ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԽՈՀԵՐ

2022 տարին անցաւ գնաց եւ եկաւ նորը՝ 2023-ը: Այլ խօսքով, տարի մըն ալ անցաւ աշխարհի եւ մարդոց կեանքէն:

Իմ կարգիս, այս «նոր»ի սեմին, սենեակիս մէկ անկիւնը քաշուած եւ օրուան հեւքին հետ հանդարտ մը ծուարած, օրատետրիս էջերուն թղթատումովս երբ ես զիս ժամերով անջատ պահած էի առօրեայէս ու անմիջական շրջապատէս, արդէն իսկ անզգալաբար ինկած էի ինքնամտածման եւ ինքնաճանաչման լճացած ջուրերուն մէջ ու ագահի նման սկսած էի սեղանիս վրայ տարածուած թուղթերուս մէջէն ես զիս փնտռել:

Շատ յաճախ ըսած ու կրկնած եմ, թէ ամենէն դաժան ու ծանր աշխատանքը այն է, երբ մարդ ուրիշներու աչքէն եւ ականջէն հեռու, ինքնիր հետ կ՚ըլլայ: Ինքնիրեն կը զրուցէ, ինքնիրեն կը խօսի, կը հակաճառէ, ինքզինք կը համոզէ, նոյնիսկ ինքնիր վրայ կը բարկանայ ու վերջին... ինքնադատութիւնը ինքն իր ձեռքով կը կատարէ՝ պարզ եւ անկեղծօրէն, ճիշդ կամ սխալ, արդար կամ անարդար:

Ես ալ, այդ վայրկեանին փորձեցի օր առ օր, ամիս առ ամիս, արագ մը աչքէ անցընել հետզհետէ մաշուելու աստիճանին հասնող այդ գոյնը թափած տետրակիս բոլոր էջերը: Ու, ի՜նչ մեղքս պահեմ, շատ յաճախ աչքերս սառած մնացած էին անոր կարգ մը տողերուն վրայ: Երբեմն ալ ինքնածին ժպիտ ու ցաւ իրար խառնուեցան անոր բառերուն եւ, ինչու չէ, նախադասութիւններուն վրայ, որովհետեւ հոն հանդիպած էի կեանքիս անբաժան սեւին եւ ճերմակին: Վայրկեանին նոր տագնապներ ապրեցայ: Ինծի համար նոր արժէքներ փորձեցի որոնել: Հաստատ կը տեսնէի, թէ անցնող տարուան ընթացքին ֆիզիքական վատ, շատ ծանր ու երկար վիճակս նոյնքան ալ մտահոգիչ դարձած էր ինծի եւ, անշուշտ, անմիջական շրջապատիս համար: Անժամանակ հիւանդութիւն, որուն իբրեւ հետեւանք՝ հաւանաբար յաճախ չէի կրցած վատն ու լաւը զատորոշել, կամ ճիշդն ու սխալը զանազանել: Մէկ խօսքով՝ դիրքորոշուիլ: Թերեւս ալ «հազար տեղերէ ջուր բերած էի», ինչպէս կ՚ըսեն, արդարացնելու իմ տկարութիւններս: Շատ յաճախ ալ նոյնիսկ քանդած էի աւանդութիւնները, կամ արժեւորած՝ անարժանը եւ արդարացուցած՝ անարդարը: Մէկ խօսքով, շատերուն նման, ես ալ դիւրին ճամբաներ որոնած էի ու այս բոլորին համար գրիչս լուռ մնացած էր:

Վերջը... Ա՜խ այդ վերջը... Իբրեւ պարզ մահկանացու, իմ կարգին, անողոք հիւանդութիւնս ալ իբրեւ արդարացուցիչ «զէնք»՝ հաճոյքը, ժամանցը, աժանն ու անցողակին վերածած էի կեանքիս սովորական ընթացքը: Բացայայտ էր, թէ ես ալ յաճախ ունեցած էի արդար կամ ոչ պոռթկումներ, տեսակաւոր կեցուածքներ, «խիզախութիւններ», «սխրանքներ»: Նոյնիսկ փորձած էի երբեմն ալ ուսանելի դասեր տալ անմիջական շրջապատիս:

Յետոյ, այս բոլորէն ետք, անդրադարձայ: «Զուտ անձնական գործ մըն է այս մէկը», մտովի ըսելով, պոռթկացի ու այս ձեւով խանգարեցի սենեակիս լռութիւնը: Բառերս արդէն ինքնաբերաբար ուռիլ սկսած էին, իսկ նախադասութիւններս՝ լայնցած: Երկար վայրկեաններ ետքն էր, որ լեզուս ալ պայթեցաւ:

Ինչո՞ւ, որովհետեւ, ըսեմ… Որո՞ւ հոգը, թէ ես անցեալ տարի անձնապէս ինչե՜ր ըրած կամ ի՜նչ բաներէ անցած եւ կամ ինչե՜ր չեմ կարողացած ընել: Որո՞ւ հոգը նոր հատոր մը լոյս ընծայած եմ եւ կամ նոր պատմուածքներ եւ յօդուածներ ստորագրած: Արդեօք այս մէկը անձնասիրութիւն չէ՞: Զուտ անձնական: Ըսէ՛ք, խնդրեմ, որո՞ւ հոգը:

Անոր համար անմիջապէս մեծ յուզումով մը շպրտեցի տետրակս, որ իր բաց ու կարկտնուած էջերով, նախ օդին մէջ կարճ թռիչք մը կատարեց եւ յետոյ գնաց անկիւն մը նստելու, ճմրթքուած վիճակով: Այդ վայրկեանին՝ իբրեւ հակազդեցութիւն, նման պատրուակ ու պատճառաբանութիւն համոզիչ գտած էի:

Ի՜նչ կ՚ուզէ՛ք ըսէ՛ք կամ հաշուեցէ՛ք… պարզապէս մտքի ազատագրում: Տետրակս մէկ կողմ շպրտած էի եւ վերջ:

Հաւատացէ՛ք, տակաւին քիչ առաջ, երբ օրատետրիս էջերով կ՚ուզէի անձնկութեամբ վերզբաղիլ, մտքիս մէջ ունէի միայն հաւատքիս ու երազներուս փնտռտուքը եւ ուրիշ ոչինչ, որովհետեւ անոնք յարատեւ տագնապիս հարազատ երգերն էին:

***

Իսկ հիմա, որ կաղանդի խորհուրդը կայ ամէն տեղ ու նոր տարին արդէն բոլորին տան սեմերէն ներս է, այս բոլորէն թելադրուած, կարծես նոյնիսկ օրուան մթնոլորտէն քաջալերուած՝ կ՚ուզեմ ձեւով մը արժեւորել մեր ազգային կեանքի իրականութիւնը, փորձելով եզր մը գտնել մեր ազգային իսկական ձեռքբերումներուն, սխալներուն, գէշ-աղէկ բացայայտելով մեր յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները:

Ի՜նչ լաւ բան է սխալը մատնաշելն ու ապա զայն ճշդելու մասին մտածելը. միշտ ըսած եմ: Մենք ալ ազգ ենք եւ մեր մեծերն ալ մարդ են: Շատ հաւանաբար կարգ մը պայմաններու բերումով անոնք ալ կրնան սխալիլ: Չեմ գիտեր: Գուշակ մը չեմ: Միայն գիտեմ, որ աշխարհի ներկայ «պայմանները փոխուած են»:

Մենք ալ հայ ենք, տակաւին կը շարունակէ միտքս, ծածուկ եւ անձայն: Ո՛չ ոք մեզի պէս եւ մեզի չափ տքնած է: Բայց գիտեմ, որ մեզի սահմանուած աշխարհին մէջ մենք միշտ փնտռած ենք թաքնուած տառապանքն ու հրաշքը: Իբրեւ ժողովուրդ՝ կեանքէն սորված ենք տառապանքի լեզուն: Գիտեմ նաեւ, որ տակաւին ազգովին ճակատագրական խաչմերուկներ կան մեր դիմաց: Ու այս ճակատագիր ըսուածը մեծ դեր ունեցած է մեր կեանքին ու պատմութեան մէջ: Ա՛լ պէտք է գիտնանք, որ մեր վերապրումը բաժակաճառերով չ՚ըլլար, որովհետեւ բոլորս ալ ապրած ենք եւ կ՚ապրինք հայ ըլլալու եւ մնալու հաճելի եւ դժուար փորձառութիւնը:

Ուստի ամանորեան բարեմաղթանքս է վերարժեւորել մեր ինքնութիւնը, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ մեր այս Նոր տարին վաղը մարդկութեան ինչե՜ր պիտի բերէ: Գէթ նուազագոյն քաջութիւնը ունենանք մենք զմեզ քննադատելու, դիտելու եւ մանաւանդ՝ մեր սխալները սրբագրելու:

Նոր տարուան սեմին ենք, ըսի խանդավառ: Սրտանց մաղթանքս է, որ աշխարհի այս օրերու «ցուրտին» դէմ բոլորս ալ՝ ազգովին մեր հոգիին մէջ տաքուկ ու ջերմ արեւ մը ունենալու երջանկութիւնը ունենանք:

Մինչ այդ՝ շնորհաւոր Նոր տարի եւ բարի Կաղանդ բոլորիդ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

(Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022