ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

բուռ մը յոյսեր եւ յոյզեր
փշրուած տենչ ու սէրեր
Երկչոտ կարօտ․ անուրջներ
   ճամպրուկի մէջ ամբարած
   ճամբորդ ենք մենք այս կեանքին

թաց աչքերով կը նայինք 
երէկուան որ կերտեցինք
   էութենէն շնորհուած
   եւ թաղեցինք 
   անշիրիմ
   գերեզմանին մէջ կեանքին

հիմա յուշի սայլակով
   արեւներ մենք կ՚որոնենք
   անրջական մթութեան մէջ 
   որ կը ծորի
   հոգիներուն մէջ մարդուն

աղօթքը խունկով օծեցինք
   շղարշով մը նրբակերտ
   եղեւինի ճիւղերը
   զարդարեցինք օրն ի բուն

կեցանք հեռուէն նայեցանք
   սպասելեվ ՄԵԾ օրուան
   որ անտարբեր կ՚ուշանար
   եւ դեռ օրը չհասած՝
   ծառը զարդը
   եւ բոյրը հէք աղօթքին
   աղբ նետեցինք անտեսի

ԱՆՏԵՍՈՒԱԾը տիեզերքի 
բեռը շալկաԾ նայեցաՒ
փշէ պսակը ճակտիՆ
կեանքի  խաչը շալակիՆ
յորդորեՑ․
   «նոր օրերու հմայքը խաբուսիկ խաղ է, մարդի՛կ
   աշխարհ չեկաք որ ապրիք
   շռայլութեան մէջ կեանքին

   անտեսուածը փնտռեցէք
   ծարաւ նօթի թշուառը 
   արդարութիւն որոնող 
   ճակատագրի ճամբորդը
   մանուկներէն վտարեցէք որբութեան որթն արիւնոտ
   խաղաղութեան աղաւնուն
   անկաշկանդ ծիր գծեցէք

   ՄԱ՛ՐԴը ՄԱ՜ՐԴը որոնեցէք օրն ի բուն
   որ կը սպասէ անյուսօրէն ճակատագրի խաչմերուկին
   այս կեանքին

   այն ատեն օրՍ ՏՕ՛Ն կ՚ըլլայ»։

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021