ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ձեզմէ ո՞վ գէթ մէկ անգամ զԱստուած չէ մեղադրած եւ իր դժբախտութեան ու ձախորդութեան հեղինակն ու պատճառը Աստուած չէ նկատած: Այս մէկը պէտք չէ ընդունիլ որպէս Աստուծոյ դէմ մեղանչում, որովհետեւ մարդկային նկարագիրը սեփական անյաջողութեան համար յանցաւոր մը կը փնտռէ՝ ձեւով մը մեղմելու համար սեփական թերացումը:

Կարելի է ամբողջ գրականութիւն մը կազմել Աստուծոյ դէմ գրուած բողոքներով ու տրտունջներով, որովհետեւ ամէ՛ն ժամանակներուն միշտ ալ մեղադրանքի պատճառ մը գտնուած է եւ այդ բոլորին որպէս ամբաստանեալ ներկայացած է Աստուած: Կարելի է այդ գրականութեան սկիզբը դնել Դուրեանի յայտնի «Տրտունջք»ը, որուն մէջ աշխարհը Աստուծոյ ծաղրը կը նկատէ եւ վերջացնել Մհեր Հրաչեանի «Աղաղակ»ով, որ զԱստուած դատապարտող բանաստեղծութիւն մըն է պարզապէս:

Վերջերս նման բանաստեղծութիւն մը գտայ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Այսօր» շաբաթաթերթի շաբաթ, 3 յունուար 1948-ի թիւին մէջ, ուր Անուշաւան Սարեան անուն գրող մը կը ստորագրէ «Բողոք առ Աստուած» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը: Անուշաւանի խօսքերը սուր են՝ անհաւատութեան ու անաստուածութեան հասնող:

Անուշաւանի բանաստեղծութեան առաջին տունը կ՚ըսէ.-

«Խլածըդ կեանքէն, շա՜տ է տըւածէդ,
Զոհերուդ բերնով «Հայր» կը կոչուիս դուն,
Ցաւով կու տաս երբ, լաւով մ՚առներ գէթ,
Բարիքէդ չարիք կը ծնի մարդուն»։

Այս տողերուն մէջ բողոք կը տեսնենք թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ հաւատացեալ ժողովուրդին հանդէպ, որ հակառակ այս «Աստուածային չարիք»ներուն կը շարունակեն փառաբանել եւ «Հայր» կոչել զԱստուած: Այս մէկը պարզապէս արդիւնքն է «Աստուած սիրող Աստուած է» արտայայտութեան, որովհետեւ մինչեւ օրս երիտասարդներու կողմէ եւս նոյն հարցը կը տրուի, թէ Աստուած եթէ մարդ արարածը իրապէս կը սիրէ, ինչպէ՞ս կ՚արտօնէ, որ նման անարդարութիւններ ու անիրաւութիւններ տեղ կը գտնեն մարդկային կեանքի մէջ: Յաճախ ձախողութիւններու եւ դժբախտութիւններու դիմաց կը լսենք «Աստուած չէ՞ր կրնար» արտայայտութիւնը, որ նոյնպէս բողոք մըն է ուղղուած Աստուծոյ «անտարբերութեան», որովհետեւ մարդ արարածի սպասումը իր հարազատ հայրէն շատ աւելի տարբեր է՝ քան անփութութիւնը:

Անուշաւան շարունակելով իր բանաստեղծութիւնը զԱստուած կը մեղադրէ անով, որ Ան իր իսկ դրած օրէնքներուն ու պատուիրաններուն դէմ կը գործէ. Աստուած կը հրամայէ, որ աջը ձախէն լուր չունենայ եւ կատարուած բարիքները ծածուկ մնան, մինչ իր տուած օրհնութիւններուն համար մարդ արարածէն աղօթք, խունկ, մոմ ու ընծայ կը պահանջէ: Հետաքրքրական կը հնչէ Անուշաւանի «Հայր մը ճշմարիտ տւածըն ետ չ՚ուզեր» տողը, մինչ բանաստեղծի կարծիքով ուրախութիւն տուող Աստուածը յաջորդ օրն իսկ կրնայ տխրութիւն տալ՝ խլելով այդ ժամանակաւոր ուրախութիւնը, որ տուած էր օր առաջ:

Ամբողջ բանաստեղծութեան ամենէն տրամաբանականը կը նկատենք չորրորդ տունը, ուր բանաստեղծը կը խօսի Աստուածային շնորհքներու «անիմաստ» ըլլալուն մասին, գրելով.

«Շնորհքներուդ ի՜նչ անարդար բաշխում,
Շատեր անժառանգ, արժանի գութի,
Ոմանք անվաստակ կ՚ընեն կեր ու խում,
Ուրիշներ «քրտամբ» իսկ են անօթի»:

Մարդկային կեանքի մեծագոյն դժբախտութիւնն է այս մէկը, որովհետեւ գոյութիւն ունի դասակարգ մը, որ առանց աշխատելու եւ յոգնելու աշխարհի «բարիք»ները կը վայելէ ու շատ անգամ կը վատնէ, իսկ այլ մեծամասնութիւն մը գիշեր-ցերեկ դաժանաբար աշխատելով կը շարունակէ մնալ նոյն թշուառ ու ողորմելի վիճակին մէջ: Դժբախտաբար այսօր շա՜տ արուեստագէտներ, գրողներ եւ Աստուածային շնորհքը մեծապէս վայելողներ կը շարունակեն մնալ խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ, մինչ երկու բառ քով քովի բերել չյաջողող անհատներ ճոխ ու փարթամ կեանքով «բախտաւորուած»:

Բանաստեղծը կը հասնի այն համոզումին, որ եթէ մարդ արարած կոչուած է առանձին պայքարելու, առանձին ցաւելու, առանձին մաքառելու, այդ պարագային ի՞նչ իմաստ ունի Աստուծոյ գոյութիւնը, որ Հայր ըլլալով հանդերձ ձայն չի բարձրացներ իր զաւակներուն կրած ցաւերուն ու անարդարութիւններուն դիմաց:

Անուշաւանը մեղադրել կարելի չէ, որովհետեւ ամենէն հաւատացեալ մարդը անգամ գէթ մէկ անգամ նման մտածումներով զԱստուած մեղադրել փորձած է եւ այդ մէկը պարզապէս մարդկային տկարութեան մաս կը կազմէ. ո՛չ Դուրեանինը, ո՛չ Հրաչեանինը եւ ո՛չ ալ Անուշաւան Սարեանինը բողոքներուն վերջինը պիտի ըլլայ եւ այնքան ժամանակ, որ գոյութիւն ունի մարդ արարածը, նոյնքան Աստուծոյ դէմ բողոքը տեղի պիտի ունենայ։ Իսրայէլացի ժողովուրդը խոստացուած երկիրի շեմին նոյնիսկ զԱստուած կը մեղադրէին եւ այս մէկը հազարամեակներու անցեալ մը ունի:

Մեր ազգի ներկայ վիճակին կապակցութեամբ եւս բազմաթի՜ւ բողոքներ ունինք, սակայն տակաւին յստակ չենք գիտեր զԱստուած մեղադրել՝ թէ աստուածացողները:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -234-

Գրեթէ ամէն մարդ ինքզինք հաւատացեալ ու կրօնասէր ներկայացնել կը փորձէ՝ մանաւանդ ծանօթ շրջանակներու մէջ, սակայն օտար շրջանակներու մէջ ի յայտ կու գայ անոնց ճշմարիտ դէմքերը: Այս նիւթին մասին սկսայ մտածել այն ժամանակ, երբ տեսայ, թէ ինչպէս Թուրքիայէն Յունաստան եկող զբօսաշրջիկներ հաճոյքով կ՚ըմբոշխնեն խոզի միսը, մինչ կը շարունակեն մնալ բարեպաշտ մահմետականներ:

Նոյն երեւոյթին ականատես եղայ հայրենիքի մէջ. Պարսկաստանէն Հայաստան հաստատուած շա՜տ մը մահմետականներ կը սքանչանան խոզի միսի համովութենէն՝ մոռնալով բոլոր օրէնքները, ինչ որ կրօնը կը սահմանէ:

Մենք՝ քրիստոնեաներս ալ նոյնն ենք. միայն եկեղեցւոյ մէջ մեր հաւատացեալ ըլլալը կը յիշենք, խորանին դիմաց մենք զմեզ կը խօսինք ու կը խոստանանք չբամբասել, օգնել ու մարդասէր դառնալ, սակայն դուրս գալով կը շարունակենք ընել այն՝ ինչ «զղջում»էն առաջ կ՚ընէինք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023