ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ՝ ՊԵՂԵՍՏԻՆ
Սուրբ Գիրքի մէջ «Պաղեստին» կոչուած է նախ Քանանու երկիր, քանի որ այն երկրին մէջ բնակեցաւ Նոյի թոռան Քանանու սերունդը. (ԾՆՆԴ. Ժ 15-18)։ Յետոյ Յակոբի սերունդէն «Իսրայէլ» անունով կոչուեցաւ Իսրայէլի երկիր, իսկ գերութենէն ետք սկսաւ կոչուիլ «Յուդայի» երկիր (Յուդայաստան) կամ (Հրէաստան), որովհետեւ Յուդայի ցեղէն էին գրեթէ բոլոր անոնք, որոնք գերութենէն դարձան Պաղեստին։ Կոչուած է նաեւ «Աւետեաց», այսինքն՝ խոստման երկիր, քանի որ Աստուած խոստացաւ զայն Աբրահամի եւ անոր զաւակին. (ԾՆՆԴ. ԺԲ 7, ԺԳ 14-15)։ Կը կոչուի նաեւ «Պաղեստին» փղշտացիներու անուամբ, որովհետեւ փղշտացիներ կը բնակէին յիշեալ երկրին հարաւային արեւմտեան ծովեզերեայ սահմանին վրայ։ Դարձեալ, Սուրբ Գիրքը կը կոչէ նոյն երկիրը «Սուրբ երկիր» (ԶԱՔ. Բ 12)։ Երբեմն կը յիշուի աշխարհ կամ երկիր անուամբ միայն. (ՂՈՒԿ. Բ 1, Դ 25, ԻԱ 26), (ԳՈՐԾՔ. ԺԱ 28), (ՅԱԿ. Ե 17)։ Այսպէս Սողոմոնի համար ըսուած է, թէ գետէն, այսինքն՝ Եփրատէ, մինչեւ երկրի ծայրերը պիտի տիրէ (ՍԱՂՄ. ՀԲ 8)։ Արաբիա էր Հրէաստանի հարաւային կողմը, եւ Սաբա քաղաքը՝ Արաբիոյ վերջին ծայրը կամ սահմանագլուխը. ուստի ըսուած է, թէ Սաբայի թագուհին երկրի ծայրերէն եկաւ լսել Սողոմոնի իմաստութիւնը։
Իսրայէլի ամբողջ երկրին երկայնութիւնն էր իբր 140 մղոն (0.62 մղոն=1 քիլօմեթր) Դանէ մինչեւ Բերսաբէէ. ընդարձակագոյն լայնութիւնն էր 90 մղոն կամ 30 ժամ, միջին լայնութիւնն էր 50 մղոն։
Ջրհեղեղէն ետքը, իբր եօթը հարիւր տարի հոն բնակեցան քանանացիներ, որոնք բաժնուած էին տասը ցեղի կամ ազգի (ԾՆՆԴ. ԺԵ 19-21)։ Ասոնց մէջ Ամօրհացիներն էին ամենէն զօրաւորը, ուստի եւ երբեմն այն երկրին բոլոր բնակիչները կը յիշուին Ամօրհցւոց անունով. (ԾՆՆԴ. ԺԵ 16), (ԱՄՈՎՍ. Բ 10)։
Երբ իսրայէլացիներ մտան Պաղեստին, փղշտացիներ, մովաբացիներ, մադիանացիներ, ամմոնացիներ եւ Ամաղեկայ եւ Եդովմի որդիներ կը բնակէին Քանանի սահմանակից երկիրներու մէջ, եւ ոմանք նաեւ Քանանի մէջ. Յեսու տասներկու բաժին ընելով երկիրը՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերուն իւրաքանչիւրին տուաւ բաժին մը, եւ որովհետեւ զատ բաժին չտրուեցաւ Ղեւիի ցեղին, այլ անոնց բնակութեան քաղաքները որոշուեցան միւս ցեղերուն բաժիններուն մէջ, Յովսէփի երկու որդիներուն՝ Եփրեմի եւ Մանասէի երկու զատ բաժին տրուեցաւ, եւ այսպէս իսրայէլացիներու ցեղերուն տասներկու թիւը ամբողջ մնաց։
Այս ցեղերէն Ասեր, Նեփթաղիմ, Զաբուղոն եւ Իսաքար բնակեցան Քանանի հիւսիսային կողմը։ Այս յետոյ կոչուեցաւ Գալիլեա, եւ իր հիւսիսային մասը կոչուեցաւ Գալիլեա Հեթանոսաց։
Եփրեմ եւ Մանասէի կէս ցեղը բնակեցան միջին մասը, որ յետոյ կոչուեցաւ Սամարիա։
Յուդա, Բենիամին, Դան եւ Շմաւոն բնակեցան հարաւային կողմը, որ յետոյ կոչուեցաւ Հրէաստան։
Ռուբէն, Գադ եւ Մանասէի միւս կէս ցեղը բնակեցան Յորդանանի անդիի՝ արեւելեան կողմը։ Այս մասը յետոյ կոչուեցաւ Բերէա, որ կը նշանակէ՝ «յայնկոյս» կամ «անդիի կողմ»։
Սողոմոնի թագաւորութեան ժամանակ շատ ընդարձակուած էր իսրայէլացիներու սահմանը, եւ ցեղերու բաժանումը այնչափ ճիշդ պահուած չէր. ուստի Սողոմոն վերստին տասներկու մասերու բաժնեց իր բոլոր տէրութիւնը, եւ իւրաքանչիւր մասին վրայ դրաւ զատ զատ գործակալներ. (Գ ԹԱԳ. Դ 7-19)։ Սողոմոնի մահուընէ ետք անոր որդւոյն Ռոբովամի ժամանակ իսրայէլացիներու մեծ մասը անկէ ապստամբելով՝ հաստատեց զատ իշխանութիւն մը Իսրայէլի թագաւորութիւն անունով, որուն մայրաքաղաքը եղաւ Սեքար կամ Սիւքէմ։ Իսկ Բենիամինի եւ Յուդայի ցեղերը, նաեւ Դանի եւ Շմաւոնի ցեղերը ըստ մասին, մնացին Ռոբովամի իշխանութեան ներքեւ, որ այնուհետեւ սկսաւ կոչուիլ Յուդայի թագաւորութիւն, եւ մայրաքաղաքը եղաւ Երուսաղէմ։
Իսրայէլի թագաւորութիւնը 254 տարի տեւելէ ետք, կործանեցաւ Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորին ձեռամբ, եւ յետոյ բոլոր երկիրները հետզհետէ անցաւ քանդէացիներու, յոյներու՝ Աղեքսանդրի յաջորդներուն, հրեաներուն՝ մակաբայեցիներուն եւ հռոմայեցիներուն ձեռքը։
Քրիստոսի ժամանակ հրեաներու երկիրը կամ Հրէաստան կը բաժնուէր հինգ նահանգի.
ա) ԳԱԼԻԼԵԱ
բ) ՍԱՄԱՐԻԱ
գ) ՀՐԷԱՍՏԱՆ
դ) ԲԵՐԷԱ կամ ՅԱՅՆԿՈՅՍ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ
ե) ԵԴՈՎՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒ երկիր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 4 2023, Իսթանպուլ