«ՊՈԼԻՍԷՆ ՓԱՐԻԶ»
Շահան Շահնուր (1903-1974), իսկական մականունով՝ Շ. Քերեսթէճեան ծնած է Պոլիս, եւ հոն ստացած է իր ուսումը։ Ապա մեկնած է Փարիզ։ Իր «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» պատմուածքներու շարքը, «Նահանջը առանց երգի» վէպը իր կարեւոր գործերը եղած են։ Ան նաեւ ունի մամուլի քրոնիկներ, վերլուծումներ՝ հրատարակուած Փարիզի «Յառաջ»ին մէջ։
Շահան Շահնուրի գործը, ընդհանրապէս կը շօշափէ սփիւռքի մէջ անկազմակերպ հայութեան մը սպառնացող օտարացումի վտանգը։
Շահան Շահնուր գրած է աւելի ֆրանսերէն, Արմէն Լիւպէն անունով, իբր գնահատուած բանաստեղծ՝ ֆրանսական գրականութեան մէջ։
Եւ ահաւասիկ, անոր գործերէն հատուած մը կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ ուր կը տեսնենք տարեց մայրիկ մը եւ անյայտ երիտասարդ մը։ Մայրիկը օտարութեան մէջ շատախօս է դարձած։
Հեղինակը, այդ «տխուր» պատկերը ծածկած է ժպիտի մը ետին՝ բայց «տխո՛ւր ժպիտ»ի մը…
ՊՈԼԻՍԷՆ ՓԱՐԻԶ
Խոշոր ծրար մը թեւին տակ՝ ան բարձրացաւ թիւ 89 հանրակառքը, որ Օթէլ-տը-Վիլէն մեկնելով կ՚երթայ մինչեւ Քլամառ։
Կանգ առած վակոնը սովորականէն աւելի տատանեցաւ իր զսպանակներուն վրայ. արհամարհելի չէր ներս մտնող կնոջ ծանրութիւնը…
Հաստատամարմին մայրիկը սեւ եւ ծիծաղելիօրէն պզտիկ գլխարկ մը ունի, խեղճուկ սեւ վերարկու մը, ինչպէս նաեւ սեւ յօնքեր, սեւ վերին շրթունք եւ երկու սեւ ակռայ։ Հատ մըն ալ՝ հայու սեւ ճակատագիր։
Եպրաքսէ հանըմ «փարտոն»ով անցաւ անկիւն մը։ Ծրարը դրաւ ոտքերուն միջեւ, տեղաւորուեցաւ, «օ՜ֆ» քաշեց, տոմսակը մատանիին անցուց եւ քննող ակնարկ մը պտտցուց շուրջը։
Ճիշդ դէմը նստած էր քիչ մը տժգոյն երիտասարդ մը, թուխ, կոկիկ հագուած։ Ան մելամաղձոտ էր, ինքն իր վրայ կքած։
Եպրաքսէ հանըմը նշմարեց, որ անոր գիրկը գտնուող փոքրիկ ծրարը հայերէն թերթի մը մէջ պլլուած էր։ Առանց այլեւայլի ըսաւ.
-Գիտես «քի» ես քեզ պիտի ճանչնամ, դուն Փառանձեմին տղան չե՞ս։
Ո՛չ, Փառանձեմին տղան չէր, բայց հայ էր։ Անակնկալէն այնպէս մը ցնցուեցաւ՝ որ անմիջապէս տուաւ իր անունը։
-Կարապետեա՞ն… Նորայր Կարապետեա՞ն։ Քա ես փէ՜ք շատ Կարապետեան կը ճանչնամ։ Դուն Մարզուանի՞ Կարապետեաններէն ես… Խասքէօյի՞… Ճի՛շդ Փառանձեմին տղուն կը նմանիս… Հարկա՛ւ՝ հայ ըլլալդ քիթէդ-բերնէդ կը վազէ կոր, «հեմէն» ըսի, «քի» մեր արիւնէն ես… Գործդ ի՞նչ է… Ան ատեն անպայման պիտի ճանչնաս իմ տղաքս… Ինչո՞ւ մայրիկդ Պոլիսէն քովդ բերել չես տար… Քոյրիկդ քեզմէ մե՞ծ է… կարգուա՞ծ է։ Աչքս ելլայ, ասանկ տղաքներ հասցուր «տէ», վերջն ալ մի՛ վայելեր… մայր չէք «քի» ինչ ըլլալը հասկնաք։ …Ինտո՞ր կ՚ըլլայ, որ չես ճանչնար պզտիկս…
Եպրաքսէ հանըմ յանկարծ ականջները գոցեց, որովհետեւ հանրակառքին անիւները գէշ կերպով կը սկրթուէին, անկիւնադարձի մը պատճառով։ Յետոյ շունչ առաւ եւ հարցուց.
-Ան չէ «ամա», դուն Սերովբէն կը ճանչնա՞ս… Սէն Միշէլի հայ նպարավաճառը… Հա՛ ճանըմ, շան զաւակ Սերովբէն… Է՛յ ի՞նչ տեսակ հայ ես դուն։ Ժամ չե՛ս երթար, մեր նպարավաճառը չե՛ս ճանչնար, հետս չե՛ս խօսիր…
Տղան մեղմ ժպիտով՝ կը լսէր գլխահակ։
-Չե՞ս հարցներ,- ըսաւ Եպրաքսէն,- ի՛նչ է ծրարիս մէջ։ Ըսեմ «նէ» վրա՛ս պիտի խնդաս։ Բայց էն առաջ դուն ինծի սա՛ ըսէ. տեղ մը յարմար, աժանկեկ «ափարթըման» մը գիտե՞ս։ Երկու սենեակ-խոհանոց մը ըլլայ… Աս ի՜նչ դժուար բան… Նայէ՛, ծրարիս մէջինը «խալի» է. Աստուած գիտէ՝ ինչե՛ր քաշեցի ասոր ձեռքէն…
Եւ սկսաւ պատմել, թէ ինչե՛ր քաշած է իր այս գորգին ձեռքէն։
Ամէն բանէ առաջ, ուզեց նկարագրել իր տունը։ Ըսաւ, թէ իր երկու մանչերուն հետ կը բնակի հին եւ աշտարակի պէս նեղ բանի մը ո՛չ թէ գագաթ, այլ գագաթին գագաթին գագաթը։ Թէ՛ անկարող է մէկ շունչով վեր բարձրանալու։ Երեք անգամ կը նստի սանդուխներուն վրայ ու կ՚ըսէ. «Մեղա՛յ ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ»։ Իսկ յարկաբաժինը՝ Աստուած թշնամիի՛ս չցուցնէ…։ Առաստաղը ցած է եւ ծուռ։ Հո՛ս ծուռ, հո՛ն ծուռ։ Ճի՛շդ ուղտի կռնակ։ Այնքա՛ն որ մարդ կը կարծէ՝ կոխած տեղն ալ ծուռ է։
Ամառը շատ տաք կ՚ընէ, տանիքին ճիշդ տակը գտնուելուն համար, եւ Եպրաքսէ հանըմին աչքերէն շոգի կ՚ելլէ։
Սենեակները գրպանի չափ են։ Պոլիս՝ Եպրաքսէ ասոնցմէ մեծ որմնադարա՛ն ունէր։ Չորս որմնադարան՝ որոնց յարգը չէր գիտեր, անոնց մէջ սո՜խ կը կախէր, սերկեւի՜լ կը կախէր։
Յետոյ, պատուհանները այնքան նեղ են ու փոքր՝ որ հայ մայրը ոչինչ կրնայ թօթուել. իր օձիքն անգամ չի կրնար թօթուել։ Աստուա՜ծ գիտէ՝ որքա՜ն բան ունի մաքրելիք, քանի որ ծխնելոյզներուն մուրը ուղղակի ներս կու գայ…
Հիմա գանք սա գորգին։ Դո՛ւն ըսէ. ինչպէ՞ս զայն թօթուէ եւ ո՞ւր թօթուէ։ Սկիզբը կ՚իջնէր երկու յարկ վար, եւ սանդուխին վրայի մէկ պատուհանէն կը թօթուէր։ Բայց իր դէմը ելան նոյն յարկին երկու ջատուկները, ինչպէս նաեւ դռնապանուհին։
Իբրեւ թէ Եպրաքսէ հանըմ ծայրայեղութեան տարած է եղեր մաքրասիրութիւնը։ Ճշմարիտ խենթ մըն է եղեր։ Թէ՝ Փարիզի մէջ կայ եղեր օրէնք մը, որ կ՚արգիլէ առաւօտեան ժամը ութէն ետք որեւէ բան թօթուել պատուհանէ մը՝ երբ այդ պատուհանը փողոցի վրայ կը նայի։
Սո՛ւտ, ամբո՛ղջ սուտ։ Եպրաքսէն օրէնք չի՞ ճանչնար. ո՞ր խենթը աս օրէնքը դրեր է։ Ո՛չ, իր ասչափ տարուան ապրելակերպը պիտի նոր չփոխէ՛ Եպրաքսէ։ Ինք այսպէս չէ՛ վարժուած։
Այս ֆրանսացիները աղտո՛տ են, աղտո՛տ։ Առաջ Եպրաքսէին տունը գայիր՝ տեսնէի՜ր… Ձիւնի պէս… լզէ՛, ուր որ կ՚ուզես՝ լզէ՛։ Ծօ՛, մենք ասա՛նկ վարժուած ենք։ Հիմա ալ՝ տղաքը արգելք կ՚ըլլան մաքրելու։ «Մըներ, մայրիկ, ֆրանսացիները մի՛ նեղացներ», կ՚ըսեն։ Ծօ՛, խելքիս պիտի գայ, ինչո՞ւ նեղանան…
Բայց որովհետեւ տղան բան մը չէր ըսեր, լռեց, ծուռ մը նայեցաւ եւ քիչ մը յետոյ հարցուց.
-Ան չէ «եա», ասանկ օր մը ինչո՞ւ չես աշխատիր…
Երբ խօսքը օտար երկիր ապրելու մասին է՝ կը յիշենք Գամառ-Քաթիպայի «Պանդխտողներին» քերթուածը։
ՊԱՆԴԽՏՈՂՆԵՐԻՆ
Ի՞նչ էք անում, ա՛յ խեղճ հայեր.
Որ երկրումը ցանկալի
Թողած անուշ օդն ու այեր
Դիմում էք գիրկն օտարի։
*
Օտարն երբեք չի ճանաչում
Ձեր ցաւին էլ, կոծին էլ,
Օտար հողի ո՛չ մէկ խորքում
Հային չը պէտք կեանք սիրել։
Եթէ կ՚ուզէք, շարունակենք Խորէն Եպս. Նար-Պէյի հետեւեալ քառեակով։
ԱՍՏՈՒԱ՜Ծ
Հայրենեաց յուշք սրտախորով
Ճմլեն հոգիք հայրենավառք.
Դոյզն ինչ, Աստուա՜ծ, գութ ու գորով՝
Հայկեան տեւեն պատիւ եւ փառք։
Իսկ Աշուղ Ջիւանի սապէս կ՚երգէ.
Բացի ցաւից աշխարհի վրայ չը տեսայ բան,
Նոր նոր ցաւեր նորից կու գան ձիւնի նման,
Մարդկանց հոգուն չըկայ մի այլ երանաստան
Էս լուսաշող եւ փառաւոր երկնից զատ։
Եւ վերջացնենք Պետրոս Դուրեանի «Վերջաբան»ով։
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Յառէ՛ աչքերդ Անհունին,
Ո՛վ նիւթապաշտ Մարդկութիւն,
Հոգիները մահ չունին,
Վկայ գրքոյկս այս սիրուն։
Ուրեմն, այս մասին մեզի խօսք չի մնար այլեւս, քանի այս տողերը կը կարդանք՝ կը զգանք, կ՚ապրինք եւ կը մտածենք… մարդ ինչո՞ւ յաճախ իր երջանկութիւնը կը փնտռէ հեռո՜ւները, օտար վայրեր, եւ չի խորհիր երջանիկ ըլլալ հո՛ն՝ ուր կը գտնուի, հոն ո՛ւր է իր արմատները։
Մարդուս համար շատ աւելի լա՛ւ պիտի ըլլար, փոխանակ երջանկութեան երթալ փորձելու՝ երջանկութիւնը բերել փորձել։
Այդքան ալ դժուար պէտք չէ ըլլայ այդ փորձը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 21 2022, Իսթանպուլ