ՌՈՒՍԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ
Պէտք է ռուսին վստահի՞լ...
Այս հարցումին պատասխանն է, որ հայ ազգը կը փնտռէր աւելի քան դար մը առաջ եւ այսօր ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ նոյն հարցադրումին դիմաց, որովհետեւ հայոց վերջին դժբախտութիւնները շատեր Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, իսկ շատ ուրիշներ ռուսական պետութեան կը վերագրեն:
Համոզումները տարբեր ու շատ անգամ ամբողջութեամբ իրարու հակառակ էին. օրինակ՝ մին կը հաւատար, թէ պէտք է վստահիլ ռուսերուն եւ անոնց հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակել։ Գրականագէտ ու լեզուագէտ Ռուպինա Փիրումեան իր «Հայաստանը Հ. Յ. Դ. - բոլշեւիկ յարաբերութիւնների ոլորտում» աշխատութեան մէջ (հրատարակուած 1997 թուականին) կը գրէ. «Կարեւոր էր նաեւ այն իրողութիւնը, որ չէր վերացուել ո՛չ Թուրքիոյ եւ ո՛չ էլ Ազրբէյջանի վտանգը, եւ այժ ուժերին հակակշռելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք ունէր Ռուսաստանին»: Անդին գրող եւ մանկավարժ Գագիկ Օզանեանի «Հայապատում» աշխատութեան մէջ կը կարդանք, թէ Խրիմեան Հայրիկ դէմ էր ռուսական ազդեցութեան եւ Ռուսաստանի փոխարէն կ՚ուզէր, որ հայ պետութիւնը աւելիով մօտիկ ըլլայ Եւրոպային՝ մասնաւորապէս Անգլիոյ: Անդին կը տեսնենք, թէ մտաւորական Միքայէլ Նալպանտեան ռուսը որպէս «փրկիչ» կը տեսնէ:
Ռուսաստան, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ անցեալին աշխարհի վրայ կարեւոր ուժ մը կը ներկայացնէր։ Հրապարակախօս եւ քաղաքական գործիչ Խաչատուր Մալումեան (ծանօթ Է. Ակունի անունով) 1911 թուականին հրատարակած իր «Բողոքի ձայն» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ռուսը զօրեղ էր եւ գրաւիչ իբրեւ զինուորական ուժ». այդ ուժն էր պատճառը որ թէ՛ հայերը եւ թէ վրացիները անհրաժեշտ կը նկատէին ռուսերուն տիրապետութիւնը, մանաւանդ որ որպէս Քրիստոնեայ երկու պետութիւններ շրջապատուած էին այլ ոչ-քրիստոնեայ պետութիւններու կողմէ, որոնք դարեր շարունակ հարուածած ու կեղեքած էին զիրենք:
Սակայն պաշտպանութիւնը ամբողջութեամբ առեղծուած մըն է, որովհետեւ շատեր կը հաւատային, թէ ռուսը զիրենք պիտի պաշտպանէ թշնամիներէ, սակայն անդին կային ուրիշներ, որոնք կը հաւատային որ ռուսը ինք պատճառն է թշնամիներու յարձակումներուն եւ կեղեքումներուն: Շատ մը ազգային գործիչներ կը հաւատային, թէ ռուսն է հայոց աղէտներուն պատասխանատուն. օրինակի համար, Աւետիս Թէրզիպաշեան իր «Արծիւը իր բոյնին մէջ» աշխատութեան մէջ յիշելով Գէորգ պէյ Գալճեանը կը գրէ:
Ռուսերուն փրկիչ կամ կործանիչ ըլլալը միշտ ալ անյստակ էր. այդ հակասութիւնները աւելիով պարզ դարձնելու համար յիշենք նաեւ Զապէլ Եսայեանի «Կրակէ շապիկը» աշխատութեան մէջ գրուած հետեւեալ խօսակցութիւնը. մարդ ու կին հետեւեալ խօսակցութիւնը կ՚ունենան.
Մարդը կ՚ըսէ. «-Կ՚ըսեն կոր... Ռուսը պիտի գայ, մեզ ազատէ... ամա մինչեւ գայ... ո՞վ ողջ կը մնայ, ո՞վ կ՚երթայ... կ՚ըսեն կոր արիւն պիտի թափի...
Կինը կը պատասխանէ մարդուն. «-Վո՜ւյ, ռուսը որի՞ն ձեռքէն մեզ պիտի ազատէ... Ռուսը մեզի հաց, քեօմիւր պիտի բերէ՞... Քեօմիւրճի Աւագն է ատ խօսքերը մէջտեղ ձգողը, ատանկ չէ՞... Կ՚երեւի իր գործին կու գայ... Ռուսը չէ, Աստուած երկինքէն իջնայ, մեզի համար մէկ է... մենք մեր գործը նայինք, բոշ խօսքերու ալ ականջ մի՛ կախեր»:
Վստահաբար կնոջ խօսքը աւելի տրամաբանական կը գտնենք, որ ուրիշին փոխարէն սեփական ուժին վստահիլ կը յորդորէր: Յաճախ կը մեղադրենք Հայաստանի ռուսերուն հանդէպ ունեցած վստահութիւնը, սակայն նոյնքան ալ կը գիտակցինք, որ Հայաստանի համար չկար տարբեր ուժ մը՝ որպէսզի վստահութիւն ներշնչէր հայերուն՝ մանաւանդ դժուարին այդ օրերուն: Սակայն պաշտպանութեան կողքին կար աւելի վտանգաւոր երեւոյթ մը. ռուսը պատրաստ էր հայը պաշտպանել՝ սակայն մէկ պայմանով. պէտք էր հայը ռուսանար եւ փաստօրէն Խորհրդային Միութիւնը ջանք չխնայեց հայուն հայրենասիրութիւնն ու ազգութիւնը իր վրայէն մերկացնելու եւ զիրենք ընդհանուր հասարակաց գիծի մը վրայ բերելու: Կը տեսնենք, թէ 1847 թուականին Ստեփան Նազարեան Յովհաննէս Եպսկ. Շահխաթունեանցին կը գրէ. «Ուրեմն ոչ այլ ինչ մնայ Հայոցս ի Ռուսաստանեայս բայց մերկացեալ յանձանց զամենայն հայութիւն»:
Ռուսաստանի եւ կամ այլ պետութեան մը վստահելի ըլլալ չըլլալը չենք գիտեր, սակայն յստակ ձեւով գիտենք այն, որ ո՛չ մէկ պետութիւն Հայաստանը կրնայ փրկել՝ եթէ Հայաստանը ինքզինք փրկել չուզէ ու չփորձէ. վերջին քանի տարիները ցոյց տուին, որ մենք ազգովի փրկութիւն կը մուրանք եւ մեր փրկութիւնը կախեալ կը նկատենք այս կամ այն ազգին «քմահաճոյք»էն. մեր մեծագոյն սխալը այն է, որ մենք պատմութիւնը անցեալ կեանքի մը պատմութիւն կը նկատենք՝ դասեր քաղելու լաւագոյն միջոց տեսնելու փոխարէն. գուցէ ժամանակ մը ետք մեր երեսը դարձնենք ռուսէն եւ ռուսին փոխարէն դնենք եւրոպացին կամ ամերիկացին, սակայն ենթակաները պիտի փոխուին եւ արդիւնքը պիտի մնայ նոյնը. պատմութեան ընթացքին եթէ ռուսը հայուն բարիք գործած է, նոյնչափ եւ աւելի չարիք հասցուցած է եւ այս պարագան յատուկ չէ միայն ռուսին. նոյնը պիտի ըլլար եւ ըլլայ բոլոր ազգութիւններու պարագային, որովհետեւ միայն հայը կրնայ իր հայրենիքին ազատութիւնն ու անկախութիւնը իրապէս պաշտպանել եւ ուրիշ ո՛չ մէկ պետութիւն:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -359-
Ազատութիւնը մեծ արժէք մըն է՝ անփոխարինելի, սակայն մեր հայութեան մօտ այդպէս չէ։ Հայաստան հաստատուելէ ետք համոզուեցայ, որ բազմաթիւ մարդիկ կը «փնտռեն» Խորհրդային Միութեան օրերը՚։ Հազար ու մէկ զոհողութիւններով ձեռք բերուած անկախութիւնը անտեսելով, երանի կու տան այդ օրերուն համար՝ հառակակ ամէն տեսակի հալածանքներուն, պատճառուած դժուարութիւններուն ու սահմանափակումներուն:
Սկզբնական շրջանին կը մեղադրէի անձերը, սակայն ժամանակի ընթացքին համոզուեցայ, որ սխալը ո՛չ թէ հասարակ մարդոց, այլ պետութեանն է, որուն աշխատելու ձեւը մարդոց «գերութեան» օրերը նոյնիսկ փնտռել կու տայ:
Մեր հայկական հարցը լուծելու համար կարծելով մէկ լուծում կայ. աղօթել, որ նոր ջրհեղեղ մը սկսի, որպէսզի նոր հիմերու վրայ սկիզբէն հայ ազգ մը հիմնենք՝ ներկայէն շատ աւելի յուսալի եւ ինքնաբաւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան