ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ ՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐԸ ԻՆՉՊԻՍԻ՛ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԾ ԵՆ
«Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքի 1957-ի թիւին մէջ կայ հարցաթերթիկ մը՝ ուղղուած Սփիւռքի հայ գրագէտներուն. անոնք են՝ Կարօ Սասունի, Վարդան Գէորգեան, Համաստեղ, Արսէն Երկաթ, Սիրան Սեզա, Սարգիս Սահակեան, Զարեհ Որբունի, Վահէ Վահեան, Յակոբ Մնձուրի, Մուշեղ Իշխան, Եդուարդ Պոյաճեան, Լեւոն Գարմէն եւ Ժագ Յակոբեան: Զանազան կարգի հարցումներ ուղղուած են գրողներուն՝ կապուած անոնց գրական աշխատանքներուն, առօրեայ կեանքին, սփիւռքահայ գրականութեան վիճակին, զայն ա՛լ աւելի լաւ հունի մը մէջ դնելու հնարաւորութիւններուն եւ այլն, եւ այլն:
Զիս հետաքրքրողը երկրորդ հարցումն է՝ «Գրական աշխատանքներէ դուրս ուրիշ ի՞նչ գործով կը զբաղիք», եւ անոր տրուած պատասխանները: Ուրեմն եկէ՛ք-տեսնենք, թէ յիշեալ անուններէն իւրաքանչիւրին պատասխանին մէջ ինչքանո՛վ ուրուագծուած է մեր ներկայ (եւ, ինչու չէ, նաեւ ապագայ) իրականութիւնը:
Գրող, պատմաբան եւ հասարակական-քաղաքական գործիչ Կարօ Սասունի կ՚ըսէ, որ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի լսարանական բաժնին մէջ դասախօս է հայերէն լեզուի եւ հայ գրականութեան պատմութեան:
Վարդան Գէորգեան, իր կարգին, կը պատասխանէ, որ մինչեւ 1957 փետրուար վարած է Պուէնոս Այրէսի Արսլանեան կեդրոնական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը, որմէ, ուրեմն, հրաժարած է առողջական պատճառներով: Ի միջի այլոց, ան կը նշէ, որ գրական բազմաթի՜ւ ծրագիրներ ունի, բայց զանոնք իրականացնելու համար կը սպասէ «բարեդէպ» օրերու:
Բանաստեղծ Արսէն Երկաթ կը խոստովանի, որ գրականութիւնը իրեն համար տեսակ մը «կախարդանք» եղած է, երբեք՝ ապրուստի միջոց մը, ինչը տարբեր չէ մեր ժամանակակից գրողներուն համար: Ան կ՚ըսէ, որ Գահիրէի ջուրի ընկերութեան հաշուակալութեան բաժնին մէջ քառասուն տարիէ ի վեր պաշտօն ունի, որմէ պիտի հրաժարի տարի մը ետք:
Վաղամեռիկ բանաստեղծ Մ. Զարիֆեանի քոյրը՝ գրագիտուհի Սիրան Սեզա, կը նշէ, որ տասը տարիէ կը հրատարակէ «Երիտասարդ հայուհի» հանդէսը:
Սարգիս Սահակեանի պատասխանին մէջ ստուգապէս կը պատկերուի ոչ միայն այն օրերու, այլեւ մերօրեայ դառն իրականութիւնը: Ան կը գրէ. «1923-էն ի վեր աշխատակցած եմ, հնարաւորութիւններուս սահմանին մէջ, արտասահմանի հայերէն գլխաւոր գրական հանդէսներուն ու եգիպտահայ օրաթերթերուն ալ անխտիր՝ գրական մտահոգութիւններէ միայն առաջնորդուած: Ամբողջ այս ժամանակաշրջանին անգամ մը միայն շիջեալ «ՆՈՐ ԳԻՐ»ի պատուական խմբագիրը՝ Բ. Նուրիկեան, ինքնաբերաբար 8 տոլար ղրկած է ինծի իբրեւ աշխատավարձք: Կ՚ընդունիք անշուշտ, թէ այս գումարով կարելի չէր ամբողջ 35 տարի ապրիլ, տուն պահել եւ զաւակներ մեծցնել: Պէտք չէ մեղադրէք զիս, հետեւաբար, եթէ խոստովանիմ, թէ «գրական աշխատանքներէ դուրս» կը զբաղիմ հաշուակալութեամբ եւ ուսուցչութեամբ, թէեւ այս վերջինը՝ ուսուցչութիւնը, կարելի է գրական աշխատանք համարել, քանի որ կ՚աւանդեմ հայերէն եւ հայ գրականութիւն ու անհամար անհամ շարադրութիւններ կը սրբագրեմ»: Իսկ առաջին հարցումի՝ «Ներկայիս գրական ի՞նչ աշխատանք կը տանիք: Հրատարակելի գործեր ունի՞ք», պատասխանին մէջ ակնյայտ է յուսահատական շեշտը: Հոն կը յայտնէ, թէ ունի որոշ անտիպ գործեր, սակայն չ՚ուզեր զանոնք հրատարակել, որովհետեւ «չ՚արժեր»:
Ֆրանսահայ վիպագիր Զարեհ Որբունիի արտագրական զբաղումը ճաշարանն է: Բայց ան կը փափաքի գոնէ որոշ ժամանակով կեդրոնանալ իր գրական աշխատանքներուն վրայ եւ կարգ ու կանոն մտցնել անոնց մէջ՝ այնուհետեւ վերադառնալու համար այդ «ուրիշ գործ»ին, ինչպէս ինք կ՚ըսէ:
Միւս կողմէ՝ բանաստեղծ, թարգմանիչ Վահէ Վահեան հայոց լեզու, շարադրութիւն եւ գրականութիւն կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի երկրորդական զոյգ վարժարաններուն մէջ, շաբաթական 15-էն 20 պահ, եւ մտադիր է վերահրատարակելու «Անի» ամսագիրը՝ մօտ երկու տարուան դադարէ ետք:
Իսկ պատմուածագիր Յակոբ Մնձուրիի պատասխանը կարճ-կտրուկ է, ան աւելորդ ոչ մէկ մանրամասնութիւն կը հաղորդէ: Կը բաւարարուի ընդամէնը ըսելով, որ պանդոկի մը մէջ գրագիր է: Այսքան:
Մուշեղ Իշխան կը զբաղի ուսուցչութեամբ: Ան կը գրէ. «Տասնամեակ մըն ալ ուժերս սպառած եմ խմբագրական աշխատանքի մէջ, ուսուցչական պաշտօնիս զուգընթաց,- ու կը շարունակէ:- Դասերս եւ դպրոցէն ներս վարչական այլ պատասխանատուութիւններ կը կլանեն գրեթէ ամբողջ ժամանակս»:
Միայն ամառուան արձակուրդներուն է, որ ժամանակ կը գտնէ գրասեղանին առջեւ նստելու եւ ստեղծագործելու:
Եդուարդ Պոյաճեան Յակոբ Մնձուրիի պէս դիպուկ պատասխան կու տայ՝ «Գրական աշխատանքներէ դուրս կը զբաղիմ ուսուցչութեամբ»:
Ըստ իս՝ այս հարցումին լաւագոյնս պատասխանած են բանաստեղծներ Լեւոն Գարմէն եւ Ժագ Յակոբեան: Երկուքին ալ խօսքին մէջ կայ որոշ սրամտութիւն մը, բայց աւելի՝ խորունկ թախիծ մը, յուսահատութիւն մը ու թերեւս զղջում մը:
Լեւոն Գարմէն՝
«Մեր կեանքին մէջ գրական աշխատանքները ի վիճակի չեն մարմինը ոտքի պահելու: Երկու հազար տարի առաջ Նազովրեցին պատգամեց, թէ մարդ միայն հացիւ չ՚ապրիր, այլ բանիւն Աստուծոյ: Կը շրջեմ այս պատգամը եւ հայ գրողին բերնով կ՚ըսեմ. Մարդ միայն բանիւն Աստուծոյ չ՚ապրիր, այլեւ հացով: Գործս ոչ մէկ առնչութիւն ունի գրականութեան հետ: Կ՚աշխատիմ քարիւղի ընկերութեան մը մէջ»:
Ժագ Յակոբեան՝
«Ըստ իս՝ հարցումը սխալ դրուած է:
Պէտք է տարբեր, այսինքն՝ ճիշդ ձեւով մը շարադրուէր, որ հակառակն է.
-Ձեր առօրեայ գործէն դուրս գրական ի՞նչ աշխատանքով կը զբաղիք:
Երբ օրական 8, 10 կամ աւելի ժամ կը տրամադրենք հանապազորդ հացը վաստկելու արդարածոր քրտինքով՝ գրասեղանէն հեռու, ինքնամփոփման սենեակէն դուրս, գրական զբաղումը կրնա՞յ առաջին գիծի վրայ գալ մեր այլ անհրաժեշտ աշխատանքներու կարգին, որոնք կը խեղդեն զայն:
Իմ պարագայիս այս ամենակուլ աշխատանքը դեղագործութիւնն է, ուրիշ անունով՝ խանութպանութիւնը:
Իսկ գրական աշխատանքը կը տարուի երկու յաճախորդի միջեւ, հոսկէ-հոնկէ գողցուած վայրկեաններու մէջ: Եւ արդէն բնական է, որ այս ողբերգական պայմաններէն արտադրուած գրական գործը նմանի կարկտուքի մը եւ գրողը՝ հնակարկատի. հայ գրողին ճակատագի՛րը»:
Երկուքն ալ դատապարտեալ ըլլան կարծէք. կը վարեն գէշ-աղէկ պաշտօն մը, սակայն իրենց սրտով չէ այդ: Կը վարեն, որովհետեւ հակառակ պարագային անօթի կը մեռնին, ուրիշ ճար չկայ իրենց համար: Անոնք ձեւով մը թարգմանը կը հանդիսանան այս հարցաթերթիկին պատասխանած միւս բոլոր գրողներուն, անոնց, որոնք կցկտուր արտայայտուեցան եւ կամ ալ ոչինչ ըսին այս մասին: Ի դէպ, անոնք տարիներու հեռաւորութենէն նաեւ կը ձայնակցին մեր ժամանակակից հեղինակներուն՝ լռելեայն ըսելով. «Անհոգ եղէ՛ք, մենք ալ կրեցինք այս խաչը, հայ գրողի խաչը: Կա՛մ պիտի շարունակէք կրել զայն՝ անխօս ու անտրտունջ, առանց որեւէ բան սպասելու ատոր դիմաց, կա՛մ ալ վար պիտի դնէք՝ ամբողջովին մոռնալով կոչում, ազգ, հայութիւն, հայապահպանում ու հայ լեզու, եւ ապրիք ձեզի ու ձեր շահերուն համար»:
Ինչո՞ւ ներկայացուցի այս բոլորը, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէի,- ոչի՛նչ, ոչի՛նչ, քա՜ւ լիցի. ի՞նչ նպատակ կրնամ հետա-պընդել որ: Եւ որո՞ւ ինչ կրնամ ըսել, երբ մեր գրողները ամէն բան ըսած են արդէն:
Արդեօք այդքա՞ն անկարելի է այս իրավիճակը փոխելը: Այդ գործը մեր ուժերէն վե՞ր է: Ինչո՞ւ՝ չեմ հասկնար: Ի՞նչն է հիմնական խոչընդոտը: Կ՚ուզէ՞ք, որ ես պատասխանեմ իմ իսկ հարցումիս,- մեր անկազմակերպուածութիւնը:
Մեր գրեթէ բոլոր խնդիրներուն ետին ա՛յս կայ որպէս թերութիւն:
Դեռ 1983-ին հարցազրոյցի ատեն գրող Թորոս Թորանեանի «Կը կարծէ՞ք, թէ Սփիւռքը հակառակ իր տարտղնուածութեան, քիչ մը աւելի կազմակերպեալ վիճակի մը առաջնորդելու հնարաւորութիւններ կան» հարցումին ի պատասխան Անդրանիկ Ծառուկեան կ՚ըսէ.
«Հնարաւորութիւններ կան, բայց ես դժբախտաբար հաւատացողը չեմ: Ի հարկէ հրապարակաւ չեմ ըսեր, որպէսզի պարտուողական կամ անկումային ոգի մը չտարածուի, բայց անկեղծ համոզումս այն է, որ այս Սփիւռքը չի կազմակերպուիր»:
Արդ, ինքներդ դատեցէ՛ք:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ