«ԹԵՐԹ ՉԻ ՂՐԿԷՔ»
Դուք երբեւէ փորձա՞ծ էք օտարին մէջ ծանօթը փնտռել եւ կամ նոյնիսկ անծանօթ մեղեդիի մէջ հայկական ելեւէջներ որսալ. նոյն զգացումն ու յուզումները մեր նախահայրերը ապրեցան գրեթէ ամէ՛ն օր. կատաղի ձեւով կառչած մնացին իրենց արմատներուն եւ օտարին կողմէ նուազագոյն ազդեցութիւնն անգամ իրենց հայրենասիրութեան հանդէպ դաւաճանութիւն մը նկատեցին. օտար ափերու մէջ անոնց միակ սփոփանքն ու մխիթարութիւնը իրենց հայկականութիւնն ու անցեալին յուշերն էին: Սակայն, ցաւ ի սիրտ, անոնք չկրցան այդ նոյն ոգին փոխանցել իրենց յաջորդող սերունդներուն. գուցէ պէտք էր դժո՞խքը տեսնել այդ բոլորին արժէքը աւելիով հասկնալու համար. չենք գիտեր:
Գաղթականներու առաջին սերունդները, իրենց մխիթարութիւնը գտան մի միայն մամուլի, եկեղեցւոյ եւ բոլոր այն իրողութիւններուն մէջ, որ զիրենք թէեւ ո՛չ մարմնապէս, սակայն հոգեպէս տեղափոխեց հոն՝ ուր իրենց տունը լքուած կը սպասէր. անոնց համար հայկական մամուլի մը մի քանի տողը կարդալը ընթերցանութիւն ըլլալէ աւելի իրենց կապուածութեան զգացողութիւնն էր, սրբազան ինչպէս պատարագը, որովհետեւ այդտեղ (թէեւ շատ անգամ անհասկնալի) բաւարար էր որ գրուած էր այն տառերը՝ որոնք Ս. Մեսրոպ Մաշտոց յօրիներ էր:
Սակայն այդ սրբազան զգացողութիւնը չփոխանցուեցաւ յաջորդող սերունդին եւ ատոր մեծագոյն փաստը տասնամեակներ առաջ խմբագրութեան մը ստացած հետեւեալ երկտողն էր. «Մեծ հայրս մահացաւ, թերթ չի ղրկէք»:
Այս երկտողը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ պիտի մնայ անջնջելի, որովհետեւ այդ պարզ տողով է, որ սկիզբ դրուեցաւ մեր դաւաճանութեան: Առաջին սերունդը յաջորդող երկրորդ սերունդին մօտ արդէն իսկ լեզուն սրբութիւն չէ՝ ինչ էր պարագան իր հայրերուն ու մայրերուն. անոնք սկսան լեզուն մոռնալ եւ լեզուի մոռացութեան հետ նաեւ մոռացութեան տուին ներկայացուցած արժէքը եւ որպէս «աւելորդ» նկատելով որոշեցին թերթի բաժանորդագրութիւնը դադրեցնել։ Դադրեցնելու պատճառը իրականութեան մէջ դադրեցնելու իրողութենէն շատ աւելի խոր ու ծանր է։ Շատեր պատճառաբանեցին, թէ ալ տունին մէջ հայերէն հասկցող գրեթէ չկայ եւ թերթի գալը իրականութեան մէջ ոչ մէկ իմաստ ու նպատակ ունի. շատեր իրենց բաժանորդագրութիւնը դադրեցնելու որպէս յստակ պատճառ կը բերեն այն դժբախտ իրողութիւնը, որ այդ հայրերուն ու մայրերուն յաջորդող զաւակները արդէն իսկ հայերէն չեն գիտեր:
«Մեծ հայրիկը մեռաւ, թերթ մի՛ ղրկէք» երկտողը ինքնին ահազանգ մըն էր մտաւորականութեան համար, որոնք անոնք շա՛տ լաւ կրնային հասկնալ ու ըմբռնել, որ թերթին չուզուիլը իրականութեան մէջ ո՛չ թէ մեծ հայրիկի մահով պայմանաւորուած է, այլ սեփական լեզուի եւ արժէքներու աղքատութեամբ։ Դժոխքը սեփական աչքերով տեսած հայորդիները յաջորդող երկրորդ սերունդի օրերէն իսկ հրապարակ դուրս եկաւ «սպիտակ» ջարդ անուանումը. շատեր այդ արժէքներէն հեռանալը անհրաժեշտ կը գտնէին, մօտենալու համար օտարինին, սակայն շատեր կ՚ահազանգէին անոր վտանգին մասին. օրինակի համար՝ խմբագիր եւ հրապարակախօս Շաւարշ Միսաքեան իր «Ժամանակը ետ չի գար» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ կ՚ըսէ.
«Եւ կը մոռնան որ, ի վերջոյ, չարաչար պիտի տուժեն, երբ այլեւս միս-ոսկոր կապած ըլլան իրենց զաւակները՝ օտարացման ճամբուն վրայ». Միսաքեանի այս խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, որ տակաւին յոյս ունի փրկելու այն հայորդիները, որոնք իրենց հայութենէն կը մերկանան:
Միւս կողմէ, տարօրինակ էր նաեւ ժողովուրդը. որովհետեւ մէկ կողմէն հեռու կը կենային հայ թերթէն ու մամուլէն, սակայն միւս կողմէ կը բարձրաձայնէին կորստեան եզրին գտնուելու վտանգները. իսկ աւելի սարսափելին կ՚ըլլայ ան, երբ այս բոլորը մեր կեանքի բնական մէկ մասը կը սկսի կազմել: Այսօր մեր երիտասարդութեան հայերէն չգիտնալը շատ շատերուս համար բնական երեւոյթ մըն է: Ի դէպ յայտնենք, թէ Շաւարշ Միսաքեան իր հայրենասիրութեան եւ մայր լեզուին տէր դառնալու կոչը կ՚ընէր մօտաւորապէս հարիւր տարի առաջ՝ 1953 թուականին:
Թող մեր թերթերը խօսին. օրական դրութեամբ մահուան եւ կամ այլ պատճառներով խմբագիրներ կ՚ունենան «թերթը մի ղրկէք» ըսողներ, ո՛չ թէ որովհետեւ այդտեղ գրածները անգիր գիտէ, այլ որոշած է մնալ ինքն իր որոշումին վրայ:
Ընթա՞ցք. այս ընթացքով լոկ պարտութիւն է. թող ներեն բոլոր անոնք, որոնք տակաւին լաւատես են եւ իրենց մէջ որոշ յոյսի նշոյլ մը ունին, որ հայերէնը մոռցող եւ հայկականութենէ պարպուածներ կրնան դարձի գալ։ Կարմիր դժոխքը վստահաբար սարսափելի էր, սակայն, հաւատացէ՛ք, որ սպիտակը շատ աւելի մեծ աւերներ կրնայ գործել՝ անբուժելի եւ անդառնալի վէրք մը բանալով թէ՛ անձին եւ թէ մեր պատմութեան մէջ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Զէնքը ինչո՞ւ համար հնարեցին:
Պատասխան. Զէնքը ստեղծուած է գոյատեւելու եւ ինքնապաշտպանութեան համար. նախամարդուն համար անհրաժեշտ էին գործիքներ որսորդութեան համար եւ միաժամանակ վտանգներէն պաշտպանուելու համար. այս մտածումներուն հիման վրայ պէտք է ըսել, որ պատմութեան ընթացքին զէնքը տարբեր քաղաքակրթութիւններու կողմէ ձեւաւորուած եւ ժամանակի ընթացքին ստացած է մերօրեայ վիճակը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան