«ԵԹԷ ԸՆԹԵՐՑՈՂ ՉԿԱՅ՝ ԳՐԵԼՈՒ ԱԼ ՊԷՏՔ ՉԿԱՅ»
Պէտք է ընդունիլ, որ մարգարէութիւնները միայն Աստուածաշունչի էջերուն մէջ չէ՛ որ կը գտնուին. շատ մը մարգարէութիւններ կարելի է գտնել նաեւ հայկական մամուլի էջերուն մէջ, որոնք մարգարէութեան կողքին ակներեւ ճշմարտութիւններ են, որովհետեւ, ինչպէս թրքական առածը կ՚ըսէ. «Տեսնուող գիւղը ուղեցոյց չ՚ուզեր»:
Այս առածին լոյսին տակ, ըստ երեւոյթին տակաւին յիսնամեակ մը առաջ շատ մը գրողներու մօտ ակներեւ էր այն՝ որ պիտի գայ ժամանակ, որ մարդիկ պիտի հեռանան ընթերցանութենէն. պիտի գայ ժամանակ, որ մարդիկ պիտի սկսին նուազ կարեւորութիւն ու արժէք տալ մամուլին եւ այսպիսով քիչ քիչ իր ընթերցողներու թիւը կորսնցնելով մամուլը պիտի որբանայ եւ կամաց կամաց իր դուռերը փակելով յանձնուի պատմութեան էջերուն՝ ինչպիսին է վիճակը բազմահարիւր թերթերու:
Նման մարգարէութիւն մը կ՚ունենայ մոռցուած յօդուածագիր Լեւոն Մօզեան, որ Փարիզի մէջ հրատարակուած «Ամսօրեակ» ամագիրի 1958-ի յունուար ամսուան թիւին 3-րդ էջին մէջ կը գրէ «Ինչո՞ւ կը գրենք եւ որո՞ւ համար» խորագրով յօդուած մը: Յօդուածագիրը իր գրութեան մէջ կը խօսի այն խնդիրին մասին, որ եթէ պատահի, որ մամուլը ընթերցող չունենայ, պիտի շարունակե՞նք հրատարակել:
Մօզեան պատասխանելով որո՞ւ համար կը գրենք հարցումին կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ կը գրենք հարցումին պատասխանելէ առաջ, նախ քննենք, թէ «որո՞ւ համար կը գրենք», քանի որ բնականօրէն ընթերցողներու գոյութեամբ միայն կրնայ արդարանալ գրելու երեւոյթը: Որովհետեւ եթէ ընթերցող չկայ, անհրաժեշտ կը դառնայ եզրակացնել, որ գրելու ալ պէտք չկայ»:
Յօդուածագիրի ժամանակաշրջանին այս նիւթը ինչքանով կը մտահոգէր օրուան մամուլը չեմ գիտեր, սակայն այսօր աշխարհի տարածքին հայ, ինչու չէ նաեւ օտար մամուլներ, նոյն հարցն է, որ կը դիմագրաւեն, որովհետեւ առանց ընթերցողի տեղ մը թերթի հրատարակութիւնը եւս կը դառնայ «պարտականութիւն», որ մեռնող մարդու մը անդադար ջուր խմցնել փորձելէ տարբեր բանի մը չի կրնար նմանիլ:
Այնպէս ինչպէս անձ մը երգիչ կը դառնայ ժողովուրդին գնահատանքով, հանդիսատեսով, նոյնպէս ալ գրողը կը դառնայ գրող իր ընթերցողով, որովհետեւ եթէ գրութիւն մը ընթերցող չունենայ, կը նմանի առանց հանդիսատեսի տրուած մենահամերգի մը, ուր երգողը միայն ի՛նք իր երգածը կրնայ լսել:
Եթէ շուկայական ձեւով պիտի խօսինք, ընթերցողը այսօր մեր յաճախորդն է, իսկ համացանցն ու արուեստագիտութիւնը մրցակից հակառակորդը եւ հիմնական խնդիրը կը կայանայ այստեղ. կա՛մ մենք չկրցանք յաճախորդները պահել, կամ ալ արուեստագիտութիւնը յաջողեցաւ լաւապէս որսալ զիրենք, մեզ մատնելով թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական ճգնաժամի: Մամուլն ու համացանցը չկրցան համերաշխ գործակցութիւն մը, ինչու չէ նաեւ արդար մրցակցութիւն մը ընել, այլ իրար հակասող սերունդներու նման միմեանց հարուածեցին. մամուլը համացանցը կոչեց անվստահելի եւ սուտերով լեցուն միջավայր, իսկ համացանցը մամուլը որակեց որպէս ժամանակավրէպ եւ օրուան պահանջքներուն անյարմար երեւոյթ մը պարզապէս:
Ինչքա՜ն անմեղ կը գտնեմ Մօզեանի այն բողոքը, որ կ՚ըսէ. «Մեր գաղութներուն մէջ կարծես երկաթեայ վարագոյրներ կան, այնպէս որ մէկ գաղութէն միւսը գրական շարժումի մը արձագանգը շատ տկար կը հասնի կամ բնաւ չի հասնիր: Ամէն գաղութ իր գրականութեամբ, ինքն իր մէջ կ՚ապրի, իր գրողը ունի եւ իր հրատարակութիւնները»: Այլ խօսքով՝ գրողը կ՚ըսէ, որ իր ժամանակաշրջանին գաղութներուն մէջ շատ գրողներ կան, սակայն խնդիրը անոնց ճանաչելիութեան պակասն է. այսօր մենք ո՛չ թէ կը բողոքենք, որ գաղութի գրողներուն գրածները դուրս չեն հասնիր, այլ կը բողոքենք, որ գրող չունինք... եւ այս է անդունդային տարբերութիւնը մեր եւ անցեալին:
«Եթէ երիտասարդները գիտնային եթէ ծերեր կարենային» խօսքին հիման վրայ հաւանաբար կարելի էր առողջ ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւն մը ստեղծել անոնց միջեւ:
Տակաւին այն օրերուն՝ երբ ընթերցողներու թիւը այսօրուան հետ համեմատած շա՜տ շատ աւելի էր, Մօզեան կը խօսի գրողներու վիճակին մասին, որոնք կա՛մ մուրացկանութեամբ կը փորձէին իրենց աշխատութիւնները ծախել եւ կամ այս կամ այն կուսակցութեան հովանիին տակ անցնելով կը փորձէին յաճախորդներ շահիլ. այդ թուականներուն Մօզեան կը յայտնէ, որ գիր ու գրականութեան վրայ վստահելով կարելի չէ ապրիլ. ամէ՛ն գրող Մօզեանի համաձայն երկրորդ գործով մը կը զբաղուի անպայման՝ մանաւանդ հայ գրողներու պարագային:
Հաւանաբար այս բոլորին համար է, որ Վազգէն Շուշանեան իր մահուան անկողինին մէջ կը խնդրէ իր մահէն ետք 20 տարի չհրատարակել իր անտիպ գործերը, որովհետեւ Շուշանեան ալ գիտէր, որ կենդանութեան չտեսած ու չվայելած սէրն ու յարգանքը պիտի վայելէր յետ մահու, որովհետեւ հայկական աւանդութեան համաձայն կենդանի գրողէն աւելի մեռած գրո՛ղն է, որ արժէք ունի... կապ չունի գրելու ոճն ու արժէքը:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ըլլալով ներկայիս գործող աշխարհի ամենէն հին հայկական օրաթերթը, տեսած է իր 1900-ականներու «փառքի օրեր»ը, երբ ամէն տուն հացի կողքին թերթը եւս օրական դրութեամբ տուն կը բերէր. ապրած է 1950-ականներու կաղացումները, ուր նայելով անցեալին նուազած է ընթերցողներուն թիւը՝ հետաքրքրութիւններու մասամբ փոխուելու պատճառով: Իսկ այսօր կ՚ապրի միւս ծայրայեղութիւնը, ուր մարդիկ թերթի մը հրատարակութիւնը անիմաստ ծախս ու յոգնութիւն կ՚որակեն:
Հաւանաբար ճի՛շդ է. «Եթէ ընթերցող չկայ՝ գրելու ալ պէտք չկայ»... բայց մենք ա՛յդ յոյսով ենք որ մեր գրածներն ու հրատարակածները (որ յարալէզի մը լորձունքներն են պարզապէս) տայ իր արդիւնքը. այդ յոյսով կ՚ապրինք:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳԱԼՈՒՍՏ ԽԱՉԵՆՑ
(1910-1998)
Մեր թուականէն 24 տարիներ առաջ՝ 4 յունիս 1998-ին Թեհրանի մէջ մահացած է գրող եւ բանաստեղծ Գալուստ Խաչենց (բուն անունով՝ Գալուստ Խանեան):
Խաչենց ծնած է 25 յունուար 1910 թուականին, Թեհրանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի հայկական վարժարանէն ներս, ապա ընդունուած է ֆրանսական Լիսէ Լան Լուի դպրոցը: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք աշակերտած է ճարտարապետ Մարգար Էլկալի, որուն հետ մասնակցած է Կոլեստան պալատի շինարարական աշխատանքներուն, որուն համար արժանացած է պատուոյ նշանի:
Պատանի տարիքէն յատուկ սէր ունեցած է բանաստեղծութեան ու գրականութեան հանդէպ. աշակերտական տարիներէն սկսած է գրել բանաստեղծութիւններ ու չափածոներ. Խաչենց իր բանաստեղծութիւնները մէկտեղելով հրատարակած է «Ամբողջ սրտով», «Հրաշալի զօրութիւնը», «Բարեւ քեզ, մարդ», «Հայ ժողովուրդի վերածնունդը», «Լուսամուտը» բանաստեղծական ժողովածուները:
Խաչենց եղած է «Նոր էջ» գրական խմբակցութեան անդամներէն մին. այս խմբակցութիւնը իր առաջին գործը՝ «Նոր էջ» անունով հրատարակած է 1935 թուականին, «ժողովածու իրանահայ երիտասարդ գրողներու» բացատրութեամբ:
Շնորհիւ իր վաստակին եւ բանաստեղծութիւններուն, Խաչենց բազմիցս արժանացած է գնահատանքի, ինչպէս նաեւ երեք տարբեր մրցանակներու: Հայ գիտնական ու պատմաբան Թորոս Թորամանեան Հալէպի մէջ հրատարակած է Գալուստ Խաչենցի նուիրուած «Մարդերգակ բանաստեղծը» աշխատութիւնը, որուն մէջ կատարած է բանաստեղծին արժեւորումն ու եզակի ոճի գնահատականը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024