ՅԱԿՈԲ Բ ՆԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ (1741-1749 ԵՒ 1752-1764)
Ինչպէս մեր նախորդ գրութիւններուն մէջ յիշեցինք, Յովհաննէս Թ Կոլոտ Բաղիշեցիի 13 Փետրուար 1741 թուականին վախճանման երկրորդ օրը Յակոբ Վարդապետ Նալեան Պատրիարք կոչուեցաւ, քանի որ 1739 թուականին Կոլոտ Պատրիարք հրաժարած էր եւ Աթոռը յանձնած՝ իր կարող աշակերտին՝ Յակոբ Վարդապետին։
Յակոբ Վարդապետ յայտնի էր իր բազմաթիւ մեկնական-կրօնական գրուածքներով եւ Հայ Եկեղեցիի վարդապետութեան ջատագովութեամբ։ Յակոբ Բ Զիմառացի Նալեան Պատրիարք «խաղաղասէր ընթացք» ունէր դէպի Հայ Կաթոլիկներուն, բայց երբ անոնք փորձեցին թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ Անկիւրիայի հայոց եկեղեցիները ձեռք անցընել, այն ժամանակ ան ալ խստութեամբ վարուեցաւ անոնց հետ եւ Օսմանեան Կառավարութեան միջոցով վերադարձուց եկեղեցիները 1744 թուականին։
Յակոբ Պատրիարք Հայ ժողովուրդին համակրութիւնը մեծապէս կը վայելէր իր հմտութեան ու սրբակեցութեան պատճառով, բայց գտնուեցան եւ անոր հակառակող անձեր։ 1749 թուականին Երուսաղէմէն Պոլիս եկաւ Պրոխորոն Վարդապետ, որ իրեն կողմը գրաւելով մի քանի ազդեցիկ անձնաւորութիւններ՝ Յակոբ Պատրիարք Նալեանը գահընկէց ըրաւ եւ եպարքոսի (եպարքոս=փոխարքայ. «վէզիր») գիտութեամբ պատրիարք դարձաւ. (Պրոխորոն Ա Սիլիստրեցի. 1749)։
Բայց ան հազիւ 7 օր իշխանութիւն վարեց. ժողովուրդը չափազանց հակառակեցաւ ու թշնամացաւ այս «գահախնդիր» եկեղեցականի դէմ եւ պատրիարքական աթոռէն մեծ անարգանքով զրկեց զայն։
Եւ սակայն հայ «մեծամեծ»ները աւելի նպաստաւոր համարեցին՝ որ Յակոբ Վարդապետ Նալեանը եւս Պատրիարք չըլլայ, եւ զայն նոյն իշխանութեամբ Երուսաղէմ ուղարկելով՝ Սուրբ Կարապետի վանքի վանահայր Ակնեցի Մինաս Վարդապետը (յետոյ Կաթողիկոս, Մինաս Ակնեցի. 1751-1753) Պոլիսի Պատրիարք կարգեցին. (Մինաս Ա Ակնեցի. 1749-1751)։ (Ակն=Էկին)։ Բայց Յակոբ Վարդապետ Նալեան մի՛շտ կը ձգտէր իր նախկին իշխանութիւնը ստանալ, եւ իր այս նպատակին հասաւ նշանաւոր Ակնցի Եագուբ ամիրայի միջոցով՝ որ իր մտերիմ բարեկամն էր եւ իր կրօնասիրութեամբ ե՛ւ հարստութեամբ շատ հռչակուած։ Ուստի եւ Եագուբ աղա Յովհաննիսեան Յակոբ Վարդապետ Նալեանը կրկին Պոլիս բերաւ եւ Պատրիարք կարգեց՝ 16 Մայիս 1752 թուականին։
Իր երկրորդ պատրիարքութեան ժամանակ թէեւ Յակոբ Պատրիարք Նալեան երկու անգամ Կաթողիկոս դառնալու հրաւէր ստացաւ, բայց չկամեցաւ բաժնուիլ իր ա՜յնքան սիրած պատրիարքական Աթոռէն, զոր ձեռք ձգելու համար աշխատած էր եւ միշտ խէթ (Խէթ=կասկած, երկիւղ, խոժոռ նայուացք) աչքով կը նայէր անոնց վրայ, որոնց մասին կը կասկածէր, թէ իր Աթոռը յափշտակելու կը ձգտին։ Ուստի իր դասակից Սարաֆեան Եպիսկոպոսը աքսորել տուաւ այն պատճառով՝ թէ ան «ֆրէնկութեան» յարած է, ինչպէս որ Սահակ Ահագին Եպիսկոպոսը ներկայացուցած էր։
Այս ժամանակներու ընթացքին Կաթոլիկութիւնը շարունակ նոր հետեւողներ կը վաստկէր եւ բազմաթիւ հայ եպիսկոպոսներ իսկ հաւատափոխ կ՚ըլլային։
Դաւանափոխութեան այս հանգամանքը բնականօրէն «թշնամութիւն» ստեղծեց հայ եկեղեցիի դաւանութեան նախանձախնդիր անդամներուն մէջ, ինչպէս էին՝ Բալուեցի Մանուէլ Քահանան, Ակնցի Աբրահամը եւ Սափրիչ Յովհաննէս Ագուլեցին՝ որոնք բուռն ուժով սկսան «կաթոլիկացած» դաւանափոխ հայերու դէմ մաքառիլ եւ Յակոբ Պատրիարք Նալեանն եւս դրդել, որ անոնց հետ խստութեամբ վարուի. (1761 թուականին)։ Եւ երբ Պատրիարքը անլսող գտնուեցաւ անոնց խիստ պահանջներուն դէմ, յիշեալ անձերը անոր դէմ իսկ ըմբոստացան, այնպէս որ Յակոբ Պատրիարք Նալեան Պոլիսէն արտաքսել տուաւ Բալուեցի Մանուէլ Քահանան։
Զգալով իր մօտալուտ մահը՝ (19 Յուլիս 1764)՝ Յակոբ Պատրիարք Նալեան «մեծամեծ»ներէն ժողով գումարեց եւ պատրիարքութիւնն առաջարկեց Պրուսայի Սամուէլ Եպիսկոպոսին. երբ ան հրաժարեցաւ՝ նոյն «պաշտօն»ը ստիպմամբ յանձն առաւ Գրիգոր Վարդապետ Պասմաճեանը. (Գրիգոր Գ Պոլսեցի. 1764-1773)։
Գրիգոր Վարդապետ Պասմաճեան՝ որ Երուսաղէմի «վէքիլ»ն էր (փոխանորդ), պաշտօնը ստանձնեց 30 Նոյեմբեր 1764 թուականին։ Գրիգոր Պատրիարքի առաջին գործերէն մէկը եղաւ Աստապատցի Աբրահամ Եպիսկոպոսը Պոլսէն արտաքսել եւ Սիմէոն Կաթողիկոսի (Սիմէոն Ա Երեւանցի. 1763-1780) փոխանորդ կարգելու առաջարկութիւնը մերժել։ Դէպի կաթոլիկութիւն հակամէտ ըլլալով՝ Գրիգոր Գ Պոլսեցի Պատրիարքը կողմանի կերպով նպաստեց անոր տարածման եւ զարմանալի չէ, որ՝ ան հակառակութիւններ կրեց թէ՛ նշանաւոր աշխարհական անձերէ եւ թէ հոգեւորականներէ, որոնցմէ պէտք է յիշել Բալուեցի Մանուէլ Քահանան, որ Յակոբ Պատրիարք Նալեանի վախճանմանէ յետոյ կրկին Պոլիս էր դարձած։ Որքան ալ որ իր «Յիշատակարան»ի մէջ Գրիգոր Պատրիարք «սեւ գոյներ»ով կը ներկայացնէ իր հակառակորդները եւ զինք «անմեղ» կը ձեւացնէ, պէտք է սակայն աւեցնել, թէ հակառակորդները իրաւացի՛ էին, երբ կը մեղադրէին, թէ ան ամբողջ ազգը «լատինացուցած» է, թէ Հայ Եկեղեցին Հռովմի Պապին հնազանդեցուցած է, թէ կը փափաքի Արեւմուտք դպրոց բանալ եւ այնտեղ հայ մանուկներ կրթել տալով անոնց «օտար» կաղապար մը տալով՝ անոնք օտարացնել, թէ ան Երուսաղէմի վանքէն ապօրինաբար փողեր ստացեր է եւայլն։
Ժողովուրդին Պատրիարքի դէմ հակառակութիւնը գրգռողներէն մին էր նաեւ Զաքարիա Վարդապետ Կաղզուանցին, որ վերջը Պատրիարք դարձաւ…։
- Օգտուեցանք՝ «Հայոց Եկեղեցցու Պատմութիւն» Աբր. Զամին, 1908, Բ. հատորէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 27, 2016, Իսթանպուլ