ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ԳՐԵԼ
Սուրբ Թովմաս Աքուինաս, 26 երկա՜ր տարիներ աշխատած է իր «Summa Theologiae» երկը գրելու համար եւ մեռած է զայն լրացնելէ առաջ։ Ուստի գրելը կը կարօտի ուսումնասիրութեան, լուրջ աշխատութեան եւ զոհողութեա՛ն։ Արդարեւ, գրելու համար պաշար պէտք է։ Եւ այդ պաշարը կարելի է ապահովել՝ ԿԱՐԴԱԼով, ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼով եւ ՇՈՒՐՋԸ ԴԻՏԵԼով, այսինքն շրջահայեաց ըլլալով։
Եւ երբ «դիտել» կ՚ըսուի, լայն առումով, շուրջը գտնուած իրերու, իրողութիւններու եւ բնական երեւոյթներու նայի՛լ կը նշանակէ։ Բայց «դիտել» միայն նայիլ չէ՛, այլ պէտք է զանազանել՝ նայիլը՝ տեսնելէ, տեսնելը՝ հասկնալէ, եւ վերջապէս հասկնալը՝ իւրացնելէ։ Դիտելը պէ՛տք է ըլլայ՝ խորաթափանց, խորազնին։ Իր մը, իրողութիւն մը, երեւոյթ մը պէտք է դիտուի իրենց խորութեանը մէջ՝ բարձրութեան վրայէն եւ տարածուած գետնի մը վրայ, այսինքն երեք կողմէ, երեք երեսներով։ Եւ ա՛յդ է ահաւասիկ «դիտել»ը իր յատուկ իմաստով եւ գրելու կամ խօսելու, միտք եւ գաղափար յայտնելու եւ արտադրելու համար։
Ըսինք, որ գրելու համար պաշար պէտք է, պաշարը երկար տարիներու կը կարօտի, անիկա վայրկենական ստացուած արժէք մը չէ՛, այլ համբերութեամբ ուսումնասիրելու, պրպտելու՝ ուշադրութեամբ եւ մանրամասնօրէն փնտռելու եւ մանաւանդ խորհրդածելու կարօտող գործ մըն է։ Լուրջ գրութիւն մը շատ երկար տարիներու համբերատար եւ բծախնդիր աշխատութեան պտուղն է՝ արդիւնքը հաւաքուած պաշարին։
Ժողովրդական իմաստութիւնը յայտնի խօսքով մը կը պատկերացնէ այս իրողութիւնը, երբ կ՚ըսէ. «Լաւ գործը 6 ամիսէն կը լրանայ»։ Բայց ի՞նչ կ՚արժէ այդ ժամանակամիջոցը գրական լուրջ, արժէքաւոր երկրի մը համար։ Եւ մանաւանդ երբ այս խօսքին միանայ ուրիշ խօսք մը, թէ՝ «լաւագոյնը լաւին թշնամի՛ն է»։ Արդարեւ, երբ մարդ լաւագոյնը կատարել փափաքի, լաւը չի գոհացներ զինք եւ բնականաբար այդ ժամանակամիջոցն ալ կ՚երկարի, մինչեւ իսկ անկարելի՛ կը դարձնէ որեւէ գրական արտադրութիւն։
Գրել մեծ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ. գրողը պատասխանատո՛ւ է ամէն մէկ կարդացողին հանդէպ, քանի որ անոր գրածը բան մը կ՚աւելցնէ, կամ բան մը կը պակսեցնէ ընթերցողին ընդհանուր մտային պաշարին՝ գիտելիքներուն նկատմամբ։ Սխալ, թերի գրութիւն մը կրնայ սխալ ուղղութեան առաջնորդել ընթերցողը, կրնայ այդ «սխալ»ը փոխանցուի սերունդէ՜ սերունդ եւ այն ատեն, իրապէս, շատ ծանր կ՚ըլլայ գրողին պատասխանատուութիւնը։ Ուրեմն, մարդ երբ տող մը իսկ կը գրէ հրատարակուելու համար, պէտք է լաւ չափէ եւ կշռէ իր գրածը, լաւ պատրաստուի եւ ուշադիր ըլլայ, որպէսզի չսխալեցնէ իր ընթերցողները եւ վնաս չպատճառէ։
Այս ուղղութեամբ ո՛չ միայն գիրք, այլ հրատարակութեան տրուած պարզ գրութիւն մը իսկ, որուն ուսումնասիրութիւն կամ երկասիրութիւն ըսել կարելի չէ՝ կարող, անխոնջ եւ խղճամիտ ուսումնասիրութեան մը, աշխատասիրութեան արդիւնք ըլլալու է, եւ բանահաւաքի մը գուրգուրանքին տակ պատրաստուելու է։ Բնականաբար ասիկա ժամանակ ե՛ւ երկա՜ր ժամանակ եւ համբերատարութիւն կը պահանջէ։
Ահաւասիկ, բազմամեայ սիրոյ աշխատանքի գոհացում պատճառող, մխիթարութեան առիթ ընծայող գրական վաստակներ եւ վաստակաւորներ՝ որոնց վկան է պատմութիւնը։
Հռչակաւոր յոյն քերականագէտ եւ քննադատ Զէնօտօթոս, ամբողջ կեանքը անցուցած է «Հոմերոս»ի միակ մէկ օրինակը ուսումնասիրելով։
Էմմանուէլ Քանթ, 17 երկար տարիներու լուրջ եւ համբերատար աշխատութենէ մը ետք, հազիւ կրցած է լմնցնել իր անուանի «Քննադատութիւն Զուտ Բանականութեան»ը. «Kritik der reinen Vernunft» 1781։
Լէոնարտօ տա Վինչի, թողած է միայն վեց մեծ նկարներ, հիմնելու եւ հաստատելու համար իր անունը իբրեւ «վարպետ գեղարուեստագէտ» մը։ Այս նկարները կը ներկայացնեն շա՜տ երկար տարիներու ուսումնասիրութիւն եւ աշխատանք։ Բայց իր իսկ պնդումին համաձայն, վերջացուցած է անոնցմէ ո՛չ մէկը։
Ասիկա կարելի է նկատել «լաւագոյնը թշնամի՛ է լաւին» խօսքին մէկ արտայայտութիւնը։ Անոնք որ կատարելապաշտ են, երբե՛ք չեն կրնար աւարտել իրենց աշխատասիրութիւնը եւ չեն կրնար արդիւնք մը ձեռք բերել ընդհանրապէս։ Անշուշտ բացառութիւններ միշտ կրնայ պատահիլ, որոնց կը վկայէ դարձեալ պատմութիւնը։ Բայց լաւագոյնին ձգտող կատարելապաշտներ միշտ դժգոհ կը մնան իրենց արտադրած գործերէն ամէն մարզի մէջ։
Թովմաս Քարլայլ իր «Բրուսիոյ Ֆրէտէրիք»ը գրած է տասնչորս տարիներու ընթացքին։
«Վերելք եւ Անկում Հռոմի» գործը Կիպպընսի կեանքին 19 տարիները առած է։
Սալիւսթի գործերուն մէկ տպագրութիւնը հրատարակած է Տիժօնցի Շառլ տը Պրօս, 30 երկար տարիներու համբերատար եւ խղճամիտ աշխատանք նուիրելէ ետք անոր։
Հօրէս Հաուըրտ Ֆըրնէս (1833-1912), ականաւոր Շէյքսփիրագէտը, իր գործերով ապացուցած է, թէ՝ այդ մեծ թատերագրին արտադրութիւններուն արդարութիւն ըրած պիտի չըլլար, եթէ իր «կեանքի ամբողջ տեւողութեանը անոնց հետ չզբաղէր»։
Ահաւասիկ, համբերատարութեան եւ հաւատարմութեան տիպա՛ր մը՝ պատմութեան արձանագրած։
Եւ Ճէյմս Պօսուէլ, հաւատարիմ հետեւորդը Սամուէլ Ճանսընի, 50 տարիներու յոգնութիւն մը դրաւ իր վարպետին «Կեանք»ը գրելու իր նշանաւոր գործին մէջ. «The Life of Samuel Johnson - 1791»։
Ուստի, յարատեւ, տքնաջան ուսումնասիրութիւններու արդիւնք կ՚իրականանան լուրջ եւ վստահելի՛ արտադրութիւններ, որոնք կը ծառայեն համայն մարդկութեան մտային զարգացման…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 30, 2017, Իսթանպուլ