ԻՍՐԱՅԷԼ-ԿԱԶԶԷ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐԸ
Կասկած չկայ, որ աշխարհի յառաջատար եւ ամենէն տարածուած լրատուամիջոցները կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակից Իսրայէլի (կամ մեծահարուստ հրեաներու) հակակշիռին տակ: Այդ պատճառով յատկապէս Պաղեստին եւ Իսրայէլ հակամարտութեան լրատուութիւնն ու մեկնաբանութիւնը միշտ ի նպաստ Իսրայէլի կ՚ըլլայ. «Պաղեստինցիները ահաբեկիչ են, հրեաները՝ անմեղ զոհեր»:
Կը թուի, թէ ներկայ ժամանակներու արհեստագիտական միջոցները երբեմն ճեղք մը կը յառաջացնեն այդ պատնէշին վրայ, որքան ալ անբաւարար ըլլայ ատիկա: Փաստօրէն Իսրայէլ իր գերազանց ռազմական արհեստագիտութեամբ, Միացեալ Նահանգներու նման հզօր դաշնակիցով չի կրնար ծունկի բերել պաղեստինցիները, որովհետեւ անոնք կառչած են իրենց հողերուն եւ ամենէն կարեւորը՝ պայքարի անկոտրում ոգի ունին:
Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» կայքը, որ շատ ալ անաչառ չէ իր հաղորդումներուն մէջ, վերջերս ներկայացուցած է Իսրայէլ-Կազզէ հակամարտութեան առընչակից երեք երիտասարդներու կարծիքները:
*
ԻՍՐԱՅԷԼ-ԿԱԶԶԷ. ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՌՑԱՆՑ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ
Իսրայէլցիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ բախումներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ բջիջային հեռաձայններու պաստառներուն վրայ սկսան յայտնուիլ քանդումի տեսարաններ եւ գործողութիւններու կոչեր: Իսրայէլի ամենէն ուժեղ դաշնակիցը նկատուող երկրին մէջ ընկերային ցանցերու այս հաղորդագրութիւնները արդեօք սկսա՞ծ են փոխել վերաբերմունքը, թէ՞ պարզապէս կը հեռացնեն նրբութիւնները բարդ եւ երկարատեւ հակամարտութենէն:
Պաղեստինեան ծագում ունեցողները կ՚ըսեն, որ զանգուածային լրատուամիջոցներու շարունակուող գործունէութիւնը առանցքային պահ է, որ նման է անցեալ ամրան ցեղային անարդարութեան դէմ համաշխարհային ցոյցերուն: Անոնք, որոնք կապ ունին Իսրայէլի հետ, կ՚ըսեն, որ առցանց պատմութիւնները ապակողմնորոշող են եւ կը պարզացնեն խնդիրները յօգուտ՝ «ճնշուած ընդդէմ ճնշողի» պատումին: Ըստ Կալոփի վերջին հարցախոյզին, ամերիկացիներուն 75 առ հարիւրը կը շարունակէ բարենպաստ տեսակէտներ ունենալ Իսրայէլի վերաբերեալ, բայց պաղեստինցիներուն համակրողներուն թիւը հետզհետէ կ՚աճի:
ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԵՐԷՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լին, Լէյլա եւ Էլիանա իրենց կարծիքները կը յայտնեն
«Ուրախ եմ, որ հիմա մարդիկ կը սկսին հասկնալ»
Երեսնամեայ Լէյլա կը բնակի Լուիզիանա նահանգի Նիւ Օրլէանի մէջ, բայց անոր առաջին յիշողութիւնները կու գան երկու տարեկանէն, երբ ան կ՚ապրէր Իսրայէլի կողմէ գրաւուած Այսրյորդանանի մէջ, 1990-ականներուն յաճախելով անոր վարչական մայրաքաղաք Ռամալլայի մանկապարտէզը:
Ան կը յիշէ, թէ այդ ժամանակ ի՛նչ սահուն կը խօսէր արաբերէն: Բայց ան նոյնպէս կը յիշէ ամէն օր դպրոց տանող ճամբու անցակէտերը եւ ծնողներուն զգուշացումները՝ իսրայէլացի զինուորներէն հեռու մնալու մասին:
«Երբ ես կը խաղայի մեր դրացի երեխաներուն հետ, բոլոր աղջիկները պաղեստինցիներ էին, իսկ տղաները խաղին մէջ կ՚ըլլային իսրայէլացի զինուորներ: Տեսակ մը պատերազմական խաղեր», կը յիշէ Լէյլա: Ան կ՚աւելցնէ. «Ես միշտ կը վախնայի իսրայէլացի զինուորներէն: Ես պէտք չունէի, որ մէկը ըսէր ինծի՝ որպէս փոքրիկ աղջնակի, որ անոնք մեր մասին լաւ չեն մտածեր»:
Ընտանիքը մտադիր էր իր կեանքը կառուցել Այսրյորդանանի մէջ, սակայն իսրայէլա-պաղեստինեան խաղաղութեան փլուզուղ համաձայնագիրը անոնց ստիպեց մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ: Ատկէ ետք Լէյլան այլեւս չկարողացաւ վերադառնալ:
Երբ ան աւելի ու աւելի սկսաւ հեռանալ Կազզէի մէջ յայտնուած ընտանիքի անդամներէն, նոյնպէս՝ արաբերէնէն եւ իսլամական հաւատքէն, Լէյլան պահպանեց իր ինքնութիւնը՝ օգտուելով իր ընտանիքի հարուստ պատմութենէն. եօթ դար առաջուան նախնիներէն, 1948-49 թուականներուն Միջին Արեւելքի պատերազմի ընթացքին Իսրայէլի ստեղծման յաջորդած իր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն վտարման, 1987-1993 թուականներուն Պաղեստինի առաջին ապստամբութեան կամ Ինթիֆատայի մէջ իր հօր՝ որպէս ուսանողներու առաջնորդի, դերին մասին ծանօթութենէն: Համալսարանին մէջ, սակայն, անոր պաղեստինեան-ամերիկեան հպարտութիւնը խոչընդոտեց ճամբան: Լէյլա կը պնդէ, որ զինք առանձնացուցած են ընտանեկան կապերու համար, հետապնդած են, երբ ան բարձրաձայնած է եւ նոյնիսկ թքած՝ համալսարանական բողոքի շարժումի ժամանակ:
Իր աւարտական տարին դպրոցը շաբաթ մը հսկողութեան տակ առած է իր հանրակացարանը, երբ պահպանողական ուսանողներէն մէկը զինք որպէս հակասեմական հրապարակաւ նախատած է: Բայց վերջին տարիներուն պաղեստինցիներու կեանքի եւ տուներու վրայ շարունակական յարձակումները դրդած են բազմաթիւ յառաջադէմ ամերիկացիներ, ինչպիսիք են՝ Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու Պեռնի Սանտըրս, երիտասարդ հակասիոնական ազատականները եւ այնպիսի կազմակերպութիւններ, ինչպիսիք են՝ ձախակողմեան «Հրէական ձայնը յանուն խաղաղութեան» շարժումը, դէմ արտայայտուիլ իրենց տեսածին՝ որպէս անարդարութիւններու, մասնաւորապէս՝ հասարակական լրատուամիջոցներով:
«Այդ ժողովրդագրական անձնակազմի աջակցութիւնը իսկապէս դուռ բացաւ ինծի նման մարդոց համար, որպէսզի կարողանանք խօսիլ մեր ճշմարտութիւնները՝ առանց այդքան մեծ արգելքի բախելու: Այսպէս աւելի նուազ սարսափազդու է», կ՚ըսէ Լէյլա:
Փորձագիտութիւններու այսօրուան յառաջադէմ պայմաններու մէջ պաղեստինցիներ ունին հեռաձայններ եւ հասարակական լրատուամիջոցներ եւ կրնան «վերահսկել պատմութիւնը», որպէսզի աշխարհը աւելի ճշգրիտ պատկերացնէ իրենց վիճակը:
«Սեւ կեանքերը նշանակութիւն ունին» շարժումին նման, երբ շատ աւելի սարսափելի էր Ճորճ Ֆլոյտի մահը տեսնելը, քան՝ անոր մասին կարդալը, այդ վայրագութիւններու ականատես ըլլալը կը նշանակէ, որ ատիկա կը հակասէ հիմնական պատմութիւններուն, որոնք մենք կը տեսնենք պատկերասփիւռով», կը բացատրէ ան: Լէյլա կ՚ըսէ, որ իր համայնքը՝ «Յոյսի քաղցրադառն զգացողութիւն կ՚ապրի՝ տեսնելով պաղեստինցիներու միացումը, տեսնելով, որ աշխարհը կը դիտէ եւ կը զգայ, որ փոփոխութիւն կը սպասուի»:
Թէ ինչպիսի՛ն է փոփոխութիւնը, անհասկնալի է վերջին քանի մը շաբաթներուն սրուող բռնութիւններու խորապատկերին, բայց ան զգուշաւոր լաւատեսութեամբ տրամադրուած է, որ առցանց աւելի մեծ տեղեկութիւն եւ ըմբռնում ստեղծելը կենդանի կը պահէ «ազատ ապագայի, ազատագրուած Պաղեստինի որեւէ յոյս: Առումով մը, այդ նոյնպէս յուսախաբեցնող է, քանի որ ես կը զարմանամ. ո՞ւր էիք վերջին քսան տարիներուն ընթացքին», կը նկատէ ան:
«Ուրախ եմ, որ մարդիկ հիմա կ՚ըմբռնեն»
Իսրայէլա-պաղեստինեան բախումներու շուրջ կատաղի բանավէճը առաւել ցայտուն դարձած է Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական կուսակցութեան շրջանակներուն մէջ: Առաջին անգամ, երբ Կալոփը սկսաւ իր տարեկան հարցախոյզը 2000 թուականին, դեմոկրատ քուէարկողներու մեծամասնութիւնը աջակցութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու քայլին՝ երկու կողմերու միջեւ անհրաժեշտ փոխզիջումներ կատարելու համար:
Բայց այս երիտասարդ ազատականը կ՚ըսէ, որ ամէն բան այնքան ալ դիւրին չէ: Երբ քանի մը ամիս առաջ Ադամ տեղափոխուեցաւ Թել Աւիւ, ան չէր ակնկալեր, որ անհրաժեշտ է որեւէ պահու ապաստարան վազել: Շիքակոյի 28-ամեայ բնակիչը Իսրայէլի մէջ անմիջական ընտանիք չունի, բայց ան հպարտ մեծցած է հրէական ընտանիքի մէջ եւ բուռն փափաք ունէր «ապրելու աշխարհի միակ հրէական երկրին մէջ»:
Անոր աշխատանքային շաբաթը այժմ հիմնուած է հրէական օրացոյցի շուրջը: Ան կը սորվի եբրայերէն այնպէս, ինչպէս միշտ կ՚ուզէր: Բայց ան նոյնպէս տեղեակ է, թէ որեւէ պահու կրնայ պայթիլ ուժեղ աղմուկի ազդանշանը, եւ կ՚ունենայ 90 երկվայրկեան՝ ապաստան գտնելու համար: Աւելի քան շաբաթ մը առաջ ան լսեց ձայնը եւ ստիպուած՝ պահուըտեցաւ փոքրիկ խանութի մը մէջ:
«Երկաթէ գմբէթը (հակահրթիռային համակարգը) ուղղակի մեր վերեւ հրթիռ մը պայթեցուց: Մենք դուրս եկանք եւ տեսանք ծուխի հետքերը օդին մէջ: Միաժամանակ ես Ինսթակրամին մէջ սկսայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս իմ ամերիկացի ընկերներս կը տեղադրեն նկարներներ, խօսքեր՝ առանց հասկնալու կացութեան նրբութիւնները», կը պատմէ ան:
Խոր յուսահատութիւն է դիտել, թէ ինչպէս այդ տեղի կ՚ունենայ իրական ժամանակին մէջ: Բարդ բախում մը, որ Ինսթակրամի մէջ կ՚եռայ, եւ կը տարածուին այնպիսի եզրեր, ինչպէս՝ «վերաբնակիչներու գաղութատիրութիւն», «ցեղասպանութիւն» եւ այլն, ամբողջութեամբ անտեղեակ ըլլալով այստեղի իրականութենէն եւ պատմութենէն:
Քսանութամեայ երիտասարդը Միացեալ Նահանգներու մէջ անդամագրուած է Դեմոկրատական կուսակցութեան: Ան կ՚ըսէ, որ Իսրայէլի «տգեղ աջակողմեան» կառավարութիւնը անարդարօրէն հետապնդած է պաղեստինցիները, եւ ինք հաստատ կողմնակից է Պաղեստինի պետականութեան:
«Մարդիկ պատրաստ չեն դատապարտելու «Համաս»ի զինեալները, որոնք հրթիռներ կ՚արձակեն Իսրայէլի քաղաքացիական բնակչութեան կեդրոններուն վրայ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ ահաբեկչական խմբաւորումը կ՚ողջունէ արիւնահոսութիւնը երկու կողմերու միջեւ: Իսրայէլը բազմիցս մեղադրելը պատերազմական յանցագործութիւններու համար, առանց նոյն շունչով «Համաս»ը մեղադրելը, տարակուսելի է: Ամբողջ մեղքը Իսրայէլի ուսերուն բարդելը պարզապէս սխալ է, եւ ես կը խորհիմ, որ ատիկա կու գայ հակահրէական կողմնակալութենէն», կ՚ըսէ Ադամ: Ան զայրացած է հասարակական լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններէն, որոնք հրեաները եւրոպացի վերաբնակիչներու հետ կը համեմատեն: Ան կը նշէ, որ Իսրայէլի բնակչութեան կէսէն աւելին արմատներ ունի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի, ոչ թէ Եւրոպայի մէջ:
«Անմեղ քաղաքացիներ կը մահանան Իսրայէլի եւ Կազզէի մէջ: Այդ պատճառով մէկ կողմը մեղաւոր, իսկ միւսը զոհ նկատելը բնաւ չի կրնար պատասխանը ըլլալ», կ՚ըսէ Ադամ:
«Անոնք նոյնիսկ գիտե՞ն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ցեղային խտրականութիւն»
Միացեալ Նահանգներ ծնած Էլիանան, աշքենազի հրեայ է, որուն նախնիները գաղթած են շրջան՝ 1930-ականներուն: Էլիանա անմիջական կապեր չէ ունեցած Իսրայէլի հետ մինչեւ 2017 թուականը, երբ ամբողջ տարի մը հոն մնացած է: Այդ մէկը փորձառութիւն մըն էր, որ զինք «զգացումով եւ մշակոյթով կապեց» այդ վայրին, որովհետեւ ան կ՚ուսումնասիրէր յուդայականութիւնը՝ միաժամանակ ծանօթանալով Իսրայէլի խոհանոցին եւ ընտանիքի վրայ հիմնուած մշակոյթին: Էլիանա կ՚ըսէ, որ ինք բացարձակ իսրայէլամէտ է: «Բոլորը արժանի են տան, եւ հրեաները, բացի Իսրայէլէն, տուն կոչելու տեղ չունին»:
Ան կը խորհի, որ պաղեստինցիները նոյնպէս օրինական իրաւունք ունին ապրելու շրջանին մէջ, բայց արաբներու փոքրամասնութիւնը «անկայուն, արմատական է եւ կ՚ուզէ մեզ ռմբակոծել»: Էլիանան կը մատնանշէ Իսրայէլի մէջ ապրող բազմաթիւ արաբները, որոնք մշակոյթով իսլամ են, բայց ներդաշնակ կ՚ապրին հրեաներու կողքին: «Իմ ընկերներուս մեծ մասը այնտեղ նոյնպէս արաբներ են», կը հաստատէ ան:
Պատմելով Կազզէ իր ճամբորդութեան մասին՝ ան կը յիշէ բնակիչներու «սրտաճմլիկ» աղքատութիւնը, աւելցնելով, որ անոնք աւելի մեծ ուժերու անմեղ զոհերն են: Ան կ՚ըսէ, որ վերջին սաստկացումներուն մէջ իսրայէլացիներէն շատ աւելի պաղեստինցիներ զոհուած են, սակայն ատիկա միայն այն պատճառով, որ Իսրայէլ ռազմական ուժ կերտած է պաշտպանուելու համար դրացիներէն՝ «Սուրիա եւ Իրան, որոնք մեզ շատ չեն սիրեր»:
Օրինակ՝ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած սուրիական Կոլանի բարձունքներ ճամբորդութեան ատեն Էլիանան ականատես եղաւ հրթիռային յարձակման ժամանակ Իսրայէլի երկաթէ գմբէթի հզօրութեան: Անոր համար անհեթեթ է, որ կացութիւնը նկարագրելու համար զանգուածային լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւններուն մէջ կը գործածուին ցեղային խտրականութեան (ափարթայտ) նման եզրեր:
«Ես չեմ գիտեր՝ մարդիկ նոյնիսկ գիտե՞ն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ բառը: Մենք բրիտանացիներու պէս կը մտնենք եւ կը փորձենք ներխուժե՞լ անոնց տարածքը»,- կը հարցնէ ան:- «Մենք պարզապէս կը փորձենք պաշտպանուիլ»:
«Ժողովուրդէն աւելի հզօր ուժ չկայ»
Ոմանց համար տարածքային վէճի շուրջ առցանց խօսակցութիւնները անհրաժեշտ են: Լին հասարակական ցանցերու շարժումը կը նկատէ հիմնական գործօն՝ լրատուամիջոցներու եւ արտասահմանեան կառավարութիւններու կողմէ յաւերժացուած պաղեստինցիներու տասնամեակներու պատմութիւնները «մերկացնելու» մէջ: 24-ամեայ գործիչը կ՚ըսէ, որ երբ մարդիկ Կազզէէն կը տարածեն նիւթեր, ատիկա կը քանդէ վնասակար «առասպելը» այն մասին, որ իսրայէլա-պաղեստինեան կռիւները «հակամարտութիւն» են:
«Կազզէն բազմիցս կոտորուած է: Ասիկա հակամարտութիւն չէ, ասիկա կ՚ենթադրէ հաւասարութիւն եւ հաւասար չէ»:
Ըստ Լինի, հարցը նկարագրելու ամենէն յարմար ձեւերն են՝ հրեայ բնակեցուածներու գաղութատիրութիւնը, ցեղային խտրականութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը, բոլոր եզրերը, որոնք վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին մեծապէս ներկայացուած են հասարակական ցանցերու հաղորդագրութիւններուն մէջ, բայց կտրուկ մերժուած են Իսրայէլի կողմէ:
«Այլ ձեւ չկայ ներկայացնելու՝ երկու միլիոն բնակչութիւնը բացօթեայ բանտին մէջ թակարդելը եւ քանի մը տարին անգամ մը զանոնք շաբաթներ եւ ամիսներ ռմբակոծելը: Երբ դուք այդքան խիտ բնակեցուած, շատ փոքր տարածքի մէջ կը գտնուիք, լայնածաւալ ռմբակոծումէն խուսափելու ոչ մէկ տարբերակ կայ», կ՚ըսէ ան:
Լին ծնած է Յորդանան, ծնողները՝ Այսրյորդանան եւ Սուրիա: Պաղեստինի ազատագրման պայքարի մասին ծանօթացած է ինքնաշխատութեամբ, շատ կարդալով պաղեստինցի եւ հրեայ հեղինակներու, պատմաբաններու գիրքերը: Ապա երկրորդական վարժարանին եւ համալսարանին մէջ սկսած է բարձրաձայնել եւ կազմակերուիլ:
«Մեզմէ կ՚ակնկալուի գիտնալ իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, որպէսզի արդարութեան մեր սեփական կոչերը լուրջ ընդունուին եւ որպէս անկողմնակալ նկատուին: Ես չեմ ակնկալեր, որ մարդիկ գիտնան բոլոր մանրամասնութիւնները այնպէս, ինչպէս ես գիտեմ: Պէտք չունիք Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու տոքթորական տիտղոս ունենալու, որպէսզի գիտնաք, թէ Իսրայէլ ի՛նչ սխալ ըրած է», կ՚ըսէ ան:
Լին կ՚աւելցնէ. «Արդարութեան համար պայքարները իրականութեան մէջ չէք կրնար առանձնացնել: Արդարութեան համար բոլոր պայքարները իրարու կապուած են: Մեզմէ ոչ ոք կրնայ ազատ ըլլալ, քանի դեռ բոլորս ազատ չենք»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան