ԱՐԴԱՐ ՄԱՐԴՈՒ ՏԻՊԱՐԸ
Արդարութեան մասին յաճախ խօսեցանք եւ խորհրդակցեցանք այս սիւնակներուն մէջ, ձեզի հետ սիրելի՜ բարեկամներ։ Արդարութիւնը՝ առաքինութի՛ւն է, ազնուութիւն է, եւ ընկերային ներդաշնակութիւնը, խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը ապահովող՝ անհրաժեշտ տա՛րր մըն է։
Արդարութիւնը քանի որ միջոց մը, գործիք մըն է ընկերային ընդհանուր խաղաղութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը հաստատելու համար, ապա ուրեմն զայն գործադրող, շարժման անցընող ուժն ալ՝ մա՛րդն է։
Առանց մարդու «արդարութիւն»ը արժէք չի ներկայացներ, քանի որ արդարութիւնը մարդուն համար է, եւ նաեւ՝ արդարութիւնը գործնականի վերածողն ալ՝ դարձեալ մա՛րդն է։ Արդարութիւնը կը կիրարկուի մարդոց ձեռքով՝ մարդո՛ւն համար։ Հաշտ, խաղաղ եւ միասին ընկերային, ընտանեկան եւ անհատական կեանքի մը հաստատման համար արդարութիւնը անհրաժեշտ պայմա՛ն է։ Ուրեմն կարելի է դիմաւորուիլ սապէս հարցումով մը, թէ՝ ո՞վ է իսկական իմաստով «արդար մարդ»ը, եւ դարձեալ՝ ո՞րն է «արդար մարդ»ու տիպարը։ Ուրիշ խօսքով՝ արդարութիւնը ամենալաւ ո՞վ կրնայ գործածել եւ օգտագործել…։
Քանի որ «արդարութեան» գոյութեան համար «արդար մարդ»ու ներկայութիւնը պէտք է։ Արդարութիւնը վերացական, տեսաբանական արժէք մը կը մնայ՝ երբ զայն գործադրող, օգտագործող, կեանքի վերածող մարդը գոյութիւն չունենայ։ Արդարութիւնը շօշափելիի վերածողը ընկերական կեանքն է՝ մարդկային փոխյարաբերութիւնները, մարդկային իրաւունքները, բարոյական արժէքները եւ մարդկային արժանապատուութիւնը։
Ո՞վ է «արդար մարդ»ը եւ ո՞րն է «արդար մարդու տիպար»ը։ Արդարութեան գաղափարէն՝ արդարութեան, թանձրացեալ, շօշափելի իրողութեան մը վերածուիլը կարելի է տեսնել Վարդան Վարդապետ Այգեցիի պատմած հետեւեալ առակին մէջ։
Ուրեմն տեսնենք, ի՛նչ կը պատմէ Վարդան Վարդապետ՝ ցոյց տալու համար «արդար մարդու տիպար»ը։
«Երիտասարդ մը ուխտած էր երբեք -հարամ- այսինքն անիրաւ, անարդար բան չուտել եւ օր մը ան գնաց գետի մը եզերքը եւ հոն տեսաւ, որ ջուրը դէպի իրեն խնձոր մը կը բերէ։ Երիտասարդը անօթի էր, եւ առաւ խնձորը ու կերաւ։
«Բայց, ապա, յանկարծ յիշեց իր ուխտը։
«Խղճմտանքը անհանգստացուցած էր զինք, գնաց գետն ի վեր եւ գտաւ այգի մը եւ տեսաւ, որ խնձորը այդ այգիէն էր եկած։
«Երիտասարդը այգետիրոջ ըսաւ.
«Ողորմէ՛ ինծի եւ ա՛ռ խնձորին փոխարժէքը՝ ի՛նչ որ է անոր գինը եւ կամ -հալալ- ըրէ, արդարացուր, քանի որ ես -հարամ- բան ամենեւին չեմ կերած։
«Այս լսելով բուրաստանին՝ պարտէզին տէրը երիտասարդին ըսաւ.
«Կէսը՝ որ ի՛մն է -հալալ- քեզ եւ կէսը՝ որ իմ եղբօրն է, անոր տէրը չեմ եւ չեմ կրնար ըսել որեւէ բան։ Եւ իմ եղբայրը հեռո՜ւ է՝ այստեղէն մօտաւորապէս վեց օրուան ճամբայ է բնակած վայրը։
«Եւ երիտասարդը ճամբայ ելաւ եւ վեց օրուան ճամբորդութենէ մը ետք գտաւ այն մարդը, ըսաւ.
«Կամ ա՛ռ քու կէս խնձորի գինը եւ կամ -հալալ- ըրէ, արդարացուր զայն ինծի։
«Խնձորին կէսին տէրը ըսաւ երիտասարդին.
«Ո՛չ գինը կ՚առնեմ կէս խնձորին եւ ոչ ալ -հալալ- կ՚ընեմ։ Թէ կ՚ուզես որ -հալալ- ընեմ, ես աղջիկ մը ունիմ՝ որ ո՛չ ականջ ունի, ո՛չ լեզու, եւ ոչ ալ ձեռք, ոչ ալ ոտք, կին առ զայն, -հալալ- ընեմ։
«Երիտասարդը՝ անճար վիճակի մատնուած, որպէս կին առաւ այդ աղջիկը։ Ամուսնացաւ անոր հետ։ Եւ երբ առագաստ՝ հարսանեկան սենեակ մտան՝ զարմանքով տեսաւ որ աղջիկը բոլորովին առողջ էր, որեւէ թերութիւն կամ տկարութիւն չունէր։
«Այս տեսնելով, երիտասարդը աներոջը ըսաւ.
«Ինչո՞ւ կը զրպարտէիր, սուտ ամբաստանութեամբ կը ծաղրէիր քու աղջկան մասին։
«Եւ աները իր փեսային ըսաւ.
«Ես չէի զրպարտեր կամ սուտ ամբաստանութիւն չէի ըներ՝ ճշմարիտը կը խօսէի, որովհետեւ ծնած օրէն իմ աղջիկը արեգակի լոյսը միայն մեր տան տանիքէն է տեսեր, եւ օտար մարդու ձայն չէ լսեր, օտար ոեւէ մէկու հետ չէ՛ խօսեր, եւ ձեռքով մեղք չէ՛ շօշափեր, եւ ոտքը տան դռնէն դուրս երբեք չէ՛ դրեր։ Եւ ես քեզի նման -հալալ- արդար մարդ կ՚ուզէի եւ ահա դո՛ւն եկար…»։
Սիրելի՜ներ, կա՞յ արդեօք արդարութեան համար իր կեանքը զոհելու, նուիրուելու, ամէն բացասական, ժխտական պայման յանձն առնող, իրական արդար մարդ՝ «արդար մարդու տիպար» անձնաւորութիւն։
Ապրուած կեանքը, իրական կեանքը շա՜տ հեռու է այդ «տիպար»էն, քանի որ շատեր չեն կրնար զոհել իրենց կեանքը արդարութեան համար։ Եւ շատեր կ՚ընդունին իրենց անարդարութիւնը, անիրաւութիւնը՝ կշիռի երկու նժարներուն վրայ կը դնեն արդարութիւնը եւ իրենց կեանքը՝ եւ կը նախընտրեն «կեանք»ը՝ առանց խորհելու, թէ առանց արդարութեան ինչպէ՛ս պիտի կարենան ապրիլ ու վայելել այդ ախտաւոր, թերի եւ շեղած «կեանք»ը…։
Արդարեւ, ինչպէս ամէն առաքինութիւն, ինչպէս իսկական ազնուութիւն՝ մանաւանդ արդարութիւնը կը պահանջէ զոհողութիւն, կամաւոր զրկանք, վեհանձնութիւն։ Ուստի վեհանձն մարդու առաջնակարգ հանգամանքն է՝ «արդար մարդ» ըլլալը, եւ փոխադարձաբար՝ արդար մարդը՝ վեհանձն մա՛րդ է։
Արդարութիւնը, «արդար մարդ»ու հանգամանքը ի յայտ կու գայ դժուարութիւններու մէջ, երբ մարդ նախընտրութիւն մը ընելու հարկաւորութեան տակ է, ստիպուած է երկու արժէքներէն մէկը զոհել, հրաժարիլ։ Եւ եթէ մարդ «Ես»ին հմայքով, հրապոյրով կը նախընտրէ իր «կեանք»ը եւ կը զոհէ ուրիշ «կեանք»եր, ապա ուրեմն ան արդար չէ, քանի որ այս աշխարհի վրայ միայն ինք չ՚ապրիր. իրաւունքներու մէջ, ազատութեան մէջ, փափաքներու մէջ, հաճոյքներու մէջ ներդաշնակութիւն ապահովող մարդն է «արդա՛ր մարդ»ը։
Ո՞վ կը համեմատի այդ արդարութեան չափանիշին, ո՞վ կը համաձայնի «արդար մարդ»ու տիպարին։ Ո՞վ իրապէս արդա՛ր է, որո՞ւ կարելի է վստահիլ որպէս «արդար մարդ»։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը եւ որոշեցէք, սիրելի՜ բարեկամներ։ Քանի որ կ՚ապրինք այս աշխարհի վրայ, կ՚արժէ փորձե՛լ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 30, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024