ՕԴԸ ՏԱ՛Ք Է ԵՒ ՄԻՏՔԸ՝ ԱՄՈՒԼ
Թերեւս անձնական տկարութիւն մըն է՝ երբ օդը տաք է, միտքս կ՚ամլանայ, գոնէ աւելի դանդաղ կ՚աշխատի քան գաղջ կամ պաղ օդի մը։
Թէեւ «անձնական տկարութիւն» համարեցի այս երեւոյթը, բայց նկատեցի, որ ամբողջ բնութիւնը՝ անասուն կենդանիներ եւ բոյսեր ալ կ՚ազդուին տաք օդէն եւ կը փոխուի իրենց ընդհանուր կեանքը եւ երեւոյթը։ Ուրեմն, կարելի՞ է ըսել, թէ՝ տաքէն ազդուիլ «բնական» է եւ բովանդակ կենդանի՝ ապրող էակներու աշխարհին վրայ ազդեցութիւն ցոյց տուող երեւոյթ մը։
Ինչպէս որ ալ մեկնենք իրողութիւնը, սա իրականութի՛ւն է, որ տաքը կ՚ազդէ եւ կը փոխէ ապրող, կենդանի էակներու ընդհանուր ընթացքը։
Բայց ասիկա երբեք ծուլութեան, անաշխատութեան արդարացում մը, իրաւ պատրուակ մը չի կրնար ըլլալ, քանի որ այնպէս կամ այսպէս կեանքը կը շարունակէ իր ընթացքը եւ զայն կասեցնել, դադրեցնել, կեցնել կամ խափանել կարելի չէ՛։
Ամէն պարագայի, ամէն պայմանի մէջ կեանքը կը շարունակէ, եւ հարկ է որ շարունակէ։
Օդը տա՛ք է։ Բնութիւնը ամբողջ տաքէն ազդուած՝ ծանրաշարժ է, իսկ միտքեր՝ բանականութիւն, մտածողութիւն եւ դատողութիւն՝ ծանծաղամի՛տ։ Օդը երբ տաք է, չկամութիւն, ծուլութիւն, յուլութիւն, թուլութիւն եւ ասոնց նման բոլոր վատ զգացումներ, կարծես կը խուժեն ու կը գրաւեն, կը հրապուրեն մարդկային միտքը։ Եւ միտքը կը կորսնցնէ իր աշխուժութիւնը, կենսունակութիւնը, եռանդը եւ կը վերածուի անպտուղ վաստակ ունեցող անդամի մը…։
Օդը տաք է։ Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը՝ բնութիւնը՝ մարդիկ, անասուն կենդանիներ, բոյսեր, ամբողջ բնութիւնը փոխուած եւ շուարած, իրենց ընթացք մը կ՚որոնէ կարծես։
Օդը տաք է։ Հողը անկարող՝ գոհացնելու ծարաւը ծաղիկներու, բոյսերու։ Հողը ցամքած՝ անօգուտ բոյսերուն, որոնց արմատները թաղուած, կը սպասեն իր ծոցին մէջ։ Հողը յուսալքուած մօր մը նման, չի կրնար հոգալ իրմէ խնամք սպասող ծաղիկին, նոյնիսկ խոտին։ Տաքին պատճառած երաշտը, այսինքն չորութիւնը, հողին ճգնաժա՛մն է, որ կ՚ազդէ ամէն մէկ բոյսի, ծաղիկի։ Կարծես «Լինելու եւ չլինելու» տագնապն է, որ այնքան կը պաշարէ ծաղիկները որքան մարդիկը։
Արդարեւ, կան բազմաթիւ փորձառութիւններ՝ որոնք հասարակաց են առանց խտրութեան ամբողջ ստեղծագործութեան, ինչպէս եւ բնականաբար մարդ էակին, նո՛յնպէս եւ դաշտերու անասուններուն, երկինքի թռչուններուն, ծովու ձուկերուն, եւ համայն բուսականութեան՝ ծառերուն, ծաղիկներուն, դալարիքին, խոտերուն։
Այն որ կեանք ունի, կենդանի է՝ բանաւոր կամ անբան, ասուն կամ անասուն, շարժուն կամ անշարժ, ամէնուն ալ «կեանք»ը սկիզբ ունի եւ վախճա՛ն, ամէնքն ալ կերպով մը գոյութեան կը կոչուին՝ կը ծնին, կ՚ապրին, կը ցնծան, կը խայտան կենդանութեամբ՝ կեանք կը վայելեն, եւ վերջապէս՝ ուշ կամ կանուխ, կը դադրին «գոյութենէ» եւ կեանք ու մահու խորհրդաւոր իրողութիւնը, կամ ըսենք, բեմադրութեան ծրագրուած ընթացքը կը կրկնուի այսպէս անվերջ շարայարութեամբ։
Եւ կեանքը կը թուի ըլլալ՝ ծնունդի եւ մահուան միջեւ ժամանակաշրջան մը՝ որ որքան պիտի տեւէ, ո՛չ ոք գիտէ։ Այս իմաստով, կեանքը ստեղծագործութեան անծանօթ, խորհրդաւոր եւ ամենէն առեղծուած, անշարժելի, հանելուկ իրականութիւնն է։ Անմեկնելի՛ է ան…։
Կեանք ու մահ, եւ կամ, մահ ու կեանք. անողոք, դաժան օրէնքն է այս աշխարհին. անաչառ, արդարադատ, բացառութիւն եւ զարտուղութիւն երբեք չճանչցող, անխուսափելի՝ պարտադրուած օրէ՛նք մը։ Մահը եւ կեանքը ճշմարտութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ՝ անվիճելի, ստոյգ ապացոյցներով ու փաստերով տիեզերքին։
Կայ եւ աւելին, սիրելի՜ բարեկամներ։
Հասարակաց են նաեւ այն բոլոր պայմանները՝ որոնք անհրաժեշտ են կեանքը եւ կենդանութիւնը կարելի ընելու։ Արդարեւ, ի՛նչ որ կ՚ապրի, պէ՛տք է որ սնանի։ Կեանքին սկիզբը ծնունդն է, եւ սակայն զայն տեւականացնողը, շարունակութիւնը ապահովողը՝ սննդառութի՛ւնը։ Սնունդ առնելը, սնանիլը անհրաժեշտ պայմա՛նն է գոյատեւութեան՝ անոր որ կեանք ունի, ան որ ծնունդի եւ մահուան կէտերուն միջեւ կը գտնուի։
Փորձեցէ՛ք կտրել ջուրը եւ կերակուրը՝ եւ ո՛չ մէկ էակ կ՚ապրի։ Փորձեցէ՛ք դադրեցնել սնունդ տալը որեւէ կենդանի էակի, կը մեռնի՛։
Եւ ո՞ր ծառը կամ ծաղիկը կրնայ ապրիլ առանց ծծելու իր մօրը՝ հողին սննդատու ստինքները եւ գոհացնելու իր անօթութիւնն ու ծարաւը։
Ուստի մարդկային միտքն ու հոգին ալ ունին իրենց յատուկ միջավայրը, իրենց սեփական «օդի որպիսութիւն»ը եւ անոնց ներկայութիւնը կը պահանջեն՝ որպէսզի աճին, զարգանան եւ բեղմնաւորին։ Զոր օրինակ, գազաններու թաքստարանի մէջ՝ որջի մէջ առաքինութեան եւ ազնուութեան սերմեր չեն ուռճանար։
Եւ այս բոլոր խորհուրդները պահուած են կոկոնի մը մէջ իսկ. ծարաւէ տոչորած, այրած մէկ վարդի կոկոնը կը կախէ իր վիզը յուսահատ ու յուսալքուած… եւ մահամերձ։
Արդարեւ մահը չէ՛ մարդուն գոյութեան ճակատագրական հարցը։ Մարդը պիտի մեռնի ի՛նչ որ ալ ըլլայ, անխուսափելի է ան։ Բայց եթէ պիտի մեռնի, գոնէ «վարդ»ի մը պէս մեռնի. կեանքին ժառանգ թողլով «սիրոյ քա՜ղցր շունչ» մը, եւ ազնիւ, առաքինի խորհուրդներու եւ խօսքերու եւ գործերու գեղեցկութիւնը…։
Օդը տա՜ք է։ Տաքը հետզհետէ կ՚ամլացնէ միտքը, կարծեմ չ՚ուզեր գործել, աշխատիլ։ Բայց ոմանց համար մտքին անգործութիւնը, անաշխատութիւնը, դանդաղաշարժութիւնը եւ անպտղաբերութեան, անարգասաւորման մատնուիլը՝ մա՛հն իսկ է։ Մա՛հ է, քանի որ գործնական մահը կ՚իրականանայ՝ շնչառութեան, արեան շրջագայութեան եւ վերջապէս մտային կարողութեան գործառնութեան դադարումով։
Ապա ուրեմն, երբ օդի տաքը կ՚ազդէ եւ կ՚ընդմիջէ մտքի աշխատութիւնը, արդիւնաւորութիւնը, այդ մահուան մէկ հանգրուանը չէ՞։ Մնաց որ տաքը կ՚ազդէ նաեւ մարդուս շնչառութեան եւ արեան շրջագայութեան վրայ, եւ կը դանդաղեցնէ ամբողջ կեանքի ընթացքը…։ Բայց եւ այնպէս յոյսով, հաւատքով եւ սիրով կը նայիմ կեանքին՝ եթէ նոյնիսկ տաքը նեղէ զիս եւ դժուարացնէ կեանքս, եւ կը խորհիմ միտքի, մտածողութեան պայծառութեան եւ յստակութեան վրայ եւ կ՚ըսեմ. «Փա՜ռք Աստուծոյ, միտքս դեռ կը գործէ, նոյնիսկ այս տաք օդին։ Ուշադի՛ր ըլլանք մեր միտքերուն…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 25, 2016, Իսթանպուլ