ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մար­դուս կեան­քին մէջ ա­մե­նէն դժուար բա­նը՝ իր տկա­րու­թեան եւ թե­րու­թեան անդ­րա­դառ­նալն եւ գի­տակ­ցի՛լն է։

Ե­թէ մարդ գիտ­նայ իր թե­րու­թիւ­նը եւ տկա­րու­թիւ­նը՝ հա­մո­զուի եւ ի­րա­պէ՛ս հա­ւա­տայ ա­նոնց գո­յու­թեան իր մէջ, ա­սի­կա ա­ռա­ջին քայլն է ա­նոնց­մէ փրկուե­լու՝ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու եւ զօ­րա­նա­լու հետզ­հե­տէ։ Մարդ ե­թէ անդ­րա­դառ­նայ, որ «տկար» է եւ «թե­րի՛», եւ այդ տկա­րու­թեան ու թե­րու­թեան վնա­սա­կար ըլ­լա­լը հասկ­նայ, կրնայ թօ­թա­փել այդ բո­լո­րը իր վրա­յէն։ Իսկ ե­թէ չանդ­րա­դառ­նայ իր վի­ճա­կին՝ ինք­զինք կա­տա­րեալ, ան­թե­րի եւ զօ­րա­ւո՜ր կար­ծէ, այդ պա­րա­գա­յին վի­ճա­կը ի­րա­պէս ող­բա­լի՜ է, քա­նի որ ո՛չ միայն գե­րին դար­ձած է իր տկա­րու­թեան ու թե­րու­թեան, այլ եւ ա­նոնց տի­րա­պե­տու­թեան տակ կը գտնուի եւ հետզ­հե­տէ կ՚ա­ւել­նայ իր դժբախ­տու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­ներն ու թե­րու­թիւն­նե­րը հետզ­հե­տէ կը բար­դա­նան եւ «նկա­րա­գի՛ր» կը դառ­նան։ Այս կը նմա­նի բնու­թեան սա ե­րե­ւոյ­թին, թէ երբ ա­րե­ւա­մուտ ըլ­լայ, մթնո­լոր­տը ան­մի­ջա­պէս չի մթննար, հա­պա յար եւ յար, հետզ­հե­տէ՝ մին­չեւ որ սեւ խա­ւա­րը պա­տէ ա­մէն կողմ։ Մարդ­կա­յին զա­նա­զան վատ ու­նա­կու­թիւն­ներ ալ հետզ­հե­տէ շատ­նա­լով, կը բար­դուին եւ «մե­ղա­ւոր» վի­ճակ մը կը ստեղ­ծեն եւ այ­նու­հե­տեւ են­թա­կա­յին կամ­քին ուղ­ղու­թիւն ցոյց կու տան, ան բնա­կան կը սե­պէ շար­ժիլ տկա­րու­թիւն­նե­րով ու թե­րու­թիւն­նե­րով։ Եւ ցա­ւա­լին այն է, որ ինք­զինք կա­տա­րեա՛լ կը նկա­տէ մարդ։

Սխա­լը՝ շի­տակ, սու­տը ճշմար­տու­թիւն կը հա­մա­րէ եւ եր­բեք չի սրբագ­րեր մարդ ինք­զինք այդ պա­րա­գա­յին։

Սխա­լը եւ սու­տը, մար­դուս աչ­քին բնա­կան կ՚ե­րե­ւին, գե­ղե­ցիկ ծա­ղի­կի մը ե­րե­ւոյ­թը կը պար­զէ եւ չ՚անդ­րա­դառ­նար ա­նոնց վնա­սա­րար ազ­դե­ցու­թեան։

Մարդ քա­նի մօ­տե­նայ՝ ա­նոնց բու­րու­մէն կ՚արբշ­ռի եւ յե­տոյ ա­նոնց զօ­րա­ւոր ու թու­նա­ւոր, վնա­սա­րար ազ­դե­ցու­թեան ներ­քեւ կը մա­րի, կ՚ոչն­չա­նայ։

Եւ այս բո­լո­րը կ՚ի­րա­գոր­ծուի՝ մար­դուս ներ­քին աշ­խար­հի պա­րա­պու­թեան պատ­ճա­ռաւ։ Ուս­տի ա­մէն պա­րա­պու­թիւն կը գրա­ւուի ու­րի­շէն եւ ա­մէն լիու­թիւն կը մեր­ժէ ե­կուո­րը, ար­գելք կ՚ըլ­լայ ու­րի­շին մուտ­քին։

Այս­պէս է ա­հա­ւա­սիկ մարդ­կա­յին մտա­ւոր աշ­խար­հը՝ ո­րե­ւէ գա­ղա­փար երբ կը ծա­ւա­լի ու կը տա­րա­ծուի մար­դուս մտքին՝ կեան­քի կը վե­րա­ծուի, նկա­րա­գիր ու գոր­ծու­նէու­թիւն կ՚ըլ­լայ, եւ յե­տոյ հետզ­հե­տէ կը սկսի իր շրջա­պա­տին մէջ ա­ւեր­ներ գոր­ծել…։

Եւ այս պա­րա­գա­յին մար­դուս մտա­ւոր աշ­խար­հը ա­ւե­լի վատ կ՚ըլ­լայ քան նա­խա­պէս էր։ Ուս­տի ա­մէն պիղծ ո­գի, մար­դուս չար խոր­հուրդ­նե­րը կը կազ­մեն եւ կը դառ­նան մտա­ծե­լա­կերպ։ Բա­րի մտա­ծում­ներ, օգ­տա­կար, ի­մաս­տուն խոր­հուրդ­ներ՝ մար­դուս լու­սա­ւոր մտքին, բա­րիի, ճշմա­րի­տի եւ գե­ղե­ցի­կի բաց մտա­յին կա­լուա­ծին մէջ կը յայտ­նուին՝ սի­րով զե­ղուն, բա­րու­թեամբ տո­գո­րուած եւ սրբու­թեամբ օժ­տուած սրտի մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ լու­սա­ւոր մտքի մը մէջ։

Գա­ղա­փար­ներ ֆի­զի­քա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րով չեն յայտ­նուիր, այլ՝ հո­գե­կան ազ­դե­ցու­թեա՛մբ…։

Ար­դա­րեւ շի­նե­լը դժուար է, բայց քան­դե­լը՝ դիւ­րի՛ն։

Շի­նել եւ շի­նուա­ծը պահ­պա­նել զո­հո­ղու­թիւն եւ ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջէ։ Իսկ քան­դե­լը դիւ­րին է՝ ժա­մա­նա­կի չի կա­րօ­տիր ոչ ալ զո­հո­ղու­թիւն կ՚ու­զէ, այլ մա­նա­ւանդ փա­ռա­սի­րա­կան է։ Քան­դե­լը լոկ ու­ժի հարց մըն է եւ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ գո­հա­ցում կը պատ­ճա­ռէ են­թա­կա­յին իր չար մտադ­րու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, եւ փա­ռա­սի­րա­կան յաղ­թա­նակ­նե՛ր կը հա­մա­րէ զայն։

Սա­կայն ա­մէն չար ու վնա­սա­կար գա­ղա­փար, որ կեր­պով մը մուտք կը գոր­ծէ մտքին մէջ՝ ուր պա­րա­պու­թիւն մը գտած է, ի վեր­ջոյ լոյ­սին մէջ ի յայտ պի­տի գան եւ մաք­րուին բա­րի եւ օգ­տա­կար գա­ղա­փար­նե­րու շնոր­հիւ։ Չա­րին հա­տու­ցու­մը՝ պա­տի՛ժ է, իսկ բա­րիի­նը՝ վար­ձատ­րու­թի՛ւն։

Ուս­տի, քա­նի որ չա­րը կեր­պով մը գո­յու­թիւն ստա­ցած է, ան պար­տա­ւոր է ապ­րիլ՝ բա­րիին հետ, բա­րիին կող­քին, վնա­սե­լով ա­նոր։ Կա­րե­ւո­րը՝ չա­րը եւ բա­րին կա­րե­նալ ներ­դաշ­նա­կելն է ժա­մա­նա­կի մը հա­մար, մին­չեւ որ չա­րը ու բա­րիին ի­րար­մէ զա­տուե­լու ա­տե­նը հաս­նի։ Աս­տուա­ծա­յին ընդ­հա­նուր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մեծ ծրա­գի­րը ո­րո­շած է ա­մէն ի­րո­ղու­թեան հա­մար պատ­շաճ ժա­մա­նակ մը, եւ բնու­թիւ­նը կը կար­գա­ւո­րէ այդ ըն­թաց­քը։

Ուշ կամ կա­նուխ դա­տաս­տա­նը կը վճռէ իւ­րա­քան­չիւ­րին նկա­րա­գի­րը եւ յատ­կու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ, ո­մանք չեն ըն­դու­նիր ապ­րիլ չա­րին հետ եւ ան­հա­ւատ կը դառ­նան, ը­սե­լով, թէ՝ ե­թէ Աս­տուած գո­յու­թիւն ու­նե­նար, չա­րին ար­գելք կը հան­դի­սա­նար, ար­գելք կ՚ըլ­լար ա­նոր գո­յու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան։ Բայց ա­նոնք չեն խոր­հիր «ժա­մա­նակ»ի եւ «մի­ջոց»ի եզ­րը կեան­քի մէջ. չեն հասկ­նար, որ ա­մէն ինչ ժա­մա­նա­կի եւ մի­ջո­ցի կը կա­րօ­տի իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շարժ­ման ան­ցը­նե­լու հա­մար։

Ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս չկա­տա­րուե­ցաւ։ Աս­տուած ե­թէ կա­մե­նար, մէկ ան­գա­մէն չէ՞ր կրնար ստեղ­ծել ա­մէն ինչ, բայց ան կա­տա­րուե­ցաւ վեց եր­կար շրջան­նե­րու տե­ւո­ղու­թեան մը մէջ եւ ա­ւե­լին՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ իր ըն­թաց­քը՝ չէ՛ վեր­ջա­ցած, չէ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած ան։ Ու­րեմն այս կը նշա­նա­կէ՝ որ ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի ա­մէն կա­տա­րե­լու­թիւն, եւ նաեւ՝ չա­րին ոչն­չա­ցո՛ւ­մը։

Բա­րիին տա­ռա­պան­քը ան­խու­սա­փե­լի՛ է այս ըն­թաց­քին մէջ, բայց նաեւ՝ ժա­մա­նա­կա­ւո՛ր, իսկ չա­րին տան­ջան­քը՝ մշտա­տե՛ւ։

Պահ մը խոր­հինք. ե­թէ «չար»ը չըլ­լար, «բա­րի»ն գո­յու­թիւն պի­տի ու­նե­նա՞ր որ­պէս ար­ժէք։

Կամ ը­սենք՝ չարն է որ բա­րիին գո­յու­թեան կ՚անդ­րա­դարձ­նէ մարդս, ինչ­պէս սեւն է որ ճեր­մա­կին գո­յու­թիւ­նը յայտ­նի կը դարձ­նէ, կամ խա­ւար մո՛ւթն է որ լոյ­սին գո­յու­թիւ­նը կ՚ա­պա­հո­վէ։

Մարդ պի­տի տան­ջուի, պի­տի տա­ռա­պի չա­րէն՝ որ­պէս­զի յարգն ու ար­ժէ­քը գիտ­նայ բա­րիին։ Ա­նոնք որ թե­րա­հա­ւատ են եւ նոյ­նիսկ ան­հա­ւատ այս մա­սին՝ ան­գամ մը եւս պէտք է խոր­հին, ան­գամ մը եւս վեր­լու­ծեն ճշմար­տու­թիւ­նը։

Պա­րա­գա­նե­րու հա­մե­մատ փո­փո­խու­թեան են­թար­կուող հա­ւատ­քը «հա­ւատք» չէ՛. ի­րա­կան հա­ւատ­քը ա­մէն պա­րա­գա­յի մէջ ա­նայ­լայ­լե­լի եւ մշտնջե­նա­կան հաս­տատ հա­մա­զո՛ւմն է, ի՛նչ որ վե՜հ հո­գի­նե­րու, բարձր միտ­քե­րու վե­րա­պա­հուած յատ­կու­թիւն մը, զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի գործ մըն է։ Երբ ա­մէն ինչ բա­րի է, ա­մէն ինչ կար­գին է՝ դիւ­րին է հա­ւա­տալ, կամ ը­սենք, դիւ­րին է քաջ ե­րե­ւիլ, նոյ­նիսկ հե­րոս ըլ­լալ, բայց ի­րա­կան քա­ջը եւ ի­րաւ հե­րո­սը՝ չա­րին չա­րու­թիւն­նե­րուն տո­կա­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը ու­նե­ցո՛ղն է՝ տա­ռա­պանք­նե­րու եւ տան­ջանք­նե­րու մէջ իսկ յա­րա­տե­ւող զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի տէր վե­հա՜նձն հո­գի­նե­րու տէր ե­ղո՛ղն է։

Ուս­տի բա­րին միշտ կա՛յ, ան­ժա­մա­նակ է ա­նոր էու­թիւ­նը, իսկ չա­րը՝ ժա­մա­նա­կա­ւո՛ր։

Խա­ւա­րին միշտ կը յա­ջոր­դէ լո՛յ­սը, ո՜վ կրնայ ը­սել, որ խա­ւա­րը միշտ եւ տե­ւա­կան մնա­ցած է, ի վեր­ջոյ լոյ­սին զօ­րու­թիւ­նը՝ խա­ւարն ալ լու­սա­ւո­րած, լոյ­սի վե­րա­ծած է։ Չա­րին ազ­դե­ցու­թեամբ հա­ւատ­քը թո­ղուլ չա­րին յաղ­թա­նակն է՝ սո՛ւտ եւ խա­բէա­կա՛ն յաղ­թա­նակ մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 19, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016