւ, անձերու կամ մարդկային խումբերու վրայ կատարուող գիտական, բժշկական կամ հոգեբանական փորձարկումները կրնան սատարել հիւանդներուն բուժումին եւ հանրային առողջութեան յառաջդիմութեան։ Գիտական հիմնահետազօտութիւնը, ինչպէս նաեւ գործնառնական հետազօտումը, յատկանշական արտայայտութիւն մը կը հանդիսանան մարդուն արարչագործութեան վրայ բանաձեւուած տիրութեան։ Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը թանկագին ներդրումներ են, երբ կը տրամադրուին մարդուն ծառայութեան եւ առաջ կը մղեն անոր ամբողջական բարգաւաճումը ի շահ բոլորին։ Այդ երկուքը սակայն առանձինն չեն կրնար ցուցանիշ ծառայել մարդկային գոյութեան եւ յառաջդիմութեան իմաստին։

Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը նպատակադրուած են ի սպաս մարդուն, որմէ կը քաղեն իրենց ծագումը եւ աճումը. անոնք մարդկային անձին եւ անոր բարոյական արժէքներուն մէջ կը գտնեն իրենց նպատակին ուղեցոյցը եւ իրենց սահմանաւորութեան գիտակցումը։

Այս ուղղութեամբ, արդարեւ, ցնորական է գիտական հետազօտութեան եւ անոր գործադրումներուն բարոյական չէզոքութիւնը պահանջել։ Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը իրենց ներհուն նշանակութեամբ կը պահանջեն բարոյականութեան հիմնական չափանիշներուն անպայմանաւոր յարգանքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 24, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2020