ՎԱՐՏԻՔՆԵՐԴ ՉԻ՛ ԼՈՒԱՍ

Աստուծոյ անսխալականութեան վրայ կասկած չունիմ, սակայն կ՚ենթադրեմ, որ Ինք եւս զղջացած պէտք է ըլլայ հիմնական երկու բաներու համար. առաջին՝ ջրհեղեղը հազարամեակներ առաջ կատարած ըլլալուն, իսկ երկրորդ՝ մարդուն հետ անգամ մը եւս ջրհեղեղ չընելու ուխտ կնքած ըլլալուն, այլապէս այսօր առանց երկմտելու դարձեալ ջրհեղեղ մը տեղի կ՚ունենար՝ աւելի ահաւոր քան առաջինը:

Սոդոմ Գոմորի բնակիչները ի՞նչ ըրին որ արժանացան Աստուծոյ դատաստանին ու պատիժին՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտե՛մ ու վստա՛հ եմ, թէ անոնք շա՜տ աւելի անմեղ ու անպարտ էին՝ քան այսօրուան մարդկութիւնը: Ամենագէտ Աստուածն անգամ չէր պատկերացներ, թէ օր մը մարդկութիւնը կրնայ աւելի ահաւոր ու սարսափելի դառնալ՝ քան Սոդոմացիներն ու Գոմորացիները:

Անցեալի մարդուն մօտ մեղքի սահմանումը յստակ էր. կային օրէնքներու ու մեղքեր, որոնց հիման վրայ կազմուեցաւ տասնաբանեայ պատուիրանները, սակայն մերօրեայ մարդը իւրաքանչիւր օրուան հետ միասին կը ստեղծէ մեղքի նոր տեսակ մը եւ հազար փա՜ռք որ մեր օրերուն չունինք Մովսէս մարգարէ մը՝ որպէսզի տասնաբանեայի տեղ գրէ հազարաբանեայ մը՝ մեղքի աներեւակայելի տարբերակներով:

Այսօրուան յօդուածին հիմնական նիւթը մեղքի նոր տեսակի մը մասին է... շա՜տ տարբեր միւսներէն եւ շա՜տ այլանդակ:

Անցեալի մեղքերը յստակ են. մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, մի՛ շնար... եւ այլն, սակայն այսօրուան մարդը «զարգանալով» իւրաքանչիւր մեղքին տակ աւելցուցած է ճիւղաւորումներ՝ հաւանաբար մեղքը աւելի՛ գրաւիչ ու հետաքրքրիր վերածելու համար:

Մերօրեայ մեղքի մը նոր ճիւղաւորում մը մի քանի օրեր առաջ համացանցի մէջ տեղադրուած յայտարարութեամբ մը տեսայ. յայտարարութիւն՝ որ արական սեռէն աւելի իգական սեռին կը պատկանէր: Յայտարարութիւնը կ՚առաջարկէր գումար վաստակելու նոր ձեւ մը՝ հետեւեալ բովանդակութեամբ.-

«Կ՚ուզե՞ս յաւելեալ դրամ վաստակիլ. շա՜տ դիւրին ձեւ մը ունինք քեզի համար: Առցանց վաճառէ՛ օգտագործած վարտիքներդ. մեծ է այն յաճախորդներուն թիւը, որոնք պատրաստ են գնել քու օգտագործած վարտիքներդ». աւելի՛ առջեւ երթալով կայքը կ՚առաջարկէր վարտիքներու կողքին վաճառել նաեւ օգտագործած գուլպայ, կրծկալ եւ ամէ՛ն բան, որ անմիջական հպում կ՚ունենայ ձեր մարմիններուն հետ: Պարզապէս օգտագործած ըսել ուզելով յստակեցնեմ. չլուացուած...  սեռային կարիքներու գոհացում տալու 21-րդ դարու տարբերակը:

Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ կը փորձեն իգական սեռի ներկայացուցիչները համոզել, որ ամբողջ օրը գրասենեակի մը մէջ «բանտարկութեամբ» աշխատելու կարիքը չկայ. կարելի է չլուացուած շապընկեր վաճառել: Տարօրինակութիւնները այսքանով չեն վերջանար. օրինակի համար, կրնաս աղջկան գումար վճարել, որպէսզի քու անունդ գրէ իր ճակատին, փորին, ոտքին եւ հոն՝ ուր որ կ՚ուզես. որոշ գումարի դիմաց կրնաս գնել աղջկան ոտքի մատներուն նկարները (փաստօրէն շատեր ոտքի մատներ կը սիրեն եղեր...) եւ այսպիսով հեշտութեամբ գումար աշխատիլ:

Ցաւ ի սիրտ յայտնենք, որ նման այլանդակութիւններու համար աշխարհի վրայ կան մարդիկ՝ որոնք աղքատին ղուրուշ մը ողորմութիւն կատարած չըլլան, սակայն յանձն առնեն նման այլանդակութիւններու համար վճարել աներեւակայելի գումարներ:

Ահաւասիկ ամերիկեան լրատուական ընկերութիւններէն մէկուն հաղորդագրութեան վերնագիրը. «21 տարեկան երիտասարդ աղջիկը 5,000 տոլարի կը վաճառէ աւելի քան երեք շաբաթ հագած վարտիքը». հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ պատուիրատուն խնդրած է երիտասարդ աղջիկէն նոյն վարտիքը հագուիլ երեք շաբաթ՝ 1 տոլար արժող վարտիքի մը համար վճարելով 5,000 տոլար. գումար՝ որ մեր հայրենիքի մէջ աշխատող երիտասարդութիւնը պէտք է 3-4 տարի աշխատի՝ որպէսզի կարենայ մէկտեղել:

Ո՞վ պէտք է մեղադրել. 21 տարեկան աղջի՞կը, որ առանց յոգնելու մեծ գումարներ կ՚աշխատի, թէ ոչ այդ մեծ գումարներ վճարողները՝ որոնք շուարած իրենց դրամները մսխելու տեղ կը փնտռեն:

Եւ հաւատացէ՛ք, նման ապուշութիւններու համար աներեւակայելի գումարներ կը մսխեն մարդիկ. տարիներ առաջ աշխարհահռչակ յայտնի պոռնիկ մը իր ակնոցները աճուրդով վաճառքի հանեց... եւ գտնուեցաւ ապուշ մը, որ 100,000 տոլարի դիմաց ձեռք բերաւ զանոնք. ակնոց՝ որ պոռնիկը տարիներ շարունակ կրած էր պոռնկութեան նկարահանումներու ընթացքին:

Այս բոլոր նիւթական տուեալ-ները այսօր բազմաթիւ երիտասարդներ կը մղեն խելքը-գլուխը աշխատանք ու ասպարէզ ունենալու փոխարէն զբաղուիլ նման այլանդակութիւններով. այսօր համացանցը լեցո՜ւն է նման օգտագործուած վարտիքներու, գուլպաներու եւ նկարուած ոտքերու առցանց շուկաներով եւ որպէսզի աւելի յստակ ըլլայ, թէ ինչպիսի շուկայի մասին է խօսքը յայտնենք, որ ամերիկեան նման ընկերութեան մը այս տարուան նիւթական արժէքը կը կազմէ 1,2 միլիառ տոլար՝ տարեկան զուտ 380 միլիոն տոլար եկամուտով:

Մարդկութիւնը ցաւ ի սիրտ լռութեամբ կը հետեւի այս բոլորին եւ չզարմանաք, եթէ տարիներ ետք այս մէկը որպէս ընդունուած «արհեստ» ու աշխատանք ընդունուի. չես գիտեր... հաւանաբար տասնամեակներ ետք համալսարաններուն մէջ դասաւանդութեան ալ կը սկսին... մարդոց բացատրելու համար, թէ ո՛ր գոյնի վարտիքները աւելի յաճախորդ ունին եւ ոտքերը ո՞ր կողմէն կարելի է աւելի գրաւիչ նկար մը ունենալու համար: Հաւանաբար յատուկ խանութներ ալ ըլլան՝ օգտագործուած վարտիքները անձամբ տեսնելու եւ զատելու հը-նարաւորութիւն ունենալու համար:

Հաւանաբար մարդիկ սկսին մտածել, որ անմիաստ տեղ լուացքի փոշիի եւ ելեկտրականութեան դրամ տալով վարտիքները լուացած են եւ կը շարունակեն լուալ մինչեւ այսօր... նիւթական ի՜նչ սխալ որոշում՝ երբ կարելի է գումարի տալով լուալու փոխարէն վաճառել՝ գումար աշխատիլ...:

Չեմ զարմանար եթէ այսօր երկինքի մէջ Սոդոմի եւ Գոմորի բնակիչները անարդարութեան բողոքի ցոյց ներկայացնեն Աստուծոյ դէմ, որովհետեւ անոնց մեղքերը ընդունելի էին՝ քան մերինները եւ հաւանաբար ժամանակը ինչքա՛ն յառաջդիմէ՝ նոյնքան նոր մեղքեր ծնունդ պիտի առնեն՝ մէկը միւսէն աւելի այլանդակ ու տարօրինակ:

Մեղա՜յ... սակայն մեղայ որո՞ւ տակաւին յստակ չէ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -61-

Վերջերս ամերիկեան լրատուական կազմակերպութիւն մը հարցազրոյց ունեցաւ ամերիկացի աղջկան մը հետ, որ որպէս գործ ընտրած է ամուսնացած մարդոց հետ գումարի դիմաց կենակցիլը: Սակայն տարօրինակը հո՛ն է, որ պոռնկութեամբ զբաղուող աղջիկը ինքզինք պոռնիկ նկատելու փոխարէն կը նկատէ հոգեբոյժ եւ բժիշկ. իր համոզումով՝ ինք ուրախութիւն կու տայ ամուսնացած այն մարդոց՝ որոնք իրենց կեանքին մէջ ուրախ չեն եւ իր տուած ուրախութեան շնորհիւ այդ մարդը լաւ տրամադրութեամբ կը վերադառնայ տուն՝ լաւ տրամադրութիւն փոխանցելով նաեւ տան անդամներուն՝ կնոջ ու զաւակներուն:

Պոռնիկը կը հաւատայ, որ շատ մը ընտանիքներ փրկած է ինք՝ ամուսնացած մարդոց տալով ուրախութեան այդ պակասը եւ այդ տրուած ուրախութիւնը ազդած է, որպէսզի ամուսնացեալ մարդիկ յաջողին իրենց գործի ասպարէզին մէջ՝ վիշտէ ու թախիծէ հեռու մնալով:

Հաւանաբար աշխարհի վրայ գայ օր, որ պոռնիկները ճի՛շդ՝ իսկ մենք սխալ դառնանք. գողնալը ճի՛շդ՝ իսկ չգողնալը մեղք նկատուի եւ գոյութիւն չունեցող արժեչափերը ամբողջութեամբ հակառակ դառնան... ամէ՛ն բան սպասելի է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2022