ՎԱՅԵԼՔԻ ԸՆԴՈԾԻՆ ՁԳՏՈՒՄԸ

Անհատներու եւ հասարակութեան քաղաքակրթական բովանդակ կերտուածքը վայելքի ձգտումին մարմնացումը եւ գործադրո՛ւմն է։

Արդարեւ, մարդկային բոլոր աշխատութիւններուն, տքնութիւններուն, տուայտութիւններուն պատմութիւնն է քաղաքակրթութիւնը։ Եւ մարդիկ, այդ պատճառաւ իրենք զիրենք այդ տքնութիւններուն, նեղութիւններուն եւ տուայտութիւններուն կ՚ենթարկեն, որպէսզի անոնց շնորհիւ միջոցներ ու առիթներ ստեղծեն՝ թեթեւցնելու եւ մեղմացնելու համար կեանքի կռիւը, վայելքներու թիւը աւելցնելով։

Մարդկային ընկերութիւնները սակայն այն ատեն կը յաջողին իրենց տքնութիւններու գինովը վայելքները ձեռք անցընելու, երբ կազմակերպուած կանոնաւոր կեանք մը ունին, եւ զիրենք կազմող մասերը, ներքնապէս իրարու զօդուած, ամո՛ւր կռուանի մը վրայ կը հանգչին։ Ուստի կազմակերպութիւն եւ կանոնաւորութիւնը կ՚ենթադրեն չափաւորութիւն՝ պարզութիւն եւ չափ ու կշիռ ունենալ։

Մարդկային միտքը եւ իմաստութիւնը՝ քննող եւ դասաւորող, տեսակներու է բաժնած զինքը շրջապատող բոլոր երեւոյթները, իրողութիւնները, դասաւորումի միջոցին այդ երեւոյթներէն իւրաքանչիւրին տալով այն յատկութիւնները՝ որոնցմով անոնք կը ներգործեն իր վրայ։

Կեանքն ալ իր բոլոր երեսակներով «երեւո՛յթ» մըն է եւ մարդկային միտքը ու բանականութիւնը զբաղած է այդ երեւոյթով՝ ուր եւ ուրեմն քաղաքակրթութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ ուրուագծելով անոր անհրաժեշտ լծակները։

Քաղաքակրթութեան ընդհանուր պատմութիւնը ցոյց կու տայ մեզի թէ՝ կեանքի երեւոյթը կը կատարուի երկու կենսական գործունէութիւններու՝ «նիւթական» եւ լայն կերպով ու իմաստով ըմբռնուած «բարոյական» գործունէութեան մը մէջ։ Եւ ահաւասի՛կ, այս՝ ճշմարտութիւն է այնքան անհատի մը, որքա՛ն ընկերութեան մը համար։

Այս իմաստով, իւրաքանչիւր անհատի կամ ընկերութեան կեանքի գործունէութիւնը, ուրեմն, պէ՛տք է երկու զիրար ամբողջացնող «նիւթական» եւ «բարոյական» մասերէ բաղկացած ըլլայ։

Եւ այս բնական ու բանական է, քանի որ մարդ բաղկացած է մարմինէ մը եւ հոգիէ ու միտքէ, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը կազմեն «անձ»ը՝ իր ամենալայն առումով։

Որպէսզի յաջողութիւնը պսակէ իւրաքանչիւր անհատի աշխատութիւնն ու գործունէութիւնը, պէ՛տք է որ այն՝ մա՛րդը իր նիւթական եւ բարոյական կեանքը առո՛ղջ սկզբունքներու վրայ հիմնած ըլլայ, որպէսզի յետոյ այդ սկզբունքներուն վրայ կառուցանէ իր բովանդակ «շէնք»ը։

Ուստի ամէն հասարակութիւն ունի իր ճղճիմ կերպով, կամ ճոխ, նիւթական եւ բարոյական կեանքը՝ որ եթէ «ճղճիմ» է՝ հեռու է բողբոջող ըլլալէ, իսկ եթէ ճոխ՝ արդիւնաւոր կ՚ըլլայ։

Ի՞նչ է «ճղճիմ» նիւթական եւ բարոյական կեանք ունենալու պատճառները։ Նախ, «նիւթական» եւ «բարոյական» բառերու կապուած գաղափարները, քանի որ «օտար» եւ անծանօթ են այդ հասարակութեան՝ գոնէ անոնց տրուած իմաստը շատ նեղ է, եւ յետոյ, այդ հասարակութիւնը ըմբռնած չէ, թէ ի՞նչ միջոցներ կը գտնուին կամ որոնցմով կարելի է իրեն համար առաւել կամ պակաս «յաջող կեանք» մը ապահովել եւ երաշխաւորել։ Նպատակ մը ունենալ՝ յաջողութեան առաջին եւ կարեւորագոյն պայմա՛նն է արդարեւ։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ նիւթական կեանքը հասարակութեան մը զարգացման հի՛մն է. բայց ա՛յն նիւթական կեանքը որ չի սեղմուիր ինկած «նիւթապաշտ ըմբռնում»ներու մէջ, այլ գիտակցութի՛ւնն է բնական այն օրէնքներուն՝ որոնց ազդեցութեան տակ կը գտնուի ամբողջ տիեզերքը, եւ որոնց գոհացում տալով միա՛յն կարելի կ՚ըլլայ շարունակել կեանքը։

Եւ բովանդակ կենդանական աշխարհի մէջ նիւթական կեանքը, կազմակերպուած այն երեւոյթն է, որ անհատներու եւ խումբերու միջոցաւ կը կատարուի՝ անհատի կամ խումբի մը գոյութիւնը պահելու եւ շարունակելու համար։

Քաղաքակրթութեան նախնական պայմաններուն մէջ, մարդկային ընկերութիւններու ունեցած նիւթական կեանքը շատ պարզ է. գոհացնել անօթութիւնը երբ անիկա ստամոքսի մկանները կը գալարէ, եւ տոչորող ջերմութեան ու սառեցնող ձմեռին դէմ իր մարմինը պաշտպանելու միջոցները հնարել։ Քաղաքակիրթ կեանքի մը նիւթական կողմը արդէն մեզ ճնշող բնական պահանջներուն անմիջական գոհացում մը տալու պարզութիւնն ու միամտութիւնը չունի սակայն։

Մէկ կողմէն, ընդհանուր զարգացման արդիւնք, նոր աշխարհահայեցողութեամբ գաղափարներ, միւս կողմէն ապրելու եղանակի եւ փոխյարաբերութիւններու բարդուիլը, տեղի տուած են «նոր կեանք»ի մը՝ որուն նիւթական կողմը, իր գոյութեան անհրաժեշտութեամբը թէեւ աւելի՛ շեշտուած, սակայն տեղի տուած է այն տեսակ ըմբռնումներու եւ հետեւաբար պայմաններու, որոնցմով քաղաքակիրթ նիւթական կեանք մը, ո՛չ թէ անհատի մը կամ ամբողջ ընկերութեան մը վերջին նպատակը կը մնայ, այլ կը դառնայ միջոցը, հիմը բռնող հաստատուն հողը, որով միա՛յն կարելի է զարգացած գոյութեան մը կերտուածքը բարձրացնել։

Նախնական մարդը վայրկենական էութիւն մը, նկարագիր մը ունի, իր միամիտ հոգիին մէջ ապագան տեղ չէ բռնած, եւ յիշողութեան վրայէն անցեալի հետքերը դիւրաւ կը սրբուին, իր վիշտերը, ցաւերը վայրկեանի մը համար են, եւ իր վայելքները բնականօրէն տեղի կ՚ունենան, առանց նախապէս բաղձացուած ըլլալու։ Մէկ խօսքով՝ նախնական մարդը կ՚ապրի միա՛յն պահը՝ ներկա՛ն։

Եւ այս տեսակ նախնական կեանք մը բոլորովին կերպարանափոխ կ՚ըլլայ, երբ մարդկային միտքը անցեալի յիշողութեամբ կը բեռնաւորուի, ապագան՝ իր մտահոգութիւնը եւ մտատանջութիւնը կը դառնայ, եւ բազմազբաղ էութեան մը հոգերուն մէջ սպառած, վայելքներու կը ձգտի, կեանքին՝ իր վրայ ճնշող տաղտուկը թեթեւցնելու համար։

Քաղաքակրթութիւնը ամէնուն մէջ անհատականութիւնը կը շեշտէ, եւ ասով կը հարկադրուի իւրաքանչիւր անձ, ինքն իրեն, առանց ուրիշին վրայ յուսադրելու իր գոյութեան կռիւը մղել։

Ուստի անհատներու մէջ զօրաւոր ինքնավստահութիւն մը, բնութեան ճկունութիւն մը, հաճոյակատար քաղաքավարութեամբ, եւ ընդունակ միտք մը՝ ժամանակը ըմբռնելու եւ անոր իմաստութիւններուն հետ քալելու համար, եւ այս ամէնուն մէջ՝ անպայմա՛ն «յարատեւութիւն» մը, եւ մանաւա՛նդ «կարգապահութիւն»՝ ահա՛ կեանքի մէջ վայելքի եւ յաջողութեան գլխաւոր պայմանները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 26, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2017