ԲՈԶԱՆՈՑԻ ՍՈՒՐԲԵՐԸ
Բոլորս ալ գէթ մէկ անգամ, կամայ թէ ակամայ, տեսած ենք այն անկեալները, որոնք փողոցի մը մութ անկիւնը կեցած, իրենց յատուկ ճօճանքով ու լպիրշ ընթացքով, սիրոյ շինծու խօսք մը իրենց շրթունքներուն վրայ իրենց հաւանական յաճախորդները կը փնտռեն:
Ինկածները թիւով շա՛տ են. մին երկար է՝ միւսը կարճ, մին շիկահեր՝ միւսը սեւածամ, մին մեծահասակ, իսկ միւսը երիտասարդ եւ անոնց միա՛կ հասարակաց գիծը կին եւ բոզ ըլլալնին է...:
Սակայն, ինչպէս ամէն որս ունի իր որսորդը, այդ բոզերը եւս ունին իրենց դահիճը, որ զիրենք առաջնորդած է այդ մութ անկիւնները, իսկ մենք մեր սովորութեանց համաձայն դահիճը քննադատելու տեղ զոհը կը պարսաւենք: Հաւանաբար մեղքի պարագային դժուար է ըսել, թէ ամէն գող՝ գող չէ, կամ ամէն մարդասպան՝ մարդասպան չէ, սակայն ինքնավստահութեամբ կրնանք ըսել, թէ ամէ՛ն բոզ՝ բոզ չէ:
Բոզի եւ դահիճ ըլլալու վիճակը նոր բան մը չէ իրականութեան մէջ. գրեթէ բոլոր ժամանակներու մէջ կարելի է տեսնել այդ մէկը. օրինակի համար, մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ Եղիա Եղիազարեան իր «Մեռած սրտի մը յարութիւնը» աշխատութեան մէջ կը նկարագրէր պոլսահայութեան մէջ պատահած աղիտաբեր դէպք մը, թէ ինչպէս որբ ու անմեղ հայուհի մը ակամայ կը յայտնուի բոզանոցի մը մէջ, զոհը դառնալով շրջապատին:
Նման նիւթ մը վերջերս կարդացի նոյնինքն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիրներէն Սարգիս Գօչունեանի գլխաւորած «Հեռաձայն» ազգային, գրական եւ քաղաքական թերթի 16 փետրուար 1913 թուակիր թիւին մէջ: Ա. Շաւասպ գրչանունով հանդէս եկող գրիչը (որ նաեւ յօդուածներ ունի ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի մէջ) կը ստորագրէ «Ամէն օր երկու աղջիկ անձնասպան» խորագրեալ յօդուած մը՝ գրուած 24 յունուար 1913 թուականին՝ Նակազաքիի մէջ (Ճաբոն):
Շաւասպ շոգենաւի մէջ կը հանդիպի սիրուն աղջկայ մը եւ երկխօսութիւն մը կ՚ունենայ: Յօդուածագիրը կ՚ուզէ ծանօթանալ օրիորդին հետ, որ հարցումներուն ցած ձայնով եւ ամօթխածութեամբ կը պատասխանէ: Տարիքով փոքր աղջիկը կը յայտնէ, թէ վեց ամիս առաջ գործ փնտռելու նպատակով կը հեռանայ իր հայրական տունէն ու այժմ յուսահատ կը վերադառնայ տուն: Ոգեւորուրելով Շաւասպի հոգածութենէն անչափահաս աղջիկը հետեւեալը կը պատմէ.-
-Ծնողքս աղքատ է: Եօթը քոյր ու եղբայր ենք: Ես ընտանիքիս վրայ բեռ մըն էի: Գործարանի մը մէջ կ՚աշխատէի օրը 14 ժամ եւ կ՚առնէի 35 փարա: Հայրս զիս յանձնեց մէկու մը. ըսին թէ հոն շատ դրամ կայ: Կը կարծէի, թէ ֆրանսական վաճառատուն մը պիտի մտնեմ... բայց...: Գիշեր էր, առաջնորդս տուն մը տարաւ եւ ճաբոնցի ծեր կնոջ մը յանձնեց, ըսելով «Ահաւասիկ նորեկը, շոգենաւէն հիմա ելաւ, յոգնած է, թող հանգչի»: Ծերուկը սենեակ մը տարաւ զիս, հոն առանձին պառկեցայ ու երբ առտուն ար-թընցայ, դուրսը տան մէջ ժխոր մը, խնդումի, երգի ձայներ լսեցի: Աղջիկ մը ճաբոնական լկտի երգ մը կը նուագէր: Սենեակիս դուռը երգչուհին բացաւ ու զիս տեսնելուն պէս, երեսին գոյնը նետեց ու տրտմագին ըսաւ. «Խե՛ղճ աղջիկ, դո՛ւն ալ հոս ինկար, ինծի պէս դուն ալ պիտի տառապիս». «դո՞ւն ալ գործի համար եկած ես հարցուցի». «ի՜նչ գործ, ըսաւ երգչուհին, հոս բոզանոց մըն է. քեզ առաջնորդողը քեզ ծախեց, դրամը առաւ ու փախաւ. դուն ալ ինծի պէս պիտի չարչարուիս, շատ պիտի զղջաս բայց ի՞նչ օգուտ»:
Վերոյիշեալ աղջկան պատմութիւնը պատմութիւնն է հազարաւոր այն անմեղներուն՝ որոնք ակամայ յայտնուած են բոզանոցի մը մէջ՝ շատ անգամ նոյնիսկ առանց գիտնալու, թէ ո՛ւր կ՚երթան: Յաճախ բոզութիւնը որպէս չարութիւն եւ անբարոյութիւն կը նկատուի, առանց մտածելու, որ զիրենք այդտեղ առաջնորդող եւ գուցէ այսօր հանգստութեան մէջ ապրող դահիճներն ու անոնց ընթացքը շա՜տ աւելի չարութիւն ու անբարոյութիւն է՝ քան այդ անմեղներունը:
Այնքան ատեն որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի թշուառութիւն, գոյութիւն պիտի ունենայ չարութիւն ու անբարոյութիւն։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -136-
Տարիներ առաջ բարեկամ մը կը պատմէր իր առաջին փորձառութեան մասին... որ այնքան ալ լաւ աւարտ մը չէր ունեցած: Մէկ այլ բարեկամի մը հետ մուտք գործած էր հանրատուն եւ երիտասարդ աղջկայ մը հետ մի քանի գաւաթ ըմպած ու ժամանակ անցուցած էր:
Սենեակէն դուրս գալէ ետք նկատած է, թէ նոյն աղջիկը այլ տղու մը հետ մուտք կը գործէ այլ սենեակ... եւ վիրաւորուած. ինքզինք գործածուած ու նուաստացած զգացած էր. գուցէ անփորձառու հոգին կամայ-ակամայ կապուած էր անոր հետ եւ այդ մէկը յաւիտենական կապ մը ըլլալ կը կարծէր: Այդ օր հասկցած էր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ հանրակին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ