ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՎԿԱՆԵՐ
Կարգ մը հաւատացեալներ սրբադասուելով, այսինքն հանդիսաւորապէս հռչակելով, թէ անոնք առաքինութիւնները հերոսաբար գործադրեցին եւ Աստուծոյ շնորհքին հաւատարմութեան մէջ ապրեցան, Եկեղեցին կը ճանչնայ իր մէջ եղող սրբութեան Հոգիին զօրութիւնը, եւ կը հրահրէ հաւատացեալներուն յոյսը, սուրբերը իբրեւ տիպար եւ բարեխօս տալով անոնց։ Արդարեւ Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութեան դժուար շրջաններուն մէջ սուրբերն ու սրբուհիները վերանորոգումի եւ վերակենդանութեան սկզբնաղբիւր եղած են միշտ։ Ուստի սրբութիւնը թաքուն աղբիւրն է եւ անսխալական չափն ու կշիռը Եկեղեցւոյ առաքելական գործունէութեան ու քարոզչական թափին։
Իւրաքանչիւր մկրտեալ Եկեղեցիէն կը սորվի սրբութեան օրինակը՝ անոր տիպարը եւ աղբիւրը կը տեսնէ սուրբերուն մէջ, զանոնք կը նշմարէ վաւերական վկայութեան մէջ անոնց՝ որոնք կ՚ապրին զանոնք։ Արդարեւ «Բարոյական կեանքը հոգեւոր պաշտամունք» մըն է։
Սուրբերուն հաղորդութեան հոգեւոր բարիքները կը կոչուի «Եկեղեցւոյ գանձ»։ Եւ այս «գանձ»ին մաս կը կազմեն իսկապէս անհուն, անչափ, անկշռելի եւ մշտանորոգ արժէքներ, որ ունին Աստուծոյ մօտ աղօթքներն ու բարի գործերը սուրբերուն՝ որոնք Քրիստոսի շնորհքով իրենք զիրենք սրբացուցին՝ հետեւելով Անոր հետքերուն եւ այսպէս՝ Աստուծոյ հաճելի գործ կատարեցին։
Եկեղեցին կը դաւանի սուրբերուն հաղորդութիւնը. արդարեւ սուրբերուն հաղորդութիւնը ճիշդ ու ճի՛շդ Եկեղեցին է, քանի որ բոլոր հաւատացեալները մէկ մարմին կը կազմեն, ուստի մէկուն բարիքը կը փոխանցուի միւսին, մէկուն սրբութիւնը՝ միւսին։ Պէ՛տք է ուրեմն հաւատալ, թէ «բարիքներու հաղորդութիւն»ը իրողութիւն մըն է Եկեղեցւոյ մէջ։ Բայց կարեւորագոյնը Քրսիտոս Ի՛նքն է, քանի որ Եկեղեցւոյ գլուխը Ի՛նք է եւ Անոր բարիքն ու սրբութիւնը հաղորդուած է բոլոր անդամներուն։ Եւ այս հաղորդութիւնը կը կատարուի Եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդներուն միջոցով, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Ի՛նչ որ սուրբ է՝ սուրբերու համար է։
«Սուրբերուն հաղորդութիւն» եզրը, այնուհետեւ ունի իրարու սերտօրէն կապուած երկու նշանակութիւն. հաղորդութիւն սուրբ բաներուն՝ «սրբութիւններ» եւ հաղորդութիւն սուրբ անձերուն՝ «սուրբեր»։
Սիրով կատարուած ամենադոյզն գործին օգտակարութիւնը բոլորին վրայ կ՚արձագանգէ՝ ողջ կամ վախճանած բոլոր մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող համընկերութեան զօրութեամբ, որուն հիմնակէտը «սուրբերուն հաղորդութիւն»ն է։ Ամէն մէկ մեղք կը վնասէ ու կը վիրաւորէ այս հաղորդութիւնը։
Ինչպէս որ քրիստոնեաներուն միջեւ երկրի վրայ հաղորդութիւնը մարդս դեռ աւելի՛ կը մօտեցնէ Քրիստոսի, նո՛յնպէս ալ սուրբերու հետ մարդուս հասարակութիւնը անոնք Քրիստոսի կը միացնէ, որմէ՝ իբրեւ անոնց գլուխէն՝ առաջնորդող անձէն կը բխի Աստուծոյ ժողովուրդին ամէն շնորհք ու կեանք։
Եւ ահաւասիկ սուրբերու եւ սրբութեան տիպար մը՝ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ մեզի աւանդուած։
«Քառասուն Մանուկներ» կամ «Քառասուն վկաներ» Կապադովկիայի կայսերական գունդէն զինուորներ էին՝ որոնք հաւատով քրիստոնեայ էին։ Անոնք երբ Սեբաստիա կը գտնուէին, Լիւսիաս Կեսարիոյ դուքսը, հրաման ստացաւ Լիկիանոսէ, քննել՝ թէ քրիստոնեաներ կա՞ն բանակին մէջ։
Այս պատուէրին ընդառաջելով քառասուն զինուորներ հաւատի քննութեան ենթարկուեցան։ Անոնք այս քննութեան ընթացքին անվախ ու յանդուգն պատասխաններ տուին եւ չուրացան իրենց հաւատքը։
Այս սուրբ եւ փառաւորեալ «քառասուն վկաներ»ու անուններն են՝ Դոմետիանոս, Կէորղիոս, Վաղէս, Եւտիդէս, Հէոսիքոս, Նոյիկոս, Ելիանոս, Փլավիոս, Սպառագդու, Քսանթիոս, Սիսիանոս, Ղեւոնտիոս, Մելիտոն, Սեւերիանոս, Փիլիկտիմոն, Անկէաս, Իրակլիոս, Եկդիաս, Կիպփոն, Աւետիս, Աղեքսանդոս, Ակակիոս, Վաղերիոս, Նիկոդայոս, Եւտիգէս, Բիբիանու, Յովհաննէս, Քուդիմոս, Լուսիմաքոս, Գայիոս, Ագղիոս, Իլիոգոս, Գոմնիոս, Աթանասիոս, Պրիսկոս, Կանդիտոս, Սակերդոն, Գորգիանոս, Ադդավիդու, Գրատիանոս, Թէոդուլոս, Թէոփիլոս։
Անոնք երբ չուրացան իրենց քրիստոնեայ հաւատքը՝ քննիչ դատաւորը զիրենք բռնադատեց ուրանա՛լ Քրիստոսը, զոհ մատուցանել կուռքերուն եւ ուրանալ ու հեռանալ Քրիստոսէն։ Զանազան մեղմիչ խօսքերով եւ երբեմն ալ սպառնալիքներով համոզելու աշխատեցան։ Յետոյ սուրբերը նետուեցան արգելանոց, զնտան։ Բանտին մէջ Քրիստոս երեւեցաւ անոնց եւ քաջալերեց զանոնք։ Ութ օր յետոյ եկաւ Կեսարիայի դուքսը՝ որ իշխանի եւ կոմսի միջեւ ազնուական մըն է, քննիչ դատաւորին հետ եւ ատեան նստաւ։
Սուրբերը բերին անոնց ներկայութեան։ Անոնք միասնաբար դաւանեցան Քրիստոսը որպէս Աստուած եւ պարսաւեցին կռապաշտներու անաստուած մոլորութիւնը։
Դուքսը հրաման արձակեց քարերով հարուածել սուրբերու բերանները։ Սակայն քարերը չէին դպչեր իսկ անոնց բերաններուն, այլ ետ գալով՝ նետողները կը հարուածէին։ Իրապէս հրա՜շք մըն էր ասիկա։
Դուքսը աւելի մեծ քար մը նետել փորձեց, բայց այդ ալ ետ գալով վիրաւորեց անոր երեսը։
Եւ դարձեալ բանտարկեցին սուրբերը։ Գիշերը երբ կ՚աղօթէին սուրբերը, անոնց երեւեցաւ Քրիստոս եւ ըսաւ.
«Ով որ հաւատայ ինծի, թէպէտեւ մեռնի՝ կ՚ապրի՛։ Ուստի զօրացէ՛ք եւ մի՛ վախնաք անոնց չարչարանքներէն, քանի որ անոնք ժամանակաւոր են։ Քիչ եւս համբերեցէ՛ք եւ պիտի ընդունիք երկնաւոր պսակը»։
Սուրբերը խոնարհեցան եւ երկրպագեցան Քրիստոսի, եւ գոհութեամբ փառք տուին Իրեն։ Իսկ Քրիստոս Փրկիչը քաջալերեց զիրենք եւ աներեւութացաւ դէպի երկինք։
Եւ յաջորդ օրը սուրբերը դարձեալ ներկայացուցին դատաւորին՝ ստիպելով եւ սպառնալով ուրանալ Քրիստոսը։
Մանուկները կը պատասխանէին ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ հաստատամտութեամբ. «Ինչ որ ընելու էք, շուտով ըրէք, որովհետեւ մենք Քրիստոսը երբեք չենք ուրանար եւ զոհ չենք մատուցաներ կուռքերուն՝ ձեր չաստուածներուն»։
Սաստիկ բարկացան դուքսը եւ դատաւորը։ Սուրբերը դատապարտեցին եւ անոնց ձեռքերը վիզերուն եւ ճիտերուն կապեցին, մերկացուցին եւ տարին նետեցին քաղաքին մօտ գտնուող լիճը։
Իսկ սուրբերը քաջօրէն կ՚ըսէին. «Պինդ եւ զօրաւոր կեցէ՛ք, եղբայրնե՜ր, որովհետեւ անոնք կը պայքարին մեզի հետ երեք հոգիով՝ դուքսը, դատաւորը եւ սատանա՛ն, իսկ մենք քառասունս՝ Քրիստոսի օգնականութեամբ։ Կը յաղթենք անոնց»։
Սուրբերը, լիճին մէջ այսպէս կ՚օրհնէին ու կը փառաբանէին զԱստուած։ Մինչ ցուրտ օդին պատճառով սառեցաւ լիճին ջուրը, եւ սառոյցներ պատեցին սուրբերու մարմինները։
Եւ գիշերուան առաջին պահերէն մինչեւ առաւօտ հոսեցաւ իրենց արիւնը, բայց սուրբերը չդադրեցան աղօթելէ եւ զԱստուած փառաբանելէ։ Անոնցմէ մէկը չկարողացաւ դիմանալ սաստիկ ցուրտին եւ ելաւ լիճէն ու մտաւ բաղնիք՝ որ լիճին եզերքը պատրաստուած էր, բայց ան բաղնիքի ջերմութեան պատճառով, քիչ յետոյ արդէն լկուեցաւ, այսինքն ջուր դարձաւ։
Գիշերուայ երրորդ պահուն, յանկարծ, արեւը ծագեցաւ սուրբերուն վրայ, կարծես թէ եղանակը ամառ ըլլար։ Եւ ջերմութենէն լիճին սառերը հալեցան։ Այդ պահուն տեսնուեցաւ 39 պսակներ՝ որոնք կ՚իջնէին սուրբերուն վրայ, քանի որ 40-րդը, որ փախչած, խոյս տուած էր լիճէն, զրկուած էր պսակէն։ Երբ հսկող զինուորներէն մին տեսաւ ասիկա, մերկացաւ եւ դէպի լիճ վազեց եւ աղաղակեց.
«Ես ալ քրիստոնեայ եմ»։
Եւ առաւօտեան դէմ սուրբերուն մարմինները եզերք հանեցին եւ հաստ գաւազաններով ու լախտերով կոտրեցին ու փշրեցին անոնց ոսկորները։ Ասկէ յետոյ վերջնականապէս բարի հաւատով՝ սուրբերը իրենց հոգիները Աստուծոյ աւանդեցին։ Այս սուրբերուն մէջ Մելիտոն անուն պատանի մը տակաւին ողջ էր։ Զայն հսկողները խոստացան զինք դարմանել, հաւաստիացուցին վերակենդանացնել։
Բայց Մելիտոնի մայրը մօտենալով իր զաւկին սկսաւ աղաչել ու խրատել անոր՝ ըսելով. «Իմ սիրելի, քաղցրիկ որդի, քիչ մը եւս համբերէ եւ պիտի միանաս սուրբերուն։ Զօրացի՛ր, իմ սիրելի որդի, մի՛ վախնար, եւ ահա Քրիստոս կը հասնի քեզի օգնութեան, քաջ եղիր եւ հաւատա՛»։
Բոլոր սուրբերը դրուեցան կենդանիներէ քաշուած կառքի մը վրայ եւ տարին այրելու՝ բացի Մելիտոնէն։
Մարմինները Ալիս գետի մօտ տարին եւ այրեցին, իսկ մնացեալ ոսկորները մոխիրի հետ գետը սփռեցին։
Անոնց մէջ էր Մելիտոն՝ որ իր հոգին աւանդած էր կառքին մէջ արդէն։
Հոգեւորական մը երազի մէջ տեսաւ, թէ գետին ո՛ր մասին վրայ ափունք ելած են սուրբերուն ոսկորներու նշխարները, հաւաքեց եւ ամփոփեց զանոնք մեծ պատուով՝ 316 թուականին։
Այսպէս, Քառասուն վկաներ հաւատի հաստատամտութեան եւ հաստատակամութեան օրինակ մը հանդիսացան։
Քառասուն մանուկներ եղան սուրբեր, տիպարներ…։
Ծիսական տարիին անշարժ օրերուն մէջ սուրբերուն յիշատակը տօնակատարելով, երկրաւոր Եկեղեցին ցոյց կու տայ, թէ ինք միացած է երկնային ծիսակատարումին. ան կը փառաւորէ Քրիստոսը, որ Իր փրկչագործութիւնը իրականացուց Իր փառաւորեալ անդամներուն մէջ, որոնց օրինակը խրախոյս է դէպի Հայրը ուղղուած Եկեղեցւոյ ճանապարհին վրայ։
Արդարեւ կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Խաչէն։ Չկա՛յ սրբութիւն առանց անձնուրացութեան, առանց զոհողութեան եւ առանց հոգեւոր պայքարի։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը եւ հասունութիւնը կ՚ենթադրէ «ճգնողական կեանք»ը եւ մահացուցումը, որոնք աստիճանաբար մարդը կ՚առաջնորդեն ապրելու խաղաղութեան եւ երանութիւններուն ուրախութեան մէջ։
Մեր խորհրդածութիւնները վերջացնենք Սուրբ Գրիգոր Նիւսացիի խօսքերով։
«Ան որ կը բարձրանայ երբեք չի դադրիր սկզբնաւորութենէ դէպի սկզբնաւորութիւն երթալէ, անվերջ սկսումներով։ Բարձրացողը երբեք չի՛ դադրիր իր արդէն գիտցածը բաղձալէ»։
Ուստի սրբարար շնորհքը ձրի պարգեւն է Աստուծոյ կեանքին եւ այդ սրբարար շնորհքը մարդս հաճելի կ՚ընէ, շնորհալի կը դարձնէ Աստուծոյ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 26, 2016, Իսթանպուլ