ԿՈՐՈՒՍՏԸ ԱՆԲԱՂՁԱԼԻ Է
Որեւէ կորուստ՝ ըլլա՛յ նիւթական, ըլլա՛յ բարոյական կամ հոգեկան, միշտ ցա՛ւ կը պատճառէ կորուստի ենթարկուողին, կորուստի մատնուողին։ Ուրեմն, մարդ պէտք է պէտք եղած միջոցառումները, հարկաւոր միջոցները պատրաստէ, որպէսզի կորուստ չունենայ եւ կամ պատահական կորուստէ մը նուազագոյն վնասով փրկուի։ Արդարեւ, մարդկային կեանքի մէջ երբեմն անխուսափելի են կորուստները, ինչպէս՝ նեղութիւններ, դժբախտութիւններ։
Ուրեմն մարդս պարտաւոր է զգոյշ ըլլալու եւ պատրաստ՝ զանոնք դիմակալելու կամքն ու կորովը ունենալու։
Մարդ էակը բնազդաբար կը պահէ, կը պահպանէ իրեն համար եւ ընդհանրապէս մարդկութեան համար արժէք ներկայացնող եւ իրեն պատկանող ամէն ինչ որ թանկագին է՝ առարկաներ, իրեղէններ, եւ նաեւ բարոյական-հոգեւոր արժէքներ՝ յիշատակներ, հաւատալիքներ, խտացեալ զգացումներ, միտքեր, գաղափարներ եւ այլն։ Մարդ կ՚ուզէ պահպանել զանոնք եւ բծախնդրօրէն կը խնամէ, ապահով տեղ մը, միջավայր մը պատրաստելով անոնց։ Եւ այս թէ՛ մարմնական, թէ՛ բարոյական արժէքներու գլխաւորն ալ է՝ մարդուս առողջութիւնը եւ անոր համընթաց՝ ներքին խաղաղութիւնը։ Այս բոլոր արժէքները բծախնդութեամբ կը պահպանէ մարդ, ամէն վնասակար դէպքերէ զերծ մնալու եւ անոնց սպառնացած վտանգներէ ազատելու համար։ Արդարեւ սպառնացող ամէն վտանգ կրնայ վնաս պատճառել եւ հաւանական վնասակար մը ըլլալ։ Իրերու, նիւթական արժէքներու համար, զոր օրինակ, ցեցերը վտանգ կը սպառնան՝ կը մաշեցնեն եւ կը վնասեն զանոնք։ Կան նաեւ իրեղէններ, որոնք կ՚եղծուին բիծերէ, արատներէ, ամէն տեսակ անմաքրութիւններէ։
Ստացուածքներու, նիւթական արժէքներու յայտնի վտագի մը սպառնալիքն է՝ գողը, որ կը յափշտակէ զանոնք, կորուստի կը մատնէ անոնց սեփականատէրերը, անշուշտ անոնց արժէքին համեմատ վնաս պատճառելով անոնց։ Եւ բոլոր այս վտանգները վնասի կը վերածուին, եթէ մարդ արժէքներու պահպանութեան մէջ թերանայ կամ անտարբեր գտնուի։
Իր ընդհանուր առումով պահպանութիւնը, ուրեմն ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ պատահական կամ հաւանական կորուստի դէմ ձեռք առնուելիք ապահով միջոցառումը, նախապատրաստութի՛ւնը, միջոցը։
Ինչպէս ըսինք, կորուստը կրնայ ըլլալ նիւթական, կրնայ ըլլալ նաեւ բարոյական, վերացական, եթէ նիւթական է՝ աւելի զգալի է, քանի որ անիկա տեսանելի է եւ շօշափելի՛, իսկ եթէ բարոյական է՝ անոր տպաւորութիւնը կրնայ աւելի քիչ տպաւորիչ ըլլայ եւ ազդեցութիւնը աւելի քիչ, անշուշտ խնդրոյ առարկայ բարոյական արժէքին համեմատ։
Բարոյական արժէքներու պահպանումն ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քանի որ անոնց կորուստն ալ բարոյապէս կը վնասէ մարդը եւ պատճառ կ՚ըլլայ վիրաւորանքներու։
Թէ ի՞նչ է պատճառը բարոյական կորուստներուն։
Մեծ մասամբ կիրքեր կը խանգարեն մաքուր զգացումները, կը պղտորեն սիրտը՝ անոր վճիտ պայծառատեսութիւնը, անբծութիւնը եւ անոնք կը փոխանակուին աղտոտ մտածումներով, անորոշ զգացումներով՝ ապականութիւններով, չար սովորութիւններով, պղծութիւններով։
Ուրեմն բարոյական արժէքներու պահպանութիւնն ալ կ՚ենթադրէ մարդուս նկարագրին պահպանութիւնը։
Արդարեւ մաքուր խիղճ մը, խաղաղ սիրտ մը մարդուս ամենաթանկագին բարոյական արժէքներն են, քանի որ անոնք են Աստուծոյ հաճելի արժէքները։ Ուստի պէտք է ըմբռնել եւ գնահատել խաղաղութեան, սրբութեան, արդարութեան արժէքը եւ մարդիկ մեծ մասամբ լուծած պիտի ըլլան անհամար անհամաձայնութիւններ, հարթած պիտի ըլլան դժուարութիւններ։
Բայց անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ դժուար բան է պահպանել բարոյական արժէքները, քանի որ անոնք վերացական են՝ անտեսանելի եւ անշօշափելի եւ ուրեմն ընդհանրապէս շեշտալի չեն ըլլար։ Ուստի մարդ կրնայ չափաւորել եւ կշիռի տակ առնել կարգ մը խորհուրդները եւ անոնց արտայայտութիւնները իր ենթակայական որոշումով՝ իր կամքին համաձայն, իր ուզած չափով ու կերպով։ Ինքնաքննադատութիւնը դժուա՛ր է մարդուս համար։ Ներհայեցողութիւն՝ ինքն իր «Ես»ին հետ դիմաւորուիլը շա՜տ աւելի դժուար։
Բայց ինքնաճանաչումը հարկաւոր է մարդուս բարոյական-հոգեւոր կեանքին զարգացման համար եւ անհրաժե՛շտ՝ սրբագրուելու եւ վերսկսելու որպէս նոր մարդ, իր արատներէն մաքրելով «ներքին մարդ»ը։
Մարդ կրնայ անջատել ինքզինք ամէն տեսակ յարաբերութիւններէ, խզել ամէն հաղորդակցութիւն իր շուրջին հետ, որոնք անախորժ եւ տհաճ են իրեն համար։
Բայց ասիկա լուծում մը չէ՛, քանի որ մարդ ընկերային էակ մըն է, թերեւս ժամանակաւոր փախուստ մը, բայց ո՛չ վճռական եւ հատու կարգադրութիւն մը։ Մարդ այսպէս կրնայ ինքզինք մատնել ամենատաժանելի ճգնութեան, բայց ի վերջոյ պէտք ունի իր նմաններուն հետ հաղորդակցութիւն եւ յարաբերութիւն հաստատելու։ Եւ այս պատճառով ամենէն աւելի աչալրջութիւն ունենալու է բարոյական արժէքները պահպանելու հարցին մէջ։ Չափաւորութիւնը պէտք չէ թողուլ ամէն պարագայի մէջ։
Եւ կամքը եւ հաստատամտութիւնը չեն կրնար արթնցնել մարդուս մանկական անմեղութիւնը, անբծութիւնը եւ պարզութիւնը, որ ընդոծին արժէքներ են իր մէջ դրուած, եթէ չմաքրէ մարդ իր սիրտը եւ չխաղաղեցնէ իր խիղճը։ Բան մը՝ որ թէեւ դժուար է, բայց ո՛չ երբեք անկարելի, քանի որ Աստուծոյ համար գոյութիւն չունի «անկարելի»ն, բաւ է որ մարդ անդրադառնայ այդ ճշմարտութեան եւ կարենայ օգտագործել զայն։ Եւ այս պատճառով, Յիսուս կարգ մը բեռներ իր վրայ առաւ, գիտնալով մարդուն տկարութիւնը եւ անկարողութիւնը այդ մասին։ Ան չուզեց, որ մարդ առանձին մնայ իր թերութիւններով եւ անկատարութիւններով, եւ գործակից եղաւ, օժանդակ՝ անոր բեռը տանելու մէջ։ Յիսուս ըսաւ. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։
Ուստի քրիստոնէական բարոյականը զօրացած է Քրիստոսի գերագոյն անձնազոհութեան օրինակով։ Ասիկա ո՛չ թէ օրինապաշտութեամբ, այլ շնորհքով, ներքին մաքրութեամբ, սրբագրութեամբ եւ կեանքի ակնաղբիւրը վճիտ եւ յստակ դարձնելով կ՚իրականանայ։ Արդարեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը հաստատուած է մաքուր սիրտերու եւ խաղաղ հոգիներու վրայ՝ յաւիտենական կեանքի ու գոյութեան իբրեւ պարգեւ՝ խոստացուած երանութիւններու ամբողջութիւնը եւ կատարելութիւնը։
Այո՛, աշխարհի վրայ ինքզինք մինակ զգալ ու կարծել, ամենէն յուսահատեցնող ու վհատեցնող զգացումը, վիճակն է։ Նման վիճակ մը՝ մարդս կրնայ առաջնորդել աղտոտ հաշիւներու եւ գձուձ վարմունքներու, եթէ ան զօրաւոր նկարագրի տէր չէ. եւ այդ կերպով մարդ, մինչեւ իսկ կը կորսնցնէ իր արժանաւորութիւնը, վիրաւորելով իր մարդկային արժանապատուութիւնը։ Եւ տիեզերքի մեծ վայելչութիւնը կը դադրի այդպիսի մարդուն համար եւ անհաւատարիմ կը դառնայ իր կոչումին։ Մինչդեռ երբ մարդ անդրադառնայ իր «ներքին մարդ»ուն, պիտի նկատէ, որ մինակ չէ՛, թերեւս առանձին՝ ինքն ի՛րեն հետ եւ ամենէն կարեւորը իր Ստեղծի՛չին հետ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 26, 2017, Իսթանպուլ