«ԵԿԵՂԵՑԻ»Ն ՄԻԱՅՆ ՇԷՆՔ ՉԷ՛

«Ե­կե­ղե­ցի» ը­սե­լով կը հասկ­ցուի ընդ­հան­րա­պէս այն տե­ղը՝ ուր հա­ւա­տա­ցեալ­ներ կը հա­ւա­քուին եւ կ՚ա­ղօ­թեն։ Այս պատ­ճա­ռով է, որ «ե­կե­ղե­ցի»ն կը կո­չուի նաեւ «ա­ղօթ­քի տուն» կամ «ա­ղօ­թա­վայր»։ «Յոյս ու­նիմ որ շու­տով քովդ կ՚ըլ­լամ։ Բայց այս բա­նե­րը կը գրեմ քե­զի, որ­պէս­զի, ե­թէ ու­շա­նամ, գիտ­նաս թէ ի՛նչ­պէս պէտք է շար­ժիս Աս­տու­ծոյ ըն­տա­նի­քին մէջ, այ­սինքն՝ կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ ե­կե­ղե­ցիին մէջ, որ ճշմար­տու­թեան սիւ­նը եւ խա­րիսխն է» (Ա ՏԻ­ՄՈԹ. Գ 14-15)։ Այս­պէս կ՚ը­սէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ՝ իր Տի­մո­թէոս ա­շա­կեր­տին գրած նա­մա­կին մէջ։

Այս խօս­քե­րէն կը հասկ­նանք, թէ «Ե­կե­ղե­ցի»ն միայն շէնք չէ՛։ Եւ ան­շուշտ, «Ե­կե­ղե­ցի» է նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, քա­նի որ Յի­սուս ը­սաւ. «Եւ կ՚ը­սեմ ձե­զի, որ ե­թէ ձեզ­մէ եր­կու հո­գի երկ­րի վրայ միա­բա­նին ո­րե­ւէ խնդրան­քի հա­մար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկ­նա­ւոր Հայ­րը պի­տի կա­տա­րէ ա­տի­կա։ Ո­րով­հե­տեւ ո՛ւր որ եր­կու կամ ե­րեք հո­գի հա­ւա­քուին իմ ա­նու­նովս, ես հոն եմ՝ ա­նոնց մի­ջեւ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 19-20)։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է որ Սուրբ Սա­հակ Հայ­րա­պետ սա­պէս կը սահ­մա­նէ «Ե­կե­ղե­ցի»ն. «Աս­տու­ծոյ պա­տուի­րան­նե­րը չեն ը­սեր մե­զի, թէ քա­րե­րէ եւ փայ­տե­րէ կազ­մուած շի­նուածքն է Ե­կե­ղե­ցին, այլ՝ հաս­տա­տուն վէ­մի վրայ հա­ւատ­քով շի­նուած մարդ­կա­յին ցե­ղը։ Ա­պա ու­րեմն, Ե­կե­ղե­ցին ճշմա­րիտ հա­ւա՛տքն է՝ որ կը հա­ւա­քէ մեզ մէկ­տեղ՝ ճանչ­նա­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ Որ­դին»։ Նոյն Հայ­րա­պե­տը, շեշ­տե­լով ան­բիծ հա­ւատ­քի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, կ՚ը­սէ. «Իս­կա­պէ՛ս այս է Քրիս­տո­սի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու Մայր Ե­կե­ղե­ցին։ Միայն թէ ա­ներկ­միտ պա­հենք այդ հա­ւատ­քը՝ ո­րով բա­նա­ւոր եւ մտա­ւոր Ե­կե­ղե­ցի շի­նուե­ցանք ա­ռա­քեալ­նե­րու եւ մար­գա­րէ­նե­րու հի­ման վրայ»։

«Հա­ւա­տամք»ի մէջ, որ կը նշա­նա­կէ՝ կը հա­ւա­տանք «մի միայն Ընդ­հան­րա­կան եւ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցի» այ­սինքն՝ Քրիս­տո­նէա­կան Ե­կե­ղե­ցին մէ՛կ է՝ ուս­տի եւ միու­թիւն է, եւ այդ «մի», այ­սինքն՝ «մէ՛կ» Ե­կե­ղե­ցին Ընդ­հան­րա­կան է, Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Սո՛ւրբ։

«Ընդ­հան­րա­կան» կը նշա­նա­կէ՝ ընդ­հա­նու­րի վե­րա­բե­րող, հա­սա­րա­կաց։ Իսկ «Ա­ռա­քե­լա­կան»՝ ա­ռա­քեալ­նե­րու յա­տուկ, Ա­ռա­քեա­լի կող­մէ հիմ­նուած ե­կե­ղե­ցի։ Եւ ինչ­պէս յայտ­նի է՝ «սուրբ» կը նշա­նա­կէ. գերբ­նա­կան ա­ռա­քի­նու­թեամբ օժ­տուած։ Եւ ու­րեմն՝ մէ՛կ է Քրիս­տոս, հե­տե­ւա­բար մէ՛կ է Քրիս­տո­սի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հա­ւատ­քը։ Ուս­տի եւ մէ՛կ է Ե­կե­ղե­ցին, որ կազ­մուած է աշ­խար­հի բո­լոր քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րէն։ Ու­րիշ խօս­քով, այլ եւ այլ, Ե­կե­ղե­ցի­ներ չկա՛ն, եւ պէտք չէ՛, որ ըլ­լան, քա­նի որ մէկ է Քրիս­տոս, մէ՛կ է հա­ւատ­քը, եւ մէ՛կ է Քրիս­տո­սի հա­ւատ­քի վրայ հիմ­նուած ու շի­նուած Ե­կե­ղե­ցին։

Ար­դա­րեւ, «Գիրք հարց­մանց»ի 533-րդ է­ջին մէջ, Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի կ՚ը­սէ, թէ. «Մի՛ կո­չի Ե­կե­ղե­ցի ո՛չ տե­ղեաւ, այլ միով հա­ւա­տով եւ յու­սով կոչ­մանն»։ Ե­կե­ղե­ցին «մէ՛կ» կը կո­չուի ո՛չ թէ տե­ղով, այլ մէկ ամ­բողջ հա­ւատ­քով եւ թէ՛ յոյ­սի կո­չու­մով։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս մէկ Ե­կե­ղե­ցին «Ընդ­հան­րա­կան» է կամ Կա­թո­ղի­կէ, այ­սինքն՝ այս աշ­խար­հի վրայ սփռուած, տա­րա­ծուած Քրիս­տո­նէա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը կազ­մուի քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րէն՝ ա­ռանց ցե­ղի եւ լե­զուի խտրու­թեան։

Այդ մէկ եւ Ընդ­հան­րա­կան կամ Կա­թո­ղի­կէ, այ­սինքն՝ ամ­բողջ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու՝ ա­մէ­նուն պատ­կա­նող, հա­սա­րա­կաց Ե­կե­ղե­ցին նաեւ «Ա­ռա­քե­լա­կան» է, քա­նի որ բո­լոր ա­ռա­քեալ­նե­րը Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի հրա­մա­նով ու հրա­հան­գով գա­ցին՝ տա­րա­ծուե­ցան աշ­խար­հի ա­մէն կողմ՝ քա­րո­զե­լու բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ ազ­գե­րուն, զա­նոնք Ա­ւե­տա­րա­նի ա­շա­կերտ դարձ­նե­լու եւ մկրտե­լու՝ Հօր եւ Որ­դիի եւ Սուրբ Հո­գիի ա­նու­նով։

Վեր­ջա­պէս՝ այդ մէ՛կ, Ընդ­հան­րա­կան եւ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին «Սո՛ւրբ» է, քա­նի որ Ին­քը՝ Տէր Յի­սուս Քրիս­տոս սո՛ւրբ է. սուրբ է նաեւ հա­ւատ­քը՝ ո­րուն վրայ հիմ­նուած ու հաս­տա­տուած է Ե­կե­ղե­ցին։

Ուս­տի Սուրբ Սա­հակ Հայ­րա­պետ կ՚ը­սէ.

«Մենք սոր­վե­ցանք ա­նոր ը­սել Կա­թո­ղի­կէ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցի, քա­նի որ աշ­խար­հի վրայ Քրիս­տո­սի հա­ւա­տա­ցող­նե­րը Ե­կե­ղե­ցի են՝ Ե­կե­ղե­ցի կը յոր­ջոր­ջուին՝ հա­մա­ձայն ա­ռա­քեալ­նե­րուն տրուած տէ­րուն­կան հրա­մա­նի, թէ.- Գա­ցէ՛ք եւ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ին­ծի ա­շա­կերտ դար­ձու­ցէք։ Զա­նոնք մկրտե­ցէ՛ք Հօր, Որ­դիին եւ Սուրբ Հո­գիին ա­նու­նով։ Ա­նոնց սոր­վե­ցու­ցէ՛ք այն բո­լոր պա­տուի­րան­նե­րը որ ես ձե­զի տուի»։ (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19-20) եւ (ՍՈ­ՓԵՐՔ. Բ էջ 100-105)։­

Ու­րեմն կա­րե­լի է խոր­հիլ եւ ը­սել, թէ՝ ին­չո՞ւ կան այ­լե­ւայլ, զա­նա­զան Ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Այս­պէս խոր­հիլ բնա­կան կրնայ հա­մա­րուիլ ա­ռա­ջին ակ­նար­կով թե­րեւս։

Սա­կայն «այ­լե­ւայլ» կամ «զա­նա­զան» ը­սե­լով պէտք է հասկ­նալ ո՛չ թէ ի­րա­րու հա­կա­ռակ, ի­րա­րու հա­կա­դիր, այլ՝ «յա­րա­նուն Ե­կե­ղե­ցի»ներ, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն քրիս­տո­նէա­կան մէկ ու միա՛կ Ե­կե­ղե­ցին։ Տար­բեր խօս­քով, քրիս­տո­նէա­կան մէկ ու միակ Ե­կե­ղե­ցին զա­նա­զան՝ այ­լե­ւայլ ճիւ­ղա­ւո­րում­ներ ու­նի՝ իբ­րեւ տրա­մա­բա­նա­կան հե­տե­ւանք, ար­դիւնք եր­կիր­նե­րու, մի­ջա­վայ­րե­րու եւ լե­զու­նե­րու, մշա­կոյթ­նե­րու տար­բե­րու­թեան, ո­րոնք կ՚ա­նուա­նուին՝ յա­րա­նուա­նու­թիւն, այ­սինքն՝ իր ա­նուա­նու­մը, ա­նու­նը զա­նա­զան, բայց էա­պէս նոյն՝ կրօ­նա­կան այս կամ այն դա­ւա­նան­քի հե­տե­ւող­նե­րու խում­բի կամ հա­մայն­քի։

Ու­րեմն կը հե­տե­ւի, թէ ի­րա­պէս եւ իս­կա­պէ՛ս մէկ են յա­րա­նուն Ե­կե­ղե­ցի­նե­րը՝ յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րը։ Ա­յո՛, քա­նի որ Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին «մէ՛կ» է, ինչ որ ան­վի­ճե­լի է եւ ա­ներկ­բա՛յ։ Յա­րա­նուն Ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւս, մէկ Ե­կե­ղե­ցիի մա­սե­րը եւ կամ ան­դամ­նե­րը ըլ­լա­լով հան­դերձ, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր սե­փա­կան, իւ­րա­յա­տուկ գի­ծե­րը ու­նի՝ ո­րոնք նուի­րա­գոր­ծուած են դա­րե­րո՜ւ ըն­թաց­քին, ան­շուշտ հոս խօս­քը «ա­ղան­դա­ւոր»նե­րուն մա­սին պէտք չէ հասկ­նալ։ Այս սե­փա­կան իւ­րա­յա­տուկ գի­ծե­րը «երկ­րոր­դա­կան» են Ե­կե­ղե­ցիի եւ հա­ւատ­քի միու­թեան սկզբուն­քի նկատ­մամբ։ Ար­դա­րեւ, շատ ան­գամ այս «երկ­րոր­դա­կան» հա­մա­րուած կէ­տերն են որ վէ­ճի եւ բա­ժան­ման տե­ղի կու տան։ Ա­յո՛, սա ա­նու­րա­նա­լի պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն է, որ Քրիս­տո­սի «մէ՛կ» Ե­կե­ղե­ցիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած են վէ­ճեր ու բա­ժա­նում­ներ, ինչ որ շատ ցա­ւա­լի է, բայց ի­րա­կա­նու­թիւն է նաեւ, թէ նոյն այդ վէ­ճե­րը եւ բա­ժա­նում­նե­րը քրիս­տո­նէու­թեան ծա­ւալ­ման եւ տա­րած­ման պատ­ճառ դար­ձած են, քա­նի որ յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րը բազ­մա­ցած եւ տա­րա­ծուած են աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րը։

Այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րէն զատ, յա­րա­նուն Ե­կե­ղե­ցի­նե­րը «ազ­գա­յին նկա­րա­գիր» ստա­ցած են հետզ­հե­տէ, եւ այդ կեր­պով ալ Քրի­ստո­սի մէ՛կ Ե­կե­ղե­ցին պահ­պա­նուած եւ բար­գա­ւա­ճած է աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­նե­րուն մէջ, ա­մէն տեղ։ Այս եւ այն կեր­պով. յա­րա­նուա­նու­թիւն­ներ պատ­ճառ ե­ղած են Ե­կե­ղե­ցիին աճ­ման…։

Բայց եւ այն­պէս, պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­ներ եւ պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց տուած է, որ ե­թէ ո՛չ ան­կա­րե­լի, այլ շատ դժուա­րին խնդիր մըն է՝ այս բո­լոր Ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը երկ­րոր­դա­կան եւ եր­րոր­դա­կան հա­մա­րուած կէ­տե­րու մա­սին։

Պատ­մու­թեան մէջ, իր զո՛ւտ կրօ­նա­կան եւ հո­գե­ւոր բարձր սկզբունք­նե­րով «Ե­կե­ղե­ցիի միու­թիւն»ը հա­զիւ տե­ւեց մին­չեւ Ե դա­րուն կէ­սը…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 24, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016