ԳԵՂԵՑԻԿ Է «ԵՂԲԱՅՐ» ԸԼԼԱԼ

Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշ­լեան իր «Եղ­բայր ենք մենք» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան իւ­րա­քան­չիւր տու­նը սա­պէս կը վեր­ջաց­նէ. «Ընդ աս­տե­ղօք ինչ կայ սի­րուն, Քան զանձ­կա­լի եղ­բայր ա­նուն…»։

«Եղ­բայր» բա­ռը, տա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ՝ նոյն ծնող­քէ ծնած որ­դի, հա­րա­զատ, նոյն ըն­տա­նի­քի ան­դամ։ Այս ի­մաս­տով «եղ­բայր»ը ի­րա­պէս ցան­կա­լի, սի­րուն ար­ժէք մըն է ա­մէն մէ­կու կեան­քին մէջ։

Ար­դա­րեւ, «եղ­բայր» ըլ­լա­լու վի­ճա­կը, թէեւ սկզբուն­քով նոյնն է ա­մէն շրջա­նի եւ ա­մէն ըն­կե­րա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, եւ սա­կայն ի­մաս­տի եւ ըմբռ­նու­մի նրբե­րանգ­նե­րով կը տար­բե­րի զա­նա­զան մշա­կոյթ­նե­րու մէջ, մա­նա­ւանդ պատ­մա­կան տե­սա­կէ­տով։ «Եղ­բայր» ըմբռ­նու­մը կրնայ հասկ­ցուիլ շատ նեղ ի­մաս­տով, ինչ­պէս նաեւ լայն ա­ռու­մով։

Յի­սուս սա­պէս կ՚ը­սէ այս մա­սին.

«Մայրս եւ եղ­բայր­ներս ա­սոնք են՝ ո­րոնք Աս­տու­ծոյ խօս­քը կը լսեն եւ կը գոր­ծադ­րեն» (ՂՈՒԿ. Ը 21)։­

Ու­րեմն «եղ­բայր» բա­ռը իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ «երկ­նա­ւոր Հօր կամ­քը կա­տա­րող» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 49), այ­սինքն՝ բա­րի նպա­տա­կի մը շուրջ հա­ւա­քուող, հա­ւա­տա­րիմ եւ հա­ւա­տա­ւոր ան­ձե­րու ա­մէն մէ­կը։ «Ա՛ն որ Աս­տու­ծոյ կամ­քը կը կա­տա­րէ՝ ա­նի­կա է եղ­բայր, քոյր եւ մայր» (ՄԱՐԿ. Գ 34)։­

Եւ ի­րա­պէ՛ս «չու­նին ձայն մի այն­քան սի­րուն, քան զանձ­կա­լի եղ­բայր ա­նուն», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշ­լեան, քա­նի որ «եղ­բայր» բա­ռը կ՚են­թադ­րէ սէր, միու­թիւն, հնա­զան­դու­թիւն, հա­ւա­տար­մու­թիւն եւ խո­նար­հու­թիւն։ Այս կը նշա­նա­կէ, թէ՝ «եղ­բայր», «հայր ու մայր», «ըն­տա­նիք» ըմբըռ-նում­նե­րը ի­րենց սեղմ ու տա­ռա­ցի ի­մաս­տէն շատ ա­ւե­լի լայն եւ ըն­դար­ձակ նշա­նա­կու­թիւն մը ու­նին։ Եւ այս կ՚ամ­փո­փուի, կը հա­ւա­քուի «հա­սա­րա­կաց բա­րի եւ ազ­նիւ, օ­րի­նա­ւոր եւ սրբա­զան նպա­տակ»ի մը շուրջ, այդ նուի­րա­կան նպա­տա­կին ծա­ռա­յե­լու եւ ամ­բող­ջա­նա­լու հա­մար։ Ու­րեմն, «եղ­բայ­րու­թեան» հա­մար բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ այդ բա­րի կամ­քին նպա­տա­կի մը ծա­ռա­յե­լը անհ­րա­ժեշտ պայ­ման է։

Եղ­բայ­րու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով, ա­րեան կա­պէ մը ա­ւե­լին է՝ բա­րո­յա­կան սրբա­զան կապ մը, եւ հո­գե­ւոր միու­թիւն մը։ Եղ­բայ­րու­թիւ­նը, բա­րի նպա­տա­կի մը ծա­ռա­յող միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւն է, միու­թեան մը ան­բա­ժան տար­րը եւ ա­նոր մաս­նի­կը ըլ­լալ է։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս ի­րո­ղու­թեան ակ­նար­կե­լով՝ Յի­սուս կ՚ը­սէ, թէ՝ ո՛վ որ Հօ­րը հնա­զան­դի, Ա­նոր կամ­քը կա­տա­րէ, Ա­նոր միա­նայ եւ այդ­պէս «միու­թիւն» կազ­մէ, ան «եղ­բայր» կը կո­չուի եւ «եղ­բայ­րու­թիւն»ը այս բա­րո­յա­կան միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւն կը նշա­նա­կէ, թէ ոչ՝ ա­րե­նա­կան կա­պը միայն «եղ­բայ­րու­թեան» հա­մար բա­ւա­րար չէ։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ֆի­զի­քա­կան եւ մարմ­նա­կան կա­պին հետ, ա­նի­կա ամ­բող­ջաց­նող բա­րո­յա­կան-հո­գե­կան կապ մըն ալ անհ­րա­ժեշտ է, եւ նոյ­նիսկ ա­ւե­լի կա­րե­ւո՛ր, ա­ւե­լի ազ­դու՝ «եղ­բայր» կո­չուե­լու հա­մար։

Ուս­տի չկա՞ն թշնա­մի­ներ ո­րոնք եղ­բայր են, չկա՞ն զի­րար ա­տող ան­ձեր ո­րոնք նոյն ծնող­քին զա­ւակ­ներն են… կա՛ն նաեւ բա­րե­կամ­ներ ո­րոնք եղ­բայր չեն, ի­րա­րու հա­ւա­տա­րիմ, ան­կեղծ սի­րով կա­պուած ան­ձեր ո­րոնք ո­րե­ւէ ա­րե­նա­կան կապ չու­նին, բայց «եղ­բայ­րու­թեան» տի­պար­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն։

Ու­րեմն, հիմ­նա­կա­նը բա­րո­յա­կան-հո­գե­ւոր կապն է՝ ո­րով կը հաս­տա­տուի ի­րա­կան եւ ան­կեղծ եղ­բայ­րու­թիւն­ներ։ Բա­րի­կա­մե­ցո­ղու­թիւն եւ ան­կեղ­ծու­թիւն կը զօ­րաց­նեն եղ­բայ­րու­թեան կա­պը, թէ ոչ միայն ա­րիւ­նի կա­պը եղ­բայր կո­չուե­լու հա­մար բա­ւա­րար չէ, թե­րեւս միայն «ա­նուա­նեալ եղ­բայ­րու­թիւն» մը կը ստեղ­ծէ, կո­չում մը միայն։

Յով­սէփ Ա­ւագ Քա­հա­նայ Յա­կո­բեան, իր «Ճշմար­տա­խօս քրիս­տո­նեան» գիր­քին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ.

«Կան մար­դիկ, ո­րոնք ա­ռանց հասկ­նա­լու, կը փոր­ձեն Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ գրուած­նե­րը մեկ­նա­բա­նել ի­րենց հասկ­ցած կեր­պով։ Շատ յա­ճախ չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րու մէջ մտնե­լով, ա­նոնք կրնան լուրջ սխալ­ներ գոր­ծել։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, Մատ­թէո­սի Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ յի­շուած հա­տուա­ծը (ՄԱՏԹ. ԺԲ 48-50) մեկ­նա­բա­նե­լու հար­ցին մէջ։

«Շա­տեր պար­զա­պէս ըն­դօ­րի­նա­կե­լով, կը հաս­նին այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ Յի­սուս, Սուրբ Կոյ­սի միակ զա­ւա­կը չէ ե­ղած, այլ ու­նե­ցած է նաեւ եղ­բայր­ներ՝ կաս­կա­ծի տակ դնե­լով Աս­տուա­ծա­մօր յա­ւի­տե­նա­կան կու­սու­թիւ­նը։

«Տա­րօ­րի­նակ է, որ նման մար­դիկ ա­ռանց հար­ցը ու­սում­նա­սի­րե­լու, նկա­տի չեն առ­ներ Քրիս­տո­սի իսկ տուած պա­տաս­խա­նը, թէ.- Ո՞վ է իմ մայ­րը, կամ ով­քե՞ր են իմ եղ­բայր­նե­րը։ Իր շա­րու­նա­կու­թեան մէջ Յի­սուս կու տայ գե­ղե­ցիկ եւ տրա­մա­բա­նա­կան պա­տաս­խան, թէ՝ Ա­նոնք են իմ մայրն ու եղ­բայր­նե­րը, ո­րոնք կը կա­տա­րեն իմ Հօր կամ­քը։

«Այս խօս­քե­րու մէջ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի է Յի­սու­սի պա­տաս­խա­նին այն բա­ժի­նը՝ ուր ան մատ­նա­ցոյց կ՚ը­նէ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րոնք իր ա­ռա­ջին հե­տե­ւորդ­ներն էին եւ ո­րոնք տես­նողն ու լսող­նե­րը պի­տի ըլ­լա­յին Իր կա­տա­րած բո­լոր հրաշք­նե­րուն եւ ու­սու­ցում­նե­րուն։ Եւ ե­թէ իս­կա­պէս մեր Տէ­րը այս պա­րա­գա­յին մարմ­նա­ւոր եղ­բայր­ներ ու­նե­նար, վստա­հա­բար կամ պի­տի թոյ­լատ­րէր ա­նոնց մուտ­քը եւ կամ պի­տի համ­բե­րէր մին­չեւ իր խօս­քի ա­ւար­տը եւ կամ Ին­քը պի­տի միա­նար ա­նոնց։ Սա­կայն տե­ղի չու­նե­ցաւ ո՛չ մէ­կը եւ ո՛չ ալ միւ­սը, այլ Յի­սուս պար­զա­պէս ը­սաւ.- Ա­նոնք, որ կը լսեն իմ խօս­քե­րը, ո­րոնք Աս­տու­ծոյ կա՛մքն են եւ կը գոր­ծադ­րեն զա­նոնք, ա­նոնք են իմ թէ՛ մայրս եւ թէ՛ եղ­բայր­ներս։

«Եւ ե­թէ եղ­բայր­ներ ու­նե­նար ին­չո՞ւ իր ա­շա­կեր­տին ը­սէր.- Ա­հա՛ քու մայ­րը (ՅՈՎՀ. ԺԹ 27)»։

­Սի­րենք զի­րար իս­կա­կա՛ն եղ­բայր­նե­րու պէս…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016