ՍԷՐԸ ԱՆՎԱԽՃԱ՛Ն Է

Քրիստոնէութեան եւ անշուշտ Աւետարանին ամենամեծ վարդապետութիւնը եւ բարոյականը հիմնուած են գաղափարի մը վրայ եւ անոր շուրջը կը դառնան, գաղափար մը, որ բոլոր աշխարհի արարածներու կապն է եւ ոգին, որով կը մագնիսանան ամէնքն ալ եւ իրարու կը կցուին գերբնական ամենէն անիմանալի բնազդով։ Ան ուժ մըն է ա՜յնքան մեծ եւ ա՛յնքան բարձր, որուն որակումը, բուն Ս. Յովհաննէս առաքեալի բերնին մէջ՝ բարոյական գաղափարներէ ամենէն մեծին եւ ամենէն բացարձակին հաւասարած է, այսինքն Աստուծոյ, քանի որ «Աստուած սէր է» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։ Եւ քանի որ Աստուած անսկիզբ եւ անվախճան է, ապա ուրեմն սէ՛րն ալ անսկիզբ եւ անվախճան, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Սէրը անվախճան է» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 8)։

Բայց ինչպէս ամէն բարձր արժէք, սէրն ալ մարդոց կողմէ յաճախ խաթարուած, յեղաշրջուած, խեղաթիւրուած, կեղծուած եւ յետին նպատակներ շահագործուած են, դժբախտաբար։

Եւ այս իմաստով սէրը բաժնուած է երկու տեսակի՝ «անկեղծ սէր» եւ «կե՛ղծ սէր»։

Անշուշտ որ սէրը «սէ՛ր» է, երբ անկեղծ է։ Իսկական սէրը անկեղծ է, քանի որ աստուածային է՝ ընդոծին՝ հարազատ եւ անխառն, զո՛ւտ։ Մարդիկ, ընդհանրապէս չեն կրնար զանազանել անկեղծ սէրը եւ կեղծը, քանի որ կեղծ սէրն ալ կը յայտնուի որպէս անկեղծ սէր, ինչպէս ամէն խաբէութիւն, ամէն կեղծիք…։

Ուրեմն մարդիկ ի՞նչ կերպով պիտի կարենան զանազանել անկեղծ սէրը եւ կեղծը։

Ռուսական առակ մը կը պատմուի, ուր տղան իր մօր կը հարցնէ, թէ ո՞րն է անկեղծ ճշմարիտ սէրը, եւ ո՞րը՝ կեղծը։ Մայրը կը պատասխանէ տղուն. «Եթէ կ՚ըսես.- ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ կը սիրեմ, ասիկա անկե՛ղծ սէր է, իսկ եթէ կ՚ըսես.- Կը սիրեմ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ… ասիկա ալ կե՛ղծ սէր է…»։

Առաջին ակնարկով «բառախաղ» մը կարելի է համարել այս պատասխանը կամ լուծումը անկեղծ կամ կեղծ սիրոյ զանազանութեան նկատմամբ։ Բայց իմաստալից եւ բանական է «որովհետեւ»ը գործածել սէր արտայայտելէ առաջ կամ վերջը։

Զոր օրինակ, «կը ներեմ, կամ կը զոհեմ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ կը սիրեմ» ըսել՝ անկեղծ սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։ Իսկ սապէս ըսել. «կը սիրեմ, որովհետեւ իրմէ ակնկալութիւն մը ունիմ, շահ մը կը սպասեմ…», կեղծ սիրոյ արտայայտութիւն մըն է, քանի որ իսկական անկեղծ սէրը հարազատ է, որեւէ պայման կամ շարժառիթ, պատճառ չ՚ունենար, իսկ կեղծ սէրը միշտ «պատճառ» մը ունի։ Ուրիշ խօսքով, անկեղծ սէրը անփոխադարձ է, իսկ կեղծը՝ միշտ փոխադարձ ակնկալութեան մը վրայ հիմնուած է։

Անկեղծ սէրը անվախճա՛ն է. իսկ կեղծ սէրը անմիջապէս կը վերջանայ երբ ակնկալութիւնը, սպասուած փոխադարձ «շահ»ը ոչնչանայ։

Արդարեւ, երբ մահէն ետքն ալ կը շարունակէ սէրը, ատիկա ճշմարիտ անկեղծ սէր է, քանի որ մահացած մէկէ մը մարդ որեւէ ակնկալութիւն չի կրնար ունենալ, փոխադարձ որեւէ բան չի կրնար սպասել եւ բոլորովին անփոխադարձ սիրով կը շարունակէ սիրել։ Ուրեմն, ճշմարիտ անկեղծ սիրոյ ստուգանիշերէն մին եւ կարեւորագոյնն է սիրոյ, առանց ակնկալութեան եւ փոխադարձ սէր սպասելու, նոյն սիրոյն տեւականացումը եւ յարատեւութիւնը։ Եւ այս ալ, ահաւասիկ, ճշմարիտ սիրոյ նկարագի՛րն է. «Սէրը անվախճա՛ն է», ինչպէս կը հաստատէ Առաքեալը. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 8)։

Սիրոյ անվախճան ըլլալը ցոյց կու տայ անոր անայլայլելի եւ մշտնջենական ըլլալը, թէ մարդոց վիճակէն կախում չունի, յարաբերական չէ՛, այլ՝ միշտ հաստատ եւ անփոփո՛խ։ Եւ քանի որ Աստուած Սէ՛ր է, ապա ուրեմն ան յաւիտեան է եւ անփոփոխ, միշտ կա՛յ եւ միշտ պիտի պահէ իր գոյութիւնը եւ պիտի գոյատեւէ առանց որեւէ փոփոխութեան, նոյնիսկ աւելի՛ զօրանալով…։

Ուրեմն ո՜րքան իրաւացի է. «որովհետեւ կը սիրե՛մ» ըսելը ընդունիլ որպէս ճշմարիտ եւ անկեղծ սիրոյ արտայայտութիւն, քան ըսել. «կը սիրեմ, որովհետեւ…»։ Առանց պատճառի, առանց պայմանի սիրե՛լն է ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը՝ բացարձակ սէ՛րը։

Եւ երբ մարդ իր ամէն անհատական եւ ընկերային անյաջողութիւններու գաղափարական պատճառ մը՝ պատրուակ մը կը փնտռէ եւ զինք կ՚արդարացնէ, սիրոյ պակասութեան մէջ կը գտնէ զայն, այն, որուն կեանքը երբ կարգին չ՚ընթանար, պատճառը ա՛յն է, որ սէրը կը պակսի՝ ճշմարիտ եւ անկեղծ, իրական սէրը։

Հետեւաբար, որքան յաճախ եղած ըլլայ այդ, կ՚արժէ որ այդ աստուածային գաղափարին մասին միշտ խօսուի, խորհրդածուի, քանի որ սէրը կեանքին պատճառը եւ աղբի՛ւրն է։

Սիրոյ ստորոգելիներուն վրայ կը խօսի Պօղոս առաքեալ, իր, կորնթացիներուն գրած առաջին նամակին ԺԳ (13) գլխուն մէջ սքանչելի՜ կերպով դասակարգելով զանոնք։

Քրիստոս, փարիսեցիի մը տունը ճաշի նստած էր։ Արեւելեան հին սովորութեան համաձայն՝ ամէն ոք բազմած էր գետնի վրայ՝ կերակուրի սփռոցին՝ սեղանի ծածկոցին շուրջը։ Աւելի ճիշդ՝ ընկողմանած, իրենց ոտքերը երկնցուցած էին։ Ամէն ոք կը ջանար խօսք մը առնել մեծ Վարդապետին բերնէն եւ ամէնուն աչքը Անոր շրթունքներէն կախուած էր, երբ անօրինակ երեւոյթ մը բոլորին ուշադրութիւնը դարձուց ուրիշ կէտի մը վրայ։ Յանդուգն կի՛ն մըն էր, նո՛յն քաղաքին մէջ հանրածանօթ իբրեւ «Սեղանաւոր», եւ ահա կը դիմէ դէպի Յիսուսի բազմած կողմը եւ կ՚իյնայ Անոր ոտքը եւ արտասուքը կը հոսի իր աչքերէն Յիսուսի ոտքերուն վրայ. կնոջ մազերը կը սրբեն այդ դառն կաթիլները եւ անոնց տեղ անուշահոտ եւ թանկագին իւղ մը կը տարածուի Անոր ոտքերուն վրայ։

Բնականաբար տարբեր մտքի տրամադրութեան համաձայն տպաւորութիւն կը ստանար այդ աննախընթաց երեւոյթը։ Մին կ՚ափսոսար այդ թանկագին իւղը, որ կրնար վաճառուիլ եւ աղքատներու բաժնուիլ։

Մինչ Յիսուսի դէմքը տրտմանոյշ վեհութիւն մըն էր ստացած, դարձաւ Սիմոնին եւ առակ մը պատմելով եզրակացուց. «Աւելի շատ սիրելով ամենէն կարօտեալը, եւ փոխադարձաբար աւելի՛ շատ երախտագէտ զգացումով սիրուելով անկէ, աւելի արժանիք ցոյց տուած էր իր սիրոյ զգացումին մէջ, եւ այդ առաւելագոյն սէրը՝ առաւելագոյն շնորհով փոխարինուեցաւ»։

Եւ այս խորհրդածութեամբ կը լուսաբանուի կնոջ հոգեբանութիւնը։

Սէրը, արդարեւ, կը սրբագործէ կեղծաւորութիւնը եւ կ՚երջանկացնէ յարատեւ եւ քաղցրանոյշ սէրը։

Քրիստոսի պատգամը կը կնքէ այդ փրկութիւնը, կը նուիրագործէ այդ սէրը։

Ահա կատարուած իրողութիւն մը, յատկանշական եզրակացութիւն մը՝ քրիստոնէական անօրինակ եւ աննախընթաց բարեշրջութեա՛ն։

Արդարեւ, քրիստոնէութեամբ սէրը ստացաւ նոր հանգամանք մը եւ վերհաստատուեցաւ անոր աստուածային բնոյթը եւ արժէ՛քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 29, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018