ՄԱՐԴՆ ԱԼ ՈՒՆԻ ԲՆԱԶԴ
Ոչ միայն անասուններուն մէջ կան բնազդներ, այլ նաեւ մարդուն մէջ՝ որ խօսուն են եւ իմաստուն։ Այսպէս, ուրեմն, երբ աչքը «կը խաղայ»՝ բնազդով նոր մէկը տեսնելու նշան է, կ՚ըսեն. եւ անոր կարեւորութիւն կու տան յաճախ։ Երբ զիստին կամ ուրիշ անդամներու միսը խաղայ՝ ձի հեծնելու կամ ազնիւ զգեստներ հագնելու, կամ սիրելիի մը պատահելու, կամ ծեծ ուտելու նշան է, կ՚ըսեն։ Նոյնպէս, երբ ոտքը կճում կ՚ունենայ, կամ ձեռքը, առաջինը, կ՚ըսեն նշան է ճամբորդութեան, իսկ երկրորդը՝ բան մը առնելու մէկէն կամ տալու մէկու մը։ Նոյնպէս փռնգտալը, լեզուն խածնելը, ականջին «խօսիլը», կոկորդին կճելը՝ ոչ թէ «դեւ»ի մը կողմէ կ՚ըլլայ, այլ այն բնազդէն՝ զոր Արարիչը տնկած է անդամներուն մէջ, որպէսզի երբ մարդ խոհեմական զգուշաւորութեան մէջ եղծանի, բնազդումով պատսպարուի։
Եւ յօրանջելը եւ ձգտիլը՝ յառաջ երկարիլը, ինչպէս ոմանք կը կարծեն, ոչ թէ «դեւ»էն՝ այլ մարմնի մեղկութենէն եւ թուլութենէն կու գայ։ Ասոր համար ստէպ յօրանջելու եւ ձգտելու պատճառը՝ հմուտ բժիշկներ մաղասի՝ թանձր թուքի մթերուիլը՝ հաւաքուիլը կը նկատեն եւ փորձն ալ ցոյց կու տայ, քանի որ երբ մէկը ստէպ կը յօրանջէ՝ դող կու գայ ոսկորներուն վրայ եւ սարսուռներ կը քալեն անդամներուն մէջ։ Եւ ոչ ալ փռնգտալը «դեւ»էն է, այլ կա՛մ ցուրտէն կամ ուրիշ բնազդեցութենէ մը։
Նաեւ հառաչելը արդիւնք է երբեմն բան մը յիշելուն եւ երբեմն ալ կ՚ըլլայ առանց մէկը յիշելու։ Եւ թէ՝ բնազդմունք են եւ ոչ թէ դեւերէ, յայտնի է անով, որ անասուններու բնութեան մէջ ալ կը գտնուին նոյները։ Եւ հառաչելը երբ կ՚ըլլայ առանց մէկը կամ բարի բան մը կամ վիշտ մը յիշելու՝ բնազդմունք է՝ մէկը Աստուծոյ երկիւղին տակ ամփոփելու եւ իր բնութեան տկարութիւնը եւ ընդհանրապէս թերի կողմերը ճանչցնելու համար անոր։
Եւ երբ հառաչանքը՝ հեծեծանքը յիշողութեամբ ըլլայ, արդիւնք է սիրելիի սիրոյն կամ անարժան եւ վնասակար գործերու վրայ զղջալու։ Ինչպէս երբ մէկը արթնութեան ատեն ծուլանայ, գիշերային երազներով վախէն կը կծկուի։
Եւ երազներն ալ ունին այլ եւ այլ պատճառներ…
- Եզնկայ «Եղծ Աղանդոց»ի Ջատագովութիւն Աստուծոյ Ճշմարտի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024