ՈՍԿԵՂԷՆ ԿԱՆՈՆ ՄԸ

«Ի՛նչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք…». (ՄԱՏԹ. Է 12)։

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ կարեւոր ազդակ մը կայ, որ կը կանոնաւորէ զայն։ Պարզ բայց շատ իմաստալից երկու բառ. «ԵՍ» եւ «ՄԵՆՔ»։ Արդարեւ, փոխաբերութեան լաւ կամ վատ ընթացքը կախում ունի այն արտայայտութենէն՝ որ կը սկսի «Ես…»ով կամ «Մենք…»ով։

Մարդը՝ մարդուն հայելին է. երբ մենք կը նայինք մեր նմանին, հոն պէտք է տեսնենք մենք զմեզ, քանի որ բոլոր մարդիկ մէկ բնութիւն ունին, եւ այս իսկ է հաւասարութեան նախատիպարը եւ եղբայրութեան իմաստը։ Այս ուղղութեամբ, համակրական հասկացողութիւնը լաւագոյն եւ արդիւնաբեր մարդկային փոխյարաբերութեան մը պայմա՛նն է։

Ընտանիքէ սկսեալ, ամբողջ ընկերութեան մէջ «Ես»ի եւ «Մենք»ի ըմբռնումը եւ գործադրութիւնը կը բարեփոխէ, կը բարելաւէ ընտանիքի եւ ամբողջ ընկերութեան անդամներու փոխյարաբերութիւնները։ Մարդ երբ շարունակ «Ես…» հոլովէ, եսամոլ կը դառնայ ի վերջոյ եւ փոխանակ սիրելու՝ կ՚ատէ, փոխանակ խաղաղութեան, միշտ կռիւը կ՚ընտրէ որպէս կեանքի վարուելակերպ։

Արդարեւ, «ԵՍ»ը ամենամեծ արգելքն է մարդկային փոխյարաբերութիւններուն բարւոք եւ բարելաւ ընթացքին։ Թէ ի՞նչ է պայմանը «ԵՍ»ին տիրապետութենէն փրկուելու։ Սէրը անհրաժեշտ ազդակն է բարւոք յարաբերութեան մը։ Եթէ սէր կայ, եւ սէրը գործնականի կը վերածուի՝ կեանքի կը կոչուի, շատ դժուարութիւններ կը յաղթահարուին։

Այս ոսկեղէն կանոնէն զատ կան նաեւ ուրիշ կանոններ՝ որոնք կը կարգաւորեն մարդկային փոխյարաբերութիւնները։

Այս կարգին, նախապաշարումներ եւ կանխակալութիւններ արգե՛լք են համակրական հասկացողութեան՝ ինքզինք տեսնելու իր նմանին մէջ։

Մարդկային ընկերութեան մէջ ընդհանուր ըմբռնում մը կայ, որ համոզուած է, թէ «իրաւունքը զօրաւորի՛նն է»։ Այս ըմբռնումը կը մերժէ «ուրիշ»ին իրաւունքը, կ՚ուրանայ «ուրիշ»ի մը ներկայութիւնը։ Ուստի, իրաւունք ունի ան՝ որ զօրաւո՛ր է։ Charles Darwin կ՚ըսէ, թէ՝ զօրաւորը, հզօրը, դիմացկունը կը տիրէ։ Darwin «agnostique» մըն է։ Ան զանց կ՚առնէ «հոգեւոր» երեսակը մարդուն եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն։ Հզօրին, զօրաւորին տիրապետութեան այս համոզումը, արդարեւ, մարդոց կողմէ կը հետապնդուի շատ մը հարցերու լուծման մէջ։ Եւ նոյնիսկ «հաւատացեալ»ներու մէջ այս «կանոն»ին հետեւողներ կը գտնուին։ Հպարտութեան մեղքէն տարուած «հաւատացեալ»ներ՝ որոնք իրենցմէ տկարներուն, ըլլայ նիւթապէս, ըլլայ հոգեւորապէս, ըլլայ ֆիզիքապէս, կարեւորութիւն չեն տար։ Իրենք իրենց համար հարուստներու, ուսեալներու, դիրք եւ աստիճան ունեցողներու դասակարգ մը շինած են եւ այդ խումբէն դուրս կը ձգեն, միամիտ, աղքատ, անուս, համեստ գիտութեան տէր, ընդհանրապէս «տկար» հաւատացեալները։ Այս «քարի կանոն»ն է, կամ «անտառի կանոն»ը։ Այս կանոնին սկզբունքն է «զօրաւոր ըլլալ», որ կ՚ըսէ, թէ՝ նոյնիսկ եթէ դիմացինդ լայ, տխրի, նեղութեան մատնուի, լքուած եւ արհամարհուած զգայ՝ ըրէ այն ի՛նչ որ հաճոյք կը պատճառէ քեզի, այնպէս ըրէ ուրիշին՝ ի՛նչ որ քու շահդ կը պահանջէ…

Կարեւորը «ուրիշ»ը՝ դիմացինդ չէ՛ այլ դո՛ւն ես։ Քո՛ւ հանգիստդ, քո՛ւ երջանկութիւնդ, քո՛ւ հաճոյքդ, քո՛ւ փառքդ, քո՛ւ համբաւդ, քո՛ւ ազդեցութիւնդ, քո՛ւ դիրքդ եւ աստիճանդ։ Ի՛նչ որ քեզի հաճոյք կը պատճառէ, ի՛նչ որ քեզի շահ կ՚ապահովէ ա՛յդ ըրէ։ Քեզմէ վերջ հեղեղ, տարափ… Անոնք յաջողութիւն եւ յաղթանակ կը նկատեն ուրիշներու ուսերուն վրայ կոխկռտելով՝ ոտքի տակ առնելով բարձրանալը։ Ուրիշները ճզմէ՛, բայց դուն ուրախ եղիր։ Այս ինքնամոլ, անձնասէր եւ ինքնակեդրոն մարդու մը դիրքն է ուրիշներու հանդէպ։

Դժբախտաբար այս մտայնութեան տէր շատեր կը գտնուին, կարծեցեալ ուժեր եւ զօրութիւն ունենալու ինքնախաբէութեամբ։

Ամէն մարզի մէջ այս տեսակ մտայնութեան տէր մարդիկ կարելի է տեսնել…

Մարդիկ իրենք զիրենք աւելի զօրաւոր կը կարծեն երբ ազդեցութիւն գործեն ուրիշներու եւ մանաւանդ տկարներու վրայ։ Զօրաւորը իրեն իրաւունք կը համարէ տկարին վրայ ճնշելը։ Եւ այսպիսիներ չեն զգար, թէ իրենց ըրածը ցաւ, տառապանք, իրաւազրկում, յուսալքում կը պատճառէ անոնց։ Կը բաւէ որ իրենք ուրախ են…

Ինքնամոլութիւնը, անձնասիրութիւնը մեծ վտանգ մըն է՝ մարդկութեան գոյատեւման սպառնացող չարիք մը, եթէ ոչ աղէտ մը։ Բայց, պէտք է խոստովանիլ, որ մարդ յաճախ կը տարուի այս վատ զգացումներէն։ Երանի՜ մարդիկ ձերբազատուէին, կարենային հեռանալ անձնասիրութենէ, գիտնային զոհողութեան արժէքը եւ կարեւորութիւնը՝ մարդկութեան հասարակ բարիքին համար։

Արդարեւ, մարդ պէտք է անդրադառնայ, որ մինակ չէ՛ այս աշխարհի վրայ, նոյն աշխարհի վրայ կը գտնուին նաեւ իրեն «նման»ները՝ ուրիշներ, որոնք միշտ իրար օգնելու, իրար ամբողջացնելու, լրացնելու կոչուած են, մա՛րդ երբեք ինքնաբաւ չի կրնար ըլլալ. զօրաւո՞ր կը կարծէ ինքզինք, բայց կրնա՞յ զօրութեան սահման մը որոշել, կրնա՞յ զօրութեան աստիճան մը դնել, եւ կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ զօրաւորէն զօրաւորը կայ, եւ կայ Ամենազօրաւո՛րը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 3, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2023