ԱՊՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
Մարդկային կեանքին մէջ անիրաւներ կը քալեն մեծ յաջողութեամբ, իսկ արդարներ եւ իրաւացիներ նկուն են ընդհանրապէս։
Հին շրջաններէ ի վեր այս իրողութիւնը չէ՛ փոխուած՝ չարամիտներ կը յաջողին եւ արդարներ կը ձախողին։ Ի՞նչ է պատճառը, կը հարցնէ մարդ, սակայն ստոյգ պատասխան մը տալ կարելի չ՚ըլլար։ Գոհացուցիչ պատճառ մը, պատասխան մը գտնել շատ դժուար է այս մասին, քանի որ մարդկային ամբողջ կեանքին մէջ բնական-սովորական իրողութիւն մը կ՚երեւի այս իրադարձութիւնը։ Արդարեւ պէտք է խոստովանիլ, թէ այս հակադրութիւնները՝ միշտ խոշոր համեմատութեամբ, վրդոված են մարդկային բանականութիւնը, եւ կ՚երեւի դեռ երկար ատեն պիտի շարունակէ վրդովել, քանի որ մերօրեայ «աշխարհատանջ պատերազմ»ի մէջ նոյն տարօրինակութիւնը կը տիրէ ամէնուրեք. անիրաւներ յաջողութեան ճամբուն մէջ են. իրաւունքի տէր արդարներ առանց պատճառի կը զրկուին ո՛չ միայն ինչքէ, ստացուածքէ, գործէ, ասպարէզէ, այլ նաեւ՝ ապրելու իրաւունքէ՛։ Կեանքի, ապրելու իրաւունքին այսպէս բռնաբարումը վերապահուած է եղեր, ազգերու, ժողովուրդներու, ընկերութիւններու մեծ կեանքին մէջ, այս լոյսի՛ դարուն, քաղաքակրթութեան, յառաջդիմութեան այս դարուն՝ որ կոչուած էր քամահրել հի՜ն դարերու տգէտութիւնները, նախապաշարումները, այսինքն լոյսի, գիտութեան, յառաջդիմութեան հակառակ բոլոր մարդկային եւ համամարդկային կամ հակամարդկային տկարութիւնները եւ թերութիւնները, զանազան արարքները։
Ո՜վ սիրելի ազնիւ ընթերցող բարեկա՛մ, դուն ալ վրդոված ես այս անիրաւութիւններէն, այնպէս չէ՞։
Բայց այս խրթին հանելուկին լուծումը անհատական կեանքի, անհատական նկարագրի կերտումէն կախուած է։
Արդարեւ մարդիկ առանց բացառութեան, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան, տարողութեան եւ չափին մէջ, պատասխանատո՛ւ են աշխարհի վրայ տիրող չարիքներուն՝ որոնց կարգին են անիրաւութիւններ, անարդարութիւններ։ Ո՛չ ոք իրաւունք ունի ինքզինք զերծ կացուցանել այսպիսի պատասխանատուութեան մը գիտակցութենէն։ Դուք, սիրելիներ, քննեցէք մարդիկը եւ իրերը եւ սերտ յարաբերութիւններ պիտի գտնէք ատոնց մէջ։ Չարիքը՝ որ գոյութիւն ունի, չարիքը՝ որմէ կը տառապի աշխարհ, մարդկութիւն՝ բնական պատուհաս մը չէ՛ երկրաշարժի կամ ջրհեղեղի նման, այլ ուղղակի՛ արդիւնքը ուրացման այն պատասխանատուութեան, զոր մարդիկ ունին կեանքի շրջանին մէջ իրենց բոլոր գործունէութեան եւ փոխյարաբերութիւններու մասին ընդհանրապէս։
Անհատներ, մարդիկ, ինչպէս նաեւ հաւաքականութիւններ, ժողովուրդներ, ազգութիւններ՝ առհասարակ օժտուած, տոգորուած են տկարութեամբ մը՝ որ կը կայանայ ձախողութիւններու եւ վնասուածներու պատասխանատուութիւնը ուրիշներու վերագրելու մէջ։
Մարդու մը իր սխալը ընդունիլը կամ չնդունիլը գիտակցութեան հարց մըն է։ Եթէ մարդ անդրադառնայ, թէ իր ապրելու իրաւունքը ամենալայն առումով, կը պարտադրէ նաեւ պարտք ու պարտականութիւն՝ թէ՛ իր անձին եւ թէ իր շուրջիններուն, այն ատեն իր սխալն ալ պիտի ընդունի, քանի որ պատասխանատու է՝ սկսելով իր շրջանակէն, մինչեւ համայն մարդկութիւն։
Մարդիկ, ընդհանրապէս իրենց գործերուն մէջ նկատի կ՚ունենան նեղ շրջանակ մը՝ ընտանիք, մերձաւորներ, իրենց ապրած հաւաքականութիւնը, ընկերութիւնը միայն։ Բայց իրականութեան մէջ, մարդոց որեւէ մէկ արարքը կը տարածուի ամբողջ ընկերութեան եւ մինչեւ իսկ ամբողջ մարդկութեան։ Խորհեցէ՛ք, սիրելիներ, մէկը սխալ մը կը կատարէ որեւէ գործի մէջ, եւ այդ օրինակ կ՚ըլլայ թերեւս հազարաւորներու՝ սխալը գործողին դիրքին կամ կացութեան համեմատութեամբ։
Մա՛րդ միայն իրեն համար գործ մը չի կատարեր այս աշխարհի վրայ, այդ գործը անպայման ազդեցութիւն մը կը գործէ նոյնիսկ ամենահեռաւոր սահմաններու մէջ, մանաւանդ մեր շրջանին, երբ «աշխարհ շատ պզտիկցած» կ՚երեւի, ամէն մարդ ամէն իրողութենէ տեղեակ կրնայ գտնուիլ քիչ ժամանակի մը մէջ։
Ուրեմն, «կեանքը ապրելու իրաւունք»ը անսահման ազատութիւն մը չի տար մարդուն, այլ՝ ան սահմանափակուած է՝ ուրիշներուն «կեանքը ապրելու իրաւունք»ով։
Ուստի իրաւունքի վայելումը «հասարակաց բարիք»ով սահմանաւորուած է եւ այդ հասարակութեան մէջ կա՛յ նաեւ, բնականաբար ենթական՝ իրաւունքը վայելո՛ղը։ Հասարակաց բարիքով, կամ հասարակութեան օգուտը ստուգանիշն է իրաւունքներու վայլումին ազատութեան չափը եւ սահմանը։ Ան, արդարեւ ամբողջութիւնն է ընկերային պայմաններուն, որոնք թոյլ կու տան թէ՛ հաւաքականութեան, թէ՛ անոր ամէն մէկ անդամին, այսինքն՝ անհատին հասնելու կատարելութեան աւելի ամբողջական եւ աւելի հեշտ կերպով։ «Հասարակաց բարիք»ը կամ «հասարակաց օգուտ»ը կը շահագրգռէ բոլորին կեանքը։ Ան կը պահանջէ իւրաքանչիւրին խոհեմութիւնը եւ դեռ ա՛լ աւելի ողջմտութիւնը անո՛նց՝ որ կը վարեն ընդհանրապէս «իշխանութեան» պաշտօնը։
Մարդոց իրերօգնութեան, ուրիշ խօսքով՝ իրարմէ կախում ունենալու իրողութիւնը կ՚որոշէ իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու ներդաշնակութեան պայմանները։ Եւ մարդոց իրարմէ կախում ունենալու իրականութիւնը հետզհետէ կը տարածուի, տակաւ առ տակաւ կ՚ընդարձակուի համայն աշխարհի տարածքով։ Մարդկային ընտանիքին միասնականութիւնը, իրարու համախմբելով բնական հաւասար արժանապատուութիւն մը վայելող անհատներու միջոցով յառաջ կը բերէ «ընդհանրական հասարակաց բարիք» մը…։
Մա՛րդ չ՚ընդունիր իր սխալը, կամ ըսենք, մա՛րդ իր սխալը ընդունելու քաջութիւնը չ՚ունենար։
Բայց հա՛րկ է բուժել կամ սրբագրել այս տկարութիւնը։ Հա՛րկ է հոգեպէս զօրանալ եւ ընդունիլ սխալը։ Քաջութիւն կը պահանջէ ասիկա, բայց ազնիւ ըլլալու, առաքինի ըլլալու, ընտիր մարդ ըլլալու համար մարդ պէ՛տք է ունենայ այդ քաջութիւնը, եւ ո՞վ չ՚ուզեր ազնիւ ըլլալ եւ ընտիր մա՛րդ։
Զոր օրինակ, երբ մեծ բազմութեան մը առջեւ խօսուի անմիաբանութեան չարիքներուն վրայ, վստահ եղէք, որ ունկնդիրներուն մէջ տասը տոկոսով հոգի կարելի չ՚ըլլար գտնել, որ իր վրայ առնէ բաժին մը. ամէնքն ալ կը կարծեն, թէ իրենց չ՚ուղղուիր խօսքը, անմիաբանները իրենք չեն, հոն չեն, այլ դուրսն են անոնք, ուրիշներ են՝ բացականե՜ր…։
Սիրելի եւ ազնիւ ընթերցող բարեկա՛մ. երբ մարդ արդարութեամբ, արդար նպատակները գործածելու եւ օգտագործելու միջոց կը նկատէ ստացուածքը եւ այդպէս կը տիրանայ անոր, վստահ եղիր, որ այդ ստացուածքը արժէք կ՚ունենայ նաեւ երկինքի՛ մէջ։
Ուստի ստացուածքին ձեռք ձգելու կերպը եւ գործածութեան նպատա՛կն է կարեւորը. չարը ստացուածքը չէ՛ այլ գործածութեան կերպն է…։
Եթէ նպատակը բարի է, միջոցն ալ բարի՛ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 9, 2015, Իսթանպուլ