ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԺԴ.)

Ընտանիքէն ետք երկրորդ կարեւոր ազդակը ուսուցիչի կարողութիւններն են. մենք ուսուցչութիւնը որպէս գործ չենք տեսներ, որովհետեւ իրականութեան մէջ շատեր կրնան ուսուցիչ դառնալ, սակայն բոլորը չեն կրնան կրթել իրենց խնամքին յանձնուած մանուկները: Հին հրատարակութիւն մը ուսուցիչի մը իսկական արժանիքները կը թուէ հետեւեալ ձեւով. «Բնական ձեւով լեզու սորվեցնել օտար մանուկներուն այնքան ա դիւրին բան մը չէ. անոր համար անհրաժեշտ է սէր ունենալ. ուսուցիչը բառին ամբողջական իմաստով պէտք է ըլլայ համբերող, տոկուն, եռանդոտ, հոգիին մէջ պէտք է ունենայ ոգեւորող ուժ, պէտք է ըլլայ բարձր կրթութիւն ստացած մասնագէտ անձ, խելացի կերպով նուիրուած իր գործին, ըլլայ կայտառ եւ ամենէն կարեւորը պահանջող ու հետեւող ուսուցիչ»:

Շատեր կը հաւատան, թէ իգական սեռի ներկայացուցիչները վերոյիշեալ կէտերը աւելիով ունին՝ քան տղամարդիկ եւ գուցէ այդ է պատճառը, որ ընդհանրապէս դպրոցներու մէջ ուսուցիչներու մեծամասնութիւնը բաղկացած կ՚ըլլայ իգական սեռի ներկայացուցիչներէ, որովհետեւ անոնց տրուած է մայր ըլլալու շնորհը. անոնք կ՚ըլլան աւելի համբերատար, աւելի հասկցող, հետեւողական ու նուիրուած մանուկը կրթելու գործին՝ քան արական սեռի ներկայացուցիչները:

Ուսուցիչի ու դասաւանդութեան ձեւերուն մասին կարելի է անցեալէն մինչեւ այսօր հանդիպիլ հազար ու մէկ յօդուածներու, որովհետեւ ամէն մարդ (մանաւանդ ամէն ուսուցիչ) ունի իր համոզումներն ու դասաւանդելու մեթոտները. օրինակ՝ անոնցմէ մին կը կարեւորէ դասարանին մէջ դաս ընելու կարեւորութիւնը, իսկ ուրիշ մը ամբողջութեամբ կը ժխտէ դասարանին կարեւորութիւնը եւ դասարանը կը փորձէ դուրս բերել՝ բնութեան մէջ, հաւատալով որ տեսականէն անդին գործնականն ալ հարկաւոր է աշակերտին համար:

Օրինակի համար, Երեմիա Վարդապետ իր օտարախօս աշակերտները կը տանէր գետի ափ. ան կը հաւատար, թէ այդտեղ աշակերտները շատ բաներ պիտի տեսնեն եւ ինք պիտի կարենայ անոնց սորվեցնել հայերէն բառերը. օրինակի համար՝ տերեւ, ճիւղ, թռչուն, գետ, գետափ, ամպ, հող, արմատ եւ այլն. գուցէ ան կողմնակից էր, որ աշակերտը գիտնալէն անկախ տեսնէ ու շօշափէ այդ բոլորը. վերացականին մէջ ճիւղ մը երեւակայելու փոխարէն իր ձեռքերուն մէջ առնէ տերեւը եւ գիտնայ անոր հայերէն բառը. զարմանալիօրէն Երեմիա Վարդապետ օր մը աշակերտները դասի համար կը տանի գերեզմանատուն. ան այս բոլորը գրի կ՚առնէ իր «Ուղեցոյց» աշխատութեան «Մի ուրիշ անփոխարինելի դասարան գերեզմանատանը» խորագրին տակ: Աշակերտները գերեզմանոցին մէջ առիթը կ՚ունենան սորվելու շիրիմ, տապանակ, տապանագիր, քար, արձան, խաչքար, պսակ, երկաթ, պատկեր, ծաղկաման, խնկաման եւ բազմաթիւ այլ բառեր:

Այստեղ կ՚ուզենք աւելի յստակացնել Երեմիա Վարդապետի ընել փորձածը. այսօր ուսուցիչը կրնայ համակարգիչի ճամբով աշակերտներուն ցոյց տալ շիրիմ մը եւ սորվեցնել, թէ հայերէնով շիրիմ կը կոչուի, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ Երեմիա Վարդապետի ժամանակ այդ դիւրութիւնը գոյութիւն չունէր, հետեւաբար ան պէտք էր ցոյց տար այդ բոլորը, որպէսզի աշակերտի միտքին մէջ տպաւորուի այդ բոլորը: Այլ խօսքով՝ Երեմիա Վարդապետ կը փորձէր ուժ տալ տեսողական կրթութեան, որ փաստացիօրէն աւելի արդիւնաւէտ է. ձեր աչքին առջեւ ունեցէք մերօրեայ մանկական եւ պատանեկան հրատարակութիւնները. նկարազարդուած են անոնք, որովհետեւ մանուկը կարդալէն անկախ կ՚ուզէ տեսնել. ալ ո՛ւր մնաց տեսնելէ բացի շօշափելու կարելիութիւնը՝ որ ստեղծած էր Երեմիա Վարդապետ:

Հետեւաբար կը հաւատանք, որ ձախողած է այն ուսուցիչը, որ սահմանափակուած կը մնայ գիրքերու մէջ, որովհետեւ ուսուցիչի մը ճշմարիտ առաքելութիւնը դասագիրքին մէջինը սորվեցնել չէ, այլ իր ձեւերով, իր համոզումներով այդ բոլորը դրոշմել է մանուկներուն եւ պատանիներուն միտքին մէջ: Հետեւաբար ձախող է այն ուսուցիչը եւս, որուն դասապահը զանգով սկիզբ կ՚առնէ եւ վերջ կը գտնէ զանգով, որովհետեւ ուսուցչութիւնը որպէս գործ ու «պաշտօն» կարելի չէ ընդունիլ:

Անցնինք մեր բառերուն.-

ԽԳ.- ԿԷՆՃ

Գրականութեան մէջ կը տեսնենք, թէ շատ մը գրողներ այս բառը հայացուցած են. զարմանալիօրէն կը հանդիպինք նոյնիսկ, որ հայերէն բառ մը կամ դարձուածք մը բացատրելու համար այս բառը կը գործածուի. օրինակի համար, Թլկատինցի իր «Մի՛ հայիր» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ «Դեռ հովցուկ եմ պաղորակ» եւ հովցուկ բառին տակ կը գրէ «ըսել է՝ «դեռ շատ կէնճ եմ» բացատրութիւնը:

Այս բառը կը տեսնենք 17-րդ դարու հեղինակ Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի տաղերուն մէջ. օրինակի համար, ան իր «Գանձ ասացեալ Երեմիայի ի վերայ վաղամեռիկ դստերն Սողոմէի» ողբին մէջ կը գրէ. «Սիրելիք որ կայք ժողովեալ, զխիղճ կէնճս տեսէք եւ ձեզ ողորմեալ»:

Այս բառին կը հանդիպինք Յակոբ Օշականի «Ծակ պտուկը» աշխատութեան, Մելքոն Կիւրճեանի «Պանդուխտի կեանքէն», Գրիգոր Զօհրապի նորավէպերուն, Զապէլ Եսայեանի «Երբ այլեւս չեն սիրեր», Համաստեղի «Անձրեւ», Երուխանի «Ամիրային աղջիկը» եւ այլ աշխատութիւններու մէջ:

Յովսէփ Մալէզեան կէնճ բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել առոյգ բառը, սակայն կրնանք ըսել, որ գործածուած է նաեւ որպէս երիտասարդ կամ մատղաշ իմաստով:

ԽԴ.- ԿԻՒԼ

Այս բառին եւս կարելի է հանդիպիլ բանաստեղծութիւններու եւ տաղերու մէջ, սակայն նախքան այդ բոլորը ըսենք, որ պատմութեան մէջ կը հանդիպինք հայկական վանքի մը՝ օտարներու կողմէ ծանօթ որպէս «Կիւլ վանք». Սպիտակաւոր Աստուածածին վանքը օտարներու կողմէ «Կիւլ վանք» կոչուած է, որովհետեւ Ղեւոնդ Ալիշանի վկայութեամբ «ի սակս յոլով անդ աճման վարդից վայրենեաց»:

Կիւլը մինչեւ օրս տեղ կը գտնէ մեր հայկական մականուններու մէջ եւս. օրինակի համար, Էսէնկիւլեան (հովին ենթակայ վարդ), Գարակիւլեան (սեւ վարդ) եւ այլ մականուններ:

Կիւլ բառին կարելի է հանդիպիլ Ղեւոնդ Ալիշանի «Հայբուսակ կամ հայկական բուսաբառութիւն» աշխատութեան մէջ. ան այս աշխատութեան մէջ կը յիշէ կիւլապ (վարդի ջուր), «կիւլէնկիւպին» (վարդի մեղր), «կիւլպէչէր» (վարդի անուշ) եւ այլ բառեր:

Նահապետ Քուչակ իր երգերուն մէջ կը գործածէ այս բառը, շատ անգամ կիւլի փոխարէն կուլ տարբերակով. գրականութեան մէջ շատ անգամ կը հանդիպինք որպէս գուլ եւս. պէտք է նկատի ունենալ, որ պարսկերէնի մէջ եւս գոյութիւն ունի գուլ գործածութիւնը:

Յովսէփ Մալէզեան բնականաբար կիւլ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ վարդ բառը:

ԽԵ.- ՀԱԶԸՐ

Այս բառը կը գտնենք նաեւ ուշ միջնադարեան հայ բանաստեղծութիւններու մէջ եւս. օրինակի համար, Մելքեսեդեկ (որուն մասին դժբախտաբար շատ տեղեկութիւններ չունինք) իր տաղերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Զկակուղ լօշերն հազըր արէք»:

Այս բառը կը գտնենք նաեւ գրաբարի մէջ. Գրիգոր Վարդապետ Կամախացի իր ժամանակագրութեան մէջ կը գրէ. «որ գնացին շատ մի գրաւ զերծուցին եւ ով որ հազըր գտուան պարտատէրքն՝ զպարտքն ետուն»:

Սիմէոն Լեհացի եւս իր ուղեգրութեան մէջ կը գործածէ այդ բառը. «զինեցան, հազըր եղան, խըյամաթ խօբմիշ եղեւ»:

Յովսէփ Մալէզեան հազըր բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել պատրաստ բառը:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -330-

Դպրեվանքի մէջ ունեցանք շատ ուսուցիչներ, սակայն բոլորը չէ որ իրապէս ուսուցիչ ըլլալու արժանիքը ունէին. շատեր այդ մէկը կը կատարէին որպէս գործ ու պարտականութիւն, իսկ ուրիշներ լրջութեամբ կը վերցնէին սերունդներ կրթելու առաքելութիւնը:

Կը յիշեմ ֆրանսերէնի ուսուցիչ մը, որ պանիր, հաց, ջուր, պնակ, դանակ, պատառաքաղ եւ այլ բառեր սորվեցնելու համար աշակերտներուն համար նախաճաշ մը պատրաստել կու տար. աշակերտները կը սիրէին այդ պահերը, որովհետեւ թէ՛ կ՚ուտէին եւ թէ կը սորվէին. վստահաբար բոլոր աշակերտները մոռցած են բազմաթիւ դասեր, սակայն միշտ կը յիշեն այդ դասապահը եւ այդ է ուսուցիչի մը տարբերութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2023