Ս. ՏԱԹԵՒԱՑԻՆ՝ ԽԱՉԻ ՄԱՍԻՆ
Ի՞նչ է Խաչը, Յիսուս ինչո՞ւ խաչուեցաւ։
Արդարեւ, Խաչը պարզ կախազարդ մը չէ՛, այլ՝ խորհո՛ւրդ մը։ Խաչը կը վերարժուի առիթի մը՝ ան միցո՛ջ մըն է։ Խաչի ճամբան՝ կեանքի ճամբա՛ն է։ Ուստի, Աստուծոյ տնտեսութիւնը տարբեր է մարդուն տնտեսութենէն. երկինք եւ երկիր այնքան հեռու են իրարմէ, որքան Աստուծոյ եւ մարդուն տնտեսութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, կ՚արժէ անգամ մը եւս խորհրդածել Խաչի խորհուրդին վրայ։
Ս. Գրիգոր Տաթեւացի. (1346 - 27 դեկտեմբեր 1409, աշխարհային անունը՝ Խութլաշահ), իր «ՈՍԿԵՓՈՐԻԿ» հանրագիտարային բնոյթ ունեցող աշխատասիրութեան մէջ Խաչը կը բացատրէ հետեւեալ տողերով։ «Այն մասին, որ Խաչով մեռաւ» խորագրին տակ ան կը հարցնէ. «Քրիստոս ինչո՞ւ խաչով մեռաւ», եւ կը պատասխանէ միաժամանակ։
«Նախ՝ որովհետեւ Խաչը աւելի կը հակադրուի Ադամի մեղքին. քանզի ինչպէս Ադամը ոտքով գնաց եւ ձեռքը երկարեց ծառին, կերաւ պտուղը եւ եղծեց մարդկային ցեղը, այդպէս ալ մեր Տէրը ոտքով գնաց դէպի Խաչը, ձեռքը բեւեռեց փայտի վրայ եւ լեղի ճաշակեց եւ այդպէս փրկեց մարդկութիւնը։
«Երկրորդ՝ քանզի անարգ էր Խաչի մահը, ինչպէս Օրէնքին մէջ ըսուած է.- Անիծեալ է իւրաքանչիւր ոք, որ կախուած է փայտէն. (Բ ՕՐ. ԻԱ 23)։ Այս պատճառով ալ Քրիստոսը կախուեցաւ փայտէն, վերցուց մեր մեղքերը եւ օրհնեց մեզ։
«Երրորդ՝ Իսահակի խոյը կախուեցաւ Սաբեկի ծառէն, որ երկճիւղ էր, որը օրինակ էր Քրիստոսի ճշմարիտ Խաչի։
«Չորրորդ՝ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ.- Քրիստոսն այն պատճառով Խաչ բարձրացաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ իր մահը ճանապարհ է դէպի երկնքի արքայութիւն, ինչպէս Յակոբը տեսաւ սանդուխը, որու գլուխը երկինք կը հասնէր, եւ Տէրը հաստատուած էր անոր վրայ։
«Եւ այլ բազմաթիւ է անոր խորհուրդը։
«Ի՞նչ կը նշանակէ Խաչի չորս թեւը։
«Առաջին՝ կը նշանակէ չոր բարութիւնները, որ Քրիստոս ըրաւ մեզի։ Վերի մասը ցոյց կու տայ երկնքի արքայութեան բացուիլը, վարի մասը՝ դժոխքի աւերումը, աջը՝ շնորհներու բաշխումը, ձախը՝ մեղքերու թողութիւնը։
«Երկրորդ՝ կը նշանակէ չորս առաքինութիւնները, որոնք հարկ է տարածել մեր ներքին մարդու մէջ։ Վերի մասը կը նշանակէ սէրը, վարինը՝ խոնարհութիւնը, աջը՝ հնազանդութիւնը, ձախը՝ համբերութիւնը։
«Երրորդ՝ կը նշանակէ մեր՝ դրախտէն զրկուիլը, քանզի աջ էինք՝ ձախ դարձանք։
«Չորրորդ՝ կը նշանակէ մեր չորս խորհուրդները. վերի մասը՝ - միշտ վերի մասին խորհիլ, ուր նստած է Քրիստոս. (ԿՈՂ. Գ 2), վարինը՝ մեր կեանքի վախճանն է։ Աջը եւ ձախը դատաստանի ընտրութիւնն է. փառքը՝ աջակողմեաններուն, պատիժը՝ ձախակողմեաններուն, եւ ուրիշ բազմաթիւ խորհուրդներ ունի։
«Դարձեալ՝ բազում նշանակութիւն ունի քառաթեւ խաչը. նախ՝ կը նշանակէ Եզեկիէլի քառադէմ կառքը, եւ Տէրը անոր վրայ բազմած, այլեւ, ինչպէս ըսաւ, Յակոբի սանդուխը, եւ Տէրը անոր վրայ հաստատուած, այլեւս անոր ոտքի տակ գտնուողը աղիւսաձեւ շափիւղայի ակ է, այլեւ ամաղեկացիներու դէմ Մովսէսի ձեռքերու տարածումը, այլեւ՝ Նոյեան տապանը եւ Մովսէսի տապանակը, եւ քաւութիւնը անոր վրայ, ողջակէզներու սեղան է, եւ սրբութեան սեղան, խունկերու սեղան է։ Այս բոլորը քառակուսի են, որ կը նշանակեն Քրիստոսի քառաթեւ Խաչը։
«Դարձեալ՝ աշխարհի չորս կողմը խաչաձեւ է. արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս եւ հարաւ։
«Նաեւ բոլոր մարմիններու տարրերը չորս սկզբունք ունին։
«Խաչաձեւ է նաեւ մարդը՝ բոլոր կենդանիներու գլուխը։ Խաչաձեւ են օդի մէջ սաւառնող թռչունները, որոնք թեւերը երկու կողմ տարածած՝ տեսական միտք կը նշանակեն։
«Նաեւ նաւը ջուրի վրայ կ՚ընթանայ խաչաձեւ, երբ քամին կը բանայ առագաստը, եւ պարզած թեւերով կը հասնի նաւահանգիստ, այդպէս ալ մարդիկ երկու թեւերով կը հասնին յաւիտենական կեանքի փառքին…»։
Այսպէս, ուրեմն, Խաչը իրապէ՛ս խորհուրդ մըն է. ան կեա՛նքն իսկ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 4, 2024, Իսթանպուլ