ԲԱՐՁՐ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մար­դիկ միշտ պատ­րաստ են գո­վել եւ պա­տուի­րել բարձր ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ։ Ար­դա­րեւ, հին շրջա­նի փի­լի­սո­փա­ներ գրած են ճա­ռեր՝ ո­րոնց­մով կը պա­հան­ջեն ի­րենց եւ ի­րենց քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն վրայ տես­նուա­ծէն եւ կար­ծուա­ծէն շատ ա­ւե­լի ազ­նուա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ։ Մարդ­կա­յին կեան­քի ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ այս ի­րո­ղու­թեան՝ ինչ որ ճշմա­րիտ է ա­սի­կա։ Ա­նոնք միշտ կը սոր­վեց­նեն հա­սա­րա­կէն ա­ւե­լի բարձր բա­րո­յա­կա­նու­թիւն մը, ա­ռա­քի­նու­թիւն մը։

Եւ ի­րա­պէս հարց է, թէ՝ մարդ կրնա՞յ այդ­քան բարձր մա­կար­դա­կով բիւ­րե­ղա­ցած բա­րո­յա­կա­նի մը տէր ըլ­լալ։

Ե­թէ ըլ­լար կամ պա­տա­հած ըլ­լար, թե­րեւս մենք սա պա­հուս բո­լո­րո­վին տար­բեր նիւ­թով մը պի­տի զբա­ղէինք եւ բա­րո­յա­գէտ­ներ պի­տի չտքնէին բա­րո­յա­գի­տա­կան ճա­ռեր ար­տա­սա­նե­լով՝ մար­դի­կը բա­րո­յա­կան բարձր մա­կար­դա­կի հրա­ւի­րել։ Մարդ, բա­րո­յա­կա­նի տէր՝ ազ­նիւ եւ ա­ռա­քի­նի էակ մը պի­տի ըլ­լար եւ ո՛չ մէկ հար­ցի, ո՛չ մէկ ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան պի­տի յու­զուէր, խա­ղաղ եւ անխ­ռով կեանք մը պի­տի վա­րէր մարդ­կու­թիւ­նը…։

Բայց գե­ղե­ցիկ, ա­նո՜ւշ ե­րա՛զ մըն է ա­սի­կա։

Մարդ տա­կա­ւին չէ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած, շատ մը թե­րու­թիւն­ներ, տկա­րու­թիւն­ներ ու­նի, ո­րոնք ար­գե՛լք են իր թէ՛ բա­րո­յա­պէս, թէ՛ հո­գե­պէս կա­տա­րեալ, ան­թե­րի էակ մը ըլ­լա­լուն։ Եւ մարդ­կու­թիւ­նը տա­կա­ւին պա­հանջ­քը կը զգայ բա­րո­յա­գէտ­նե­րու խրատ­նե­րուն։

Ը­սինք, հին շրջան­նե­րու ի­մաս­տա­սէր­ներ կը պա­հան­ջէին կա­րե­լիէն ա­ւե­լի բարձր բա­րո­յա­կան, ազ­նուու­թիւն մարդ էա­կէն՝ որ ար­դէն կը պայ­քա­րի ո՛չ միայն իր շուր­ջին հետ այս մա­սին, այլ եւ մա­նա­ւանդ ինքն ի­րեն հետ։

Եւ բա­րո­յա­կա­նի տե­սա­կէ­տէ՝ մար­դուս իր իսկ «Ես»ին հետ ու­նե­ցած պայ­քա­րը ան­վե՛րջ է։

Ե­թէ Նոր Կտա­կա­րա­նի հե­ղի­նակ­նե­րը փի­լի­սո­փա­յու­թիւն սոր­ված ըլ­լա­յին, զար­մանք պի­տի չպատ­ճա­ռէր ա­սի­կա՝ տես­նե­լով թէ ա­նոնք սոր­վե­ցու­ցին հա­սա­րակ մար­դոց ու­նե­ցա­ծէն շատ ա­ւե­լի բարձր բա­րո­յա­կա­նու­թիւն մը։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ընդ­հան­րա­պէս «տգէտ մար­դիկ» էին ա­նոնք, բայց եւ այն­պէս ա­նոնց խրատ­նե­րը, պա­տուէր­նե­րը եւ կամ սկզբունք­նե­րը ո՛չ միայն մար­դոց գոր­ծադ­րա­ծէն, այլ եւ ըն­դու­նե­լի հա­մա­րա­ծէն ալ ա­ւե­լի վե՛ր էին։

Ուս­տի Ա­ւե­տա­րա­նը կը պա­տուի­րէ ու­նե­նալ այն­պի­սի վարք մը՝ որ ո՛չ միայն լա­ւա­գոյն է քան՝ զոր մար­դիկ կ՚ըն­դու­նին իբ­րեւ «բա­րի վարք», այլ եւ շատ ան­գամ հա­կա­ռա՛կ է ա­նոնց գա­ղա­փար­նե­րուն։

Ար­դա­րեւ, չար­չա­րանք­նե­րու, հա­լա­ծանք­նե­րու համ­բե­րել, յան­ցան­քը, նոյ­նիսկ վնաս պատ­ճա­ռէ, նե­րել, հեզ, խո­նարհ եւ հնա­զանդ հո­գի ու­նե­նալ, բո­լոր ա­սոնք սկզբունք­ներ են՝ որ միայն չէին գոր­ծադ­րեր մար­դիկ, այլ նաեւ չէի՛ն սի­րեր եւ հա­մակ­րեր։

Ա­ւե­տա­րա­նը ո՛չ միայն կը սոր­վեց­նէ այս­պի­սի պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ, պար­տադ­րու­թիւն­ներ, այլ եւ կը պա­հան­ջէ, որ մար­դիկ ու­նե­նան զի­րենք նուաստ վար­մունք եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէ ե՛տ պա­հող վսեմ հո­գի մը։

Մար­դոց բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ գա­ղա­փար մըն էր ա­սի­կա եւ ըստ աշ­խար­հի ընդ­հա­նուր կար­ծի­քին, այս­պի­սի հո­գի մը չի կրնար ու­նե­նալ խո­նար­հու­թիւն, հա­մես­տու­թիւն, համ­բե­րա­տա­րու­թիւն եւ ու­րիշ այս­պի­սի ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ՝ որ կը պա­հան­ջէ Սուրբ Գիր­քը։

Բաց աս­տի, Սուրբ Գիր­քը կը ջա­նայ նաեւ կա­նո­նա­ւո­րել մար­դոց «խոր­հուրդ­ներ»ը եւ «շար­ժա­ռիթ­ներ»ը. եւ այս բո­լո­րէն ա­ռաջ կը պա­հան­ջէ, որ ա­նոնք Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մա­ձայն ըլ­լան։ Ժո­ղո­վուր­դը խա­բել ու­զող չար մար­դիկ չէին կրնար այս­պի­սի սկզբունք­ներ սոր­վեց­նել, յոր­դո­րել։ Եւ ե­թէ այս սկզբունք­նե­րուն հե­ղի­նա­կը ստու­գա­պէս Աս­տուած՝ Ի՛նք չըլ­լար, բա­րի մար­դիկ եւս երբ կը սոր­վեց­նէին այս սկզբունք­նե­րը, չէին ը­սեր թէ Աս­տուծ­մէ ի­րենց փո­խան­ցուե­լով կը պա­տուի­րեն ա­սոնք, ինչ­պէս կ՚ը­սեն Սուրբ Գիր­քի հե­ղի­նակ­նե­րը՝ թէ աս­տուա­ծա­շունչ պա­տուէր­ներ եւ ճշմար­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ են ա­նոնք։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է որ Սուրբ Գիր­քը՝ «Աս­տուա­ծա­շունչ» կը կո­չուի։ Ա­պա ու­րեմն բա­ցա­յայտ կեր­պով ո­րոշ է, թէ «մարդ­կա­յին» չէ՛ Սուրբ Գիր­քի բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը։

Սուրբ Գիր­քի բա­րո­յա­կա­նու­թեան մէջ ու­րիշ յատ­կու­թիւն­ներ ալ կը գտնուին, որ ինք­նին ճշմա­րիտ, միան­գա­մայն նշա­նա­կա­լից են։ Ուս­տի հոն մեղ­քե­րու հա­մար միշտ ը­սուած է, թէ՝ ա­նի­կա «չա­րու­թիւն է Աս­տու­ծոյ դէ՛մ»։ Եւ ա­մէն բա­րի բա­նե­րու գո­վու­թիւ­նը միշտ Աս­տու­ծոյ միայն կը պատ­կա­նի եւ ո՛չ մարդ­կա­յին ո­րե­ւէ մի­ջո­ցի կամ պատ­ճա­ռի։ Ա­ռա­ջի­նը, այ­սինքն՝ վար­դա­պե­տու­թիւ­նը թէ «մեղ­քը չա­րու­թիւն է Աս­տու­ծոյ դէմ», չի հա­մա­ձայ­նիր հե­թա­նո­սա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թեան հետ։ Ուս­տի Կի­կե­րոն կ՚ը­սէ, փի­լի­սո­փա­նե­րուն ընդ­հա­նուր սկզբունքն է, թէ Աս­տուած եր­բեք չի բար­կա­նար, ոչ ալ մար­դուս վնաս կը հասց­նէ եր­բեք։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, Սուրբ Գիր­քի վար­դա­պե­տու­թեան մէջ կայ բազ­մա­թիւ վկա­յու­թիւն­ներ՝ ուր մեղ­քի փո­խա­րէն պա­տու­հաս կը տես­նուի, այ­սինքն մեղ­քը պատ­ժուած է Աս­տու­ծոյ կող­մէ։

Երկ­րոր­դը՝ որ է Աս­տու­ծոյ միա՛յն տալ ա­մէն գո­վեստ եւ ո՛չ մար­դու, կա­րե­լի չէ հա­մա­պա­տաս­խա­նել «մարդ­կա­յին սրտին բնա­կան յօ­ժա­րու­թեան» հետ։

Խա­բե­բայ մէ­կը սո­վոր է յայ­տա­րա­րել միշտ, թէ ինք «մեծ մէկն է»։ «Նոյն քա­ղա­քին մէջ կար Սի­մոն ա­նու­նով մէ­կը՝ որ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր այն­տեղ էր եւ կա­խար­դու­թիւն ը­նե­լով կ՚ապ­շեց­նէր Սա­մա­րա­ցի­նե­րը. պզտի­կէն մեծ բո­լորն ալ ա­նոր վրայ հիա­ցած, կ՚ը­սէին.- Այս մար­դը ին­քը՝ Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թիւնն է, որ Մեծ Զօ­րու­թիւն կը կո­չուի» (ԳՈՐԾ. Ը 9-10)։ Իսկ բո­լոր Սուրբ Գիր­քի մե­ծա­գոյն նպա­տակն է մար­դոց խոր­հուրդ­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դել առ Աս­տուած միա՛յն։ Եւ դար­ձեալ Սուրբ Գիր­քի վկա­յու­թեան հա­մա­ձայն, այս­պէս ը­րած է. Մով­սէս, Յե­սու, Դա­նիէլ, Նէե­միա, Պետ­րոս եւ Յով­հան­նէս, Պօ­ղոս։

Եւ դար­ձեալ Սուրբ Գիր­քը կը վկա­յէ, թէ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րեշր­ջու­մը եւ յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը, բնու­թեան հա­սա­րակ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն իսկ Աս­տու­ծոյ կամ­քով եւ Ա­նոր հրա­մա­նով կ՚ի­րա­կա­նա­նան՝ որ­պէս­զի մար­դոց միտ­քը եւ սիր­տը Աս­տու­ծոյ ուղ­ղուին։

Ար­դա­րեւ, Աս­տուա­ծա­շուն­չը ա­մէն հնա­զան­դու­թեան սկիզ­բը եւ հի­մը կը հա­մա­րէ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ հա­ւատ­քը, Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տալ Ա­նոր ստո­րո­գե­լի­նե­րուն ան­սահ­ման կա­տա­րե­լու­թեան, Ա­նոր պա­տուէր­նե­րուն ար­դա­րու­թեան, Ա­նոր բա­ցար­ձակ ի­մաս­տու­թեան, Ա­նոր ան­հուն սի­րոյն եւ կը պա­հան­ջէ, որ մար­դիկ զգան եւ ճանչ­նան, թէ Աս­տուծ­մէ կա­խում ու­նին ար­դա­րու­թիւն գոր­ծե­լու զօ­րու­թեան հա­մար, այն­պէս որ Ա­նոր օգ­նու­թեամբ ա­մէն ինչ կրնան ը­նել, իսկ ա­ռանց Ա­նոր կամ­քին եւ օգ­նու­թեան՝ ո՛­չինչ։

Այս կէ­տին՝ դի­տո­ղու­թեան ար­ժա­նի են նաեւ Սուրբ Գիր­քի մա­տե­նա­գիր­նե­րուն պար­զու­թիւ­նը եւ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, այս­պի­սի բնա­ւո­րու­թեան էու­թիւ­նը դժուա­րաւ կը տես­նուի «մո­լե­ռանդ» կամ խա­բե­բայ մար­դոց վրայ։ Աս­տուա­ծա­շուն­չի մա­տե­նա­գիր­նե­րը հա­մար­ձա­կօ­րէն եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ կը հրա­պա­րա­կեն ի­րենց ժո­ղո­վուր­դին մեղ­քե­րը. «Ձեզ ճանչ­ցած օ­րէն ի վեր Տէ­րո­ջը անհ­նա­զա՛նդ էք», կ՚ը­սէ Մով­սէս…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 30, 2017, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017