ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ ՏՕՆԱԾԱՌԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ տա­րի մը եւս կը բո­լո­րենք՝ բայց խնդրա­կան է, թէ՝ տա­րի մը կը շա­հի՞նք, թէ տա­րի մը եւս կը կորսնց­նենք։ Ու­րա­խա­նա­լո՞ւ է որ տա­րի մը եւս կը շա­հինք մեր կեան­քէն, թէ ոչ՝ տրտմե­լու ենք որ տա­րի մը եւս կորսն­ցու­ցինք մեր կեան­քէն։ Բայց մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս կ՚ու­րա­խա­նան, երբ կը դի­մա­ւո­րեն «նոր տա­րի»ն, ու­րեմն կա­րե­լի է հարց­նել, թէ՝ ա­նոնք կ՚ու­րա­խա­նան «նո՞ր» մը ու­նե­նա­լու զգա­ցու­մով, թէ՝ «հին»ը թո­ղած ըլ­լա­լու մտա­ծու­մով։

Ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է սա, թէ «հին»էն մա՛րդ չ՚ա­խոր­ժիր, միշտ «նոր»ը՝ նո­րո­գուա­ծը կը հրա­պու­րէ մարդ­կա­յին միտ­քը, քա­նի որ ա­մէն ապ­րող էակ նախ ի՛նք նո­րո­գուիլ, ա­ռոյգ, կո­րո­վի մնալ կ՚ու­զէ, եւ այս պատ­ճա­ռով ալ կ՚ու­զէ, որ իր ամ­բողջ շուր­ջը, մի­ջա­վայ­րը, շրջա­պա­տը նոր ըլ­լայ, նո­րո­գուած մնայ։

Եւ կար­ծեմ մար­դիկ, ա­մա­նո­րին կ՚ու­րա­խա­նան, քա­նի որ հի­նը կը հե­ռա­նայ, հին­ցա­ծը կը բո­լո­րէ իր շրջա­նը եւ նո­րը կու գայ նո՜ր յոյ­սե­րով, նոր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով, նոր ու­ժով, նոր դի­մա­գի­ծով։ Եւ մար­դիկ կ՚ու­զեն հա­ւա­տալ, որ այդ «նոր»ով պի­տի նո­րո­գուի ամ­բողջ կեան­քը՝ ամ­բողջ «հին»ե­րը, ամ­բողջ ան­ցեա­լը։

Բայց մար­դիկ միայն «կը կար­ծեն» այն՝ ի՛նչ որ կ՚ու­զեն որ պա­տա­հի։ Բայց չեն ու­զեր ի­մա­նալ, թէ ան­ցեա­լը այ­լեւս կրկին չի՛ ներ­կա­յա­նար՝ ետ չի դառ­նար, ինչ­պէս որ գե­տի մը յորդ ըն­թաց­քը ետ դարձ­նել, դէ­պի սկզբնա­կէ­տը հո­սեց­նել կա­րե­լի չէ, եւ հո­սած ջու­րի կա­թի­լը ան­գամ մը եւս նոյն կէ­տէն չի՛ հո­սիր։ Կեանքն ալ՝ գետ մը՝ ծով թա­փուող ջու­րի յորդ ըն­թացք մըն է, միշտ դէ­պի յա­ռաջ, եւ եր­բեք դարձ, վե­րա­դարձ չու­նի՛։ Ա­պա ու­րեմն, ա­մա­նո­րը՝ նոր տա­րին, տա­րեգ­լու­խը դէ­պի յա­ռաջ, հեր­թա­կան, յա­ջոր­դա­կան ըն­թաց­քի մը մէկ հանգ­րուա­նը, փուլն է։ Ո՛չ թէ նո­րո­գու­թիւն, այլ բո­լո­րո­վին «նոր»ն է, եւ կար­ծեմ այդ «նոր»ը, մար­դիկ ո­գե­ւո­րու­թեամբ, ու­րա­խու­թեամբ, խան­դա­վառ կեր­պով կը դի­մա­ւո­րեն, քա­նի որ այդ «նոր»էն ակն­կա­լու­թիւն­ներ ու­նին…։

Ինչ­պէս ման­կու­թեան շրջան­նե­րուն եւ նաեւ մեր օ­րե­րուն ա­մա­նո­րի, կա­ղան­դի ան­բա­ժան խորհր­դա­նիշն է տօ­նա­ծա­ռը, կա­ղան­դի ծա­ռը։ Քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հը տօ­նա­ծա­ռի խոր­հուր­դը ըն­դե­լու­զած է Սուրբ Ծննդեան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան հետ։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ա­մա­նո­րի տօ­նա­ծա­ռը Սուրբ Ծննդեան տօ­նա­ծառ է նաեւ։ Ուս­տի պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­ներ ցոյց կու տան, թէ տօ­նա­ծա­ռի զար­դար­ման ա­ւան­դու­թիւ­նը սկսած է Գեր­մա­նիա՝ 16-րդ դա­րուն, երբ հա­ւա­տա­ւոր քրիս­տո­նեա­ներ զար­դա­րուած ծա­ռեր սկսան բե­րել ի­րենց տու­նե­րը։

Ո­մանք տօ­նա­ծա­ռը կը պատ­րաս­տէին փայ­տէ եւ կը զար­դա­րէին մշտա­դա­լար բոյ­սե­րով եւ մո­մե­րով։ Հետզ­հե­տէ եւ աս­տի­ճա­նա­բար տօ­նա­ծա­ռի ա­ւան­դու­թիւ­նը տա­րա­ծուե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի տար­բեր եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Անգ­լիա­յի Վիք­թո­րիա թա­գու­հիին ա­մու­սի­նը՝ իշ­խան Ալ­պերտ, տօ­նա­ծա­ռը ա­ւե­լի նո­րա­ձեւ դար­ձուց, 1841 թուա­կանին՝ անգ­լիա­կան ա­ռա­ջին տօ­նա­ծա­ռը Ուինձո­րի դղեա­կին մէջ զար­դա­րե­լով մո­մե­րով, զա­նա­զան պա­ճու­ճանք եւ զար­դա­րանք­նե­րով, մրգա­նուշ­նե­րով, մեղ­րա­հա­ցե­րով։

Հար­կաւ, շու­տով անգ­լիա­ցի ու­րիշ հա­րուստ­ներ հե­տե­ւե­ցան իշ­խան Ալ­պեր­տի օ­րի­նա­կին՝ տօ­նա­ծա­ռե­րը զար­դա­րե­լու նպա­տա­կով օգ­տա­գոր­ծե­լով զա­նա­զան խեն­թու­խե­լառ ի­րեր։ Չարլզ Տի­գընս տօ­նա­ծա­ռը նկա­րագ­րած է՝ որ­պէս զար­դա­րուած տի­կին­ներ, խա­ղա­լիք փոք­րիկ կա­հոյք, ե­րաժըշ-­տա­կան գոր­ծիք­ներ, հրա­ցան եւ թու­րեր ու սու­րեր, միրգ եւ պտուղ­ներ եւ ա­նու­շե­ղէն։

19-րդ դա­րու ա­ռա­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն չէին ըն­դու­նուած տօ­նա­ծա­ռե­րը։ Տօ­նա­ծա­ռի ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, 1830-ա­կան թուա­կան­նե­րուն կա­տա­րե­ցին Փեն­սիլ­վա­նիա­յի գեր­մա­նա­ցի նո­րաբ­նակ­նե­րը։

Ա­նոնք ցու­ցադ­րե­ցին տօ­նա­ծառ մը՝ տեղ­ւոյն ե­կե­ղե­ցիին հա­մար դրամ հան­գա­նա­կե­լու նպա­տա­կով։ Իսկ 1851-ին ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կուն բա­կին մէջ տօ­նա­ծառ դրուե­ցաւ, սա­կայն ծխա­կան­նե­րը զայն հե­թա­նո­սու­թեան վե­րա­դարձ հա­մա­րե­ցին եւ ե­կե­ղե­ցիի սպա­սա­ւո­րին խնդրե­ցին վերց­նել զայն ե­կե­ղե­ցիի բա­կէն։

Մին­չեւ 1880-ա­կան թուա­կան­նե­րը տօ­նա­ծա­ռի զար­դա­րանք­նե­րու սո­վո­րու­թիւ­նը կու գար գեր­մա­նա­ցի­նե­րէ, իսկ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ տօ­նա­ծա­ռը եր­թա­լով, հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի ժո­ղովր­դա­կան կը դառ­նար։

Եւ­րո­պա­ցի­ներ կ՚օգ­տա­գոր­ծէին փոքր տօ­նա­ծա­ռեր՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս 122 սան­թի­մեթր բարձ­րու­թեամբ, մինչ­դեռ ա­մե­րի­կա­ցի­ներ կը գե­րա­դա­սէին յա­տա­կէն մին­չեւ ա­ռաս­տաղ հաս­նող տօ­նա­ծա­ռե­րը։

Տօ­նա­ծա­ռի ծագ­ման մա­սին շատ ա­ւան­դազ­րոյց­ներ կան։ Ա­նոնց­մէ մէկն է՝ անգ­լիա­ցի վա­նա­կան Սուրբ Բո­նի­ֆա­ցիո­սի մա­սին ը­սուա­ծը, որ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը տա­րա­ծած է Ֆրան­սա­յի եւ Գեր­մա­նիոյ մէջ։

Օր մը երբ կը շրջէր ան, կը հան­դի­պի հե­թա­նոս­նե­րու խում­բի մը, ո­րոնք հս­­կայ կաղ­նի մը շրջա­պա­տած՝ կը պատ­րաս­տը-ւէին մա­նուկ մը զո­հել՝ զո­հա­բե­րել Թոր չաս­տուա­ծին։ Զո­հա­բե­րու­թիւ­նը կան­խե­լու եւ մա­նու­կը փրկե­լու նպա­տա­կով, Բո­նի­ֆա­ցիոս, բռունց­քի հուժ­կու հա­րուա­ծով մը կը տա­պա­լէ ծա­ռը՝ ո­րուն տե­ղը իս­կո՛յն կը բուս­նի եւ կ՚ա­ճի փոք­րիկ ե­ղե­ւին մը։

Սուր­բը հե­թա­նոս­նե­րուն կը յայտ­նէ, թէ այդ փոք­րիկ ե­ղեւ­ի­նը «Կե­նաց Ծառ»ն է, եւ կը խորհր­դան­շէ Քրիս­տո­սի յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը։

Կը պատ­մուի ու­րիշ ա­ռաս­պել մը եւս աղ­քատ ան­տա­ռա­պա­հի մը մա­սին։ Այս ան­տա­ռաբ­նակ աղ­քա­տը շատ հին ժա­մա­նակ­նե­րուն, Սուրբ Ծննդեան տօ­նի նա­խօ­րեա­կին կը հան­դի­պի կոր­սուած եւ ա­նօ­թի մա­նու­կի մը։ Ան­տա­ռա­պա­հը, չնա­յե­լով իր ծայ­րա­յեղ աղ­քատ վի­ճա­կին՝ մա­նու­կը կը կե­րակ­րէ եւ ա­պա­հով կեր­պով կ՚օ­թե­ւա­նէ։

Ան­տա­ռա­պա­հը երբ ա­ռա­ւօ­տուն կ՚ար-թըն­նայ՝ դրան առ­ջեւ գե­ղե­ցիկ եւ շքեղ տօ­նա­ծառ մը կը տես­նէ։

Այդ ա­նօ­թի մա­նու­կը՝ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ծպտուած Քրիս­տոսն էր։ Ան դրած էր տօ­նա­ծա­ռը՝ որ­պէս այդ բա­րի մար­դուն փոխ-­հա­տու­ցում իր բա­րե­գոր­ծու­թեա­նը հա­մար։

Տօ­նա­ծա­ռի մա­սին կայ նաեւ ա­ռաս­պել մը՝ թէ Միջ­նա­դա­րուն մար­դոց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը գրա­գէտ չէր եւ չէր կրնար կար­դալ, եւ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը կը վե­րա­ծուէին Աս­տուա­ծա­շուն­չի ու­սուց­ման դա­սե­րու՝ Եւ­րո­պա­յի մէջ։ Այդ դա­սե­րուն մէջ կը պատ­մուէր մար­դուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մա­սին եւ Ա­դա­մի ու Ե­ւա­յի՝ ե­դե­մի պար­տէ­զէն ար­տաքս­ման, որ կը բե­մադ­րուէր ա­մէն տա­րի ձմեռ­նա­յին շրջա­նին՝ Դեկ­տեմ­բեր 24-ին։

Քա­նի որ ներ­կա­յաց­ման հա­մար պէտք էր խնձո­րե­նի, իսկ ձմեռ ա­տեն խնձո­րե­նին բերք չի տար, հարկ ե­ղաւ խնձո­րե­նիի փո­խա­րէն մշտա­դա­լար ծա­ռեր օգ­տա­գոր­ծել՝ զա­նոնք զար­դա­րել խնձոր­նե­րով…։

Այ­սօր տօ­նա­ծա­ռի զար­դա­րանք­ներ, շող­շո­ղուն զար­դաշղ­թա­ներ եւ առ­կայ­ծող լու­սաշղ­թա­ներ կա­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել։ Այն որ պարզ ըն­տա­նե­կան ա­ւան­դու­թիւն մըն էր, այժմ վե­րա­ծուած է բազ­մա­մի­լիոն ար­տադ­րու­թեան՝ հետզ­հե­տէ դառ­նա­լով ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի՛ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած եւ մատ­չե­լի՝ ա­ռեւտ­րա­յին ա­ռու­մով։

Քրիս­տո­նեա­նե­րու շատ մը ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու նման՝ այդ ա­ւան­դոյթն ալ յա­ռա­ջա­ցած է հին հռո­մէա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րու եւ քրիս­տո­նէու­թեան տա­րած­ման միա­հիւս­ման ար­դիւն­քով։ Հին շրջա­նի քրիս­տո­նեա­նե­րը կը հա­ւա­տա­յին, թէ ո­րոշ ծա­ռեր ան­ժա­մա­նակ կը ծաղ­կին Սուրբ Ծննդեան նա­խօ­րեա­կին՝ որ­պէս Յի­սու­սի ծննդեան եւ յայտ­նու­թեան հան­դէպ յար­գանք եւ մե­ծա­րանք։ Այդ հա­ւա­տա­լի­քով պայ­մա­նա­ւո­րուած էր տու­ներ, ըն­տա­նե­կան օ­ճախ­ներ, Յի­սու­սի ծննդեան եւ ա­մա­նո­րի ա­ռի­թով բու­սա­կա­նու­թեամբ զար­դա­րե­լու հռո­մէա­կան ա­ւան­դու­թիւ­նը, ի՛նչ որ դար­ձած է՝ տօ­նա­ծա­ռը զար­դա­րե­լու ար­դի պատ­կե­րաց­ման հիմ­քը։

Հին ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ մար­դիկ ծա­ռե­րը կը զար­դա­րէին՝ հա­ւա­տա­լով, թէ ա­նոնք օժ­տուած են բա­րի ու­ժե­րով, ա­նոնց մէջ կ՚ապ­րին բա­րի հո­գի­ներ։

Ծա­ռե­րու նկար­ներ կա­խե­լով՝ մար­դիկ կ՚աշ­խա­տէին գո­հաց­նել «բա­րի հո­գի»նե­րը։ Ծա­ռե­րը զար­դա­րող խնձոր­նե­րը կը խորհըր-դան­շէին պտղա­բե­րու­թիւն, ըն­կու­զե­ղէ­նը՝ աս­տուա­ծա­յին նա­խախ­նա­մու­թեան ա­նի­մա­նա­լիու­թիւն, ձուե­րը՝ զար­գա­ցող կեանք՝ այն ի՛նչ որ նոր կեանք կ՚ել­լէ հաւ­կի­թէն, եւ այս նոր կեան­քին ա­ռըն­թեր՝ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն եւ լիա­կա­տար բա­րե­կե­ցու­թիւն։

Ե­ղեւ­ին զար­դա­րե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջա­ցած է ա­ւե­լի քան 2000 տա­րի ա­ռաջ։ Մշտա­դա­լար ե­ղեւ­ի­նը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ գրա­ւած է բո­լոր ծա­ռե­րու մէջ։ Ան կը խորհր­դան­շէ կեան­քը եւ կեան­քի վե­րա-ծընուն­դը՝ մու­թէն ու խա­ւա­րէն։ Շա­տեր կը կար­ծեն, թէ՝ մշտա­դա­լար ե­ղեւ­ի­նը դրախ­տի մէջ ա­ճող ան­մա­հու­թեան ծա՛ռն է, վա­ռուող մո­մե­րը եւ կամ լոյ­սե­րը՝ մարդ­կա­յին հո­գի­նե­րը, իսկ զար­դա­րանք­նե­րը՝ խորհրդան­շա­կան նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը։

Ա­մա­նո­րի տօ­նին հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ւան­դու­թեան մէջ կ՚օգ­տա­գոր­ծուին ծա­ռեր, ճիւ­ղեր կամ տե­րեւ­ներ, որ­պէս կեան­քի հնա­գոյն խորհր­դա­նիշ­ներ։ Իսկ եւ­րո­պա­կան Սուրբ Ծննդեան ծա­ռը ու­նի իր ան­մի­ջա­կան նա­խոր­դը։ Ան փայ­տէ կա­ռոյց էր նա­խա­պէս՝ բուր­գի տես­քով, ո­րուն վրայ կա­խուած էին բու­սա­կա­նու­թիւն եւ զա­նա­զան զար­դա­րանք­ներ։ Նուէր­ներ եւ ա­նու­շե­ղէն­ներ կը դրուէին բուր­գի դա­րակ­նե­րուն մէջ։

Ա­ռա­ջին տօ­նա­ծա­ռե­րը զար­դա­րուած էին բնա­կան ծա­ղիկ­նե­րով եւ միր­գե­րով, պտուղ­նե­րով…։

Շնոր­հա­ւոր Նոր տա­րի սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ. սէ՛­րը, խա­ղա­ղու­թի՛ւ­նը ան­պա­կաս ըլ­լայ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 22, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015